Կարելի է ամրագրել, որ վարչակարգը տապալեցաւ, սակայն պետականութիւնը կանգուն է
Հարցազրոյց Բերիոյ հայոց թեմի բանբեր Մարիա Գաբրիէլեանի հետ
– Սիրիոյ մէջ կատարւած իշխանափոխութենէն ետք, ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Սիրիան, յատկապէս սիրիահայութեան ապրած շրջանները:
– Այսօր Սուրիոյ մէջ իշխող վիճակը անորոշութիւնն է: Ինչ որ տեղի ունեցաւ կայծակնային արագութեամբ կատարւեցաւ…
Դէպքերը սրընթաց կը յաջորդեն զիրար: Իշխանութեան հասած ընդդիմութիւնը կը ջանայ կեանքը բնականոնացնել, ժամի դրութեամբ գլխաւոր հրամանատարութեան կողմէ որոշումներ կարձակուին: Հրապարակւած հրամանները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով ոգեւորիչ են, կը մնայ գետնի վրայ անոնց գործադրումը տեսնել: Ժողովուրդը տակաւին ցնցումէն չսթափեցաւ, առաջին ժամերուն մոլորւածի նման էինք, իրադարձութիւնները այնքան արագ էին, որ մեր ընկալումը կը վտանգէր: Սիրիոյ բոլոր շրջանները, որոնց կարգին սիրիահայութեան ապրած քաղաքները, կը ջանան վերադառնալ իրենց առօրեային: Հալէպի մէջ հետզհետէ կը մեղմանան զինեալ երեւոյթները եւ ոչ սովորական իրողութիւնները, այսուհանդերձ տակաւին աղօտ է պատկերը:
Դրական համարւեցաւ եւ որոշ տեղ մը մտահանգստութիւն փոխանցեց ընդդիմադիր նոր իշխանութեան այն քայլը, որ տապալած իշխանութեան կառավարութեան լիազօրութիւնը պահեց մինչեւ նոր վարչամեքենայի կողմէ կարգ ու կանոնով ստանձնումը, նոյն ձեւ վարւեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ գործող Սուրիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ: Սակայն նոր վարչամեքենան շատ արագ յառաջացաւ եւ նշանակւած նախարարներուն մասին բաւարար տեղեկանք չունենալը կրկին մտահոգեց: Այստեղ նշեմ, որ տապալած եւ իշխող կառավարութիւններու միջեւ տեղի ունեցած յանձնումն ու ստանձնումը ոչ միայն անցնցում այլեւ բաւական քաղաքակիրթ գործելաոճով ընթացաւ: Կարելի է ամրագրել, որ վարչակարգը տապալեցաւ, սակայն պետականութիւնը, որ հաստատութենական համակարգն ունի, կանգուն է, փաստօրէն պետական կառոյցները մէկը միւսին ետեւէն կը վերաբացւին:
Անցումային շրջանի այս կառավարութիւնը պիտի գործէ մինչեւ 1 Մարտ 2025: Իսկ երկրի սահմանադրական կամ օրինական համակարգի մասին տակաւին յայտարարութիւններ չկան:
– Կենցաղային պայմաններուն առնչութեամբ, որեւէ բարելաւում արձանագրւա՞ծ է, թէ տակաւին տնտեսական տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ:
– Կենցաղային պայմաններու մէջ տակաւին շօշափելի բարելաւումներ չկան, տնտեսական տագնապը գերիշխող է, մանաւանդ արձանագրւած ահաւոր սղաճի պատճառով: Ապրանքատեսակները եռապատիկ այլեւ քառապատիկ սղեցին: Առաջին քանի մը օրերը սիրիական դրամը կրկին անկում կրեց, սակայն շուտով վերադարձաւ շուրջ տարիէ մը ի վեր ապահոված կայունութեան մակարդակին: Էլեկտրականութեան խնդիրը կը մնայ նոյնը, օրական երկու ժամ մատակարարման դրութեամբ, իսկ ջուրի խնդիրը բաւական արագ լուծւեցաւ: Այսօր կարելի է ըսել համարեա՛ ջուրի տագնապ չկայ:
Սնունդի կամ այլ իրերու ապահովման խնդիր եւս չկայ (բացի դեղորայքէն), պարզապէս գիներու թանկացումն է խնդիրը:
– Հայկական մեր համայնքներուն պարագային, ի՞նչ կը սպասւի առաջիկայ օրերուն՝ հայկական կալւածներուն, դպրոցներուն, միութիւններուն եւ եկեղեցիներուն առնչութեամբ:
– Ուսումնակրթական բնագաւառի առնչութեամբ նշեմ, որ դպրոցներու աշակերտութիւնը պիտի յաճախէ տարեթիւիս 15 դեկտեմբերէն սկսեալ, մինչ կրթօճախներու անձնակազմերը (դպրոցներու եւ համալսարաններու տնօրէններ, վարչակազմեր, ուսուցչակազմեր, դասախօսներ) պիտի վերստանձնեն իրենց աշխատանքները 12 դեկտեմբերին:
Հայկական եկեղեցիները կը գործեն, նոյնիսկ այս շաբաթ, որ Ս. Յակոբի տօնն է, Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի ներկայութեամբ, սկիզբ առաւ հսկումի շաբաթը:
Ինչ կը վերաբերի հայկական կալւածներուն, ապա այսօրւան դրութեամբ վտանգ չի սպառնար անոնց, այս մասին յստակ փոխանցում կատարւեցաւ ընդդիմութեան ղեկավարութեան կողմէ` քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ անոր ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Բերիոյ հայոց թեմը՝ Մակար արք. Աշգարեանի առաջնորդութեամբ եւ Արամ Մանուկեան կենտրոնը ամենայն յանձնառութեամբ ի սպաս դրած են իրենց բոլոր կարողութիւնները համայնքին տէր դառնալու համար: Ինչպէս պատերազմի ահաւոր տարիներուն, այնպէս եւ այս օրերուն, հալէպահայ համայնքը ոչ թէ զգաց, այլեւ շօշափեց իր ետին կանգնած ուժեղ թիկունքը: Թեմակալ առաջնորդին կողմէ համայնքին ուղղւած ձայնային թէ տեսագիր ելոյթները, խօսքերը, լրատւամիջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցները, ազգի զաւակներուն, ազգային ու միութենական մարմիններուն հետ հանդիպումները բալասանի նման կամոքեն հոգու վէրքերը, մանաւանդ անոր ժպտերես արտայայտութիւնները անդորրութիւն կը պարգեւեն:
Սովորական պայմաններուն մէջ հաւանաբար աննշելի բան թւի այս մէկը, սակայն հալէպահայութեան ապրած այս աննկարագրելի օրերուն ապա անոնց ազդեցութիւնը անգնահատելի է:
– Քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունն ու հիւպատոսութիւնը կը շարունակե՞ն իրենց գործունէութիւնը։ Դեսպանութիւն–համայնք կապը կը շարունակւի՞։
– Ինչպէս երկրի բոլոր հիւպատոսարաններն ու դեսպանատուները` Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը եւս Սիրիայէն հեռացած է: Անձնակազմը իր աշխատանքները ժամանակաւորապէս կը շարունակէ Բէյրութի մէջ՝ արտակարգ համակարգով: Լուսաբանական հարցումներու համար հաստատւած է նաեւ թէժ գիծ: Դեսպանութիւնը իր կապը կը շարունակէ համայնքին հետ: Այստեղ նշեմ, որ անցնող դժւար օրերուն, Հալէպ հիւպատոսարանի անձնակազմը ջանք չխնայեց օգտակար դառնալու հալէպահայութեան` երբ ի կատար ածեց ընթացիկ այն աշխատանքները, որոնք իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ էին:
Այսօր Սիրիոյ մէջ դէպքերը, որոշումներն ու հրամանները այնքան արագ կը կատարւին կամ կը կայանան, որ մէկ ժամ նախորդողը արդէն հին կը համարւի:
Հարցազրոյցը վարեց՝ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն»