Սփիւռք

Լիբանանցիները սարսափեցնելու նպատակը զանոնք տկարացնելն է

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարւեցաւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցերուն, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակին եւ քաղաքական տագնապին:

Նախագահական ընտրութեան յետաձգման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թերեւս ներքին լիբանանեան քաղաքական որոշում կայ նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու, «սակայն ներկայիս տիրող իրավիճակը, պատերազմը եւ շրջանային իրադարձութիւնները անտարակոյս իրենց ազդեցութիւնը կունենան Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ: Դժբախտաբար լիբանանեան քաղաքական ուժերը արտօնած են օտար երկիրներուն միջամուխ դառնալու լիբանանեան քաղաքական կեանքին: Անոնք ոչ միայն կարտօնեն միջամտել նախագահական ընտրութեան թղթածրարին, այլեւ՝ վարչապետի նշանակումին, նախարարներու նշանակումին, պատգամաւորական ընտրութիւններուն եւ այլն»,- ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այսօր տիրող իրականութիւնը՝ տեղական եւ շրջանային առումով, ինքզինք կը պարտադրէ երկրին կացութեան վրայ եւ պատճառ կը դառնայ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը յետաձգելու:

«Բայց եւ այնպէս, եթէ մենք տակաւին գերիշխան երկիր կը նկատենք Լիբանանը, ապա իբրեւ քաղաքական պատասխանատուներ պէտք է նախաձեռնենք հանրապետութեան նախագահը ընտրելու՝ համաձայն սահմանադրութեան»,- ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պէտք է ըլլայ քաջ եւ ատակ նախագահ մը, որպէսզի կարենայ երկրին դիմագրաւած բոլոր տագնապները դիմակայել, ցամաքային սահմանազատման առումով թշնամի Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններուն մասնակցիլ, համաձայնութիւններ ստորագրել՝ եթէ կարիքը զգացւի, ինչպէս նաեւ դիմադրել՝ եթէ դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումի խորացումին եւ արձանագրւած ծայրայեղական կեցւածքներուն լոյսին տակ արդեօք տակաւին կարելի՞ է համաձայնիլ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ, Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Հեռու ամէն տեսակի պիտակաւորումէ, այսօր երկիրը կը գտնւի պատերազմական իրավիճակի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ կայ ժողովրդային ու ժողովրդագրական լուրջ իրավիճակ մը: Ոչ ոքի համար ընդունելի է, որ երկրին մէջ պետութենէն բացի այլ կազմակերպութիւններ զինւած ըլլան, եւ ոչ ոք կընդունի, որ երկիրը բռնագրաււած ըլլայ: Կան բազմաթիւ երկիրներ Եւրոպայի, Աֆրիկէի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ, որոնք կը դիմագրաւեն նոյնանման կացութիւններ ու պայմաններ, ունին ազատագրական շարժումներ՝ իրենց երկիրը ազատագրելու բռնագրաւումէն: Ազատագրական այդ շարժումները կը գործեն բանակին կողքին: Հետեւաբար այս պայմաններուն ներքեւ Դիմադրութիւնը ապազինելու մասին կատարւող յայտարարութիւնները նւազագոյնը կարելի է ոչ իրապաշտ նկատել, հակառակ անոր որ իրենց միտքին մէջ անոնք իրաւունք ունին մտածելու այնպէս, ինչպէս կուզեն: Դժբախտաբար նաեւ կայ այլ տւեալ մը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի է հաստատել, որ լիբանանեան բանակին հզօրացումը արգիլւած է: Օրին պաշտպանութեան նախկին նախարար Էլիաս Մըր Ռուսիոյ հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Մոսկւա լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրէր «Միկ» տիպի օդանաւեր: Այս համաձայնագիրին գործադրութիւնը արգիլւեցաւ: Լիբանանեան բանակին հզօրացումը մնայուն կերպով կը մերժւի, մինչդեռ եթէ բանակը կարգին զինւի եւ հզօրանայ, ապա ան կարողութիւն կունենայ կատարելապէս պաշտպանել երկրին սահմանները: Այսօրւան իրականութեամբ բանակին կողքին կայ Դիմադրութիւնը, եւ որովհետեւ պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ, ապա կեցւածքները պէտք է վերաբանաձեււին, այլապէս՝ անոնք կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն: Պատերազմի ընթացքին Դիմադրութեան ուղղւած քննադատութիւնները Իսրայէլի կը ծառայեն, երբեմն նաեւ կը նոյնանան իսրայէլեան կողմին օգտագործած բառամթերքին հետ»:

Դիմադրութեան կողմէ Իսրայէլի դէմ զինւորական գործողութիւնները համակարգելու իմաստով Դիմադրութեան կարողութիւններուն եւ ընթացքին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կը տիրէ պատերազմական վիճակ, որուն մէջ ներքաշւած են տարբեր երկիրներ, ինչպէս՝ Իրանը, Իրաքը, Սիրիան, Եմէնը եւ ուրիշներ:

Ան աւելցուց, որ գետնի վրայ ընթացող պատերազմին զուգահեռ, տնտեսական եւ հոգեբանական պատերազմները նաեւ իրենց կշիռը ունին: «Եթէ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը վերյիշենք, ապա մեզի համար յստակ պիտի դառնայ, որ այդ պատերազմը աւարտեցաւ զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու մասին համաձայնագիրով: Ո՞վ կը մտածէր, որ տասը տարի ետք պիտի ըլլար ուժ մը, որ արհեստագիտական եւ ռազմական արդիական սարքերով, զինւած նաեւ բռնատէրին դէմ պայքարելու ու դիմադրելու գաղափարաբանական զէնքով, պիտի կարենար դիմադրել Իսրայէլին՝ հարւածելով անոր խորքը, անօդաչու թռչող «Հոտհոտ» հետախուզական սարքը ուղարկելով Իսրայէլ, թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծելով իսրայէլեան լրտեսական սարքերն ու զինուորական կենտրոնները: Հոս պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Իսրայէլը կը վայելէ ռազմական հզօր ուժ եւ կարողութիւններ, որովհետեւ կարժանանայ համաշխարհային բացարձակ զօրակցութեան, եւ երանի Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու աշխարհը Պաղեստինեան դատին հանդէպ ցուցաբերեն Իսրայէլի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան հինգ առ հարիւրը: Այս իրականութեան դիմաց պէտք է ընդունիլ, որ Դիմադրութիւնը հզօր ուժ է Իսրայէլի դէմ եւ անիկա Լիբանանի համար հարստութիւն է: Կը մաղթէի, որ Լիբանանը իբրեւ պետութիւն ունենար այս ուժը, եւ երկրին վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը մատ թափահարէին Իսրայէլի դէմ եւ ճշտէին բախման կանոնները: Ասիկա կըսեմ իբրեւ պատգամաւոր, քաղաքական անձնաւորութիւն եւ դիմադրութեան գաղափարին հաւատացող հայ մարդ ու դաշնակցական, որուն նախահայրերը 1890-էն ի վեր, եւ նորանոր սերունդները՝ ցայսօր, դաստիարակւած են ու տոգորւած դիմադրութեան գաղափարով: Հետեւաբար կարեւոր կը նկատեմ իւրաքանչիւր փամփուշտ կամ հրթիռ, որ թիրախ կը դարձնէ բռնագրաւող կողմը՝ որեւէ երկրի պարագային»,- ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Քաղաքական առումով Լիբանանի դիմագրաւած այս անկիւնադարձային փուլին ընթացքին քաղաքական տարբեր ուժերու տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում մը յառաջացնելու կամ հետզհետէ խորացող ուղղահայեաց երկփեղկումին մէջ բեկում մը յառաջացնելու առումով ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի դերակատարութեան կամ այդ նպատակով նախաձեռնութեան մը մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան մակարդակի վրայ կան քաղաքական ուժեր, որոնք իբրեւ ներկայութիւն եւ թիւ ՀՅԴ-էն աւելի մեծ ծաւալ ունին եւ արդէն իսկ 3 կամ 4 նախաձեռնութիւն առաջադրեցին, սակայն այդ ջանքերը անպատասխան մնացին:

«Համոզւած եմ, որ պատերազմական այս կացութեան մէջ ներքին քաղաքական նախաձեռնութիւնները ապարդիւն դուրս պիտի գան: Թերեւս անոնք կրնան մեղմացնել քաղաքական փայտեայ բառամթերքը, սակայն ոչ աւելի: ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն քաղաքական անձնաւորութիւններու, ղեկավարներու թէ պատգամաւորական բլոկներու անդամներու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին կանդրադառնայ այս հարցին եւ կը շեշտէ, որ այս պայմաններուն մէջ հերոսութիւնները անհրաժեշտ չեն, ընդհակառակն՝ պէտք է մտածել, որ այսօր կատարւած յայտարարութիւն մը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մօտիկ եւ հեռու ապագային, եւ ինչպէ՛ս կրնայ ազդել ժողովուրդին վրայ»,- ըսաւ ան:

Հայկական պատգամաւորական պլոքի ներկայացուցիչը հաստատեց նաեւ, որ ժողովուրդը սարսափահար դարձնելու արշաւ մը կայ, որ կը կատարւի տարբեր երկիրներուն կողմէ Լիբանանի մէջ գտնւող իրենց քաղաքացիներուն ուղղութեամբ՝ յորդորելով զանոնք լքել երկիրը: «Համոզւած եմ, որ լիբանանցիները սարսափեցնելու նպատակը զանոնք տկարացնելն է: Ճիշտ է, որ դժւար կացութեան մէջ կը գտնւինք, սակայն անպայման պիտի հասնինք լուծումի: Որեւէ պատերազմ վերջ ունի, ինչքան ալ երկարատեւ եւ քանդիչ ըլլայ ան»,- աւելցուց Յ. Բագրատունի:

Ան ցաւ յայտնեց նաեւ այն միջազգային արշաւին համար, որ գործադրւեցաւ սիոնական լաբբիին կողմէ, եւ որուն դերակատարները եղան տարբեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններն ու Լիբանանի մէջ անոնց դեսպանատուները՝ պատճառելով լիբանանեան զբօսաշրջութեան դէմ հսկայ հարւած մը: «Նախորդ երեք շաբաթներուն ընթացքին ծայր առած այդ արշաւը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ աճ արձանագրող զբօսաշրջական մարզը ստանայ ծանր հարւած մը: Ատիկա իր կարգին սիոնական գոյացութեան կողմէ ծրագրւած հոգեբանական պատերազմ էր, որ դժբախտաբար յաջողեցաւ»,- նշեց ան:

Լիբանանի քաղաքական տագնապը մեղմացնելու նպատակով եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն ունենալիք դերակատարութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ի վերջոյ եկեղեցին կազմւած է հաւատացեալներէ, եւ հաւատացեալները բաղկացած են քաղաքական տարբեր տեսակէտներ ներկայացնող անհատներէ:

Ան աւելցուց, որ հայ եկեղեցին քաղաքական դերակատարութիւն չունի եւ քաղաքական կեցւածքներ չի դրսեւորեր, «մինչդեռ այլ համայնքներու պարագային, եկեղեցին քաղաքական աւելի ազդու եւ լայն դերակատարութիւն ունի: Բոլոր եկեղեցիներուն ճիգն ու ջանքը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ եւ իսլամ քաղաքացիները պահել այս երկրին մէջ, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց իր քրիստոնեայ եւ իսլամ բաղադրիչներուն»,- շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման ուղղութեամբ հայ եւ մարոնի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի, սակայն անիկա ցած կրակի վրայ դրւած ճիգ մըն է, «իսկ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը ներկայիս կախեալ է պատերազմէն. այսինքն՝ եթէ պատահի, որ զինադուլ յայտարարւի, կամ ժամանակաւոր զինադուլ մը, ապա լիբանանցիները պէտք է պատրաստ ծրագիր ունենան լուծելու քաղաքական տագնապը, այլապէս՝ անկարելի է երկար ժամանակ տրամադրել եւ երազային արդիւնքներու սպասել»,- յայտնեց ան:

Գազայի դէմ սանձազերծւած իսրայէլեան պատերազմին իբրեւ պատասխան՝ 8 հոկտեմբերի 2023-էն ի վեր Դիմադրութեան բացած Գազայի օժանդակութեան ճակատին զօրակցութիւն յայտնող լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կեցւածքը ողջունելի է եւ հայրենասիրական ու ազգային քայլ կը նկատւի:

Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ անիկա կրնայ ազդել հետագային կազմւելիք քաղաքական թէ ընտրական դաշինքներուն վրայ:

Ան վերահաստատեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւելու նախընթացին վտանգը:

«Իբրեւ քաղաքական ուժեր պէտք է իրարու խօսակից ըլլանք՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու համար Լիբանան հայրենիքը: Հայրենիքը միտք է ու հոգի, եւ եթէ բոլորս ընդունինք, որ այս հայրենիքը մեզի է բոլորիս, ապա այն ատեն է, որ կրնանք կերտել զայն»,- եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Related Articles

Back to top button