Հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք
Մարիանա Աբրահամեանը եւ Լեւոն Պատեմեանը երկու երիտասարդ հայորդիներ են, որոնք հայկական ընտանիք-տուն կազմած են Հայաստանէն դուրս՝ Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքը: Մարիանան երիտասարդ երաժիշտ-դաշնակահար է, որ իր ուսումը նախ ստացած է Նորւեգիոյ մէջ, 2014-2016 տարիներուն, ապա հասած է Կլասքօ եւ ստացած մագիստրոսի վկայականը՝ իբրեւ ընկերակցող դաշնակահար: Ան ապա աւելի կատարելագործած է իր ուսումը, երբ վերջերս ստացած է դոկտորական վկայականը՝ նոյն մասնագիտութեան մէջ:
Փետրւար 2024, Սկովտիա:
Կը զրուցէի այս երիտասարդ զոյգին հետ, որոնք կեանքին կը նային իբրեւ խոստմնալից հայեր՝ բարձր իդէալով եւ լաւագոյնին ձգտելու կամքով: Ինչպէ՞ս չունենալ իդէալ եւ կամք, երբ հայեր են՝ եկած Հայաստանէն, եւ Մարիանային, իսկ վկայութեամբ՝ «Հայաստանը ամէն ինչ է»:
«Ընտանիքիս անդամները հայրենասէր եղած են եւ մեզի փոխանցեցին ազգային ինքնութիւն ու մայրենի լեզու, որպէսզի խօսինք եւ գրենք հայերէն»,- ըսաւ Մարիանան: Երիտասարդ երաժիշտը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնէ օտարին: Ան երկու անգամ՝ 2018 եւ 2019 թւականներուն, նւագած է Չառլզ իշխանին (այժմ՝ թագաւոր) ներկայութեան, երբ մեկնաբանած է Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը: Մարիանային երիտասարդ տաղանդը չէ սահմանափակւած միայն Սկովտիոյ մէջ: Ան եղած է Բուէնոս Այրես եւ Լոնդոն, ուր մասնակցած է հաւաքական համերգներու եւ ներկայացուցած է հայկական ու օտար յօրինումներ:
«Հայկական մշակոյթը մեր ուժն է եւ մեր շարժիչը»,- ըսաւ Մարիանան: Ան այս մշակոյթով խիզախօրէն մտած է «օտար» կեանքերու մէջ, եւ եթէ հաստատ քայլերով յառաջ կուզէ երթալ, բայց նոյնքան նաեւ հայը եւ անոր մշակոյթը կուզէ ներկայացնել: Հոս տեսայ հայ երիտասարդուհին, որ չի բաւականանար միայն իր անձնական յաջողութիւնները կերտելով: Ան կը գիտակցի հայուն յաջողութեան եւ կուզէ իր բաժինը բերել այս գործընթացին մէջ: «Հայութիւնը իմ մէջս է,- ըսաւ Մարիանան: – Ես հպարտ եմ իմ ազգանունովս եւ միշտ ալ տեսած եմ, որ հայ ըլլալը բազմաթիւ յաջողութիւններ բերած է ինծի»:
Մարիանան մասունքի նման կը պահէ իր հայկական անձնագիրը: «Ես կուզեմ պահել զայն, նոյնիսկ երբ ուրիշ քաղաքացիութիւն ալ ստանամ»: Մարիանան երախտապարտ հայն ու հայաստանցի քաղաքացին է: «Իբրեւ երաժիշտ՝ իմ կատարելագործումս կատարեցի Հայաստանէն դուրս, բայց իմ մասնագիտութեանս հիմքը դրւած է Հայաստանի մէջ»,- ըսաւ Մարիանան:
Չուշացաւ Մարիանային գոհունակութիւնը եւ արժեւորումը: «Ես սորվեցայ լաւագոյն դասախօսներէն Արմէն Բաբախանեանի շունչին տակ,- ըսաւ ան,- եւ կուզեմ իմ կատարելագործումս աւելի աշխուժացնել Հայաստանի համար»:
Մարիանան յստակ ըրաւ, որ քաղաքական գործիչ չէ: Այդ մէկը շատ ակնյայտ էր, քանի կը զրուցէի երիտասարդ դաշնակահար-արուեստագէտի մը հետ, որուն սիրտը կը տրոփէ հայուն մշակոյթով: Սրտի տրոփումներուն մէջէն դուրս կը հանէր իր տաղանդը, որ յստակ կերպով կարտացոլար մատներուն եւ դաշնակին հետ ու անոր վրայ ստեղծւած արւեստով եւ երաժշտութեամբ:
Սակայն Մարիանան ունի տեսակէտ Հայաստանի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: «Կը ցանկամ Հայաստանի կառավարող ուժի հասունութիւնը տեսնել, որովհետեւ մեզի պէտք է հայոց պատմութեան այս ամօթալի էջէն շտապ վերականգնիլ եւ շտկել մեր մէջքը,- ըսաւ Մարիանան: – Այս կրնանք ընել՝ ճիշտ ղեկավարութիւն մը ստեղծելով եւ միասնական ջանքերով»:
Մարիանան կը տեսնէ Հայ եկեղեցւոյ ուժը եւ կը հաւատայ: «Ես կը հաւատամ միասնականութեան, որ կը ստեղծւի եկեղեցւոյ շուրջ,- շարունակեց Մարիանան: «Իբրեւ հայ իմ ուժս կը ստանամ հայկական եկեղեցիէն, եւ եկեղեցւոյ շուրջ պէտք է համախմբւինք»: Մարիանան իմ առջեւս դրաւ իր երազ-փափագը: «Կուզեմ տեսնել, որ օր մը Սկովտիոյ մէջ հայկական եկեղեցի մը ունենանք»:
Այսօր Սկովտիոյ մէջ կապրին մօտաւորապէս երեսուն հայեր: Մեծ թէ փոքր թիւով հայորդիներ՝ բոլորն ալ պէտք ունին հայկական շունչին, որ հայուն պիտի տայ ապահովութիւն եւ վստահութիւն:
Լեւոնը հանդարտ կերպով կը հետեւէր մեր խօսակցութեան: Ան համացանցի եւ համակարգիչներու ապահովական ցանցեր իրագործելու մասնագիտութեան եւ աշխատանքներուն մէջ է: Կը սիրէ իր մասնագիտութիւնը: 2000 թւականէն Լեւոն կապրի Սկովտիա: Բայց այդ երկար տարիներու սփիւռքեան կեանքը Լեւոնին համար աշխարհագրական եւ ֆիզիկական բնակութիւն եղած է միայն: Լեւոնի հոգին եւ ներաշխարհը Հայաստանն է: «Հայաստանը իմ ծննդավայրս է: Աշխատանքի համար այս երկիրները եկանք: Եթէ պայմանները լաւ ըլլան, կուզեմ վերադառնալ Հայաստան: Մեր տունն է, մեր լեզուն է»,- ըսաւ Լեւոն:
Լեւոնը կը փնտրէ, բայց նաեւ կապրի հայկականն ու հայուն կենցաղը: «Հայ ըլլալը ընկերներուդ վստահիլ է, զանոնք սիրել է: Ընկերներ եւ ընտանիք կապը տարբեր է հայութեան մէջ»,- ըսաւ Լեւոն:
Մարիանան եւ Լեւոնը նոյնքան կապրին հայուն՝ իրենց ցաւը՝ Ցեղասպանութիւնը: «Կոմիտաս վարդապետը շատ յօրինումներ ունի Ցեղասպանութեան հոգին արտացոլացնող, եւ ես զանոնք կարտայայտեմ իմ արւեստիս ընդմէջէն»,- ըսաւ Մարիանան: – Մեզ զրկեցին մեր հողէն ու մեր պատմութենէն, եւ մենք դարձանք Սփիւռք: Բայց մենք վճռած ենք, որ պիտի պահենք մեր ինքնութիւնը», եղաւ Մարիանայի ինքնավստահ հաստատումը:
«Մեզ փորձեցին վերացնել, բայց երբեք չյաջողեցան», եղաւ Լեւոնի մասնակցութիւնը մեր խօսակցութեան: «Հայ ազգը միասնական պէտք է ըլլայ, որպէսզի զիրար պահենք, եւ նոյն պատմութիւնը դարձեալ չկրկնւի»,- ըսաւ Լեւոն:
Մարիանան եւ Լեւոնը նաեւ կապրին Արցախի կորուստը եւ անոր ցաւը: «Շատ ցաւ կապրիմ,- ըսաւ Լեւոն: «Առանց Արցախի՝ Հայաստանը թերի է»,- աւելցուց Մարիանան:
Լեւոնը Եռաբլուր չէ եղած, բայց Սկովտիայէն կապրի անոր մռայլութիւնը: «Եռաբլուրը մռայլ իրականութիւն է: Հայը պէտք է վերացնէ այս մռայլութիւնը»,- ըսաւ ան:
Հայաստանի «Ալաշկերտ» ֆուտբոլի խումբը Կլասքոյի մէջ խաղցած է տեղական «Սելթիք» խումբին դէմ, եւ այս՝ եւրոպական մրցաշարքերու խաղացանկի ծիրին մէջ: Աւելի քան 60.000 հանդիսատեսներու մէջ հոն էին նաեւ հինգ հայեր: Եւ այդ հինգ հայերուն շարքին էին Մարիանան ու Լեւոնը:
«Հինգ հայերով վեց հայկական դրօշակներ բարձրացուցինք,- ըսին Լեւոնը եւ Մարիանան: – Անկախ անկէ, որ հայկական խումբը պարտւեցաւ, մենք հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:
Կը նայէի այս հայ երիտասարդ զոյգի դէմքերուն եւ կը հրճւէի՝ տեսնելով անոնց հպարտութիւնը: Երիտասարդ հայերու հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կը լեցնէր եւ կը լիցքաւորէր անոնց կեանքերը՝ սփիւռքեան այս մէկ ծայրամասին մէջ: Անոնք հայկական դրօշակը բարձր պահելով՝ նաեւ բարձր կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ու տակաւին… Հայաստանը:
Հայուն պատմութեան այս դժւար եւ բախտորոշ օրերու ժամանակահատւածին մէջ հայը պէտք ունի իր հայկական դրօշակը բարձր պահելու: Դրօշակը բարձր պահելով՝ բարձր կը պահենք մեր հպարտութիւնը, նոյնիսկ երբ ճզմւած ենք: Ու տակաւին, երբ յուսահատ ու յուսախաբ ենք: Եւ երեւի՝ կոտրւած:
Եթէ որոշած ենք դուրս գալ այս իրավիճակէն, եւ անպայմանօրէն՝ այո՛, այդ կը նշանակէ, թէ «մեր դրօշակը բարձր պիտի պահենք»: Իսկ դրօշակը՝ իր ամբողջական հասկացողութեան մէջ: Մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը եւ լեզուն: Եւ՝ հպարտութիւնը:
Լեւոնը եւ Մարիանան՝ երիտասարդ հայորդիները, հեռաւոր Սկովտիոյ մէջ բարձր կը պահեն հայկական դրօշակը: Եւ դրօշակին հետ՝ իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը: Անոնք հպարտ հայեր են, որոնք չեն ուզեր յուսահատիլ:
«Հայկական դրօշակը բարձր պահեցինք»:
Մարիանան եւ Լեւոնը:
Բայց՝ ամբողջ հայութիւնը: Ես, դուն եւ իւրաքանչիւրս:
Հայուն դրօշակը՝ հայուն հպարտութիւնը բարձր պահելու պարտականութիւնը եւ անոր հետ ապրելու գրաւականը:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փետրւար 2024