Բեթղեհէմը հրաւէր՝ դառնալու Քրիստոսին
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական պատգամը
Աստւածաշունչին համաձայն, Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, որովհետեւ անհնազանդ գտնւեցան Աստուծոյ պատւէրին, դաւաճանեցին իրենց կոչումին, եղծեցին իրենց Աստւածային պատկերը եւ աքսորւեցան դրախտէն: Մարդուն դրախտէն արտաքսումը, որոշ իմաստով, պայմանաւորեց Աստւածային յայտնութեան շեշտաւորումը եւ ուղղութիւնը: Այլ խօսքով, հակառակ մարդու մեղանչումին, Աստւած չհեռացաւ մարդէն: Աստուծոյ յայտնութեան աղբիւրը, Աստւածաշունչը կը պարզէ, թէ զանազան դէպքերու ու անձերու ճամբով Աստւած յիշեցուց մարդուն իր իւրայատուկ կոչումը եւ կոչ ուղղեց վերադառնալու իր Արարիչին՝ վերականգնելով իր Աստւածատուր շնորհները ու արժանիքները: Սակայն, մարդը մնաց խրած մեղքի տիղմին մէջ:
Աստւած, յաւիտենական սիրոյ աղբիւրը, չէր կրնար լքել իր մեղքին գերին դարձած մարդը: Ինչպէս Աւետարանիչը կը վկայէ, Աստւած այնքան սիրեց մարդը, որ իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի մեղաւոր մարդը վերադարձնէ իր երկնաւոր Հօր (Յհ 3.16):
Քրիստոս՝ երկրորդ Ադամը (Ա.Կր 15.45) մարդացաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը՝ առաջին Ադամի գործած մեղքին տիրապետութենէն ու վերականգնէ զայն Աստուծոյ պատկերին համաձայն: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ կեանքը, որպէսզի մարդը ապրի Քրիստոսի արիւնով մաքրագործւած կեանք մը: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը, որպէսզի մարդը կարենայ իր կեանքին դիմաց Քրիստոսը նկատել իրա՛ւ ճշմարտութիւնը: Քրիստոս ըսաւ՝ ե՛ս եմ ճամբան, որպէսզի մարդը կարենայ աշխարհի ճամբաներուն մէջէն ընտրել Քրիստոս-ճամբան:
Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը բարձրացնել առ Աստւած: Քրիստոս Աստուծոյ մօտեցումն է մարդուն, որպէսզի կարենայ մարդը մօտեցնել Աստուծոյ: Քրիստոսի ծնունդով Աստւած մարդուն հետ եղաւ մարդուն փրկութեան համար: Աւետարանը Քրիստոսը կը բնութագրէ որպէս Էմմանուէլ, որ կը նշանակէ «Աստւած մեզի հետ» (Մտ 1.23): Քրիստոսի մարդեղացումով մարդը վերամարդացաւ իր աստւածաստեղծ էութեամբ ու կոչումով: Ինչպէս Առաքեալը կ՛ըսէ, առաջին Ադամով մահ եկաւ աշխարհ, իսկ երկրորդ Ադամով՝ կեանք (Հռ 5.18): Քրիստոսի խաչով մահը նւաճւեցաւ: Քրիստոսի յարութեամբ խորտակւեցաւ մարդուն թագաւորութիւնը ու հաստատւեցաւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը, ծնունդն է նոր մարդուն:
Արդ, Բեթղեհէմը հրաւէր է ուղղւած մարդուն, հեռանալու առաջին Ադամէն ու դառնալու երկրորդ Ադամին՝ Քրիստոսին: Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, Քրիստոս աշակերտներուն ըսաւ՝ «միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20):
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Քրիստոս միշտ մեզի հետ է. արդեօք մենք Քրիստոսին հետ ե՞նք…: Մտածենք այս մասին: Յաճախ մեր առօրեայ զբաղումները ու մտահոգութիւնները, մեր հաճոյքն ու հանգիստը առիթ չեն տար, որ Քրիստոսի հետ ըլլանք: Մեր կեանքը տիրապետւած է այնպիսի կենցաղակերպերով ու գործելակերպերով եւ այնպիսի երեւոյթներով ու առաջնահերթութիւններով, որոնք յաճախ մեզ հեռու կը պահեն Քրիստոսէն: Մեր մեղաւոր անձերու փրկութեան համար աշխարհ եկած Քրիստոս կը մօտենայ մեզի, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք մօտենալու իրեն. կը խօսի մեզի հետ, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք լսելու զինք. ցոյց կու տայ մեզի կեանքի ճշմարիտ ճամբան, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք քալելու այդ ճամբէն:
Բեթղեհէմը հրաւէր է վերանորոգ հաւատքով դառնալու Քրիստոսին: Այլ խօսքով, խաւարէն՝ լոյսին, չարէն՝ բարիին, մահէն՝ կեանքին:
Քրիստոսին դառնալ կ՛ենթադրէ խոստովանիլ մեր մեղքերը ու ապաշխարհել:
Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ Քրիստոսը դաւանիլ մեր միակ ապաւէնն ու փրկիչը, մեր կեանքին իմաստն ու նպատակը:
Քրիստոսի դառնալ կը նշանակէ սիրել մեր նմանը եւ հոգածու ըլլալ հիւանդին ու կարիքաւորին:
Արդարեւ, Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, որ առանց Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութեան դատարկ է ու անիմաստ մեր ապրած կեանքը, մեր կերտած փառքը ու մեր դիզած հարստութիւնը: Քրիստոսի դառնալով պիտի անդրադառնանք, թէ ինչ կը նշանակէ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծւած մարդ ըլլալ՝ աստւածատուր շնորհներով ու պարտաւորութիւններով:
Քրիստոսին դառնալով պիտի մաքրւին մեր սրտերը, պիտի բերկրին մեր հոգիները ու պիտի լուսաւորւի մեր կեանքի ճամբան:
Առանց Քրիստոսի վերանորոգ ներկայութեան անզօր է մարդը:
Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր ցաւին ու ուրախութեան մէջ:
Դառնա՛նք Քրիստոսին մեր կեանքը շրջապատող անորոշութեան, տագնապներուն ու յուսահատութեան մէջ:
Դառնա՛նք Քրիստոսին այն հաստատ հաւատքով, որ մեղաւոր, հիւանդ, տագնապահար, լքւած ու անտէր մարդուն հետ ըլլալու համար աշխարհ եկած Քրիստոս մեզ կը սպասէ՝ մեզի հետ ըլլալու ու մեր կեանքին առաջնորդը, ապաւէնը ու փրկիչը դառնալու:
*
* *
Նոր տարւան եւ Աստւածայայտնութեան տօներուն առիթով, եղբայրական սիրով կ՛ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստւածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն երկար գահակալութիւն: Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատւութիւն Տէր Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատւութիւն Տէր Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին:
Հայրական սիրով եւ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդները, հոգեւորական դասը ու ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները. ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, աղօթելով, որ միշտ մնան Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները:
ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
6 յունւարի, 2024
Անթիլիաս, Լիբանան