Սփիւռք

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովւական գօտեպնդիչ այցելութիւնը քեսապահայութեան

«ԱԼԻՔ» – Կիրակի՝ դեկտեմբերի 22-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արք. Աշգարեան հովւական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորւեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստւածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան Հօր կընկերակցէին Տ. Արմէն աբղ. Գալաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեան եւ Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:

Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին առնչւող հարցեր:

Այնուհետեւ, Ս. Աստւածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Սրբազան Հօր ընկերակցող պատւիրակութեան եւ քեսապահայութեան ներկայութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քեսապահայութեան փոխանցեց օրւան պատգամը, բնաբան ունենալով օրւան աւետարանական հատւածը (Ղկ 19.12-28), որուն ընդմէջէն շեշտեց հաւատարմութիւնը, սէրը, զոհողութիւնը, ճիգ ու ջանք թափելը, շեշտը դրաւ յատկապէս հոգեւոր կեանքին վրայ, յայտնելով, որ որպէս քրիստոնեաներ աշխատանք պէտք է տանինք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ հասուննալու, բարձրանալու, կատարելութեան հասնելու եւ մեր հաւատքը պէտք չէ սոսկ շրթներու արտայայտութիւն ըլլայ։ Հետեւաբար, այնպէս ինչպէս առաջին երկու ծառաներու պարագային, եկան եւ ըսին, որ Տէ՜ր, մէկ տւիր մեզի, մէկի դէմ ահաւասիկ տասը բազմապատկեցինք, նոյնպէս ալ մենք մեր կեանքին մէջ մեզի տրւած աստւածային քանքարները, աստւածատուր շնորհքները, Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը, կառչածութիւնը, հաւատքը, հնազանդութիւնը, հաւատարմութիւնը ո՞ւր է։ Աստւած մեզի պարտականութիւն տւած է, իր խօսքը, իր շնորհքը,  կարողութիւններ տւած է, ուստի, հոգեւոր կեանքին մէջ պէտք է յառաջդիմութիւն արձանագրենք, առաքինութիւններ ձեռք բերենք եւ Աստուծոյ խօսքին առջեւ բանանք մեր սրտերը, որպէսզի գայ եւ մեր մէջ ներգործէ եւ մենք արդիւնք տանք, այնպէս ինչպէս ծառաներէն առաջին երկուքը մէկի փոխարէն տասով բազմապատկեցին, նոյնպէս ալ մենք։

Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը ինքնաքննութեան կոչ ուղղեց, հարց տալով թէ մենք ո՞ւր ենք այսօր, մեր կեանքին մէջ ինչպէ՞ս կը վարւինք մեզի տրւած Աստուծոյ խօսքի գանձին հետ եւ որքանո՞վ առիթ կու տանք Աստուծոյ խօսքին, որ մեր կեանքին մէջ ներգործելով մեզ առաջնորդէ, որպէսզի ուրիշներու օգտակար դառնանք, ապաշխարութեան առիթ հանդիսանանք, ուրիշները Աստուծոյ մօտեցնենք, աստւածաճանաչողութեան եւ աստւածսիրութեան առաջնորդենք, որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ կողմէ լսենք՝ բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, դո՛ւն, որ փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ գտնւեցար, եկո՛ւր վերակացու կարգեմ քեզ տասը քաղաքներու վրայ, այլ խօսքով Յաւիտենական Կեանքին մէջ եկուր ինծի հետ վայելէ յաւիտենական բարիքները։

Սրբազան Հայրը փոխանցեց Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները եւ յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով կը գօտեպնդէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահութեան:

Անդրադառնալով ներկայիս տիրող իրավիճակին, Սրբազան Հայրը յուսադրեց ժողովուրդի զաւակները, յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով  եւ կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատւիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդւին, այլ ընդհակառակը իրենց հաւատքը գործի լծած պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ անպայման լաւ պիտի ըլլայ։ Ան յիշեցուց, որ ժամանակ կը պահանջէ եւ այդ ժամանակին մէջ մենք պէտք է զգօն եւ զգաստ ըլլանք, իրարու թեւ թիկունք կանգնինք, զիրար քաջալերենք եւ ո՛չ թէ զիրար յուսահատեցնենք եւ միշտ մեր հայեացքը դէպի փայլուն ապագայ ուղղենք, յուսալով, որ Աստւած մեր կողքին է, մեզի կառաջնորդէ, մեզ պաշտպան է եւ թոյլ պիտի չտայ, որ իր ժողովուրդը ընկրկի, որովհետեւ խոստում տւած է ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ Աստւածաշունչին մէջ Աստւած խոստում կու տայ իբրեւ մեր Տէրը, Աստւածը եւ Փրկիչը, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ես քու կողքիդ եմ, քու աջ ձեռքէդ բռնած քու քայլերդ պիտի առաջնորդեմ եւ պիտի օգնեմ քեզի»։ Հետեւաբար, որպէս քրիստոնեաներ անհրաժեշտ է, որ նեղութեան, դժւարութեան, տառապանքի եւ հալածանքի ժամանակ մեր հաւատքը ցոյց տանք եւ մեր կեցւածքը դրսեւորենք։ Այլ խօսքով, հիմա ժամանակն է հաւատքի կեցւածք ճշդելու, համբերութեամբ սպասելու եւ պայքարելու մինչեւ որ Արդարութեան Արեգակը ծագի եւ խաղաղութիւն տիրէ, ապահովութիւնը վերահաստատւի եւ կեանքը իր բարօր ընթացքին մէջ մտնէ։

«Գանձասար»

Related Articles

Back to top button