Նշմարներ
ՆՇՄԱՐ 1
«Ֆէյսբուք»-եան հարթակներու վրայ եւ մամուլի սիւնակներուն մէջ յաճախ կը հանդիպիմ գրութիւններու, որոնք կահազանգեն, թէ ամէն առումով սփիւռքահայութեան նահանջը հասած է այն աստիճանին, ուրկէ կը սկսի ձուլումի սպառնալիքը…:
Չգիտցող չկայ, որ երկար ժամանակէ ի վեր Սփիւռքը դարձած է անհոգ ու անտարբեր՝ ինքզինքին հանդէպ: Անտարբերութիւն մը, որ աւելի ահարկու է քան ամենէն ահեղ թշնամին, քանի որ անզգայաբար կը կրծէ ու կը հիւծէ ան սեփական ուժականութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ առ ոչինչի կը վերածէ ազգային ինքնութեան էատարրերը: սփիւռքեան նորահաս սերունդը արդէն իսկ ուծացման ճամբուն մէջ է եւ առաջին ու մեծ զոհը լեզուն է, հայերէնը եւ այլն, եւ այլն:
Այսքանը գիտենք: Բայց դժւար է հասկնալ, թէ ինչի՞ կը ծառայեն բազմիցս կրկնւող ահազանգերը, վտանգը մատնանշող հաստատումները, երբ անոնց չեն ընկերանար գործնական առաջարկներ, որոնց իրագործումով քիչ-շատ թերեւս հեռացնեն վտանգը:
Կը կարծեմ, թէ վտանգաւոր է ամէն առիթի կամ անառիթ վտանգի մասին խօսիլն ու գրելը, եթէ անոնք պիտի չյանգին կացութիւնը գէթ մեղմելու փնտրտուքին: Յաճախակի կատարւած ձուլումի խօսքերը կրնան անուղղակի նպաստել, որ ընդհանրական մտայնութեան վերածւի ան եւ ձուլումի գաղափարին հետ հաշտ գոյակցիլը եւ անոր ընկալումը դիւրանայ՝ անտարբերութեան ախտէն վարակւած սփիւռքահայու մտածողութեան մէջ:
Փաստ է, որ Սփիւռքացած Կիլիկիոյ, Պոլսոյ, Պարսկաստանի, թերեւս նաեւ այլ վայրերու մէջ հայութիւնը երկար դարեր դիմացաւ, հակառակ իր դիմագրաւած տառապանքին ու տարատեսակ դժւարութիւններուն: Կը գիտակցիմ, որ այդ վայրերու մէջ կը նպաստէին կրօնական տարբերութեան եւ այլ, միով բանիւ՝ մշակոյթի ազդակը, ինչպէս նաեւ համախումբ կեանքը: Բայց ի վերջոյ փաստ է, որ դիմացաւ:
Ուրեմն, փոխանակ ծունկ ծեծելու մտածենք, թէ սփիւռքեան միջավայրին մէջ ինչպիսի՞ ազդակներ կը տոկացնեն մեզ. ահա առաջարկւած փնտրտուքը…:
Ըստ ինծի, վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ վտանգի մասին խօսիլ-գրելը:
ՆՇՄԱՐ 2
Նախորդ հրապարակումիս մէջ կը նշէի, թէ վտանգաւոր է ամէն առիթի ու անառիթ ահազանգել, որ Սփիւռքը կը մաշի, կուծանայ, կը ձուլւի եւ այլն, եթէ այդ ահազանգին պիտի չընկերանայ վտանգին առաջքն առնելու կամ զայն քիչ մը հեռացնելու գործնական առաջարկ կամ գէթ փնտրտուքի մը նախաձեռնութիւն:
Ահա այս տեսակ փնտրտուքի մը նախաձեռնած էր Դուբայէն տիկին Շաքէ Մանգասարեան (անձնապէս ինծի անծանօթ), որու ջանքերով հատորի մը մէջ մէկտեղւեցան տեսակէտներ՝ Սփիւռքի գրողներէ: Նախաձեռնող տիկինը ջանացած էր, որ առաջարկները ըլլան գործնական՝ իրենց բովանդակութեամբ եւ մանաւանդ ներկայացւած տեսքով…: Իմ գրութիւնս օրինակ, երկու-երեք անգամ ուղարկւեցաւ-յետ դարձաւ, քանի որ ան իր տեսքով չէր համապատասխաներ տիկին Շաքէի կամ խմբագրական յանձնախումբի պատկերացումին: Իմ օրինակս տւի, ընդգծելու համար բծախնդրութիւնը հրատարակող անձ(եր)ին:
Հոս պիտի խուսափիմ դատելէ, որ գործնականութեան առումով եւ ընդհանրութեան մէջ ուշագրաւ առաջարկներ կայի՞ն կամ ոչ, բայց հարց է, թէ քանի՞ հոգի, յատկապէս մեր կառոյցներէն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման կոչւած մարմիններէն քանի անդամներ, պարզ հետաքրքրութեան համար, աչք մը նետած ըլլան այդ գրքին վրայ…: Կռահելի է, որ շատ աննշան թիւ մը: Խէրն անիծած մեր ամբողջ օրը կը կլանէ «Ֆէյսբուք»-ն ու համացանցը:
Իմ կարծիքով, այդ հատորին մէջէն կառանձնանայ եւ իր բովանդակութեամբ յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէ դոկտ. Արա Սայեղի (այս անունին առաջին անգամ այդ հատորին մէջ կը հանդիպէի) գրութիւնը, որ համապարփակ ուսումնասիրութիւն մըն է՝ խորքային առաջարկներով: Բովանդակութեամբ եւ առաջարկներով յագեցած այդ ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւնը կրնայ դրւիլ որեւէ պետութեան մը նախարարական սեղանին, ի քննութիւն ու գործադրութիւն, բայց խոստովանինք, որ մեր ուսերուն համար շատ ծանր է ան, նոյնիսկ մասամբ իրականացնելու տեսակէտէն: Տարտամ պատկերացում իսկ չունինք տակաւին, թէ մեր ղեկավարած համայնքին գիտական-մասնագիտական միտքը, իբրեւ օգտագործելի ատաղձ, ինչ պատկեր կը ներկայացնէ, տրամադրելի մարդուժով ինչ կրնանք կամ չենք կրնար ընել եւ այլն, եւ այլն: Գիտենք ու կը ճանչնանք մեր շրջապատի մարդիկը եւ կօգտագործենք անոնց կարելիութիւնները միայն:
Ուզենք թէ չուզենք այս է սփիւռքեան չոր իրականութիւնը:
Ուրեմն, ի՞նչ ընել: Ահա գլխաւոր հարցը, դժւար մարտահրաւէրը:
Երկու-երեք տարիէ ի կախարդւած «Սփիւռքը վերակազմակերպելու» կարգախօսէն՝ յամեցանք անոր հմայիչ բառերուն վրայ եւ անտեսեցինք հրամայական ու անյետաձգելի շեշտը հայրապետական պատգամին, որուն համար հայագաղութէ հայագաղութ կը շրջագայի Արամ Ա կաթողիկոսը, իսկ մենք նւազագոյն ճիգը չփորձեցինք կատարել այդ ուղղութեամբ:
Անդրադառնանք, որ սերունդը կորսւելու վտանգին մէջն է արդէն եւ ժամանակը մեզի դէմ կը գործէ: Մտածենք, թէ ներկայ մեր տրամադրելի կարելիութիւններով ինչ կրնանք ընել՝ նորահաս սերունդին մէջ մշակելու համար ազգային ինքնութիւն:
ՆՇՄԱՐ 3
«Լեզուն ազգն իսկ է, եւ՝ ինքնութիւն»
Այս վերնագիրը իբրեւ անբեկանելի ճշմարտութիւն հաւատացողները եւ զայն ինքնութիւն մշակելու համար իբրեւ վճռական ուղեցոյց դաւանողները կը մոռնան, որ մօտ անցեալին, ցեղասպանութեան հետեւանքով Սիրիա-Լիբանան եւ այլուր ցիրուցան Կիլիկիոյ թուրքախօս, հայերէն չգիտցող, թուրքական երգ-շարքիներուն սիրահար հայ մարդիկն էին, որ գաղթականի առօրեայ հացէն բաժին հանեցին, որպէսզի սերունդին հայակրթութեան համար իրենց բնակած վայրերը դպրոց-եկեղեցիներու ցանցով օժտեն, համայնք կազմակերպեն՝ յարակից գործօններով: Կը մոռնան նաեւ, որ հայկական Սփիւռքի մէջ հարիւրաւոր հազարներով, թերեւս միլիոնը գերազանցող թիւերով պատանի-երիտասարդներ հայերէն չեն գիտեր, չեն խօսիր, անոնց շրթներուն չի ծաղկիր մեր մայրենին: Քանի այդպէս է, գի՞ծ քաշել ուրեմն անոնց վրայ եւ զանոնք «հալա՞լ» ընել օտարութեան: Չի՞ բաւեր մեր կորսնցուցած քանակը: «Լեզուն ազգն իսկ է» դաւանողներուն համար արդեօք կը նշանակէ, թէ հայ ըլլալու չափանիշը հայերէն խօսի՞լն է միայն: Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրներէն Իւսթիւկեան հրապարակային զրոյցի մը ընթացքին վկայեց, թէ Համշէնի մէջ բարբառային հայերէնով խօսող շրջանակներ կան, բայց անոնց բոլորն ալ իրենք զիրենք համշէնցի կը դաւանին…:
Մատնւած ենք դժխեմ կացութեան մը, որու պայմաններու մէջ մեր նորահաս սերունդին մեծ մեծամասնութիւնը հայերէն չի խօսիր, հայերէն չի գիտեր, պիտի յանդգնիմ ըսելու նաեւ, որ հայերէն գիտցող փոքր փոքրամասնութիւնն ալ հայերէնը իբրեւ ամենօրեայ խօսակցական լեզու չի գործածեր, բայց… ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԻՏԱԿԻՑ ԵՆ ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԻՆ, այսինքն՝ գիտեն, թէ իրենք հայ են ու ֆրանսացի, հայ ու ամերիկացի, հայ եւ յունաստանցի, եւ այլն:
Ամէն դրական երեւոյթ իր մէջ կը կրէ ժխտականին սաղմը եւ հակադարձաբար՝ ժխտականն ալ կունենայ իր դրական բաժինը: Մեր ներկայ սերունդին «երկակենցաղ»-ութեան ժխտական երեսին դրական բաժինը այն է, որ այդ երկու հանգամանքները զիրար կը հարստացնեն, զիրար կամբողջացնեն, պայմանաւ, որ ժամանակին դէմ մրցումի ելլենք եւ անոնց մէջ «հայ»-ը ամրապնդենք:
Ժամանակը սրընթաց մեզի դէմ կը գործէ: Եթէ յամենանք ու միջոցներու մասին չմտածենք, սերունդը պիտի կորսնցնէ «ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂԻ» այժմու գիտակցութիւնն ալ եւ կորսւողը առաջին մասը պիտի ըլլայ, այսինքն՝«հայ»-ը, եւ այն ատեն ի զուր ծունկ պիտի ծեծենք, իմաստ պիտի չունենայ լալն ալ, ողբերգու ըլլալն ալ: Գրիգոր Զօհրապ «կոտրելէն ետք» վերնագրով պատմւածքին մէջ կըսէ, թէ յախճապակիէ սրւակին կոտրելէն ետք իմաստ չունեցաւ գիտնալը, թէ կոտրածը թանգարժէք էր՝ Լուի 14-րդ թագաւորին գործածած սրւակը եղած էր…: «Կոտրելէն ետք»-ի վիճակը բազմիցս ապրելէ ետք, դասը սորւած պիտի ըլլայինք շատոնց: Նորագո՞յնը… չգիտցող չկայ:
Այս ըսւածներէն ետք, անձս ալ իր կարգին համոզումով կընդգծէ, որ մայրենի լեզուն կենսական է, կեանքի չափ կարեւոր է, նպատակ է եւ գլխաւոր կռւանը՝ ազգային լեզւամտածողութիւն մշակելու եւ ինքնութիւն կռանելու համար: Ասկէ անդին սակայն, կա՛յ իրականութիւն մը, մե՜ծ մարտահրաւէր մը, զոր պէտք է դիմագրաւենք:
ՆՇՄԱՐ 4
Լեզուն հաղորդակցութեան միջոց
Ամէն բանէ առաջ ու վերջ, լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է, ապա նաեւ լեզւամտածողութեան եւ ազգային ինքնութեան մշակումի գլխաւոր կռւան: Խնդիրն այն է, որ այդ տւեալ լեզւով ի՞նչ երազներու, ինչպիսի՞ յուշերու, ո՞ր արժէքներու եւ նպատակներու կամ տագնապներու հետ կը հաղորդակցիս…:
Բազմաթիւ օրինակներ կան, որ տարբեր ժողովուրդներ միեւնոյն լեզուն խօսելով հանդերձ, նոյն ազգին չեն պատկանիր: Եւ հակառակը՝ տարբեր լեզու խօսելով հանդերձ, նոյն ազգին կը պատկանին: Շւէյցարիական ազգը կը բաղկանայ գերմանախօս, ֆրանսախօս եւ իտալախօս ժողովուրդներէ, որոնք տարբեր լեզու կը գործածեն, բայց բոլորն ալ նոյն հոգերը ունին, նոյն խնդիրները, իրենց գործածած տարբեր լեզուներով կը հաղորդակցին նոյն նպատակներու հետ եւ կապրին միեւնոյն տագնապները: Իսկ արաբախօս, անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ այլ տարբեր ժողովուրդներ, նոյն լեզուն գործածելով հանդերձ, տարբեր ազգերու կը պատկանին, որովհետեւ անոնք նոյն լեզւով տարբեր նպատակներու, տարբեր տեսլականներու հետ կը հաղորդակցին-կը յարաբերին եւ տարբեր հոգերով կապրին:
Այս բոլորը ըսելէ ետք, կը գիտակցիմ, որ բացի նոյն նպատակներէ, երազներէ, տեսլականներէ ու տագնապներէ, այդ ժողովուրդներու ոտքին տակ կայ հայրենի հողը եւ համախումբ կեանքը, որոնց բարերար ներգործութենէ զրկւած ենք մենք եւ մեր մատղաշ սերունդը: Զրկւած է ողջ սփիւռքահայութիւնը:
Փոքրամասնութիւն մը բացառելով, հաստատելի է, որ մեր նորահաս սերունդը (եւ ոչ միայն նորահաս) առօրեայ յարաբերութեանց մէջ իր բնակած երկրին լեզուն կը գործածէ: Հայերէն չի գիտեր կամ մեծապէս կը դժւարանայ եւ չի կրնար իր մտածումը հայերէնով արտայայտել:
Իսկ գոյութիւն ունեցող մեր վարժարանները չափազանց անբաւարար են: Ան-բա-ւա-րար:
Քանի մը տարի առաջ, հետաքրքրութեանս արդիւնքը եղած էր այն, որ օրինակ՝ ամբողջ Ամերիկայի մեր վարժարաններու աշակերտաց հանրագումարը շուրջ 10.000 (տաս հազար) էր, մինչ միայն Գլենդէլ քաղաքի օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու թիւը կենթադրւէր նոյնպէս՝ 10.000: Ֆրանսայի մէջ, շուրջ 1.500-ի դիմաց, կենթադրւի, թէ 60.000 դպրոցական տարիքի հայ տղաք կան: Նոյնիսկ հայատրոփ Լիբանանի մէջ, հայկական եւ օտար դպրոց յաճախողներու թիւերը իրար կը հաւասարեցնեն՝ 5.000-5.000 (երկրի տնտեսական տագնապէն առաջ, նաեւ ներկայի ենթադրեալ թիւերն են): Հարցական է տակաւին, որ հայկական վարժարանի աշակերտներու առօրեայ, կենցաղային ու ընթացիկ լեզուն հայերէնն է, թէ ոչ…:
Արդ, կրնա՞նք շրջել այս կացութիւնը: Դպրոցական ցանցեր ստեղծել ամենուր: Ըստ ինծի՝ չենք կրնար: Կարգ մը տեղեր նոր դպրոցներ կը բացւին թէեւ, բայց այլ տեղեր կը փակւին…:
Այս իրականութեան դիմաց ի՞նչ կրնանք ընել, որ օտարախօս մեր տղաքը իրենց գործածած լեզւով հաղորդակցին-յարաբերին ազգային մեր տագնապներուն, նպատակներուն, յուշերուն եւ Հայաստան հայրենիքի իրականութեան հետ: Ահա բուն խնդիրը եւ այս «նշմար»-ներու գրութեան նպատակը:
ՆՇՄԱՐ-5
ԱՌԱՋԱՐԿ
«Նշմար»-ներու այս շարքին հետեւողը բնականաբար պիտի կռահէ, թէ առաջարկս ինչ նպատակի պիտի յանգի: Նախանախորդ՝ «նշմար»-ին մէջ կըսէի, թէ օտարախօս մեր նորահաս սերունդները տակաւին գիտակից են իրենց «երկակենցաղ» հանգամանքին, որուն սակայն՝ սահող ժամանակն ու շրջապատի պայմանները կը սպառնան, որ անոնց մէջ այդ գիտակցութիւնը տկարանայ ու հետզհետէ չքանայ՝ ի վնաս իրենց ազգային ծագումին: Այսինքն, տակաւին ունին անոնք իրար հարստացնող-ամբողջացնող օրինակ՝ հայու եւ ֆրանսացիի (տեղացիի) հայու եւ յոյնի (տեղացիի) զգացում: Ժամանակը կը սպառնայ, որ հայու զգացումը չքանայ:
Նշմարած եմ, որ միշտ հայերէն խօսող ընտանիքներու մէջ իսկ, երբ հայրը կամ մայրը կը բարկանայ իր զաւկին կամ կարեւոր խորհուրդ մը կու տայ անոր, կը դիմէ տեղական լեզւին, որովհետեւ գիտէ, թէ այդ լեզուն է ազդեցիկն ու ներգործողը իր զաւկին վրայ: Ով գիտէ, թերեւս նո՛յնն է ազդեցիկը նաեւ ծնողքին համար: (Հիմա, հայախօս մեծ հայր-մայրերը հազւագիւտ են, գրեթէ չեն մնացած):
Եզրակացութիւն.
- Ազգային ինքնութիւնը կաղապարւած հասկացութիւն չէ, այլ չաւարտւող ընթացքով կազմաւորում է, որ պայմանաւորւած է ազգի պատմութեամբ, արժեհամակարգով, ներկայ տագնապներով եւ ապագայի տեսլականներով ու նպատակներով: Կասկած չկայ, որ ինքնութեան մշակումին մէջ հիմնական ազդակը լեզուն է: Այսքանը գիտենք: Բոլորիս գիտցածը իրարու չշռայլենք եւ ըլլանք իրատես: Ընդունինք, որ հայակրթութեան մարզին մէջ մեր հասանելիութիւնը անմխիթար ըլլալու աստիճան սահմանափակ է: Սփիւռքի տարածքին մեր սերունդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայերէնի մակերեսային ճանաչողութիւն մը ունի կամ բնաւ չունի: Նոյնիսկ հայերէն գիտցողները իրարու հետ կը յարաբերին տեղական լեզւով: Արդեօք կրնա՞նք այս կացութիւնը շրջել: Անձնապէս դժւար թէ նման բան կարենամ երեւակայել:
- «Դատապարտւած» ենք ընդունելու, որ ամէն բանէ առաջ ու ետք լեզուն հաղորդակցելու միջոց է, յարաբերւելու գործիք է: Կարեւորը այն է, թէ սերունդը իր գործածած լեզւովը (անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն կամ այլ) ի՞նչ երազի, ի՞նչ նպատակի, ինչպի՞սի տագնապներու, արժէքներու եւ տեսլականներու հետ կը հաղորդակցի, կը յարաբերի:
- Այսօրւան մարդերը մեծով պզտիկով կախարդւած են բջջայինով, «Ֆէյսբուք»-ով, social media-ով, կարճ՝ համացանցով եւ ամբողջութեամբ կլանւած՝ անոնցմով: Ոչինչ կը հմայէ այնքան, որքան վերոյիշեալները: Համացանցով կը սփռւին նոյնիսկ աղօթքները, որոնք գերազանցապէս անձնական ու ներհայեցողութեամբ առ Աստւած ուղղւելու բնոյթը ունին:
Այս կը նշանակէ, թէ ներկայ ժամանակներու մէջ մեր նորահաս թէ մեծահասակ սերունդը միեւնոյն գաղափարներուն ու նպատակներուն շուրջ համախմբելու եւ զանոնք միաւորելու ամենէն ազդու միջոց-գործիքակազմը համացանցն է, ուր բացակայ ենք մենք՝ մասնագիտական ծրագրով, համադրւած աշխատակարգով եւ սիստեմատիկ հետեւողականութեամբ: Փաստ է, թէ համացանցի միջոցով նոյնիսկ ամբոխներ ըմբոստութեան կը մղւին կամ պետական հարւածի փորձեր կը ձախողեցւին: Իմ կարծիքով, կազմակերպիչներն իսկ անակնկալի բերող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի զանգւածային մասնակցութիւնները ամենուր՝ արդիւնք էին սոսկական անհատներու կողմէ կատարւած համացանցային քարոզչութեան…:
ՆՊԱՏԱԿ.
Փորձել գտնել ձեւ մը, ելակէտ մը, որ Սփիւռքի նորահաս սերունդը (ոչ միայն) կարելի ըլլայ միեւնոյն նպատակի ու տեսլանակի շուրջ միաւորելու, համախմբելու եւ զայն մշտատեւ յարաբերութեան, հաղորդակցութեան մէջ դնելու հայ կեանքին հետ, կաթիլ-կաթիլ ծանօթացնելու անոր մեր պատմութենէն որոշ տւեալներ, մերթընդմերթ ներկայացնելու անոր մեր ազգային արժեհամակարգը, մեր տագնապները, մեծ ու փոքր մեր նպատակները, ապագայի մեր տեսլականները եւայլն, որպէսզի օտարացող սերունդին մէջ քայլ առ քայլ մշակւի ազգային ինքնութիւն, գիտակցութիւն, ազգին հանդէպ որոշ յանձնառութիւն:
ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԻԾ.
Ա. ՄԻՋՈՑ ՈՒ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄ.
- Հասարակական ցանցեր, (social media), internet, բջջային հեռախօս,
- Տեղական լեզւով (անգլ., ֆրանսերէն, յունարէն եւայլն) գրւած կարճ ծաւալով գրութիւններ (text)եր եւ անոր հայերէնը՝ կցւած:
Բ. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ՝
1. Կենտրոնական գրասենեակ կամ յանձնաժողով ՝ որեւէ երկրի մէջ. (մնայուն)
Գրասենեակը կամ յանձնաժողովը պիտի բաղկանայ.
ա) հասարակական ցանցերու միջոցաւ անուղղակի, կը կրկպեմ՝ անուղղակի քարոզչութիւն կատարելու հմուտ մասնագէտ(ներ)է,
բ) փորձառու տարիքային մանկավարժ-հոգեբան(ներ)է,
գ) մեր պատմութեան, ազգային արժեահամակարգին, մեր անմիջական ու հեռահար նպատակներուն եւ տեսլականներուն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին ու մեր տագնապներուն հաղորդ անձ(եր)է:
Կենտրոնական գրասենեակը կը պատրաստէ միշտ նորովի կարճ պարբերութիւններով յատուկ text-եր, առանձնաբար՝ երէց պատանիներու, երիտասարդներու եւ միջին տարիքի մարդոց յարմար, նպատակ ունենալով զանոնք յարաբերութեան մէջ դնելու ազգին ու ազգայինին հետ:
Պատրաստւած գրութիւնները կուղարկւին գաղութային գրասենեակներուն:
2. Գաղութային գրասենեակներ. (մնայուն)
Ամէն հայագաղութ կունենայ իր գրասենեակը, որ՝
ա) նախ կը կենտրոնացնէ գաղութի երէց պատանիներու, երիտասարդներու, միջին տարիքի բոլոր հայերուն բջջային (սելիւլեր) հեռախօսի թիւերը եւ է-հասցէները: (այս աշխատանքը դժւար բաժինն է, որուն կրնան օգտակար ըլլալ ծխատէր քահանաները…):
բ) կենտրոնական գրասենեակէն ստացւած գրութիւնները կը վերածէ երկրի տեղական լեզւին, բնականաբար նաեւ հայերէնի եւ անոնցմով յաճախակի «յարձակումներ» կը գործէ բջջայինի թիւերուն եւ է-հասցէներուն վրայ:
գ) Երբեմն առիթներ կը ստեղծէ եւ պատանիներէ ու երիտասարդներէ կազմւած զատ-զատ խմբակներ կը հրաւիրէ պարբերական հանդիպումներու՝ օգտակարն ու հաճելին միախառնւած յայտագրով մը:
Վերջաբան.
Այս առաջարկին իրագործումը անկարելի համարող անձերն ու մարմինները կամ լիովին չեն հասկցած զայն (ինչուն) կամ չեն ճանչնար Սփիւռքի կարողականութիւնը եւ կամ՝ ամբողջովին սպառած են այլեւս, անկարող՝ որեւէ նոր գործի: Վստահ, որ անկարելի չէ առաջարկին իրագործումը Սփիւռքին ու անոր հայագաղութներուն համար, որոնք կը պահեն առաջնորդարաններ ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ակումբներ, մամուլ ու ազգային նպատակով տարբեր-տարբեր գրասենեակներ: Այդ բոլորի կողքին ու զուգահեռ, առաջարկւածը նոր պատուհան մը բանալն է կորսւող սերունդին համար, որու փրկութիւնը հրամայական կը դարձնէ նոր միջոցներու փնտրտուքը, որպէսզի կարելիի սահմաններուն մէջ առաւելագոյն ճիգեր ի գործ դրւին՝ նոյնիսկ եթէ նւազագոյն արդիւնք պիտի ստացւի անոնցմէ: Կը մնայ, որ չյամենանք շռայլ բանաձեւումներու խաբուսիկ հմայքին վրայ :
Ծանօթ.- 1. Այս առաջարկէս ետք, կրկին ու շեշտակի ընդգծեմ, որ հայակրթութիւնը եւ հայերէն լեզուն մեզի համար կեանքի չափ կարեւո՛ր են ու մնայո՛ւն նպատակ: Վերջին հաշւով, անոնցմով զինւածներն են, որ ազգայինով կը տագնապին ու սերունդի փրկութեամբ կը մտահոգւին…:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթենք