Նարեկացի երգչախումբը տասնամեակի նոր ծրագրերով ներկայացաւ Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ, հոկտեմբերի 2-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Նարեկացի մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ երգչախումբի ղեկավար Տ. Զաւէն վրդ. Նաճարեանի։
Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը Հայրապետին ներկայացուց Նարեկացի երգչախումբին հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով նախատեսւած տասը ծրագրերն ու նախաձեռնութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց երգչախումբին տասնամեայ գործունէութիւնը՝ յատկապէս ընդգծելով անոր կարեւոր դերը նոր սերունդին մօտ հայ երգին, երաժշտութեան եւ ազգային արժէքներուն նկատմամբ սէր ու կապւածութիւն մշակելու առումով։ Ան իր հայրական օրհնութիւնը տւաւ երգչախումբին՝ մաղթելով, որ տասնամեակին առիթով նախատեսւած ծրագրերը յաջողութեամբ պսակւին եւ նոր խթան հանդիսանան երգչախումբին առաքելութեան շարունակութեան ու առաւել զարգացման։



