Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը

Շաբաթ, հոկտեմբերի 3-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները։
Այցելութեան ընթացքին վարչութեան ներկայացուցիչները Հայրապետին ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութեամբ 18 հոկտեմբեր 2026-ին տեղի ունենալիք Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսութեան մանրամասնութիւնները եւ հրաւիրեցին Նորին Սրբութիւնը` ներկայ գտնւելու ձեռնարկին։
Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութեան, յատկապէս նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարզական ոգիի զարգացման եւ երիտասարդութեան համախմբման ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքին համար։ Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը նոր նախաձեռնութիւններու եւ ծրագրերու մշակումով շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ միշտ իր ծառայութեան առանցքը ունենալով հայ երիտասարդութեան համախմբումն ու ազգային արժէքներու ամրապնդումը։



