Սփիւռք

Լիբանանի հայ համայնքը կը զօրակցի Հարաւի գաղթականներուն

Շաբաթ, սեպտեմբեր 26-ին, կայացաւ Լիբանանի տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչները համախմբող զօրակցական հաւաք մը՝ ի նպաստ հարաւային Լիբանանէն տեղահանւած ընտանիքներուն։

Հաւաքի ընթացքին խօսք արտասանողները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հարաւային շրջաններէն տեղահանւած բնակչութեան՝ ընդգծելով, որ ան Լիբանանի ժողովուրդին անբաժան մասն է եւ, հետեւաբար, անոր դիմագրաւած դժւարութիւնները կը վերաբերին ամբողջ Լիբանանին։ Մասնակիցները նաեւ դատապարտեցին իսրայէլեան յարձակումները եւ պահանջեցին իսրայէլեան ոյժերուն հեռացումը լիբանանեան գրաւեալ հողերէն՝ շեշտելով Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Հաւաքի ընթացքին խօսք առին նաեւ Լիբանանի Հայկական պատգամաւորական Բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։

Related Articles

Back to top button