ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նաբիհ Բըրրիի, որուն հետ քննարկեց այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դրւին Լիբանանի եւ լիբանանցիներու դիմաց` իսրայէլեան շարունակւող ոճրային յարձակումներուն պատճառով:
Բըրրի ներկայացուց ներկայ փուլի վտանգները եւ այն ճիգը, որ կը ներդրէ զինադուլի հաստատման, թիւ 1701 բանաձեւի գործադրման եւ նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ:
Բագրատունի ցաւակցելէ ետք Սէյէդ Նասրօլլահի նահատակութեան առիթով, բաժնեկցեցաւ խորհրդարանի նախագահի տեսակէտները` շեշտելով, որ Իսրայէլի անցեալէն եկած ախորժակները չեն բաւարարւիր միայն Լիբանանի դէմ շղթայազերծած պատերազմով, ո՛չ ալ սոսկ համայնքի մը դէմ իր կեցւածքներով:
Ան անհրաժեշտ նկատեց ներկայ փուլին լիբանանեան միասնականութիւնը եւ հաւաքաբար թշնամիին սադրանքներուն դէմ դնելու հրամայականը, շեշտելով պետութեան կայացման առաջնահերթութիւնը սահմանադրութեան գործադրութեան ծիրին մէջ, սկսելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն:
Անդրադարձ կատարւեցաւ մէկ միլիոնի հասնող գաղթականներու տագնապին եւ այս իմաստով կատարւած նախաձեռնութեանց, որոնց ծիրին մէջ Բագրատունի ներկայացուց ՀՅԴ-ի եւ հայկական տարբեր կառոյցներու աշխատանքները` թեթեւցնելու գաղթականներու տառապանքը:
Arfd.am