«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման յայտարարութիւնը
Եւրոպայի հայութիւնը կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններու հալածանքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Վեհափառ Հայրապետի դէմ

Մենք՝ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» շարժման անդամներս, խոր մտահոգութեամբ եւ վրդովմունքով կը հետեւինք Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու կողմէ իրականացւող բացայայտ հալածանքներուն՝ ուղղւած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ:
Վերջին շրջանի իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս՝ Վեհափառ Հայրապետի ազատ տեղաշարժի իրաւունքի կամայական սահմանափակումը եւ անոր՝ Հայաստանէն մեկնելու արգելքը, կոպտագոյն խախտում են մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու։
Այս առնչութեամբ կը յայտարարենք.
Եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է հայ պետականութեան եւ ինքնութեան սիւնը: Նիկոլ Փաշինեանի վարչակազմի կողմէ եկեղեցական նւիրապետութեան դէմ ուղղւած թիրախաւորւած արշաւները կը միտին թուլացնել հայ ժողովուրդի հոգեւոր դիմադրողականութիւնը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հայաստանէն դուրս գալու արգելքը ոչ միայն անձնական հալածանք է, այլեւ վիրաւորանք՝ ուղղւած համայն հայութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հեղինակութեան:
Մենք կը տեսնենք ուղղակի կապ Արցախի հայաթափման հարցով իշխանութիւններու վարած ձախողակ քաղաքականութեան եւ Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումներուն միջեւ։ Եկեղեցին, որպէս Արցախի իրաւունքներու անդաւաճան պաշտպան, այսօր կը պատժւի իր ազգային կեցւածքին համար:
Կոչ կուղղենք՝
ՀՀ իշխանութիւններուն. անյապաղ դադրեցնել հոգեւոր դասի հանդէպ իրականացւող բռնաճնշումները եւ յարգել Սահմանադրութեամբ երաշխաւորւած Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Միջազգային կառոյցներուն. ուշադրութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան քողի տակ իրականացւող բռնապետական քայլերուն եւ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակման:
Եւրոպայի հայութիւնը կանգնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վեհափառ Հայրապետի կողքին եւ պիտի հակազդէ այս ազգակործան իշխանութիւններու քաղաքականութեան:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի»
Կարէն Արեւեան Անգլիա
Մուրադ Փափազեան Ֆրանսա
Կարէն Թադէոսեան Բելջիքա
Նուպար Վարդանեան Հոլանդա
Ջոնաթան Սբանկենպերկ Գերմանիա
Քաթրին Յակոբեան Շւեդ
Արթուր Ալլավերդեան Դանիա
Նազար Աւագեան Յունաստան
Վահան Այնէճեան Կիպրոս
Սահակ Չալըքեան Բուլղարիա
Զարեհ Նազարեան Ռումանիա
Վահէ Մխիթարեան Պորտուգալ
Ալեքսանդր Սարգսեան Չեխիա
Սարգիս Շահինեան Շւէյցերիա



