Աւետիս Հաճեան. «Պէտք է իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կազմակերպութիւն լուրջ ծրագիրներ մշակի լայնածաւալ զարթօնք առաջացնելու համար»

Աւետիս Հաճեանը ծնւել է 1968 թւականին, Հալէպում։ Կրթութիւն է ստացել Cambridge համալսարանի միջազգային յարաբերութիւնների բաժնում։ Որպէս խմբագիր աշխատել է Բուենոս Այրեսի La Prensa օրաթերթում:
Հաճեանը աշխատել է միջազգային լրատւամիջոցների համար՝ ներառեալ CNN, Bloomberg News, The Wall Street Journal, Los Angeles Times, International Business Times, Hyperallergic, The Christian Science Monitor եւ Le Monde Diplomatique-ի համար։ Նրա հեղինակած գիրքը՝ Secret Nation-ը: The Hidden Armenians of Turkey («Գաղտնի ազգային Թուրքիայի ծպտեալ հայերը») լոյս է տեսել 2018 թւականին։ Դասաւանդել է լեզու եւ պատմութիւն Մխիթարեան միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքի մէջ։ Նրա հետազօտութիւնները առնչւում են Թուրքիայում ապրող ծպտեալ հայերի պատմութեանը, ինքնութեանը եւ սոցիալական վիճակին։ Հաճեանն այժմ բնակւում է Վենետիկում:
Աւետիս Հաճեանի հետ կապի միջոցը՝ Avedishadjian@hotmail.com:
Ա. Հաճեան. Շատ շնրոհակալ եմ այս առիթին համար։ Այս հարցումները կը պատասխանեմ իբրեւ սփիւռքահայ ընթերցող։
– Ինչպէ՞ս կարող է սփիւռքահայ գրականութիւնը շարունակել ներգործել մայր Հայաստանի գրական մշակոյթը՝ տարբեր լեզուների եւ մշակութային փորձերի առումով։
– Լաւագոյն միջոցը անշուշտ գրական կապերը սերտացնելն է, քաջալերել հայրենի գրողներու այցելութիւնները եւ իրենց գործօն մասնակցութիւնը սփիւռքահայ օջախներէ ներս եւ անշուշտ, փոխադարձաբար, սփիւռքահայ գրողներու համար հնարաւորութիւններ ստեղծել, որ Հայրենիքէն ներս իրենց գրական գործունէութիւնը ծաւալեն։
– Ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել սփիւռքահայ գրականութիւնը՝ երիտասարդ սերնդին ոգեշնչելու եւ նրանց մօտ մշակութային ինքնագիտակցութիւն ձեւաւորելու համար։
– Կարծեմ շատ կարեւոր տարր մը երիտասարդ սերնդին ոգեշնչելու եւ այսպէս ըսւած հայկական մշակութային կեանքի մէջ ներգրաւելու մշակութային արտադրութեան սատարումն է։ Յետեղեռնեան գաղութային եւ մշակութային ղեկավարութիւններուն ու գործիչներուն մօտեցումը այդ դարաշրջանի ծանր պայմաններու բերումով ստիպողաբար կը յենէր վեհանձնութեան, հայրենասիրութեան, եւ ազգային նւիրումի վրայ։ Այս աշխարհի մէջ, ուր պէտք է մրցակցինք շատ աւելի հրապուրիչ օտարալեզու մշակութային արտադրութեան հետ, պէտք է վերջապէս զարկ տանք մեր սեփական գրականութեան, բեմադրութեան եւ այլ ստեղծագործական ոլորտներուն հայերէն լեզւով։ Այդ կը պահանջէ շատ մեծ դրամական ներդրում, ինչ-որ ընդհանրապէս մեր գաղութային կառոյցները անտեսած են։ Այսօր այդ դրամական միջոցները ձեռք բերելու հնարաւորութիւնները կան, եւ պէտք է իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կազմակերպութիւն լուրջ ծրագիրներ մշակէ լայնածաւալ զարթօնք մը յառաջացնելու համար։
– Կա՞ն սփիւռքահայ ստեղծագործութիւններ, որոնք, ըստ Ձեզ, անտեսւած են, բայց ունեն կենսական նշանակութիւն հայ մշակոյթի համար, եւ որո՞նք են այն հիմնական տարրերը, որոնք տարբերում են սփիւռքահայ գրականութիւնը մայր Հայաստանի գրականութիւնից՝ թեմաների, ոճի կամ աշխարհայեացքի առումով։
– Շատ ամփոփ եւ անբաւարար պատասխան մը թերեւս ըլլար յիշատակել Նիկոլոս Սարաֆեանի, Շահան Շահնուրի, Զաւէն Պիպեռեանի եւ մանաւանդ Յակոբ Օշականի անունները, որոնք կը ներկայացնեն յետեղեռնեան սփիւռքահայ գրականութեան այն ուղղութիւնը, որ էապէս կը տարբերին Խորհրդային Հայաստանի մէջ տիրող գաղափարախօսական հոսանքներէն եւ սովետական գրաքննութենէն, որ անշուշտ կը պայմանաւորէին գրականութիւն ինչպէս ընդհանրապէս մշակոյթը ամէն ոլորտէ ներս, եւ այս նշած գրողներս՝ իրենց ներհայեցող, գոյաբանական եւ ինքնագիտակցական տեսլականով հաւանաբար յետեղեռնեան սփիւռքահայ գրականութեան հիմքերը դրին եւ նոր ակօսներ բացին։ Սարաֆեանի կեանքի խորհրդաւորութիւնը եւ անհատի հոգեկան աշխարհը կը դառնան բանաստեղծական տիեզերք մը, ուր իրականութիւնը յաճախ կը քանդւի՝ տեղի տալով երազի եւ խորհրդապաշտութեան։ Շահնուրի «Նահանջ առանց երգի»-ն կարտայայտէ արմատախիլ ըլլալու եւ օտարութեան փորձառութիւնը՝ զետեղելով հայ մարդը միջ-երկրային բացութեան մը մէջ, մինչդեռ Օշականը իր «Մնացորդաց»-ով կը կառուցէ ամբողջական՝ թէեւ յաճախ անթափանցելի աշխարհ մը, ուր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կը դառնայ բարոյական եւ գաղափարական քննադատութեան վայրը:
Այս հեղինակները կը տարբերին Հայաստանի մէջ ստեղծւած գրականութենէն՝ ոչ միայն ոճական ու լեզւական առումով, այլ որովհետեւ իրենց ստեղծագործութեան խորքը կը հարցաքննէ ինքնութեան, գոյութեան եւ հայրենազրկման իմաստը՝ առանց ստիպողաբար ենթարկւելու քաղաքական կամ Խորհրդային Միութեան մէջ պարտադրւած ընկերվարական իրապաշտութեան չափանիշներուն։
– Ձեր «Գաղտնի ազգ» գրքում դուք ուսումնասիրել էք Թուրքիայում ապրող թաքնւած հայերի պատմութիւնը։ Ինչպէ՞ս կարող է հայ գրականութիւնը արտացոլել այս թաքնւած, դժւար հասանելի պատմութիւնները։
– Լաւագոյն ձեւը անշուշտ պիտի ըլլար այս կրօնափոխ կամ ծպտեալ կամ թաքուն հայերուն հետ շփումների միջոցաւ։ Շատ բարդ եւ բազմաթիւ շերտաւորումներով իրականութիւն մըն է։ Եթէ գրականութիւն կըսէք արձակի իմաստով, տեղեակ չեմ նման ստեղծագործութեան շուրջ, բայց եթէ գրականութիւն աւելի լայն առումով կը հասկնաք եւ կընդգրկէ յուշագրութիւնն ու պատմագրութիւնն ալ, ուրեմն այո՛, արդէն ունինք հայերէն գրականութիւն այդ նիւթին շուրջ, գլխաւորաբար Հայրենիքի մէջ, եւ այստեղ կարելի է յիշատակել Սերգէյ Վարդանեանին, Լուսինէ Սահակեանին, Ռուբէն Մելքոնեանին, Մելինէ Անումեանին եւ Սոֆիա Յակոբեանին, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի մէջ Կարէն Խանլարեանին, ուրիշներու շարքին։
– Ինչպէս էք տեսնում ժամանակակից հայ գրականութեան դերը՝ պահպանելու հայկական աւանդոյթները, երբ երիտասարդ սերունդը աւելի շատ հաղորդակցւում է գլոբալ մշակութային կոնտեքստում։
– Հայ գրականութիւնը անշուշտ կարեւորագոյն դեր մը ունի, բայց ան չի կրնար սփիւռքահայութեան յենարան դառնալ առանց անհրաժեշտ այժմէականութիւն չըլլայ։ Խնդիրը իրականութեան մէջ Սփիւռքն է՝ Հայրենիքի գրական դաշտը շատ բեղուն է եւ գրողներու նոր սերունդ մը հրաշալի կերպով զայն կը վերանորոգէ՝ յատկապէս այստեղ կուզեմ յիշատակել երկու երիտասարդ հայրենի գրողներու բացառիկ վէպերը, որ վերջերս կարդացի. Աննա Դաւթեանի «Խաննա», եւ Արա Զարգարեանի «Լռութիւն»։ Բացառիկ գործեր են։ Անոր համազօրը հայերէն լեզւով իրենց սերնդակից սփիւռքահայերու կարծեմ մէջ չունինք։
– Կարո՞ղ է ժամանակակից գրականութիւնը կատարելապէս հաւասարակշռել անցեալն ու ներկան՝ առանց մշակութային ինքնութիւնը կորցնելու։
– Կարծեմ թէ այո, բայց թերեւս պէտք է մենք մեր աւանդական մօտեցումները եւ աշխարհահայեացքը փոխենք։ Իրականութեան մէջ, բազմահազարամեայ ազգ մը ըլլալով, երբեմն դժւարութիւն ունինք հին կաղապարներէ դուրս գալու։ Անշուշտ, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքն ալ չօգներ, որ պատշաճ մտայնութեան փոփոխութիւնները մեր ազգային ինքնութեան հասկացողութիւն թարմացնեն երբ տակաւին շրջապատւած ենք Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի պէս անպատիժ, յաղթական ու հպարտ ցեղասպան ազգերով ու պետութիւններով, բայց մեր ներկայ (նւաստինս ներառեալ) ազգային ինքնութիւնը փաստօրէն հիմնւած է ԺԹ դարու ազգայնական գաղափարախօսութեան վրայ, որ ներկայ աշխարհին մէջ կարելի է ժամանակավրէպ համարել։
– Որո՞նք են այն անհատական հեղինակները կամ գործերը, որոնք, ձեր կարծիքով, ամենաուժեղ ազդեցութիւնն են թողել հայ գրականութեան վրայ 20-21-րդ դարերում։
– Շատ մեծ հարցում է եւ, անարդար գտնւելու վտանգով հանդերձ, անխուսափելի անունները պիտի տամ, որոնք բոլորն ալ իրենց գրչով բանաձեւած են հայ ինքնութիւն մեր գրականութեան մէջ. Յովհաննէս Թումանեան, Եղիշէ Չարենց, Յակոբ Օշական, Դանիէլ Վարուժան, Պարոյր Սեւակ, Գուրգէն Մահարի, Կոստան Զարեան, Երւանդ Օտեան, Անդրանիկ Ծառուկեան եւ, թէեւ համեմատաբար անծանօթ է հանրութեան համար, Զաւէն Պիպեռեան։ Իսկ ԻԱ դարուն պիտի ըսէի Գրիգոր Պըլտեան։
– Ինչպէ՞ս կարող է գրական վերլուծութիւնը բացայայտել ազգային ինքնութեան ենթագիտակցային շերտերը:
– Պիտի վերադառնամ ձեր երրորդ հարցումին պատասխանիս մէջ յիշատակած գրողներուն ըսելու համար, որ գրական վերլուծութիւնը կրնայ բացայայտել ազգային ինքնութեան ենթագիտակցային շերտերը՝ ուսումնասիրելով կերպարներու վարքը, լեզուն, խորհրդանիշները եւ անգիտակցական յուշերը, որոնք կը յայտնեն ժողովուրդի ներքին վախերը, երազանքները եւ կորսւած ինքնութիւնը։ Այս առումով, Օշականի «Մնացորդաց» ենթագիտակցական աշխարհի հանգ մըն է։ Շահան Շահնուրի օտարութեան զգացումը, Նիկողոս Սարաֆեանի երազախառն ներաշխարհը եւ Յակոբ Օշականի պատմական-բարոյական քննութիւնը կը ցոլացնեն այդ խորքային որոնումը՝ ուր անհատական հոգեբանութիւնը կը միանայ ազգային ենթագիտակցութեան։
– Շնորհակալութիւն, պարոն Հաճեան:
– Շնորհակալութիւն ձեր հարցումներուն համար:
Զրոյցը՝ ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱԵԱՆԻ



