Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը այցելել է Վաշինգտոնի Հայ Դատի գրասենեակ
Նոյեմբերի 13-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր-Պետրոսեանի, այցելեց Վաշինգտոնում երկար տարիներէ ի վեր հաստատւած Հայ Դատի գրասենեակ: Նորին Սրբութեան պատւիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ կաթողիկոսարանի Տեղեկատւական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանը, Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական ու միջկրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեանը եւ Արեւելեան հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանը:
Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կենտրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ իր գործակիցներուն հետ, Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ: Համբարեանը ողջունելով Հայրապետը՝ ըսաւ, թէ Հայրապետը ո՛չ միայն զօրակից է Հայ Դատի աշխատանքներուն, այլեւ պայքարի առաջին գիծին վրայ հսկայ ներդրում կատարած է՝ թէ՛ անձնապէս, եւ թէ՛ իր գլխաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Գրասենեակի տնօրէնը ընդհանուր գիծերով պարզեց կենտրոնի կատարած աշխատանքները՝ Հայ Դատի զանազան երեսներուն առնչւած, որոնք, յատկապէս վերջին տարիներուն, բազմացան ու բարդացան: Ան յայտնեց, որ, դժբախտաբար, ներդաշնակութեան պակասը կայ Հայաստանի դեսպանատան ու կենտրոնի աշխատանքներուն միջեւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշխատանքները դառնան աւելի համադրւած ու ծրագրւած:
Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կենտրոնին կատարած գործունէութեան, որ հետզհետէ աւելի կընդլայնի: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եկան աւելնալու Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութեան, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ամերիկա-Թուրքիա-Ադրբեջան յարաբերութեան եւ այս բոլորին հետ աղերս ունեցող բազմաթիւ հարցեր: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատկապէս Ամերիկայի հայութիւնը աւելիով զօրավիգ կանգնի կենտրոնի գործունէութեան: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծւած նոր իրավիճակի լոյսին տակ: Խօսելով Արցախի մասին, Արամ Ա կաթողիկոսը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս կարեւորութեամբ քննել Արցախին առնչւած երեք հարցեր.-
ա) Արցախի հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը,
բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ
գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը:
Ապա, Հայրապետը բարձրօրէն գնահատելով կենտրոնին կատարած աշխատանքները՝ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման ու պաշտպանութեան լծւած այս կենտրոնին։