Սփիւռք

Մխիթարեան միաբանութեան 325-ամեակը եւ մէկամսեայ կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներ՝ Վենետիկից մինչեւ Փատովա, Ազօլօ եւ Թրիեսթ

Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադրութեան 325-րդ ամեակը սկիզբ տւաւ զանազան կրօնական տօնակատարութիւններու ու մշակութային նախաձեռնութիւններու, մէկ ամսւայ տեւողութեան ճոխ շարքի մը` Վենետիկէն մինչեւ Փատովա, Ազօլօ եւ Թրիեսթ, որոնք միաժամանակ արտացոլք էին իր դարաւոր առաքելութեան՝ միացնել հոգեւոր եւ մշակութային աշխարհները։

Նախագահութեամբ Գերապայծառ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի սեպտեմբերին Ս. Ղազարի մայրավանքին մէջ մատուցւեցաւ գոհաբանական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Պատարագին երգեցողութիւնը առաջնորդեց Զոյա Թուխմանովա, իսկ կէսօրէ ետք հնչեց հայկական հոգեւոր երաժշտութեան համերգ մը՝ ներկայացնելով դուդուկահար Գագիկ Գասպարեանի, երգեհոնահար Զոյեա Թուխմանովայի ընկերակցութեամբ։ Համերգը նւիրւած էր նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 156-ամեակին։

Սրբուհւոյ Կուսին Մարիամու Ծննդեան տօնին նշւեցաւ նաեւ եղբայր Ղեւոնդ Դանիէլեանի ուխտադրութիւնը։ Նոյն օրը Փատովայի Ս. Փրանկիսկոսի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպւեցաւ հայկական երաժշտութեան համերգ մը, ուր հնչեցին Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Փահլաւունիի եւ Կոմիտասի գործերէն։ Համերգին առաքելութիւնը, ինչպէս նշւած էր ծանուցագիրին մէջ, «կառուցել կամուրջներ ժողովուրդներու միջեւ՝ խաղաղութեան ի նպաստ երաժշտութեան լեզւով»։

Ապա, Ազօլոյի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տօնի նաւակատիքը 13 սեպտեմբերին՝ վերակենդանացնելով այն աւանդական ուխտը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն Մխիթարեան հայրերն ու միաբանութեան սաները, այլ նաեւ տեղացի իտալացի բարեկամներ։

Ամսւայ վերջաւորութեան՝ 27 սեպտեմբերին, Վենետիկի Լիտոյ կղզիին վրայ՝ Սուրբ Նիկողայոս Սքանչելագործի անունով եկեղեցւոյ մէջ մատուցւեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մը՝ նւիրւած Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի 1700-ամեակին եւ ի յիշատակ Ս. Նիկողայոս Միւռացի եւ Ս. Արիստակէս Հայոց Հայրապետի հանդիպման։ Այս խորհրդանշական արարողութեամբ կը միախառնւէին Վենետիկի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական շերտերը՝ ընդգծելով հայ հոգեւոր ներկայութեան շարունակականութիւնը իտալական հողին վրայ։

Միաբանութեան գործունէութիւնը նաեւ ծաւալւեցաւ Վենետ նահանգի սահմաններէն դուրս, 4 հոկտեմբերին Թրիեսթի Ս. Անտոն Տաումատուրկօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցւեցաւ Սուրբ Պատարագ հայկական աւանդական արարողակարգով՝ “Լ’antico rito armeno ritorna a Trieste” խորագրի ներքոյ, որով կը վերականգնւէր հին աւանդութիւն մը քաղաքի մը մէջ, ուր Միաբանութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յայտնի ներկայութիւն եղած են։ Պատարագը մատուցեցին Ս. Ղազարի Մխիթարեան հայրերը, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին հայրերը եւ սոփրանօ Թամարա Միրզոյեանը։

Ամսւայ տեւողութեամբ կրօնական առաքելութեան եւ մշակութային ձեռնարկներու հարուստ այս շարքը իր աւարտին հասաւ կիրակի, 5 հոկտեմբերին Սուրբ Ղազարի կղզիին վրայ կայացած պրոֆ. Պրունոյ Պարպերիսի դասախօսութեամբ՝ նւիրւած Թուրինի Սուրբ Վարշամակը, խորագրւած «La Sindone: Specchio del Vangelo e provocazione all’intelligenza» («Սուրբ Վարշամակ՝ Աւետարանի հայելի եւ միտքի խթան»)։ Հանդիպումը՝ յաւարտ Սուրբ Պատարագին, կազմակերպւած էր Միաբանութեան կողմէ Թուրինի Արեւելեան Եկեղեցիներու Բարեկամներ ընկերակցութեան համագործակցութեամբ, եւ անոր ընթացքին դասախօսը մասնագիտական բացատրութիւններով Սուրբ Վարշամակին շուրջ առկայ աստւածաբանական, հնագիտական եւ գիտական հարցերը, որ մեծ մասամբ տակաւին կը մնան խորհրդաւոր, առանց որ գիտնականները կարողանան վերջնական հաստատումներ ընել անոր յստակ ծագման ու հնութեան մասին։

Ձեռնարկը պատշաճ խորհրդանիշ էր փակելու համար Մխիթարեաններուն բեղուն գործունէութեանց շաբաթները, իր մէջ ամփոփելով Միաբանութեան հաւատքի եւ գիտութեան զուգահեռ զարգացման եւ Արեւելք ու Արեւմուտք կամրջելու, ինչպէս նաեւ անցեալը եւ ներկան։

Նիւթը՝ ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆԻ

Related Articles

Back to top button