Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Զօրակցութեան կոչ

«Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժումը ի յայտ եկաւ որպէս պատասխան Տաւուշի գիւղացիներու առջեւ ծառացած լուրջ գոյութեան սպառնալիքին։ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ ընթացող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը կը հակասէ միջազգային սկզբունքներուն, քանի որ ան կիրականացուի գաղտնի, սահմադրական սկզբունքներուն հակառակ։

Պատշաճ խաղաղութեան պայմանագիր չհաստատելը եւ միակողմանի զիջումները կրնան յանգեցնել անվտանգութեան մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու։ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած շարժումը վճռական է դադրեցնելու այս ապօրինի գործընթացը՝ պաշտպանելու համար Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը։

Ընդգծելով ազգային ինքնիշխանութեան նշանակութիւնը, շարժումը կընդգծէ տարածքային հարկադիր փոխանցումներու հետ կապւած վտանգները։ Ցոյցերը կը կազմակերպւին՝ Հայաստանը պաշտպանելու արտաքին ճնշումներէ եւ անվտանգութեան սպառնալիքներէ, միաժամանակ կոչ ընելով միջազգային հանրութեանը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու խաղաղ ցոյցերուն, եւ ուժի ցանկացած կիրառում կանխելու համար։

Մե՛նք, մեր լիակատար աջակցութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք այս շարժման եւ կողքին ենք մեր հայրենի ժողովուրդին։

Կահիրէ

 09.05.2024

Related Articles

Back to top button