Սփիւռք

Արամ Ա Կաթողիկոսին եւ Աֆրամ Բ պատրիարքին միջեւ հանդիպում՝ Բիքֆայայի Սուրբ Աստւածածին վանքին մէջ

Հինգշաբթի, յունիսի 18-ին, Բիքֆայայի Սուրբ Աստւածածին վանքին մէջ, երկար հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Ն. Ս. Աֆրամ Բ Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Տ. Տաճատ եպս. Աշըգեան, Տ. Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան եւ Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան. իսկ Պատրիարքին կողքին՝ Պուլոս արք. Սաֆար, Դանիէլ արք. Քուրիէ եւ Ժոզէֆ եպս. Պալի։

Խօսակցութեան ընթացքին արծարծւեցան Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ աստւածաբանական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւող հարցեր։

Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարւեցաւ Մալաբարի ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչւած հարցերուն։

Related Articles

Back to top button