Գաղափարական

«Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհահանդէս

ՀՅԴ 134-ամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, հինգշաբթի, 30 յունւարի 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան Երւանդ Փամպուքեանի խմբագրած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի շնորհանդէսը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, այնուհետեւ հատորը ներկայացուց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան:

Այնուհետեւ խօսք առին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ հատորի խմբագիր Երւանդ Փամպուքեան:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու մակագրում` խմբագիրին կողմէ:

Related Articles

Back to top button