ԳաղափարականՀայաստան - Արցախ

ՀՕՄ-ը միշտ արցախահայութեան կողքին է

ՀՕՄ-ը իր Կենտրոնական եւ շրջանային վարչութիւններով, եւ աշխարհատարած մասնաճիւղերով ու անդամներով միշտ պատնէշի վրայ եղած է մեր ժողովուրդի բոլոր տագնապներուն ընթացքին: Այսօր եւս, ՀՕՄ-ը բազմաբեւեռ գործունէութիւն կիրականացնէ ձեռք երկարելու արցախահայութեան, լիբանանահայութեան եւ ուր որ մեր ժողովուրդի զաւակները կարիքը ունին աջակցութեան: Այս առթիւ ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին «Հորիզոն» գլխաւոր խմբագիր զրոյց ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեանի եւ Կանադայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան վերջին շրջանին ի գործ դրւած նոր ծրագիրներուն:

Խօսելով արցախահայութեան տրամադրւած օժանդակութիւններուն մասին, ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան յայտնեց, թէ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք, ՀՕՄ-ը անմիջապէս փութաց օգնութեան հասնելու մեր արցախցի հայրենակիցներուն եւ իրականացուց աջակցութեան բազմաբեւեռ աշխատանք: «Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, մենք անմիջապէս նախաձեռնեցինք արցախցի տեղահանւած ընտանիքներուն անմիջական պէտքերը հոգալու, յատկապէս սննդեղէնի եւ դեղորայքի ապահովմամբ, այս օժանդակութիւններէն մեր հաշւարկով օգտւած է 35-40 հազար արցախցի: Անկէ ետք ստեղծեցինք նոր ծրագիր մը, որ կը կոչւի «Յոյսի օջախներ», այս ծրագիրը կը ձեռնարկէ հայկական գիւղերուն մէջ բնակարաններ գնել, նորոգել, կահաւորել եւ տրամադրել տեղահանւած ընտանիքներուն: Այս ծրագիրը այժմ անհրաժեշտ կը համարւի, որովհետեւ ձմեռնամուտ է, եւ կարգ մը ընտանիքներ տակաւին կապրին ծանր պայմաններու մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ունինք նաեւ համալսարանի ուսանողներուն աջակցութեան ծրագիրը, որոնց համար կը տրամադրւին կրթաթոշակներ եւ համակարգիչներ, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը»:

Անդրադառնալով զոհւած զինւորներուն եւ կամաւոր մարտիկներու զաւակներուն յատկացւած օժանդակութեան Կարապետեան յայտնեց, թէ զանոնք հովանաւորելու ծրագիրը վերջերս կը հաշւէ 1700 որբացած երեխաներ, յատկապէս երբ այս ծրագրին միացած են Արցախի պատերազմին, շրջափակման եւ բռնագաղթի ժամանակ իրենց ծնողները կորսնցուցած եւ որբացած երեխաները, որոնցմէ 1100-ը տակաւին հովանաւորներ չունին:

Նոյն նիւթին առնչութեամբ ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Փալանճեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը: «ՀՕՄ-ի Կանադայի շրջանը 1992 թ. սկսեալ միշտ նեցուկ կանգնած է «Զոհւած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին եւ մինչեւ երեխային 18 տարեկան դառնալը ստանձնած է անոր խնամակալութիւնը: Մինչեւ օրս մեր շրջանի կողմէ հովանաւորւած են աւելի քան 350 երեխաներ: Շրջանը նաեւ կը հովանաւորէ ուսման հետեւող որբ ուսանողներ, տարեկան միջին հաշւով 52 ուսանողի օժանդակութիւն շնորհելով»: Ընկ. Փալանճեան շարունակեց իր խօսքը ըսելով, որ ծնողազուրկ երեխայի մը հովանաւորութիւնը տարեկան 330 ամ. դոլար է, իսկ ուսանողինը՝ 320 ամ. դոլար: Տակաւին ունինք հարիւրաւոր երեխաներ, որոնք կարիքը ունին հովանաւորներու: Եթէ որեւէ մէկը կը փափագի ստանձնել «Զոհւած հերոսներու զաւակներ»ու ծրագրէն երեխայի մը հովանաւորութիւնը, թող բարեհաճի գրել մեր էլ-նամակի հասցէին ars-canada@bellnet.ca:

Լուսին Փալանճեան յայտնեց, թէ Արցախեան հակամարտութեան 2023 թւականի իրադարձութիւններէն եւ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանը անմիջապէս կազմակերպեց նւիրահաւաք, զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի Կանադայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները: «Սոյն հրատապ վիճակէն մեկնելով ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութիւնը համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախի ընտանիքներու» միջ-միութենական Միացեալ Մարմինին, անսակարկ նւիրումով, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ ծրագրեց օգնութեան ձեռք երկարելու տեղահանւած ու տնտեսական ծանր պայմաններ ապրող Արցախցիին։ Կազմակերպեց նաեւ առցանց աճուրդ մը եւ մինչեւ յունւար 2024-ի աւարտը այս դրամահաւաքի արշաւէն հանագանակեց աւելի քան 550,000 դոլար:

Լուսին Փալանճեան յայտնեց նաեւ, թէ Կանադայի շրջանը այս նիւթական օժանդակութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ասկէ անկախ որոշ քանակով ձմեռնային վերարկուներ ալ նւիրեց փոքրերու եւ պատանիներու, եւ արցախցի դպրոցական կամ համալսարանական երիտասարդներու տասը համակարգիչներ տրամադրեց գրասենեակներէ ներս: Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ Կանադայի շրջանը առաջինը հանդիսացաւ «Յոյսի օջախ» ծրագրին նիւթապէս օժանդակելու գործին մէջ: Այսպիսով, շրջանը ստանձնեց 6 բնակարաններու նորոգութիւնն ու կահաւորումը Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ կը գտնւի Ախուրեան գետի ափին, Գիւմրիէն ոչ շատ հեռու,:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ սանձազերծւած պատերազմին եւ լիբանանահայութեան ապրած տագնապներուն, Կենտրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան ըսաւ. «Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ՀՕՄ-ը թիկունք կանգնած է Միջին Արեւելքի մեր այն գաղութներուն, որոնք կը գտնւին տագնապահար իրավիճակի մէջ, ըլլա՛յ քաղաքացիական պատերազմ, ըլլա՛յ տնտեսական: Այսօր Լիբանանը վերստին կը գտնւի դաժան պատերազմի բոցերուն մէջ, հետեւաբար առաջնահերթութիւնը սննդեղէնի, դեղորայքի եւ անմիջական կարիքներու ապահովումը պիտի ըլլայ: Հանգանակութիւնները սկսած են ամէն տեղ, եւ Արեւելեան շրջանը արդէն 20 հազար փոխանցեց, որուն շուտով կը հետեւի Կանադայի յատկացումը»:
Կարապետեան նշեց նաեւ, որ վերջերս Բիւրականի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ, Արցախի վարչութիւնը բանակում մը կազմակերպեց 7 օրւան տեւողութեամբ, որուն մասնակցեցան 87 արցախցի պատանիներ, 12-14 տարեկան, եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հովանաւորեց ամբողջ ծախսերը, որուն ընթացքին դասախօսութիւններ տեղի ունեցած են ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին:

Մոնրէալի մէջ վերջերս տեղի ունեցած վազքարշաւին (մարաթոն) մասնակցեցան մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներ, համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութեան: Այս մասին Փալանճեան ըսաւ. «Յաճախ հարց տրւած է մեզի, թէ ինչ ունի տալիք այսօրւան երիտասարդը ՀՕՄ-ին եւ ինչ կակնկալէ ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդէն: Շատերս կը խորհինք, որ գործունեայ եւ հեռատես անդամներն են միայն, որոնք կազմակերպութեան մը յաջողութեան եւ վերելքին կը նպաստեն: Կան նաեւ անձինք որոնք համոզւած են, թէ այսօրւան հայ երիտասարդը անտարբեր է ու անպատասխանատու: Հետեւաբար, ան ոչինչ ունի տալիք իր պատկանած համայնքին ու ազգին:

Սակայն, այս դրամահաւաքը եկաւ փաստելու բոլորովին հակառակը: Այս բացառիկ յաջողութեամբ պսակւած դրամահաւաքը, երիտասարդներու կողմէ ծրագրւած նախաձեռնութիւնը, եկաւ մեզի ապացուցելու, որ նօսր թիւով երիտասարդներն անգամ կրնան հզօր բանակի նման հրաշքներ գործել: Մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներու՝ Շանթ Շահինեանին եւ Արէն Իմամէճեանին հրաշալի գաղափարը ունեցան «Մոնրէալ Մարաթոն 2024»-ի վազքարշաւին մասնակցիլ եւ դրամահաւաք կազմակերպել, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնել ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կենտրոնի կրծքաշողանկարային նոր սարքի գնման: Այս երկու երիտասարդները քարոզչական լայնածաւալ արշաւի մը լծւեցան եւ անձամբ պատրաստեցին ու հրապարակեցին այս նպատակին համար ստեղծւած նիւթեր: Յաճախակի ներկայութիւն ունեցան իրենց կողմէ ստեղծւած ընկերային հարթակներու էջերու վրայ եւ քարոզչական այլ միջոցներով տեղեկութիւններ փոխանցեցին առողջապահական կենտրոնին մասին, ինչպէս նաեւ շաբաթներ շարունակ ազդու կերպով քաջալերեցին դրամահաւաքի նպատակը հայ թէ օտար շրջանակներէ ներս: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնն ալ դիմեց իր ընկերական շարքերուն, որ թիկունք կանգնին իրենց եւ մասնակից դառնան քարոզարշաւին: Այսպիսով երկու երիտասարդները յաջողեցան իրենց նպատակադրած թիրախէն երեք եւ նոյնիսկ չորս անգամ աւելին գոյացնել հասցնելով հաւաքւած գումարը 62000 դոլարի: Անծանօթներ հաւանաբար հարց տան, թէ արդեօք ո՞վ են այս տղաքը: Այս երկու երիտասարդները՝ Առէնն ու Շանթը եղած են Սուրբ Յակոբ վարժարանի ամէնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ եւ Համազգայինի անդամ: Անոնք իրենց շուրջը հաւաքեցին 85 հոգիներէ բաղկացած վազողներու պատկառելի խումբ մը: Այսօր իրենց յարատեւ աշխատանքի արդիւնքով գոյացած 62000 դոլարը կու գայ վկայելու, թէ ՀՕՄ-ը պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու երիտասարդութեան կողմէ եկած որեւէ ազգօգուտ առաջարկներու: Այո: ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդին կողքին է եւ հայ երիտասարդը իր կողքին:

Փալանճեան անդրադարձաւ երիտասարդ նոր սերունդի կողմէ կատարւած ուրիշ մէկ շատ յատկանշական նախաձեռնութեան մը եւս յայտնելով, որ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բասդրմաճեան երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտներն ալ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են իրենց կազմակերպած ձեռնարկներէն գոյացած շահէն մաս մը՝ 5400 դոլար, յատկացնել արցախցի որբ մը հովանաւորելու ծրագրին: «Անոնք փափագ յայտնած են, -աւելցուց Փալանճեան, որ այս ծրագիրի մասնակցութիւնը շարունակական ըլլայ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ իրենց սկսած գործը աւարտական դասարանի աշակերտները շարունակեն»:

Աւարտին խմբագիրը նաեւ նշեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ զօրավիգ կանգնած է «Հորիզոն»-ին եւ յայտնեց, որ «Հորիզոն»-ի առաջին համակարգիչները հովանաւորած է ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը 1991-1992 թւականներուն, իսկ ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութիւնը արդէն 25 տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ «Հորիզոն»-ի Մանկապատանեկան յաւելւածը:

Related Articles

Back to top button