Արցախեան հիմնահարցի գծով Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը մնայ պատնէշի վրայ
Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան առաջին յօդւածի բ. ենթաբաժինը կը հաստատէ. «Զարգացնել ազգերու բարեկամական յարաբերութիւնները՝ հիմնւած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքի յարգանքի վրայ եւ այլ համապատասխան միջոցներ ձեռնարկել յանուն համընդհանուր խաղաղութեան ամրապնդման»: Իր արդար իրաւունքներուն եւ ինքնորոշման համար գոյամարտող Արցախը, անկախութեան ինքնահռչակումէն 32 տարի ետք, դաւադիր ծրագիրներու զոհ գնաց, եւ արցախահայութիւնը հայրենազրկւեցաւ։
Իր պապենական բնօրրանէն բռնի կերպով տեղահանւած արցախահայութեան համար էական խնդիր է պատմական Արցախ վերադառնալու հարցը։ Արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը ամրագրւած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ։
2023 թւականի Արցախի Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծւած ադրբեջանական յարձակումէն, բռնագրաւումէն եւ հայաթումի բեկումնային արարէն ետք, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անլոյծ եւ միջազգային քաղաքական օրակարգի վրայ կը մնայ որպէս չլուծւած քաղաքական հիմնահարց։
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխարհասփիւռ համակարգը այսօր լծւած է ադրբեջանական ցեղասպանական քաղաքականութեան հակազդելու։ Այս ծիրէն ներս, Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբը քաղաքական ազդեցութեան իր լծակները օգտագործելով նպատակաուղղւած գործունէութիւն ծաւալեց։
Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օտտաւայի գրասենեակը, արցախահայութեան բռնագաղթին նախորդող շրջափակման ժամանակահատւածին եւ տեղահանութենէն ետք, Կանադայի արտաքին գործոց գերատեսչութեան մօտ բարձրացուց արցախահայութեան օրհասական կացութեան մասին ահազանգը, շեշտադրելով Արցախի բնիկ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքի անյապաղ կիրառումը, եւ ընդգծելով որ այդ իրաւունքի իրագործումը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան միա՛կ երաշխիքն է։
Միաժամանակ, յանձնախումբի հետեւողական ճիգերով, Կանադա-Արցախ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան համանախագահները Կանադայի արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրւած նամակներով, Կանադայի կառավարութեան ուշադրութեան յանձնեցին Արցախի ճգնաժամը, պահանջելով որ ցեղասպանական վարքագիծ դրսեւորող Բաքւի իշխանութեանց դէմ գործադրւին պատժամիջոցներ։
Իսկ սեպտեմբերի 22-ին Կանադայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցի կապակցութեամբ, պաշտօնական յատուկ հաղորդագրութիւն հրապարակեց, ընդ որում, նախարարը ընդգծեց Արցախի բնակիչներու վերադարձի անվտանգ եւ արժանապատիւ իրաւունքը, եւ Արցախի հայկական մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պահպանումը։ Նախարարը իր յայտարարութեան մէջ յատկապէս շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բանակցութիւններու ճամբով քաղաքական լուծումն ու արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը։
Կանադայի արտաքին գործոց նախարարի ուղերձը կոչ է նաեւ միջազգային ընտանիքին, թէ Արցախի հակամարտութիւնը լուծւած չէ եւ յայտարարութեան մէջ տեղադրւած ինքնորոշման իրաւունքին յղումը՝ հակամարտութեան քաղաքական հանգուցալուծման հիմքն է։ Արցախի կորուստով ստեղծւած ազգային յետընթացը դիմակայելու գծով, Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական գործունէութեան ուժականութեան դրսեւորման արդիւնքով՝ Կանադան իրաւամբ հանդիսացաւ միա՛կ պետութիւնը, որ արտաքին գործոց գերատեսչութեան ղեկավարի մակարդակով արտայայտեց իր դիրքորոշումը Արցախի հիմնահարցի այժմու հանգրւանի առնչութեամբ։
Արցախի կորուստն ու ՀՀ գործող վարչախումբին կողմէ հայրենիքի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներու զիջումը, աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակ ստեղծած են մեր պետականութեան համար։ Հայութեան համար գոյապայքարի ու ինքնակազմակերպման նոր հանգրւանը սկիզբ առած է եւ այդ գոյամարտի ճանապարհին բազում խութերը յաղթահարելու ժամանակն է, պետութեան սպառնացող վերահաս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պահն է, անվկանդ պայքարով հայ մարտիկի ազատագրած ու արեան գնով պաշտպանած սահմանները վերականգնելու պահն է։
Հայութեան համար քաղաքական դժւարագոյն եւ անբարենպաստ պայմաններուն մէջ, Արցախեան հիմնահարցը միջազգային օրակարգի վրայ պահելու գծով Կանադայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերը կը շարունակեն մնալ պատնէշի վրայ, ի խնդիր արցախահայութեան դատի լուծման եւ ի խնդիր հայոց պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման։
«Հորիզոն»-ի Խմբագրական