ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Կայունացման գործօնի աւարտը կամ շարունակութիւնը

Ժամանակաշրջանի մը աւարտով կը բնութագրւի յետնասրօլլահական կացութիւնը, եթէ գործընթացները այնպէս ընթանան, որ ռազմաքաղաքական թէ անվտանգային առումներով քաղաքական նոր քարտէզագծում կատարւի Լիբանանի շուրջ եւ Լիբանանի մէջ:

Տարածաշրջանային ուժի վերածւած «Հեզբօլլահ»-ն վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Սիրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Որքան ալ Իրանի արտատարածքային ստորաբաժանումը նկատւի անիկա, այդուհանդերձ յատկապէս ընդհանուր քարտուղարին ունեցած դերակատարութեամբ Լիբանանը չներքաշւեցաւ տարածաշրջանային պատերազմի եւ յատկապէս քաղաքացիական բախումներու մէջ:

Աւելի ընդհանուր դիտարկում մը կրնայ նկատել, որ Լիբանանի գլխաւոր երկու համայնքներու` սիւննի եւ շիի, ամենէն հիմնական ուժերու դէմքերը չէզոքացւեցան համայնք-քաղաքական ներկայացւածութիւն միաւորի երեւոյթը ջլատելու նպատակը հետապնդելով: Եթէ աշխարհի տարածքին գաղափարաբանութիւններ կրող դասական կուսակցութիւններու նօսրացման երեւոյթն է, որ կը տարածւի, Լիբանանի պարագային համայնքային-քաղաքական միաւորի վերածւած ուժերու դերակատարութիւնը կը հարւածւի, տեղի տալով քաղաքական պարապութեան մը: Սիւննի եւ շիի համայնքներէն առաջ կարելի է տալ օրինակը այս պարագային քրիստոնեայ ուժերու համախմբումին եւ անկէ դէպի համալիբանանեանի անցում կատարելու փորձ կատարող ղեկավարի սպանութեան: Այլ պայմաններու եւ հանգամանքներու մէջ տիւրզիներու թիւ մէկ ներկայացուցիչին ահաբեկման: Շիիներու պարագային անհետացման ճակատագիրին կենթարկւէր շիիները համախմբելու կարողութիւն ցոյց տւած կրօնաւորը: Ահա այստեղ է, ի տարբերութիւն միւս համայնքներուն, որ համայնքի համախմբւածութիւնը աւելի կազմակերպ եւ ռազմաքաղաքական միաւորի բոլոր ստորոգելիներով տեղական շրջանային ուժի վերածեց «Հեզբօլլահ» կուսակցութիւնը, որուն մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցաւ չորս օր առաջ Իսրայէլի կողմէ սպանւած Սէյէդ Նասրօլլահն:

Իսրայէլեան եւ արեւմտեան քարոզչութիւնը ահաբեկչութեան դասակարգումին տակ տեղադրեց անոր ղեկավարած կուսակցութիւնը: Խնամքով անուշադրութեան մատնւեցաւ այն, որ Սիրիոյ մէջ «Հեզբօլլահ»-ն պատերազմեցաւ ԴԱԷՇ-ի դէմ, պաշտպանեց հարաւային Լիբանանի մէջ ապրող այլ համայնքապատկան բնակչութիւնները, ներլիբանանեան մակարդակի վրայ առաջադրեց երկխօսութիւն, եւ միշտ յորդորեց հեռու մնալու սադրանքներէ եւ ներքին բախումներէ:

Ուշագրաւ է այս օրերուն այն երեւոյթը, որուն համաձայն, քաղաքականօրէն տարակարծիք գտնւող ուժերու ներկայացուցիչներ կը խօսին Նասրօլլահի կայունացման գործօն հանդիսացած ըլլալու մասին: Անոնք յայտարարելով հանդերձ, որ համաձայն չէին ռազմաքաղաքական միաւորի գոյութեան, դէպի Իսրայէլ զինւորական գործողութիւններ նախաձեռնելով պատերազմը դէպի Լիբանան տեղափոխելու ընտրանքին, յայտարարեցին, որ Լիբանան կորսնցուց միջհամայնքային համակեցութեան հաւատացող եւ ներլիբանանեան համերաշխութեան կողմնակից հեղինակութիւն մը: Աւելի՛ն. համալիբանանեան պաշտպանողականութեան առումով` ծածկոյթ մը: Ա՛յս վարքագիծն է, որ պէտք է շարունակէ բնորոշել իր ղեկավարած կուսակցութեան քաղաքականութիւնը: Երկխօսութիւնը շարունակելու, հարցերուն քաղաքական լուծում տալու, միաւորւելու եւ արտաքին թշնամիին դիմակայման որոշումներուն եւ անոնց գործնականացման մէջ միասնական մնալու:

Աւելորդ պիտի չըլլար մէկ դիտարկում եւս նշելը: «Հեզբօլլահ» գլխաւոր հակառակորդներէն է Իսրայէլի եւ կը նկատւի անոր զսպիչ ուժերէն մէկը: Իսրայէլի գերակայութիւն հաստատելը մեծ հաշւով չի բխիր հայկական շահերէն: Արցախի պատերազմին հայկական կողմը պատերազմեցաւ Թուրքիա-Ադրբեջան-Իսրայէլ եռեակին դէմ: Ադրբեջանի հետ ամէն տեսակի գործակցութիւն խորացնող Իսրայէլի հզօրացումը սպառնալիք է մեր հայրենիքին, յատկապէս Ադրբեջանը սպառազինելու իր աշխուժ դերով: Նասրօլլահի մղած պայքարը Իսրայէլի դէմ այս նկատառումները եւս կրնայ ներառել, հայկական ոսպնեակի գործարկման պարագային:

Պարզ է, որ նոր ծրագիրներ կը մշակւին եւ գործի կը դրւին տարածաշրջանին եւ Լիբանանի մէջ: Փոթորկոտ այս շրջանին եւ ռազմագործողութիւններու այս պայմաններուն մէջ, բոլոր ժամանակներէն աւելի, հրամայական է գերզսպւածութիւնը, կայունութեան պահպանումը եւ մերժումը տարբեր շրջանակներէ առաջ մղւող սադրանքներու ներքաշումին:

Կայունացման գործօնի գլխաւոր մղիչ ուժը չէզոքացւած է: Այդ առաքելութիւնը շարունակելու հրամայականին առջեւ է ոչ միայն իր կուսակցութիւնը, այլ նաեւ Լիբանանի քաղաքական ողջ դաշտը:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button