Ակնարկ – ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի ընդառաջ

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ծանօթ է, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կանոնագիրը ու անկէ բխող կազմակերպութեան կառոյցը հիմնականօրէն կազմւած են ազատագրական պայքարի անբնական պայմաններու հոլովոյթին մէջ, նախ՝ 1892-ին, մէկ-երկու էջանոց յայտարարագրի մը ձեւով, իսկ 1896-ին՝ «կազմակերպական կանոններ» խորագրով: (Յուշապատում, «Դրօշակ»-ի մատենաշարով): Ապա, ժամանակի ընթացքին աստիճանական վերամշակումով պատշաճեցւած է ան սփիւռքեան պայմաններուն ու թելադրանքներուն: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք՝ երկրի օրէնսդրական հրահանգին ենթարկւելու համար գրեթէ «պարտադրական» նկատւեցաւ անոնց վրայ աւելցնելու «Հայաստանի Գերագոյն ժողով եւ գերագոյն մարմին» կառոյցը՝ 1998 թւականին:
Կանոնագրի եւ կառոյցի վերանայման օրակարգի քննարկման ընթացքին, անհրաժեշտ է գերազանց կարեւորութիւն տալ այն իրականութեան, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին կազմակերպական կրկնակ պատկանելիութեամբ ու տարբեր գործադաշտերու վրայ գործելու իւրայատկութեանց մէջ, բնական է, որ ՀՅԴ-ը պարտքը ունի եւ պէտքը՝ սեփական պետութեան օրէնքներով առաջնորդւող կուսակցութեան մը կարգավիճակը առնելու, այլեւ միաժամանակ՝ ամրօրէն պահելու-պահպանելու ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՁՈՅԼ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Կասկած չկայ անշուշտ, որ ինչպէս անհատ մարդուն, նոյնպէս կազմակերպութիւններուն հաւաքական անհատականութիւնն ու նկարագիրը քոմբլեքս մըն են՝ յատկանիշերու ամբողջութիւն մը, որ կը կազմաւորւի ու կը մշակւի բարեշրջման ընթացքով, ժամանակի հոլովոյթին հետ, փորձառութեանց ընդմէջէն:
Այդ քոմբլէքսին անբաժանելի մասը կը կազմեն կազմակերպութեան անունէն մինչեւ իր անցեալի պատմութիւնը, ծրագիրը, գրաւոր ու անգիր կանոնները, կառոյցը, աշխատանքի մեքենականութիւնը, ռազմավարութիւնը, գործելաձեւը, ներկազմակերպական յարաբերութիւնները, ներքին մթնոլորտը, բարոյական ըմբռնումներն ու աւանդութիւնները, եւ այլն:
Որեւէ կազմակերպութիւն, որքան ալ յառաջդիմական ու յանդուգն գաղափարներով տոգորւած ըլլայ եւ «նոր»-ին սիրահար, կը դառնայ ծայրայեղ պահպանողական, երբ հարցը վերաբերի այդ քոմբլէքսի վերանայման, փոփոխման: Խնդիրը աւելի կը դժւարանայ, երբ կազմակերպութիւնը շատ երկար կեանքի փորձ ունի եւ հարուստ անցեալ, ինչպիսին է ՀՅԴ-ը:
Ահա թէ ինչու ՀՅԴ-ը անյետաձգելի մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման՝ դժւար ընտրանքի մը առջեւ կը գտնւի ներկայիս: Մարտահրաւէր այն իմաստով, որ համաշխարհայնացման եւ համացանցային անկասելի զարգացումներու ներկայ դարու բովին մէջ, հիմնովին փոխւած են սերունդին եւ առհասարակ հայ մարդուն ըմբռնումները, ընկալումները, հայեացքները, ապրելաձեւը, կեանքի հարկադրանքները, որոնց քիչ-շատ ներդաշնակւելու խնդիրը կարելի չէ անտեսել, քննարկման առարկայ չդարձնել եւ համապատասխան նախաձեռնութիւններու չդիմել:
Պէտք չէ թողուլ, որ կեանքի «պարտադրանքներով», այսինքն թաւալող ժամանակին մէջ կեանքը ի՛նք թելադրէ ու պահանջէ մեր կանոնագրքի բովանդակութիւնն ու կառոյցի ձեւը, իրաւունքի եւ պարտաւորութեանց խնդիրները, ինչ որ անբաղձալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ կազմակերպութեան միասնութեան ու ամբողջականութեան վրայ:
Աթենք, 10 փետր. 2025