Դաշնակցական Բեմ

«Հաքա Պատրի…»

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ամէ՛ն անգամ, որ Նիկոլ Փաշինեան բերանը բանայ եւ նոր «հնարք» մը նետէ ժողովուրդին, կը մտաբերեմ արաբական ծանօթ խօսք մը. «Հաքա Պատրի ուա-ինշարահա սատրի», որ կը նշանակէ՝ «Պատրին խօսեցաւ եւ հոգիս հանգստացաւ»:

Պատրին սնամէջ, անմիտ, տխմար մարդ մըն է, որ ընդհանրապէս լուռ կը մնայ, իսկ երբ ի վերջոյ խօսի, ապուշ-ապուշ դուրս կու տայ: Յիշեալ խօսքին երկրորդ բաժինը, թէ՝ «Պատրիին ըսածով հոգիս հանգստացաւ»՝ տխուր երգիծանք մը ունի, որովհետեւ ըսել կուզէ, թէ Պատրիէն հոգի հանգստացնող որեւէ բան կարելի չէ սպասել: Ի դէպ, արաբները նման դատարկաբաններու մասին ունին ուրիշ պատկերաւոր խօսք մը, որ կը սկսի «եա-ռէյթ…» բառով (երանի թէ լռէիր իմաստով), սակայն զայն այստեղ ամբողջութեամբ արձանագրելը վիրաւորանք պիտի ըլլայ ընթերցողիս:

Նիկոլական սնանկաբանութիւններու շղթային վրայ օղակ մըն ալ աւելցաւ հիմա, երբ մարդուկը նիւթական դժւարութեան մատնւած երեւանաբնակ բնականատէրերու (որոնց շարքին՝ տարեցներ) թելադրեց իրենց տունը վարձու տալ եւ տեղափոխւիլ գիւղ մը եւ վարձքին եկամուտով հանգի՜ստ ապրիլ: Չնաշխարհիկ մտածում մը, որուն տարբերակները մերթ ընդ մերթ դուրս կը ցատկեն ուղեղէն(՞): Անշուշտ հակադարձութիւնը չուշացաւ, ու մարդիկ հարց տւին, թէ ինչո՞ւ պէտք է ստիպւին տուն-տեղ ձգել եւ գիւղ երթալ (արդեօք հարցնող եղա՞ւ, թէ ՔՊ-ական իշխանութիւնները որքա՞ն հոգածու են գիւղերուն…):

Արաբական առածի Պատրիէն՝ Նիկոլին տարբերութիւնը այն է, որ Պատրին սակաւախօս է, մինչդեռ ՔՊ-ապետը՝ շատախօս, օրական քանի մը անգամ «կը հանգստացնէ» հայաստանաբնակ եւ սփիւռքցի հայերու հոգիները. կը յիշեցնէ Օտեանի Փանջունին, որ երբ սկսաւ խօսիլ, քանդածները հրամցուց «կը շինեմ, հայրիկ»-ով…:

…Նման «գիւտեր» կը յիշեցնեն ուրիշ հնարամիտ մը՝ ֆրանսացի թագուհի՛ մը, որ կը կոչւէր Մարի Անթուանէթ: Ան էր, որ ցոյցի ելած անօթի ամբոխներուն կը թելադրէր «հացի փոխարէն կարկանդակ ուտել»: Ֆրանսացի թագուհիին վախճանն ալ ծանօթ է. զայն հանեցին կարափնատ եւ գլխատեցին: Հիմա, թէեւ մահապատիժը ի պատւի չէ, սակայն կայ քաղաքական գլխատումի ընտրանքը՝ երբ անհաշւելի ձախաւերութիւններուն եւ հայրենիքին հասած կորուստներուն թղթածրարը բացւի Արդարութեան սեղանին վրայ:

Related Articles

Back to top button