Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 160-ամեակին եւ մահւան 113-րդ տարելիցին առթիւ

Դաշնակցութեան խիղճը, յեղափոխական գաղափարապաշտութեան առաքեալը եւ ազգային անսակարկ նւիրումի մարմնացումը
ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
«Եւ ես կողջունեմ քեզ, ո՛վ փրկարար Փոթորիկ,
Ո՛վ իմ մեռեալս մեծարժէք, ո՛վ իմ ընկերս անխարդախ,
Դուն՝ քու խաչդ ուսիդ, Գողգոթայէն վեր մագլցող,
Ո՛վ սրբակրօն Սիմէոն, ո՛վ եղերական Մարդ-Յիսուս…»:
– Սիամանթօ
Դաշնակցութեան խի՛ղճը… Այսպէս կոչւեցաւ Սիմոն Զաւարեան իր ժամանակակիցներուն եւ գաղափարակիցներուն կողմէ։ Արդարեւ ան այն եզակի անհատականութիւններէն էր, որոնց կեանքը կը վերածւի սկզբունքի, նկարագիրը՝ չափանիշի, իսկ նւիրումը՝ սերունդներ առաջնորդող կենդանի պատգամի։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ստեփան Զօրեանի՝ Ռոստոմի կողքին, Սիմոն Զաւարեան իր ամբողջ էութեամբ մարմնաւորեց գաղափարական անարատ, բարոյական խստապահանջութիւնը, ընկերային արդարութեան ձգտումը եւ հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու անսակարկ կամքն ու նւիրումը։
2026 թւականը յատկանշական հանգրւան մըն է հայ ազգային-ազատագրական շարժումի այս մեծանուն գործիչին՝ Սիմոն Զաւարեանի յիշատակին համար։
Կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը եւ մահւան 113-րդ տարելիցը։ Ան, որ իր կեանքի ընդամէնը 47 տարիներուն ընթացքին կրցաւ իր անունը անջնջելիօրէն դրոշմել հայ յեղափոխական մտքի, ազգային կազմակերպւած պայքարի եւ կուսակցական բարոյականութեան պատմութեան մէջ, այսօր եւս կը ներկայանայ իբրեւ գաղափարի եւ խղճի անզիջող պահապանը։
1913 թւականի հոկտեմբերի 27-ին, Պոլսոյ մէջ, «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունէն տուն վերադարձի ճանապարհին յանկարծամահ եղաւ անխոնջ եւ ջանասէր յեղափոխականը։ Իր մահւան լուրը խոր սուգի մատնեց ոչ միայն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, այլեւ հայ մտաւորականութիւնը, երիտասարդութիւնը եւ ազգային կեանքի լայն շրջանակները։ Զաւարեան մեծ հայը մարմնապէս հեռացաւ մեզմէ, սակայն անոր գաղափարական ներկայութիւնը շարունակեց ապրիլ իր գործին, իր օրինակին եւ իր թողած բարոյական ժառանգութեան մէջ։
Սիմոն Զաւարեան ծնած է 1866 թւականին Լոռիի Այգեհատ գիւղը՝ հայոց բնաշխարհի լեռներուն, անտառներուն եւ աշխատաւոր գիւղացիութեան հարազատ միջավայրին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, ապա մեկնած Մոսկւա՝ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու Պետրովիա գիւղատնտեսական համալսարանին մէջ՝
Սակայն համալսարանական ուսումը Զաւարեանի համար միայն մասնագիտական գիտելիքներ ձեռք բերելու միջոց չէր։ Երիտասարդ տարիքէն անոր հետաքրքրութիւնները կը տարածւէին ընկերային անհաւասարութեան, ժողովուրդներու ազատագրութեան, մարդկային արժանապատւութեան եւ հասարակական վերափոխման հարցերու վրայ։ Մոսկւայի ուսանողական միջավայրին մէջ ան կը ծանօթանայ յեղափոխական գաղափարներու եւ ազատագրական ժամանակակից շարժումներու, եւ իր մէջ կը կրէ այն համոզումը, որ գիտութիւնը, միտքը եւ անձնական կարողութիւնները իրենց ամբողջական արժէքը կը գտնեն, երբ անոնք կը ծառայեն ժողովուրդին։
Հոն է, որ իր ճամբան կը համընկնի Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ստեփան Զօրեանի՝ Ռոստոմի հետ։ Երեք անհատականութիւններ՝ տարբեր խառնւածքներով, սակայն նոյն ազգային մտահոգութեամբ, նոյն ազատագրական տեսիլքով եւ նոյն յանձնառութեամբ՝ հայ ժողովուրդը կազմակերպւած պայքարի ուղիով առաջնորդելու վճռականութեամբ։
1890 թւականին, Թիֆլիսի մէջ, անոնց ջանքերով եւ այլ յեղափոխական ուժերու մասնակցութեամբ կը հիմնադրւի Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը՝ հետագային Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունով ծանօթ կազմակերպութիւնը։
Զաւարեան այս պատմական ձեռնարկին մէջ միայն հիմնադիրի դեր չունեցաւ։ Ան եղաւ կազմակերպութեան գաղափարական հիմքերու, սկզբնական ծրագիր-կանոնագրի եւ կառոյցի ձեւաւորման կարեւոր մասնակիցներէն մէկը։
Ահա՛ հոս կը բացւի Զաւարեանի պատմական կերպարին առաջին մեծ մտածմունքը. ան չբաւարարւեցաւ գաղափարախօսութիւնը քարոզելով, այլ ձգտեցաւ զայն վերածել կազմակերպւած ուժի, իսկ կազմակերպութիւնը՝ ժողովուրդին ծառայող պատասխանատու կառոյցի։
Զաւարեանի գործունէութիւնը չսահմանափակւեցաւ մէկ քաղաքի, մէկ շրջանի կամ մէկ պաշտօնի սահմաններուն մէջ։ Անոր կեանքը եղաւ անդադրում երթ մը՝ Կովկասէն Արեւմտահայաստան, Տրապիզոնէն մինչեւ Մուշ ու Սասուն, Կիլիկիայէն մինչեւ Ժընեւ եւ Պոլիս, Լիբանան ու Սուրիա։ Ուր որ հայ ժողովուրդը ունէր կազմակերպւելու, կրթւելու, իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կամ ազատագրական պայքարին մասնակցելու կարիքն ու կամքը, հոն Զաւարեան կը բերէր իր անմնացորդ բաժինը։
Զաւարեան Տրապիզոնի մէջ ստանձնեց ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Յեղափոխական գործունէութեան պատճառով ձերբակալւեցաւ եւ աքսորւեցաւ, սակայն բանտն ու աքսորը չկրցան կասեցնել անոր նւիրական երթը։ Ազատ արձակւելէ եւ վերադառնալէ ետք, ան շարունակեց իր աշխատանքը՝ մասնակցելով Դաշնակցութեան կազմակերպչական կեանքի ամրապնդման եւ ազգային-ազատագրական գործի տարածման աշխատանքներուն։
Զաւարեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ մնաց մինչեւ իր մահը։ Կազմակերպչական պատասխանատւութիւնը անոր համար հանգամանքի կամ դիրքի խնդիր չէր, այլ պարտականութիւն, որուն դիմաց պէտք էր հաշւետու ըլլալ նախ սեփական խղճին, կազմակերպութեան եւ ապա ընկերներուն ու ժողովուրդին։
1902 թւականին Ժընեւ մեկնելով՝ ան մասնակցեցաւ «Դրօշակ»-ի խմբագրական աշխատանքներուն եւ կուսակցութեան արեւմտեան գործունէութեան համակարգման։ Իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ան կը հաւաքագրէր տեղեկութիւններ հայ բնակչութեան վիճակին, տեղական պայմաններուն, կազմակերպչական հնարաւորութիւններուն եւ ազգային պահանջներուն մասին։ Այս աշխատանքները պարզ վարչական պարտականութիւններ չէին. անոնք կը միտէին ազատագրական պայքարը հիմնել ու խարսխել իրական կեանքի ուսումնասիրութեան, ժողովուրդի կարիքներու ծանօթացման եւ գործնական ծրագրաւորման վրայ։
Կիլիկիոյ մէջ իր կատարած շրջագայութիւնները, հայութեան ընկերային ու քաղաքական վիճակի ուսումնասիրութիւնը եւ կազմակերպչական աշխատանքները կը վկայեն, թէ Զաւարեան որքան կարեւոր կը նկատէր ժողովուրդը ճանչնալը՝ անոր մասին խօսելէ առաջ։
1908 թւականի օսմանեան սահմանադրական յեղաշրջումէն ետք, ան իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց նաեւ Արեւմտահայաստանի հայութեան վիճակին եւ բարենորոգումներու հարցին վրայ։ Մուշի ու Սասունի մէջ ուսուցչական եւ դպրոցական տեսչական աշխատանքներ ստանձնեց՝ կրթութիւնը նկատելով ազգային գոյատեւման եւ ինքնագիտակցութեան կարեւորագոյն հանգրւաններէն մէկը։
1911 թւականին Պոլիս հաստատւելէ ետք՝ շարունակեց իր կրթական գործունէութիւնը Էսայեան վարժարանին մէջ եւ աշխատակցեցաւ «Ազատամարտ» թերթին։
Այս բոլոր հանգրւաններուն մէջ նոյն նւիրաբերւող մարդն էր Զաւարեան՝ ուսումնասիրող եւ կազմակերպող, ուսուցիչ եւ յեղափոխական, ազգային գործիչ եւ ընկերային արդարութեան ջատագով։ Անոր համար յեղափոխութիւնը միայն պայքարի արտաքին ձեւը չէր. յեղափոխութիւնը նախեւառաջ մարդուն ներքին վերափոխումն էր, անոր գիտակցութեան արթնացումը եւ պատասխանատւութեան զգացումին զարգացումը։
Սիմոն Զաւարեանի անունը հայ քաղաքական պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւեց ոչ միայն իր կազմակերպչական տաղանդով կամ յեղափոխական գործունէութեամբ, այլեւ իր բացառիկ բարոյական նկարագրով։
Քրիստափոր Միքայէլեանը մարմնաւորեց յեղափոխական գաղափարի ստեղծագործ ուժն ու ռազմավարական վճռակամութիւնը, Ռոստոմը՝ կազմակերպչական կառուցողական միտքն ու գործնական ամրութիւնը, իսկ Զաւարեանի կերպարին մէջ խտացաւ այդ պայքարը բարոյական բարձրութեան հասցնելու անզիջող պահանջը։
Այս բնորոշումը, անշուշտ, երեք հիմնադիրներուն միջեւ արհեստական սահմաններ գծելու փորձ մը չէ։ Անոնց ուժը իրենց փոխլրացնող յատկութիւններուն եւ ընդհանուր յանձնառութեան մէջ էր։ Սակայն Զաւարեանի անհատականութեան յատուկ կնիքը կը կազմէր սկզբունքներու նկատմամբ անոր անզիջողութիւնը եւ անձնական կեանքը նոյն սկզբունքներուն համեմատ դասաւորելու վճռականութիւնը։
Ան չէր հանդուրժեր խօսքի եւ գործի անհամապատասխանութիւնը, գաղափարական բարձրաձայն յայտարարութիւններու եւ առօրեայ վարքագծի հակասութիւնը։ Կը պահանջէր խստապահանջութիւն, բայց նախ եւ առաջ՝ ինքնիրմէ։ Կը պաշտպանէր կարգապահութիւնը, սակայն անոր իմաստը կը տեսնէր ոչ թէ կոյր ենթարկումին, այլ գիտակից պատասխանատւութեան եւ ընդհանուր նպատակի հանդէպ հաւատարմութեան մէջ։
Ահա թէ ինչո՛ւ Զաւարեանի անունը դարձաւ կուսակցական խղճի հոմանիշ։ Անոր կեանքը կը յիշեցնէր, որ քաղաքական կազմակերպութեան մը իսկական ուժը միայն իր անդամներուն թիւով, ազդեցութեամբ կամ գործելու կարողութեամբ չի չափւիր։ Անոր իսկական ուժը նաեւ իր բարոյական նկարագրին, ներքին միասնականութեան եւ ժողովուրդին հանդէպ ունեցած պատասխանատւութեան մէջ է։
Գաղափարական սկզբունքը եթէ չի դրսեւորւիր անհատի կենցաղին, վարքագիծին եւ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ, կը կորսնցնէ իր կենսական ուժը։ Զաւարեան այդ ճշմարտութեան կենդանի վկայութիւնն էր։ Ան իր խօսքին հեղինակութիւնը կը հաստատէր իր կեանքով, իր պահանջներուն արդարութիւնը՝ իր անձնական օրինակով։
Ուստի երբ կը խօսինք զաւարեանական աւանդի մասին, պէտք է հասկնանք, որ խօսքը միայն պատմական յիշողութեան մը կամ հերոսական անցեալի մը պատւանդանին վրայ կանգնելու մասին չէ։ Խօսքը բարոյական պատասխանատւութեան մը մասին է, որուն առջեւ կը կանգնի իւրաքանչիւր սերունդ, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն եւ իւրաքանչիւր անհատ, որոնք կը յաւակնին ծառայել հանրային ու ազգային գերագոյն նպատակներու։
Զաւարեանի գործունէութեան կարեւորագոյն երեսներէն մէկը կրթութեան եւ դաստիարակութեան նկատմամբ անոր ունեցած խոր հաւատքն էր։
Ան գիտէր, որ ժողովուրդի մը ազատագրութիւնը չի կրնար ամբողջանալ միայն քաղաքական պահանջներով կամ կազմակերպչական միջոցներով։ Ազատագրութեան համար անհրաժեշտ են գիտակից քաղաքացիներ, ազգային ինքնութեան տէր սերունդներ, մտքի անկախութեամբ օժտւած անհատներ եւ հանրային պատասխանատւութեան զգացում ունեցող գործիչներ։
Այդ պատճառով ալ ան ուսուցչութիւնը կը նկատէր ծառայութեան առաքելութիւն։ Մուշի, Սասունի եւ Պոլսոյ մէջ իր կրթական աշխատանքները պատահական դէպքեր չէին իր յեղափոխական կենսագրութեան մէջ։ Անոնք կը բխէին այն համոզումէն, որ դպրոցը, ուսուցիչը եւ կրթւած երիտասարդութիւնը ազգային ապագայի կերտման անփոխարինելի ուժեր են։
Զաւարեան կը ձգտէր ոչ միայն գիտելիք փոխանցել, այլեւ նկարագիր կազմաւորել, ինքնուրոյն մտածողութիւն զարգացնել եւ երիտասարդութեան մէջ պատասխանատւութեան զգացում արթնցնել։ Իր պատկերացուցած ազգային գործիչը պէտք էր ըլլար ոչ միայն հայրենասէր, այլեւ գիտակից, բարեխիղճ, աշխատասէր ու ժողովուրդին ցաւերուն հաղորդակից։
Ահա՛ հոս է անոր պատգամին արդիականութիւնը նաեւ մեր օրերուն համար։ Երբ կրթութեան մասին կը խօսինք, բաւարար չէ միայն դպրոցներու, ուսումնական ծրագրերու կամ հաստատութիւններու գոյութիւնը։ Պէտք է հարց տանք, թէ ի՞նչ մարդ կը կազմաւորենք, ի՞նչ արժէքներ կը փոխանցենք մեր զաւակներուն, ինչպիսի՞ պատասխանատւութիւն կը զարգացնենք անոնց մէջ՝ հայրենիքին, լեզւին, մշակոյթին, Հայ Դատին եւ հասարակութեան հանդէպ։
Զաւարեանի կեանքը մեզի կը թելադրէ, որ ազգային դաստիարակութիւնը պէտք է միաւորէ գիտելիքը եւ նկարագիրը, հայրենասիրութիւնը եւ քննադատական միտքը, անձնական յաջողութիւնը եւ հանրային ծառայութիւնը։
Այսօր, հոկտեմբերի 27-ը, Սիմոն Զաւարեանի ծննդեան 160-ամեակին եւ մահուան 113-րդ տարելիցին առիթով, անոր կեանքին ու գործունէութեան անդրադառնալը չի կրնար սահմանափակւիլ յոբելենական յարգանքի խօսքերով։ Պատմական դէմքերուն իսկական մեծութիւնը կը բացայայտւի այն ատեն, երբ անոնց թողած ժառանգութիւնը կը վերածւի մեր օրերուն ուղղւած հարցադրումներու եւ գործի մղող պատգամի։
Մեր հայրենիքը եւ Սփիւռքը այսօր կը դիմագրաւեն բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ։ Ազգային ինքնութեան պահպանումը, հայոց պատմութեան, լեզւի եւ մշակոյթի շարունակականութիւնը, երիտասարդութեան ներգրաւումը, ազգային կառոյցներու կենսունակութիւնը եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը կը պահանջեն ոչ միայն մտահոգութիւն, այլեւ հետեւողական աշխատանք, հեռատեսութիւն եւ բարոյական պատասխանատւութիւն։
Այս պայմաններուն մէջ Զաւարեանի օրինակը մեզի կը յիշեցնէ, որ գաղափարական հաւատարմութիւնը պէտք է զուգորդւի գործնական կարողութեան, կազմակերպւած աշխատանքի եւ ինքնաքննադատութեան հետ։ Անցեալի հերոսները մեծարելը անհրաժեշտ է եւ տեղին, սակայն անոնց մեծարումը իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ, երբ կը փորձենք մեր կեանքին մէջ մարմնաւորել անոնց սկզբունքները։
Ի՞նչ արժէք ունի ազատութեան մասին խօսիլը, եթէ չենք պաշտպաներ մարդկային արժանապատւութիւնը։ Ի՞նչ իմաստ ունի ազգային միասնութեան կոչ ընելը, եթէ չենք աշխատիր յաղթահարելու բաժանումներն ու անձնական շահերու գերադասումը։ Ի՞նչ կը նշանակէ երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութիւնը, եթէ անոր չենք փոխանցեր ոչ միայն մեր պատմութեան փառաւոր էջերը, այլեւ մեր սխալները քննելու, իրականութիւնը հասկնալու եւ պատասխանատու որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը։
Այս հարցումներուն մէջ կը հնչէ Զաւարեանի բարոյական պատգամը։
Ան մեզի չի հրահանգեր ապրիլ անցեալի կրկնօրինակը ըլլալու ձեւով։ Ան կը հրաւիրէ մեզ վերագտնելու այն արժէքները, որոնց շնորհիւ անցեալի սերունդները կրցան դիմագրաւել իրենց ժամանակի դժւարութիւնները՝ խղճի մաքրութիւն, գաղափարական հետեւողականութիւն, անձնական զոհողութեան պատրաստակամութիւն եւ ժողովուրդին հանդէպ խոր պատասխանատւութիւն։
Մանաւանդ մեր երիտասարդութեան համար Զաւարեանի կեանքը կրնայ դառնալ ներշնչման աղբիւր մը։ Ան կը սորվեցնէ, որ հայրենասիրութիւնը զգացական յայտարարութիւն մը չէ միայն, այլ՝ գիտելիք ձեռք բերելու, աշխատանք տանելու, հանրային կեանքին մասնակցելու եւ անհրաժեշտ պահուն անձնական շահը ընդհանուր բարիքին ենթարկելու պատրաստակամութիւն։
Եւ եթէ կուզենք, որ մեր ազգային կառոյցները շարունակեն ապրիլ ու զարգանալ, պէտք է զանոնք օժտենք զաւարեանական այդ ոգիով՝ գաղափարական խորութեամբ, բարոյական վստահելիութեամբ եւ նոր սերունդներու հանդէպ անկեղծ հոգածութեամբ։
Սիմոն Զաւարեանի կեանքը կարճ եղաւ, սակայն անոր ծառայութեան ճանապարհը երկարեցաւ իր մահէն անդին։ Ան չհասցուց տեսնել հայ ժողովուրդի հետագայ բոլոր փորձութիւնները, չապրեցաւ անկախ պետականութեան վերականգնումը եւ չտեսաւ մեր ազգային պատմութեան հետագայ շրջադարձերը։ Սակայն իր ապրած ժամանակաշրջանին մէջ ան այնպիսի գաղափարական եւ բարոյական հիմքերու ամրապնդման նպաստեց, որոնք շարունակեցին ներշնչել հայ յեղափոխական ու ազգային կեանքի յաջորդ սերունդները։
Զաւարեան մեզի կը թողու ոչ միայն հիացումի արժանի յիշատակ մը, այլեւ պարտաւորութիւն մը։ Պարտաւորութիւն՝ գաղափարը չզիջելու անձնական հաշիւներուն, ծառայութիւնը չվերածելու ինքնանպատակի, կազմակերպչական դիրքը չշփոթելու արտօնութեան հետ եւ հայրենասիրութիւնը չսահմանափակելու խօսքերու աշխարհին մէջ։
Անոր յիշատակը կը պահանջէ, որ մեր ազգային կեանքին մէջ բարձր պահենք սկզբունքներու արժէքը, յարգենք աշխատանքը, գնահատենք գիտելիքն ու կրթութիւնը եւ մեր երիտասարդութեան փոխանցենք ոչ միայն ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն, այլեւ այդ պատկանելիութեան արժանի ըլլալու պատասխանատւութիւնը։
Այսօր երբ կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ, պէտք է վերանորոգենք նաեւ մեր հաւատարմութիւնը այն բարձր արժէքներուն, որոնց համար ան ապրեցաւ ու գործեց։ Որովհետեւ Զաւարեանի անմահութիւնը միայն անցեալին պատկանող փառք մը չէ. ան կենդանի չափանիշ մըն է, որուն դիմաց իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է չափէ իր խօսքը, իր գործը եւ իր ծառայութեան անկեղծութիւնը։
Զաւարեան մեզի կը պատգամէ, որ գաղափարը արժէք ունենայ կեանքով, հայրենասիրութիւնը՝ գործով, իսկ յեղափոխականութիւնը՝ խղճի անաղարտութեամբ։
Եւ քանի դեռ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ որոնել արդարութեան, ազատութեան, արժանապատուութեան եւ ազգային վերածնունդի իր ուղին, Զաւարեանի օրինակը պիտի մնայ այդ ճանապարհին վրայ ճառագայթող բարոյական փարոսներէն մէկը։
Յարգա՛նք Սիմոն Զաւարեանի յիշատակին՝ գաղափարի անզիջող մարտիկին, Դաշնակցութեան խիղճին եւ հայ ժողովուրդի նւիրեալ զաւակին։
Յարգա՛նք Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Ռոստոմի անմեռ յիշատակին, այն հիմնադիրներուն, որոնց հետ Զաւարեան կերտեց հայ յեղափոխական կազմակերպւած պայքարի պատմական հիմքերը։
Պատի՜ւ բոլոր անոնց, որոնք զաւարեանական հնոցին մէջ թրծւեցան եւ իրենց կեանքը նւիրեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան, արժանապատւութեան եւ ազգային յարատեւութեան դատին։
Թող Զաւարեանի անմար յիշատակը շարունակէ մնալ խղճի արթնութեան, գաղափարական հաւատարմութեան եւ անձնուրաց ծառայութեան չմարող կանչը՝ այսօր, վաղը եւ գալիք բոլոր սերունդներուն համար։
Թորոնթօ, 2026
Օգտագործւած աղբիւրներ եւ լրացուցիչ ընթերցանութիւններ.
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայք – «Սիմոն Զաւարեան» կենսագրական գրութիւնը։
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնական կայք – «Սիմոն Զաւարեան (1866–1913). Հայու յեղափոխական ինքնամաքրման խստաբարոյ դաշնակցականը»։
- «Ազատ Օր»-ի արխիւ – «Սիմոն Զաւարեան (1866–1913). Հայոց յեղափոխական վերածնունդին անզուգական Առաքեալը»:
- Սիմոն Վրացեան, խմբագիր՝ «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան»։
- Սիմոն Զաւարեան, «Սիմոն Զաւարեանի երկեր», Երեւան, 1991։
«Հորիզոն»



