ՀՅԴ Մամուլ

Հայութեան յաւերժութեան խորհդանիշը դարձեա՛լ ոտնակոխ

«Ա՜խ, այս Մասիսը…

Բոլոր հայերին այստե՜ղ է բերում,

Երբ ինքն… այստե՜ղ չէ…

Միաբանութեան քարո՜զ է կարդում

Աշխարհում ցրուած հայերին անտուն

Ա՛խ, այս Մասիսը»:

Գէորգ Էմին (1919-1998)

 

Ահաւասիկ չուշացաւ։

Թուրք «պատգամաբեր» Քըլըչի Երեւան այցելութենէն ետք, ինչե՜ր կը սպասւէր «ազգընտիր» վարչապետէն եւ անոր լծակիցներէն։ Պատասխանը չուշացաւ եւ անգամ մը եւս ազգային խորհրդանիշ մը՝ մեր ազգի յաւերժութեա՛ն մէկ խորհրդանիշը եղաւ ոտնակոխ։

Ըստ Փաշինեանի՝ պէտք չէ զայրացնել Էրդողանը։ Մօտիկ անցեալին՝ կը բաւականանար Ալիեւը չզայրացնելով…

Լուրը տարածւեցաւ շաբաթասկիզբին: Այսպէս՝ ՔՊ-ական կառավարութեան որոշումով 1 նոյեմբերէն սկսեալ, Հայաստան մուտքի եւ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայ այլեւս պիտի չըլլան Մասիսներուն պատկերը, այն մտահոգութեամբ, որ այդպիսի կնիքներ «յարձակողական պատգամներ» են, որոնք կրնան զայրոյթ պատճառել դրացի երկիրներուն եւ այսպէս արգելք հանդիսանալ «բարի դրացիութեան» եւ անշուշտ թութակներու նման կրկնող «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին։ Զայրացողը, բնականաբար, ո՛չ Իրանն է, ո՛չ ալ Վրաստանը:

Արհամարհելով ամէն դժգոհութիւն, արդէն իսկ որոշւած են նոր կնիքները, որոնք ՔՊ-ականներու հաստատումով, «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան հետ կապ ունին: Աւելո՜րդ մանրամասնութիւն մըն ալ. որոշումը տրւած է… գաղտնի, ինչպէս կըլլան մեր հայրենիքին լինելութեան հետ կապ ունեցող մեծ ու փոքր որոշումներ, սկսելով Արցախի յանձնումէն:

«Մութ հաշիւներու» հետեւանքով (արդեօք մութ բան մնացա՞ծ է ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, բացի իշխանաւորներու ձեռակերտ՝ մթագնած միտքերէն), կը շարունակւի «նահանջը առանց… երկրի»: Թող ներէ՜ Շահան Շահնուրը, որուն հետեւողութեամբ՝ «երգ»-ը փոխարինեցինք «երկիր»-ով, սակայն կը ձայնակցինք անոր, աւաղելով՝ «Մեղա՛յ, մեղա՛յ Արարատին»:

Չպահւտինք մեր մատներուն ետին եւ ՔՊ-ականներու սուտ քարոզչութեան «անտառ»-ին մէջ. ընդունինք, որ հայրենիքը քար առ քար փլուզումի կը տանին։

ՔՊ-ականներ շարունակ կը խօսին ապառնիով՝ ապագայ Հայաստանին մասին։ Քանզի ապագայով շա՜տ մտահոգւած են. փա՞ստ կ’ուզէք. այս օրերուն, երբ դպրոցական վերամուտ է, ահաւասիկ կոչ՝ աշակերտներուն, որոնց գիրքերն անգամ սկսած են աղաւաղւիլ ՔՊ-անամէտ կրթական նախարարութեան եւ մի՛շտ ու մի՛շտ անոր լծակներուն կողմէ։ Լուրեր կը տարածւին, որ դպրոցներու պատերէն հեռացուցած են մշակոյթի ու ազգի պաշտպանութեան պատգամախօսներու նկարները…: Անդին, Ադրբեջանի դպրոցներուն մէջ հայատեացութեան «դաստիարակութիւնը» նոր մղոններ կը կտրէ, խաղաղութեան ուղղութեամբ գործնական քայլեր չեն երեւիր:

Եթէ կը փորձեն այս ձեւով լեզու գտնել թշնամիին հետ, ուրեմն ԱՐԱՐԱՏ բառի գործածութիւնն ալ կրնայ արգիլւիլ, սկսելով յատուկ անուններէն, մինչեւ ոգելից ըմպելիի գործարան, մարզական ակումբ եւայլն։ …Հապա՞ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որուն անունը իր թուրք հոգատարները շատո՜նց աղաւաղած են:

Կոչէ աւելի՝ «աւետարան» մըն է փոխանցւելիքը։ Այսպէ՛ս՝

Սիրելի՛ աշակերտներ, իր փառապանծ գեղեցկութեամբ, Նոյ նահապետին ջրհեղեղէն փրկւած նաւուն կայանը՝ Արարատը, հայ ազգին համար նւիրական իմաստ ունի եւ սուրբ կը համարւի։ Անիկա խորհրդանիշն է հայութեան յաւերժութեան:

Իր վեհաշուք հմայքով, դժւարամատչելի բարձրունքներով եւ բնական ներգործումներով` երկրաշարժներ, սառցասահանքներ, վիմագլորումներ եւ սարսափազդու դղրդիւններ՝ Արարատ խորհրդաւոր ազդեցութիւն ունեցած է եւ արժանացած պաշտամունքի ու առասպելաբանութեան:

Խաբեպատիր եւ ստայօդ որոշումներու հիմամբ, անցագրերու վրայ դրւելիք կնիքներէն Արարատի պատկերին հրաժեշտը ոչ մէկ բան պիտի փոխէ իրականութենէն։ Տեղին է կրկնել եւ շարունակ ընդգծել, որ երկու Մասիսներն ալ լերկ են, առատ աղբիւրներ չունին, հետեւաբար` շատ աղքատ են բուսականութեամբ: Ժայռոտ է գագաթը եւ ունի մօտ ութ մղոն տարածութիւն: Մէկէն մինչեւ երկու մղոն մեթր բարձրութեամբ լանջերուն փռւած են արօտավայրեր եւ թփուտներ, աւելի վար, տեղ գրաւած են եղէգնուտներ եւ ճահիճներ: Լեռնալանջերը քարակարկառներով ծածկւած են, ծանօթ՝ քարէ ծովեր անունով: Այս բաները չեն նսեմացներ Մասիսներուն դերն ու արժէքը:

Չմոռնա՜ք. Տրդատ Գ թագաւորը եւ Գրիգոր Լուսաւորիչը Սուրբ Էջմիածնի հիմերը դրին, Հռիփսիմէի եւ Գայիանէի վկայարանները կառուցեցին հայութեան յաւերժութեան խորհդանիշ՝ Մասիսին շուքին: Անոնցմէ շա՜տ առաջ, Արտաշէս թագաւորին ընբոստ զաւակը՝ Արտաւազդ, «բանտարկւեցաւ» Մասիսի անդունդներուն խորը, ա՛ն ալ, Փոքր Մհերին պէս, դարձած է հայութեան ազատագրութեան մէկ խորհրդանիշը:

Մօտիկ անցեալին, 1829 Սեպտեմբերին Արարատի գագաթը բարձրացաւ գերմանացի պրոֆեսոր Ֆրիտրիխ Փարոթ, իբրեւ ուղեկից ունենալով «Վէրք Հայաստանի»-ն (ի՜նչ զուգադիպութիւն, համեմատած մեր հայրենիքի ներկայ օրերու վիճակին) գրած Խաչատուր Աբովեանը, շրջանէն երկու գիւղացիներ եւ ռուս երկու զինւորներ:

Ազդեցիկ պիտի ըլլայ ըմբոշխնել ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կետիկեանի «Le Voyage en Armenie» («Journey to Armenia») ժապաւէնին վերջին քանի մը վայրկեանները (https://www.youtube.com/watch?v=-Tlqmb4MAjc&t=563s), եւ մեծ պաստառի վրայ ցոյց տալ 19 Բաղրամեանի վարձակալներուն:

Մեկնաբանութիւնը կը մնայ դիտողին եւ անշուշտ յատկապէս այդ անխիղճ, անխնայ եւ դաւաճան վարձակալներուն:

Հայութեան՝ հայրենի եւ Սփիւռքի հայուն համար մէկ բան յստակ է. եթէ սկսանք Արարատի դերակատարութեան մասին Էմինի տողերով, աւարտենք՝ Իսհակեանի պերճախօս պատասխանով.

Արարատի ծեր գմբեթից դար է եկել,

Վայրկեանի պէս, ու անցել:

……………………………..

Հերթը մի պահ քոնն է մի պահ,

Դու էլ նայիր սէգ կատարին, ու անցի՛ր:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button