Դաշնակցական Բեմ

Թրամփի «Ալպանիա» հանելուկը լուծեցի՜…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Վաշինգտոնեան օգոստոսի 8-ի «պատմակա՜ն» յայտարարութենէն ետք, Սպիտակ Տան պետը սովորութեան վերածեց Հայաստան բառին տեղ գործածել Ալպանիա (մեզի ի՞նչ, որ Ադրբեջանի անունն ալ այլանդակօրէն կարտասանէ):

Թրամփի տգիտութիւնը նորութիւն չէ, ունի երկա՜ր պատմութիւն, եւ մեր հայրենիքին Ալպանիա պիտակաւորումը արդարօրէն ընդվզում կառաջացնէ հայութեան մէջ:

Սիրելի՛ ընթերցող, եկո՛ւր, պահ մը մտածենք տարբեր մօտեցումով եւ այդքան ալ տգէտ, անբան չսեպենք Թրամփը: Եթէ վերադառնանք պատմութեան, որմէ կը փորձէ խուսափելո՛վ խուսափիլ Փաշինեան էֆենդին եւ վերախմբագրել զայն, դիւրութեամբ պիտի լուծենք այս «հանելուկը»: Այսօր, իբրեւ Ադրբեջան ճանչցւած շինծու երկիրը, մէկ օղակը՝ համաթուրանական ծրագիրին, անցեալին ճանչցւած էր այլ անուններով: Հայաստանի արեւելեան շրջանին մէջ տարածւող երկրամաս մը կը կոչւէր ԱՂՒԱՆՔ, միջազգային բառարանին մէջ ծանօթ՝ «Կովկասեան Ալպանիա» անունով (այսինքն՝ Աղւանք. Լիւն եւ Ղատ տառերը լծորդ են). «Կովկասեան»-ը կը գործածւի՝ զայն զատորոշելու համար Յունաստանի հիւսիս-արեւմուքը, Ադրիական ծովուն վրայ բացւող Ալպանիայէն: Հայաստան, իր տարբեր թագաւորութիւններու շրջանին, տաք-պաղ յարաբերութիւններ ունեցած է աղւաններուն հետ, պատմութիւնը կը վկայէ, որ մեր պաշտելի Մեսրոպ Մաշտոցը հնարած է նա՛եւ անոնց Այբուբենը, իբրեւ քրիստոնէական եկեղեցիի՝ մեր եկեղեցին ալ անոնց հետ ունեցած է կապեր:

Պատմութենէն ցատկենք-հասնիք ներկայ օրերը: Ուշագրաւ է այն, որ «ալպանացիներ=աղւաններ կամ ուտիներ» եզրոյթը վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Արցախի մաս առ մաս բռնագրաւումին առընթեր, հրապարակ նետւեցաւ Ադրբեջանի կողմէ, Արցախի մեր եկեղեցիներն ու վանքերը, անոնց յարակից կոթողները սկսան հրամցւիլ իբրեւ «ուտիական-ալպանական», հոգ չէ թէ անոնցմէ մաս մը քանդւեցաւ, որիշներ մզկիթի վերածւեցան՝ պարզապէս հայութեան հետքը ջնջելու եւ Արցախի իսկական դիմագիծը այլափոխելու նպատակով: Իսկ Երեւանի իշխանաւորներուն աղաղակող կուրութիւնն ու ազերիահաճոյութիւնը շարունակւող պատմութիւն է արդէն:

Եթէ աչքի առջեւ ունենանք այս իրականութիւնները, մա՛րդ ենք, իրաւունք չունի՞նք կասկածելու, որ «սուլթան Ալիեւ»ը Թրամփի ականջին փսփսացած է, որ այլեւս Հայաստան անունը չարտասանէ, այլ մեր հայրենիքը կոչէ Ալպանիա…: Թրամփասէրներ արդեօք պիտի հրճւի՞ն, թէ զայն ճշմարտախօս հանեցի:

 

… ԵՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԿԱՊ ԿԷՏԵՐ

Հետեւեալ քանի մը կէտերը ուղղակի կապ չունին Հայաստանը Ալպանիա կոչելու թրամփեան «հնարամտութեան» հետ, սակայն կրնանք որոշ զուգորդութիւններ եւ մտածելու բաներ գտնել հոն:

  • Թրամփ շաբաթասկիզբին Անգլիա «թառեցաւ» (եւ հոն էր որ նորագոյն «Ալպանիա»-ն հնչեց): Միջազգային լրատու աղբիւրէ մը կիմանանք, որ անգլիական պատկերասփիւռի կայան մը որոշած է, անոր կեցութեան տեւողութեան, իր ընթացիկ հաղորդումները առկախել եւ անընհատ հրապարակել Թրամփի սուտերուն ցանկը: Յայտնի չէ, թէ արդեօք «Թրամփի ուղի» սուտն ալ արձանագրւա՞ծ է հոն: Թուրքիա եւ Ադրբեջան կրկին ու կրկին սուտ կը հանեն «նարնջագոյն մարդ»-ը, Սիւնիքէն անցնելիք ճամբան հռչակելով «Զանգեզուրի միջանցք», կը յոխորտան, որ անիկա թուրանական աշխահը իրարու պիտի կապէ: Եթէ ՔՊ-ապետին հարցնէք՝ պէտք չէ ականջ տալ նման անւանումներու, սակայն ինչպէ՞ս անտես թողուլ թուրք-ազերիական նման հաստատումներ, երբ անոնց նախընթաց գրեթէ բոլոր յայտարարութիւնները մէկ առ մէկ իրականութիւն դարձած են ու շղթան կը շարունակւի… ՔՊ-ականներու լիաբուռն գործակցութեամբ, աւել՛ եւ աւելի արմատացնելւով այն տեսութիւնը, որ ասոնք թուրքատիպ ուղեղներով պատւաստւած են:
  • Թրամփ Անգլիոյ մէջ դիմաւորւեցաւ բողոքի բուռն ցոյցերով: Մեր դիտանկիւնէն՝ հաւանաբար այդքան ալ շահեկան չէ, որ բողոքի ալիքին մէջ բաժին ունէր տխրահռչակ Ջեֆրի Էփսթինի մը եւ Թրամփի սերտ բարեկամութիւնը (անոնց մէկ ուսուսի լուսանկարը արտացոլւեցաւ քանի մը տեղ). ի դէպ, այս առիթով հրապարակ եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին պաշտօնազրկումը՝ իր իսկ կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ ան բարեկամական կապեր ունեցած է իբրեւ անբարոյ ճանչցւած Էփսթինի հետ (մարդը մեռաւ-գնաց, բայց Թրամփի ու այլոց հետ անոր կապերը կը մնան քաղաքական շահարկումի նիւթ, կը ծառայեն… էական հարցերէ ուշադրութիւն շեղելու): Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց ուրիշ պատկեր մը. ցուցարաներու շարքին, կային երիտասարդներ, որոնք բարձրացուցած էին… պաղեստինեան դրօշներ (յիշեցնենք, որ բրիտանական կառավարութիւնը շատ խիստ վերաբերմունք ունի ի նպաստ պաղեստինցիներուն ցոյցի ելլողներու նկատմամբ): Այս պատկերը ուշագրաւ է այն առումով, որ Եւրոպայի մէջ շատեր կը պատրաստւին պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու ՄԱԿ-ի այս ամսւան նստաշրջանին, իսկ Բրիտանիոյ վարչապետին հետ Թրամփի աչքառու տարակարծութիւնը՝ պաղեստինեան տագնապին շուրջ էր:
  • Ֆրանսայի մէջ եւս, բողոքի հսկայածաւալ ցոյցեր տեղի կունենան կառավառութեան տնտեսական համբակ քաղաքականութեան դէմ: Ըստ կարգ մը գնահատականներու, ցուցարարներուն թիւը կը հասնի միլիոնի, «բողոքին «պոչը» հարւած կը հասցնէ նոյնինք Մակրոնի: Ծանօթ է, որ Մակրոնի նշանակած վարչապետը՝ Պայրու, մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ ստիպւեցաւ հրաժարական տալու, ժողովրդային բողոքի նոյն ալիքին դիմաց, Ֆրանսա հիմա նոր կառավարութիւն մը կը փնտրէ ճախճախուտին մէջ: Ցուցարարները կը պահանջեն, որ մեծահարուստները արդար տուրքերու ենթարկւին եւ հանրօգուտ ծրագիրներ ֆինանսաւորւին: Մեր ուշադրութիւնը գրաւող կէտը, տագնապին էութեան կողքին, այն էր, որ հոն ալ, ցուցարարներու շարքին կային պաղեստինեան դրօշ բարձրացուցած երիտասարդներ…: Կարճ խօսքով, մարդիկը ո՛չ միայն չեն հրաժարիր իրենց իրաւունքներէն, այլ շահած են կարեկից-զօրակից համակիրներ, երբ Իսրայէլ ամէն օր նոր ոճիրներով՝ սպաnդով, սովահարութեամբ, քանդումներով ու բռնագաղթերով կը լեռնացնէ ցեղասպանական իր վաստակը:
  • ՔՊ-ական Հայաստանի մէջ, ալիքները ունին տարբեր գոյներ. իշխանապետը եւ գործակիցներ ո՛չ միայն մեր իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար նահանջէ-նահանջ կը վազեն, թողլքած են Բաքւի մէջ սարքով դատավարութեան ենթարկւողները, կոյր կը ձեւանան ազերիներու հայաջինջ արարքներուն, Հայաստանն ալ կուլ տալու հաշիւներուն դիմաց, այլ նաեւ ժողովուրդը կը փորձեն վարակել իրենց ազգուրացութեամբ՝ պատմութիւն խեղաթիւրելու ճամբաներով: Եթէ բրիտանական յիշեալ կայանը պահ մը աչքը դարձնէ դէպի Հայաստան, կրնայ ՔՊ-ականներու դաւաճանական արարքներուն եւ ստապատիր քարոզներուն համար ալ ցանկ մը գտնել, հարց տալով, թէ ո՞վ որո՛ւն օրինակ կը դառնայ: Երեւանի մէջ ալ, ՔՊ-ականները մերթ ընթ մերթ լուսանցքային գզվռտոցներ կը սարքեն, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը շեղեն էական տագնապներէն, որոնք կը տարածւին պաշտպանականէն մինչեւ երկրագործութիւն, առեւտուր, արտահանում, մշակոյթ, լեզու եւ պատմութիւն-աշխարհագրութիւն: Հոն ալ ստեղծւած է այլանդակ վիճակ: Ընդդիմադիրները, ինչպէս Թրամփը դատափետողները, մատնւած են անկարողութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ ալ բիրտ ուժն ու բռնատիրական վարմունքը մրցումի ելած են Թրամփի՝ «ժողովրդավար, եւ խօսքի ազատութեան պաշտպան» Միացեալ Նահանգներուն հետ: Թրամփ ո՛չ միայն գործնապէս իւրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերը, անվերապահօրէն կը քաջալերէ Իսրայէլի (եւ այլոց) ոճիրները, այլ սրընթաց յառաջ կը վազէ խօսքի՝ ազատ արտայայտութեան բռնադատման «քաղաքականութեան» ճամբուն վրայ, մինչեւ իսկ կը հարւածէ… կատարաբաններ, որոնք ամէն օր կը ցուցահանեն իր եւ գործակիցներուն ահաւոր սխալները: Արդեօք թատրոնին ծառայողները (նաեւ պատմագէտներ ու քաղաքական ընդդիմախօսներ) իրողական բռնադատութեան ենթարկելու փաշինեանական նորագոյն արարքները նման բաներէ՞ ներշնչում կառնեն…
  • Շարունակե՞նք նման կէտերու ցանկագրումը: Ի վերջոյ պիտի հասնինք մի՛շտ կրկնւող հարցումին. ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ, ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ:

Related Articles

Back to top button