Ի՞նչ եւ ինչպիսի՛ նոր աշխարհակարգ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն՝ ինչ որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 28 փետրւարին, Սպիտակ Տան մէջ, Ուկրանիոյ նախագահին այցելութեան պահուն, կարելի է կարճ-կտրուկ որակել քաղաքական խեղկատակ խայտառակութիւն: Իսկ եթէ պէտք է ուրիշ որակումներ ալ տալ, ապա կրնանք ըսել՝ հակադիւանագիտութիւն, հակամիջպետական յարաբերութիւն, հակամարդկայնութիւն, հակաքաղաքական տրամաբանութիւն, հակա…, հակա…
Նախագահ Թրամփ եւ իր փոխանորդը՝ Վէնս, կարծէք թէ Զելենսկին կանչած էին՝ աշխարհի աչքերուն առջեւ խայտառակելու եւ անոր գլխուն յանդիմանութիւններ տեղացնելու նպատակով: Ինչ որ տեղի ունեցաւ լրատու աղբիւրներու ոսպնեակներուն առջեւ, բանակցութիւն չէր, այլ Թրամփ-Վէնս երկեակին կողմէ սաստերու եւ յանդիմանութիւններու շարան մը, որուն դիմաց ուկրանացի նախագահը հազիւ յաջողեցաւ մերթ ընդ մերթ հակաճառել, փորձեց հասկցնել, թէ ի՛նք ալ տղամարդ է, սակայն մի՛շտ ալ լռութեան մատնւեցաւ: Հաւանաբար Զելենսկին ամենէն խիստ քննադատութեան ենթարկողներն անգամ խղճացին անոր… խեղճացման: Զելենսկին դրւած էր կօշիկներուն մէջ ծոյլ, անփոյթ եւ ոչինչ ընող աշակերտի մը, որ պէտք էր պախարակւէր բոլոր աշակերտներուն աչքին առջեւ: Շատեր յիշեցին, թէ Թրամփ նման վերաբերմունք կը ցուցաբերէր իր պատկերասփիւռային «Էփրէնթիս» յայտագիրի պաստառէն՝ իր դիմաց նստողներուն հետ ու յաճախ կը բացագանչէր. «You are fired!» (գործէ արձակւած ես): Հանդիպումին, որ այլ տեսակի պատկերասփռում մըն էր, «նարնջագոյն մարդը» չհասաւ նոյն «վճիռը» նետելու Զելենսկիի երեսին: Ու հարց կը ծագի, թէ արդեօք Պուտին, որուն դէմ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր կենաց-մահու պատերազմ կը մղէ Զելենսկի, նման վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ՞ր՝ եթէ անոնց միջեւ հանդիպում մը հիւսւած ըլլար նոյն օրը…
Ուրբաթէն ի վեր, աշխարհը ինկած է յիշեալ հանդիպումին մասին մեկնաբանութիւններու եւ հակազդեցութիւններու յորձանուտին մէջ: Ոմանք կըսեն, որ ամերիկեան կողմը իրաւացի էր, ուրիշներ կը խղճան ուկրաինացիին, որ իրապէս ցեխի մէջ կոխւեցաւ: Առաջինները կը պնդեն, որ ան արժանի էր խայտառակւելու, եւ կը թւեն պատճառներ. հակաճառողները հարց կու տան, թէ երկիրը զոհելու գնով Արեւմուտքին հաւատարմութիւն խաղացողը, խայտառակւելէ ե՛տք ալ «կուզեմ ՆԱՏՕ մտնել» ըսողը արժանի՞ էր նման ընդունելութեան: Ամենէն ողբերգականը այն էր, որ ինչպիսի՜ յոյսերով ու ակնկալութիւններով Սպիտակ Տուն հասած «խեղճ»-ը՝ բառացիօրէն վտարւած է. ո՛չ համաձայնագիր, ո՛չ ասուլիս, ո՛չ իսկ խոստացւած պատառ մը հացը (ճաշի ընդունելութիւն): Իսկ երկուշաբթի, 3 մարտին, Սպիտակ Տունը պաշտօնական կնիք դրաւ այն «խոստումին» վրայ, թէ Ուկրաինոյ ամերիկեան օժանդակութիւնները վերջ պիտի գտնեն: Անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ նման հանդիպում մը արդեօք նախապատրաստութենէ զո՞ւրկ էր, կամ՝ Զելենսկի ի սկզբանէ համաձայնութիւն տւած էր վարկաբեկւողի դեր խաղալու: Չէ՞ որ խեղկատակ դերասան եղած է…
Հազւադէպօրէն կըսւի, թէ բուն խայտառակւողը՝ միջ-պետական յարաբերութիւններն էին, այլ խօսքով՝ թէ՛ «խայտառակողը»՝ Թրամփ-Վէնս զոյգը, եւ թէ՛ «խայտառակւողը»՝ Զելենսկին, քիչ մըն ալ անոր կողքին կանգնող եւրոպացիները: Հաւանաբար դռնփակ հանդիպումներու պահուն, հակադիր ճակատներու վրայ կանգնողներ սուր բանավէճեր կունենան, սակայն նման հրապարակային բեմադրութիւն առնւազն հազւադէպ է, չըսելու համար՝ աննախընթաց: Ատենին, Քենեդիի դէմ ՄԱԿ-ի բեմէն կօշիկով թմբկահարող Խրուշչով մը հազիւ թէ նոյն դասակարգին մէջ կրնայ դասւիլ, ա՛լ ո՜ւր մնաց Ռեկըն մը, որ կէս աղաչական-կէս հրամայական ոճով կը պահանջէր. «Պարո՛ն Գորբաչով, քանդէ՛ այս (Բեռլինի) պատը»:
Իսկ արդի՞ւնքը… ատիկա արդէն բաւական բարդ հարց է, եթէ անպայման պէտք է արդիւնքի նշոյլ փնտրել եղածին մէջ:
Թրամփի դէմ մեղադրանքներ
Կասկած չկայ, որ Թրամփ Զելենսկին Սպիտակ Տուն բերած էր, որպէսզի նախ եւ առաջ իր ընդդիմադիրներուն՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան պատգամեր ուղղէ, որոշ պատգամներ՝ նաեւ իր կուսակցութեան կարգ մը անդամներուն՝ որոնք կրնան «պոչ խաղցնել» (արդէն կընեն «ներքին դաշտ»-ին մէջ իր կամայականութիւններուն դէմ): Պատգամներէն բաժին ալ կար եւրոպացի դաշնակիցներու, որոնցմէ երկու ներկայացուցիչ՝ Ֆրանսայի նախագահն ու Բրիտանիոյ վարչապետը նախընթաց օրերուն իրենց փէշերը հաւաքած՝ Սպիտակ Տուն վազած էին. Թրամփ (իր դատողութեամբ) զանոնք ալ «իրենց տեղը նստեցուցած» էր, եւրոպացի այլ դաշնակիցներու ալ հասկցնելով, որ «Ամերիկան նախամեծար է» նշանախօսքը ի՛նչ տրամաբանութեամբ եւ տարածքով պէտք է ընկալեն: Մակրոն եւ Սթարմըր ալ կը կարծեն, թէ իրենք կէտեր նշանակած են Վաշինգտոնի բերդէն ներս:
Ու հիմա եւրոպացիք իրաւունք ունին մտածելու. «Եթէ ա՛յս է մեր բարեկամը, մենք թշնամիի պէտք ունի՞նք…»: Չէ՞ որ Թրամփ բացայայտօրէն կըսէ անոնց, որ այսուհետեւ, Ուկրաինոյ պատերազմը իրենց ճիտին պարտքն է. կուզեն զէ՞նք ու զինւո՞ր ղրկել, «իմ կողմս մի՛ նայիք», մինչեւ որ… (եւ հոս արդէն կայ թաղւած «շան գլուխ մը», ո՛չ միակը): Իսկ ի՞նչ ըսել անոնց, որոնք յոյսեր կը կապեն այսպիսի՛ Արեւմուտքի մը:
Իսկապէ՛ս որ, Վաշինգտոնի եւ եւրոպացի դաշնակիցներուն (ՆԱԹՕ-ի անդամներէն մեծ մասին) միջեւ վիհը ա՛յս աստիճան չէր բացայայտւած, նմանապէս՝ նոյնինքն եւրոպացիներու միջեւ տարակարծութիւններու հորիզոնները: Եւրոպայէն արձագանգները ընդհանրապէս ի նպաստ Զելենսկիին էին. բրիտանացիք շաբաթավերջին իսկ իրենց գլխուն հաւաքեցին կարգ մը դաշնակիցներ, Ուկրաինոյ կողքին եւ հակաթրամփ խմորում մը ձեւակերպելու դիտաւորութեամբ, սակայն բոլորն ալ գիտեն, թէ «այս խմորը շա՜տ ջուր կը պահանջէ», նոյնքան մըն ալ բացայայտ է, որ առանց «պապա»-Ամերիկայի՝ ո՛չ խմոր կը մնայ, ո՛չ ալ ջուր: Ատիկա գիտեն նաեւ եւրոպացիները: Լոնդոնեան ժողովը հիւրընկալող՝ վարչապետ Սթարմըր, որ, ի դէպ, կը փորձէ Մակրոնի եւ Շոլցի դէմ մրցում մը շահիլ՝ ամերիկեան պատմուճանով զգեստաւորւելու առումով, ողոքիչ խոստումներ տւաւ Զելենսկիի, թէ՝ անոր պիտի տրամադրւի 3.5 միլիարդ դոլարի ԶԻՆԱԿԱՆ նոր աջակցութիւն՝ փոխատւութեան ձեւով (եւ հոս արդէն կերեւի, թէ անմիջական շահաւորները պիտի ըլլան զէնքի վաճառականները, նաեւ այն, որ եւրոպացիք չեն ուզեր անմասն մնալ ուկրաինական կարկանդակէն): Բրիտանիոյ վարջապետը նաեւ՝ «խաղաղարար ուժ» ղրկելու ծրագիր մը մէջտեղ նետեց (աննախընթաց չէ, Ֆրանսա մօտիկ անցեալին մէկ տարբերակը բերած էր հրապարակ), իսկ Ռուսիա անընդունելի կը գտնէ որեւէ օտար զինուժի ներկայութիւնը՝ ի՛նչ զգեստաւորումով ալ ըլլայ անիկա: Սթարմըր խոստովանեցաւ, որ առանց ամերիկեան աջակցութեան՝ տեղ չեն կրնար հասնիլ: Այլ խօսքով, մինչ Թրամփ «բռնակալ եւ պատերազմասէր» Զելենսկին կը խրատէ հրաժարիլ պատերազմելէ եւ բանակցութեան նստիլ Պուտինի հետ, եւրոպացիք, սուր կերպով հակադրւելով Թրամփի ցոյց տւած ուղղութեան՝ ուկրաինացիներուն կըսեն, որ շարունակեն պատերազմը. եւ որո՜ւ հոգը, թէ նոր զոհեր, քանդում եւ հողերու կորուստներ պիտի ունենաք: Լոնդոնի ժողովէն ետք, եւրոպական լրատւամիջոցներ «մխիթարական» լուր մը տարածեցին, թէ՝ ռուսական ուժերու յառաջխաղացքը… դանդաղում ունի:
Վաշինգտոն շատո՜նց, Ուկրաինոյ պատերազմին նորագոյն փուլին պայթումէն առաջ ալ, եւրոպացիներուն ձեռքերն ու ոտքերը կապած է իր սայլին, եւ եւրոպացիք տարիներէ ի վեր իրենց մորթին վրայ կը զգան ամերիկեան պարտադրանքներուն տնտեսական, ընկերային եւ այլ խայթոցները, սակայն ակամայ թէ կամովին՝ կը մնան ստեղծւած սարդոստայնին պատանդը: Ռուսիայէն գազ հասցնող ընդծովեայ խողովակներու ականահարման ետին՝ ատենին «ռուսական մատ» տեսան, հիմա այլ մտածումներ կը խմորւին, սակայն «բանը բանէ անցած է»:
Թրամփի դէմ ամենէն հնչեղ մեղադրանքը այն է, թէ ան դարձած է Պուտինի լծակիցը, մինչեւ իսկ անոր հպատակը: Բայց նո՞ր պիտի տեսնենք ու զգանք, թէ մեծերու հակադրութիւնները երբեմն կը քողարկեն… շահակցութիւն, եւ յաջորդ փուլին խորագիրն ալ, նախատեսելի ապագային, կրնայ ըլլալ ՇԱՀԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ, շահակիցներու միջեւ հաշիւներու վերադասաւորում: Եթէ Թրամփ այս հանգրւանին Ուկրաինոյ հարուստ հանքերուն սեփականատիրութեան համաձայնագիրը ձեռք չբերաւ, ո՛չ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ ան հրաժարած է նման դիտաւորութենէ: Նախօրօք ան յստակացուցած էր, որ Ուկրաինոյ ամերիկեան օժանդակութեանց շարունակումը կախում ունի այդ հարստութեանց ամերիկացիներուն յանձնումէն (մենք միլիարդներ տւինք, հիմա պահն է հատուցման…), իսկ Զելենսկի արդէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Վաշինգտոն վերադառնալու (նւաստացումը կարծէք թէ սովորութիւն է այս խեղկատակին համար): Կայ նաեւ Ռուսիոյ հետ շահակցական կապերու վերադասաւորումը:
Իսկ ո՞վ կըսէ, թէ Վաշինգտոնի՝ եւրոպացի եւ ամերիկեան ցամաքամասի դաշնակիցները մի՛շտ ալ համերաշխ գործակիցներ եղած են: Ներածումներու վրայ տուրքերու բարձրացման Թրամփի դիտաւորութիւնները նորութիւն չեն, չմտնենք այն բաւիղներուն մէջ, թէ հոն շահողն ու տուժողները ո՛վ են:
Պարզապէս հանգրւան մը
Եղած-չեղածները բոլորովին նորութիւն չեն, ո՛չ ալ անակնկալ (թէեւ շատեր կըսեն, որ եղածը անակնկալ էր): Սպիտակ Տան մէջ 28 փետրւարին եղածը՝ պարզապէս հանգրւան մըն է Ուկրաինոյ գլխուն խաղցւող խաղի պատմութեան մէջ, խաղ մը՝ որ սկիզբէն ալ, այդ երկիրը սիրողն ու չսիրողն ալ՝ գիտեն, որ կընթանայ ի վնաս անոր:
Իր ընտրապայքարի օրերէն ի վեր, ու մասնաւորաբար Սպիտակ Տուն վերադարձէն ասդին, Թրամփ աւրւած ձայնապնակի պէս կրկնած ու կրկնած է, թէ իր նպատակն է Ամերիկան վերադարձնել իր փառքի օրերուն, թէ՝ խաղաղասէր է, եւ այս ու նման նպատակներու իրականացման ճամբուն՝ պատրաստ է զոհ տալու եւրոպացինե՛րն ալ, քանատացինե՛րն ալ, լատին-ամերիկեան երկիրնե՛րն ալ: Նոյնքան բացայայտ դարձած է, որ այս վարչամեքենային մտածողութեան առաջնակարգ մղիչ ուժը՝ դրամն ու տնտեսական նկատումներն են: Մարդը կը տեսնէ, որ տարիներէ՜ ի վեր, ամերիկեան տնտեսական կարողութիւնները կը մաշին (իր առաջին իշխանութեան շրջանը անպարտ չէ, իսկ շահողները անհատներ կամ աշխարհատարած ընկերութիւններ են, ո՛չ ամերիկեան պետութիւնը), եւ հիմա, ելեր է եւ «տնտեսութիւնը պիտի փրկեմ» նշանախօսքով, տրամաբանականն ու անտրամաբանականը իրար անցուցած է, մինչեւ իսկ… տակն ու վրայ կընէ «ներքին շուկաները»՝ մէկ կողմէ՝ սղութեան ալիքի մտրակահարումով ու միւս կողմէ զանգւածային պաշտօնազրկումներով-գործազրկումներով (թէեւ վերջինէն ետքայլի նշաններ կերեւին արդէն): Ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերու կատարած մսխումներուն (իբրեւ թէ) բացայայտումը անոր ձեռքին դրած է դեմոկրատներուն դէմ «շահող խաղաքարտ» մը, եւ ահա, անոր մէկ զոհը կըլլայ այլ երկիրներու ամերիկեան օժանդակութեանց դաշտը: Եւ մարդիկ իրաւունք ունին հարց տալու. այդ ո՞ր Ամերիկան է, որ վերստին պիտի հզօրանայ, երբ իրական գետնի վրայ, գործազրկւողներու թիւը կը բարձրանայ, սննդանիւթերու սակերը՝ նմանապէս, իսկ վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ նիւթական աստղաբաշխական հարստութեան տէր փոքրամասնութիւն մը ամէն օր աւելի՛ կը հարստանայ եւ կուռճացնէ իր գանձանակները: Այլ խօսքով՝ իսկապէս ո՞վ է վճարողը խաղաղասիրութեան եւ (իբրեւ թէ) տնտեսական բարգաւաճման գինը: Ալ ի՜նչ հարց, թէ բարեկամ-դաշնակիցներու հետ վիհերու ստեղծումէն ի՞նչ շահ կարելի է ապահովել…: Ու պէ՞տք է կրկնել, թէ դաշնակիցներուն տնտեսութիւններն ալ հալ ու մաշ կըլլան եւ կը ստեղծեն բողոքի զանգուածային շարժումներ:
Մեծագոյն զոհը՝ ուկրաինան
Աշխարհը հիմա ակնդէտ կը սպասէ՝ տեսնելու, թէ Ռուսիոյ նախագահին հետ Թրամփի խոստացեալ հանդիպումի «լեռնէն» ի՞նչ պիտի ծնի (Թրամփի կուսակցութեան խորհրդանիշը ՓԻՂ է, ըստ երեւոյթին, Ուկրաինոյ մուկ մըն ալ բաժին պիտի չ’իյնայ), սակայն մէկ բան անվիճելի է. Ուկրաինան, իբրեւ ժողովուրդ ու երկիր, իբրեւ պետութիւն ու տնտեսութիւն՝ գլխաւոր զոհն է գերուժերու միջեւ մրցակութեան: Կան այլ նոխազներ ալ, որոնց շարքին՝ Սիրիան, Գազան, Իրաքը, իսկ Իրանն ու Կովկասն ալ ճաշասեղանին դրւած են, կարգը ի վերջոյ կրնայ հասնիլ… Թուրքիոյ ու անոր «փոքր եղբայր» Ադրբեջանին:
Ո՛չ կարելի է լիովին վստահիլ Վաշինգտոնի խաղաղասիրութեան, ո՛չ ալ՝ եւրոպացիներու ռազմապաշտութեան: Եթէ Թրամփ իսկապէս խաղաղասէր է, ան պէտք է համաչափ վերաբերում ցուցաբերէ ռազմադաշտի վերածւած այլ գօտիներու նկատմամբ, մինչդեռ ան ո՛չ միայն կը շարունակէ Գազայի դէմ իսրայէլեան ոճրային քաղաքականութեան զօրակցութիւնը, այլ քանի մը քայլ ալ անդին կանցնի, յայտարարելով, որ գազացիք պէտք է հեռացւին իրենց հողերէն, վաղը կրնայ նոյնը ըսել Արեւմտեան Ափի բնակիչներուն համար, իսկ Սիրիան (կամ աւելի անդին գտնւող Կովկասը) ինչո՞վ պակաս են: Չէ՞ որ նոյն Իսրայէլը կաշխատի նոր տարածքներ գրաւել Սիրիայէն, ուր իշխանափոխութեան նպաստող Թուրքիոյ զինակից-հովանաւորն է նոյնինքն Վաշինգտոնը…
Այլ խօսքով, Ուկրաինա դրւած է անկարելի վիճակի մէջ. տարիներէ ի վեր, զայն կրկին ու կրկին քաջալերեցին, որ ՆԱՏՕ-ին անդամակցելու դիմում ներկայացնէ, անտեսէ Պուտինի այն զգուշացումները, թէ Ուկրաինան «կարմիր գիծ է», փէշը բռնած՝ ետ քաշեցին, երբ զինադուլի համաձայնութեան նշոյլներ երեւցան. եւ ահա, Թրամփ մէկ օրէն միւսը գլխիվայր կը շրջէ ամէն բան, կը ձեւացնէ, որ Ուկրաինա եւ յատկապէս Զելենսկին են այդ ուղղութեան ջատագովները, գլխաւոր յանցաւորները (եւրոպացիք իսկ անուղղակիօրէն անպարտ կը նկատւին եւ վաղը կրնան իրենց ձեռքերը լւալ):
«Նոր աշխարհակարգ»
Թրամփի վերադարձէն ասդին, նոր ձեւաւորում ստացած են այն զրոյցները, թէ աշխարհը կը գտնւի նոր համակարգի մը ստեղծման փուլին մէջ, թէ՝ մեծերը կաշխատին վերադասաւորել ուժերու հաւասարակշռութիւնը, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ երկու աշխարհամարտերէն ետք: Այնպէս կը ստացւի, որ Ռուսիա Արեւմուտքին բաղձալի տկարացումը չէ ապրած, այլ մինչեւ իսկ աւելի ամուր դիրքերու վրայ է:
Նման մեկնաբանութիւն առերեւոյթ, եւ անմիջական դիտարկումով, կրնայ հիմնաւորումներ գտնել, բայց բոլորովին ճիշտ չէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ աշխարհի իրադարձութիւններուն եւ մեծ ու փոքր ուժերու յարաբերութիւններուն, մրցակցութիւններուն հետեւողները կրնան վկայել ու հազար ու մէկ փաստ արձանագրել, որ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ ԵՐԲԵՔ ԱԼ ԴԱԴԱՐ ՉԷ ԱՌԱԾ, անիկա ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ եղելոյթ է, իսկ ՄԵԾ դէպքերը պարզապէս երկար պատմութեան ստորակէտերը կամ վերջակէտերը կը կազմեն, որոնցմէ ետք, նախադասութիւնը – եւ վէպը – կը շարունակւի անվերջանալիօրէն: Եթէ միայն յիշենք, որ նման «վերաձեւաւորումներ» (սեղմ կամ լայն տարածքներով) տեղի ունեցած են նոյնինքն Բ Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք (առանց մոռնալու Ա Աշխարհամարտի վաղորդայնը), Ծայրագոյն Արեւելքը արիւնալի մրցակցութեան դաշտերու վերածած՝ Կորէայի, Վիեթնամի եւ զուգընթաց պատերազմներու ճամբով, յետոյ՝ Միջին Արեւելքի տագնապին բազում փուլերուն (Իսրայէլի ստեղծում եւ հետեւող ճակատումները, Սուէզի տագնապ, Ծոցի բազմահանգրւան պատերազմները, հոս-հոն պետական յեղաշրջումները, ի վերջոյ՝ «Արաբական Գարուն»-ն ու անոր բազմափուլ հետնորդները…), իսկ աւելի Արեւմուտք՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումն ու «Պաղ պատերազմ»-ի երկարաշունչ փուլին աւարտը, որուն յաջորդեց քանի մը «Պաղ պատերազմ», հասնելու համար Ուկրաինա (կան նաեւ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ հսկայ ու մանր վերիվայրումները, որոնք պէտք չենք զգար թւելու այստեղ), կը հասնինք այն եզրակացութեան, որ «Նոր համակարգ կը ստեղծեն»-ը քիչ մը խաբուսիկ հասկացութիւն է, քիչ մըն ալ ուռեցւած:
Վաղը ի՞նչ
Արդէն հպանցիկ ակնարկութիւն մը ըրինք, որ ներկայի իրական ու շինծու հակադրութիւնները, երկփեղկումները վաղը կրնան նոր ձեւաւորումներ գտնել, երբ տեղի ունենայ Թրամփ-Պուտին պատրաստւող հանդիպումը:
Կայ այն խաբուսիկ տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, երկու գերուժերու պետերը նոր տարազ մը պիտի գտնեն՝ Ուկրաինայէն սկսեալ ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ պատերազմներու ներկայի էջը փակելու իմաստով: Ա՛յս է ամերիկեան քարոզչութեան այժմու թմբկահարումը, որուն հետ համաչափօրէն քայլ կը պահէ Մոսկւա:
Ո՛չ ոք դէմ է նման ընտրանքի: Արեւելք-Արեւմուտք սուր հակադրութիւններուն մեղմացումը, մինչեւ իսկ դարմանումը ամբողջ աշխարհի քւէն կը վայելէ: Սակայն եկէ՛ք, պահ մը յոյսի եւ լաւատեսութեան այս բաղձալի ալիքէն քիչ մը անդին նայինք: Վերջին անգամ, երբ նման մեղմացում տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ արդիւնք՝ Խորհրդային Միութեան տարանջատման, խաղաղութիւն խոստացողները հազիւ թէ խաղաղութիւն ու նոր հաւասարակռչութիւն բերին: Արեւելեան Եւրոպան, մասնաւորաբար նախկին Եուկոսլաւիան ապրեցան արիւնահեղութեան եւ քանդումի տարիներ, Միջին Արեւելքին եւ այլ շրջաններուն արդէն ակնարկեցինք քիչ առաջ, չենք կրնար անտեսել նաեւ Կովկասը, որուն մէկ կիզակէտն ալ մեր հայրենիքն է:
Մեր սպասումը այն չէ, թէ նման աղէտալի զարգացումներ անխուսափելի են, սակայն նման հաւանականութիւն կա՞յ: Բնականաբար կայ, եւ ա՛յդ է որ կարելի չէ անտեսել նոր հաշւարկներուն մէջ: Մինչդեռ, գոնէ Հայաստանի մէջ, զգալի է ալիք մը, թէ Բայդէնի իշխանութեան յաջորդ փուլին, շատ աւելի հաւանական են դրական զարգացումներ:
Նոր աշխարհակարգի մասին նախատեսութիւններն ու հաշւարկները իրաւունք չունին արհամարհելու շարք մը հաւանականութիւններ, որոնց թւումը կրնայ երկար ըլլալ, սակայն այստեղ արձանագրենք գոնէ մէկ քանի կէտ:
Ի՞նչ կը պատահի, եթէ Թրամփ-Պուտին թմբկահարւող «հաշտութիւնը» չիրականանայ, այլ ստեղծւի վիճակ, որ ըլլայ մէկ տարբերակը Զելենսկիի Սպիտակ Տուն այցելութեան: Ենթադրենք, որ Թրամփ գործիքն է այնպիսի ռազմագէտներու, որոնք խաղաղութեան պատրանքով, կը փորձեն բարեկամութիւն խաղալ Ռուսիոյ հետ ու վաղը, կրնան ետքայլ ընել: Արաբական ծանօթ խօսք մը կայ, որ մօտաւորապէս կը նշանակէ «Պատերազմը խաբէութիւն է» (Ալ-հարպու խիտաա), այսինքն, հակառակորդդ խաբէ, ստեղծելով պատրանքներ, ու փորձէ հասնիլ նպատակիդ: Այսինքն, ո՞վ կերաշխաւորէ, որ այսօր բարեկամութիւն խաղացող երկու մրցակիցներուն հանդիպումը պիտի պատրաստւի աշխարհին համար բաղձալի ձեւով: Տակաւին, կարժէ՞ արդեօք հարց տալ, թէ Թրամփի որդեգրած ընթացքէն (խաղաղասիրութիւն, Մոսկւայի հետ լեզու գտնել, Չինաստանի, Եւրոպայի, Իրանի եւ Իսրայէլի հանդէպ ընթացք, եւ այլ) դժգոհներ վաղը նոր թափ պիտի չտան զինք պաշտօնազրկելու այն արշաւին, որ որոշ յաջողութիւններ արձանագրեց Բայդէնի իշխանութեան վերջին շրջանին, ու այսօր դրւած է սառնարանը, թէեւ այսօրւան դրւածքով, նման հաւանականութիւն մեծ չէ, տրւած ըլլալով խորհրդարանին ու Դատական համակարգին մէջ նախագահին վայելած յենարանները, առանց անտեսելու նիւթական հզօրանքներուն տիրապետողներուն շահկցական զօրակցութիւնը…
Ճի՛շտ է. աշխարհի տարածքին նոր համակարգ մը կը ձեւաւորւի, կամ՝ կը վերադասաւորւի նախկինը: Տեսնւածը՝ Ռուսիա, Արեւմուտք գիղերն են, մինչդեռ Չինաստանի, Իրանի եւ այլ ուժերու գործօնները արհամրհելի չեն: Ուկրաինոյ պարագան միայն մէկ երեսն է եղածին: Հետեւաբար, մասնաւորաբար փոքր երկիրներու (ինչպէս՝ Հայաստանի) ճիտին պարտքն է ըլլալ շատ աւելի շրջահայեաց եւ հեռատես (ասոնք իմաստութիւն եւ հաւասարակշռելու կարողութիւն կը պահանջեն, ու ներկայ պատկերին մէջ նման ապրանքի սղութիւն կայ, մասնաւորաբար իշխանական դասուն մէջ):
…Երեւանէն հնչող կարգ մը մեկնաբանութիւններ իրատեսութեան մօտենալու նշոյլներ տեսան՝ Եւրոպական միութեան միանալու օրինագիծին քննարկումը յետաձգելու Երկուշաբթի, 3 մարտի որոշումին ետին: Բնականաբար իշխանաւորները մերժեցին այդ քայլին եւ Ուկրաինոյ շուրջ զարգացումներուն միջեւ կապ տեսնել, բայց անոնք միշտ ալ կը նախընտրեն կապ չտեսնել աղաղակող իրականութիւններու եւ իրենց քայլերուն միջեւ, օրինակ, կը պնդեն, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Ադրբեջանի պահանջով չեն ծրագրեր, հողային նոր զիջումներ չեն ըրած ու պիտի չընեն:
Որեւէ հայու, մասնաւորաբար ազգին ու հայրենիքին շահերուն հետամուտ եղողներուն մտապատկերին մէջ, կայ այն բաղձանքը, որ վերաձեւաւորւող աշխարհին մէջ, մեր հայրենիքը ո՛չ միայն դուրս գայ յարատեւ նահանջի ու տեսակ-տեսակ կորուստներու «յաղթարշաւ»-էն, այլ իշխանութեան հասնին իմաստուն, կարող եւ հեռատես-շրջահայեաց մարդիկ, որոնք վերագտնեն արձանագրւած կորուստնե՛րն ալ վերաշահելու եւ այժմու ահաւոր պառակտումները (նաեւ Սփիւռքի հետ) դարմանելու բանալիները:
Սա նոյնքան տաժանելի չէ, որքան Ուկրաինոյ վիճակւած ողբերգութիւնները, թէեւ մեր ողբերգութիւնները ԱՀԱԳԻՆ են մեզի համար: