Դաշնակցական Բեմ

Թրամփ մրցանակի… մրցակիցնե՞ր ունի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Նոբէլեան մրցանակի դատակազմի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կընեն (եղեր), թէ Նիկոլ Փաշինեանը նկատի պիտի առնւի իբրեւ խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու (թէեւ այս արարածը գիտնական է, տնտեսագէտ, պաշտպանութեան մասնագէտ ու մինչեւ իսկ՝ աստւածաբան, սակայն նախընտրեր են զինք առնել խաղաղութեան մրցանակի թեկնածուներու ցանկին):

Սիրելի՛ ընթերցող. հիմա հարց պիտի տաս, թէ այդ ո՞ր բարիքին համար հաշւի առած են անմօրուս դարձած Փաշինեանը: Քաջածանօթները կըսեն, որ հաստափոր հատորներ ներկայացւած են դատակազմին՝ Փաշինեանի խաղաղարարութեան մասին, այնքան մը, որ ան սկսեր է յոխորտալ, որ ինք Դոնալդ Թրամփէն աւելի՛ խաղաղասէր է, իր խաղաղասիրութիւնը «աննախադէպ է»:

Կարելի չէ եղած բոլոր հատորներուն ամբողջ բովանդակութիւնը «սպրդեցնել», սակայն մասնակի ցանկ մը կը բովանդակէ հետեւեալները.

Սկսելու համար՝ Արցախն ու Հայաստանը առաջնորդել Ադրբեջանի հետ պատերազմի, որպէսզի հիմա վաշինգտոնեան բանակցութիւններուն ճամբով «խաղաղութիւն կը բերեմ» յայտարարէ (չեն մոռցած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ցնորամտութիւնը): Յետոյ՝ այսօր ըսածը վաղը դրժելն ու ճիշդ հակառակը ըսել-ընելը. օրինակ՝ Արցախը Հայաստան է, արցախցիներուն իրաւունքները պիտի ապահովեմ, իսկ յետոյ՝ Արցախը ի ծնէ Ադրբեջանի պատկանած է, թող արցախցիները Ադրբեջանի հետ դասաւորեն իրենց հարցերը: Խաղաղասիրութեան մէկ այլ հատորը կազմւած է Ադրբեջանի հանդէպ բարի տրամադրութիւններով, որոնք գործնական արտայայտութիւն գտան Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիքի հարաւային ծայրը որոշ հողամասերէ ներս ազերիական բանակներ «հիւրընկալելով», կարգ մը գիւղերու իրողական հայաթափումով (ցանկը կրնայ երկարիլ), «Թրամփի ուղի»-ի ծրագիրով (ժողովուրդը բարի նպատակով խաբելու եւ համաթուրանական ծրագիրին իր ձեռքով իրագործումը՝ նմանապէս բարի նպատակով՝ ուրիշ անունով ներկայացնելը): Արցախի վերաբերող հատորին մէջ, երկար գլուխ մը տրամադրւած է Բաքւի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկւողները իրողապէս մոռնալու կեցւածքին: Վերջին 5-6 տարիներու յիշեալ ու բազմահատոր այլ խաղաղասիրութիւններուն զուգահեռ, նկատի առնւած են (եղեր) յաջորդ քայլերը՝ իբրեւ խաղաղասիրութեան ու բարի կամքի արտայայտութիւն. օրինակ՝ Ադրբեջանին յանձնել սահմանամերձ «կղզեակները», որոնք նոր հարւածներ պիտի տան Հայաստանի պաշտպանական «ռեւանշիստական» կարողութիւններուն, Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը (մի՜ հաւատաք, թէ անիկա ազերիական պահանջով է), որպէսզի պաշտօնականանայ Հայաստանի ամբողջական թեւաբեկումը, բազմահարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան բնակեցումը, տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ օտարներու, ներառեալ Թուրքիոյ ու Ադրբեջանի միջամտութեանց առջեւ ճամբաներու բացումը, դարաւոր կոթողներու փոշիացումը խաղաղասէրի աչքով դիտելը, երկրի տնտեսութեան զոհաբերումը՝ խաղաղութեան անունով, Մինսկի խմբակին լուծարման խնդրագիրէն ետք, միջազգային արդարադատ ատեաններու ներկայացւած՝ Հայաստանի ու Արցախի անվիճելի պահանջներուն մասին պահանջագիրներու յետս կոչումը, «աչք ընելով» Թուրքիոյ՝ որ պատմական Հայաստանի մասին իրաւատէր չենք,  զուգահեռաբար՝ դիւանագիտական համակարգին աւելի՛ եւս քայքայումը (ինչպէս կընէ բանակին): Առանձին հատորներ կը կազմեն (եղեր) իր հասկցած ձեւով ժողովրդավարութեան կիրարկումը, այսինքն՝ ընդդիմադիրներու դէմ անիմաստ հալածանքները, Եկեղեցւոյ դէմ «պատերազմը» (հոս ալ ազերիական դրդում մի՛ տեսնէք), բռնագաղթւած ու հողազրկւած արցախցիներու իրաւունքներուն ոտնակոխումը (քաղաքական եւ ընկերային-մարդկային երեսներով), քաղաքացիներու կեանքը մերթ ընթ մերթ անտանելի դարձնող քայլերը (ցանկը շա՜տ երկար է եւ բաւական ծանօթ): Վերջապէս, ստւար հատոր մը գոյացած է անոր (ու կամակատարներուն) սուտերու անհատնում դրւագներով, որոնց մէջ ակներեւ են իր բերած բոլոր պատուհասները՝ իբրեւ բարիք, յաղթանակ եւ խաղաղութեան ճամբու բացում ներկայացնելը:

***

Նոյն քուլիսներէն այլ «փախուստներ» ալ եղեր են. կըսւի, թէ Հէյդար Ալիեւի որդին ալ, Իլհամը, նմանապէս կը գտնւի ցանկին վրայ (խօսք չկայ, թէ երկու ախոյեաններուն կիներն ալ բաժին պիտի ունենա՞ն…): Իլհամի հատորները նո՛յնքան, քիչ մըն ալ աւելի՛ ստւար են Փաշինեանի «վաստակ»-ը վաւերագրողներէն: Քանի որ ան հօրմէն ժառանգ ստացած է իշխանութիւնը, եւ հայրը հիմա մահացած է եւ չի կրնար թեկնածու ներկայանալ, անոր «վաստակ»-ն ալ մտած է Իլհամի հատորներուն մէջ: Հոն կան Բաքւի եւ Սումգայիթի սպանդները, Արցախի դէմ բազմահանգրւան յարձակումները, քանդումներն ու ջարդերը, հասնելու համար Արցախի փուլային խլման ու հայաթափման (հապա՜, տեսէք, թէ խաղաղութեան «փուլային տարբերակ»-ը ինչպիսի՛ արտայայտութիւն կը գտնէ Բաքւի դիտանկիւնէն): Այս կէտին մէջ, Ալիեւ ու Փաշինեան դիտարկւեր են կատարեալ լծակից-գործակիցներ, ձեռք-ձեռքի տւած՝ խաղաղութեան ճամբան բացողներ: Կարեւոր իրագործում սեպւեր է թուրանական քարտէզին ամբողջականացման ի խնդիր անոր քայլերը, որոնք, ինչպէս Փաշինեանի պարագային՝ ժողովուրդին (եւ աշխարհին) կը ծախւին իբրեւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման միջոց: Ալիեւի խաղաղասիրութեան ցանկին վրայ կան խաղաղասիրութեան բազում այլ ձեռքբերումներ, մէկ կողմէ՝ ռուսական (արգիլեալ) վառելանիւթը սառնարան մտած եւրոպացիներուն հասցնելը, միւս կողմէ՝ Ուկրաինոյ մէջ հակառուսական քայլերը, իսկ երրորդ կողմէ մըն ալ, դրամի ախորժակով տարւած եւրոպացիներ ու ամերիկացիներ կաշառելու «բարեսրտութիւնը»:

Սիրելի՛ ընթերցող, վստահ եմ յիշեալ սեղմ տեղեկութիւնները աչքի առջեւ ունենալով, կրնանք հետեւցնել, թէ Ալիեւ «վաստակը» մէկտեղող հատորին մէջ դեռ ինչե՜ր կան: Չմոռնանք, որ Նոբէլեանի դատակազմը մինչեւ մրցանակաբաշխումի օրը խիստ գաղտնի կը պահէ իր ընելիքը: Հետեւաբար, կարելի չէ եղած «կորզել», թէ Ալիեւի թեկնածութեան կողքին, արդեօք Էրդողանն ու կինն ալ բաժին ունի՞ն: Չէ՞ որ անոնք ալ խաղաղասէր են. 44-օրեայ պատերազմին, թուրքերը զէնք ու ահաբեկիչներ հասցուցին ազերիներու բանակին, որպէսզի պատերազմը արագ աւարտի (հապա՞, 5 հազարի տեղ՝ կրնայինք ամբողջ բնակչութիւնը զոհ տալ. սա բարեսիրութիւն չէ՞: Եւ տեսէ՜ք թէ ի՛նչ կը ստացւի. Ցեղասպանութիւն գործած Թուրքիան հիմա կը դիտւի իբրեւ խաղաղասէր…): Եթէ Էրդողանի հատորներն ալ հաշւի առնւին, կըսեն լուրերը «փախցնողները», հոն յատուկ տեղ ունին ներքին ընդդիմադիրներուն, Սիրիոյ, քուրդերուն եւ այլ դրացիներու նկատմամբ բարի գործերը: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ պաղեստինցիները ջարդող Նեթանիահուին ու գործակիցներուն ուղղւած կրկնակի մեղադրանքները, միաժամանակ, եւ նո՛յն խաղաղասիրական նպատակներով՝ նոյն Իսրայէլին հետ առեւտրական եւ այլ գործակցութեանց զարգացումը…: Ինչպէ՞ս անտեսել Լիբանանի ու Իրաքի հանդէպ հոգածութիւնը եւ «խաղաղասիրական միջամտութիւնները»:

***

Այս չփաստւած տեղեկութիւնները աչքի առջեւ ունեցող մեկնաբաններ՝ ունին շատ զգուշաւոր մօտեցում եւ կը կասկածին, որ Փաշինեան ու Ալիեւ արձանագրւին թեկնածուներու ցանկին:

Պատճառները բազմաթիւ են: Նախ, կայ Թրամփի եսասիրութիւնը եւ անձնակենտրոնութիւնը: Ան պիտի չուզէ, կըսեն, մրցանակին բաժնեկիցներ տեսնել, այլ կուզէ գրաւել բոլոր լուսարձակները (եւ պարգեւի գումարը). անոր խաղաղասիրութեան մասին հատորներն ալ բաւական ստւար են, կը տարածւին ներքին կեանքին ու համաշխարհային բեմին, իբրեւ գլխաւոր խորագիր ունին… ստախօսութիւնները, անիմաստ յոխորտանքները եւ հազար ու մէկ խաղքութիւնները, Օրէնք ու Սահմանադրութիւն ոտնահարող արարքները՝ բազում փաստւած գայթակղութիւններուն կողքին: (Մի՜ զարմանաք, նոր աշխարհին մէջ, դաժան իրականութիւնները շրջւած ձեւով ներկայացնող՝ Օրուէլեան տեսութիւններն իսկ մանկապարտէզի դասագիրք են հիմա):

Նոյն դիտողները կըսեն, որ խափանող աւելի ուժեղ գործօն մը կայ քիչ մը անդին, կը կոչւի… Նեթանիահու: Անոր խաղաղասիրական գործերն ու ծրագիրները (Գազայի վերջնական քանդում, Արեւմտեան Ափի պատառ-պատառ գրաւում, ոճիրները դատապարտողներու անտեսում եւ այլն) այլապէս կազմած են բազմահատորեակ մը: Աւելի՛ն, ան կը վայելէ… Թրամփի ամբողջական զօրակցութիւնը եւ «խաղաղասիրական» վարմունքին մէջ արդէն իսկ բաժնեկից է Սպիտակ Տան վարիչին(*): Այս գետնի վրայ, պէտք չէ փնտրել ռուսերուն, չինացիներուն, քորէացիներուն, եւրոպացիներուն եւ այլ ցամաքամասցիներուն արգելակող մատները:

Յ. Գ. – Մեծ հարց է (եղեր), թէ Փաշինեանի, Ալիեւի կամ Նեթանիահուի տրւելիք մեդալները ինչէ՞ շինւած պիտի ըլլան: Ընթերցողը իրաւունք ունի նախասիրութիւններ ունենալու…

 

*) Աստւածաշունչ քարոզող Թրամփը Նեթանիահուի մասին կըսէ եղեր. «Այս է իմ սիրելի որդին, որ հաւնած եմ…», ու գնահատելով անոր խաղաղասիրութիւնը՝ կաւելցնէ եղեր. «Դուն, որ քիչ բաներու մէջ հաւատարիմ եղար», քեզի… շատ զէնք պիտի տամ. թող Զելենսկին ճաթի՛ նախանձէն:

Related Articles

Back to top button