Խմբագրական. Ցեղասպանական եւ «խաղաղասիրական» միեւնոյն վարքագիծը եւ դատավճիռներուն պահը

Բաքւի դատավճիռներէն այլ բան ակնկալելը քաղաքական պարզամտութեամբ թարգմանելի կըլլար: Կեղծ դատավարութեան մը բեմականացումը, որուն նպատակը նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յարձակողապաշտ, Արցախի ղեկավարութիւնը անջատողականներ, Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ գործողութիւններ կատարածներ, ցեղային զտում գործադրածներ եւ նման յերիւրածոյ մեղադրանքներ դատավճիռի վերածելն էր:
Քարոզչաքաղաքական այս կեղծ դատավարութեան վճիռներուն պահու ընտրութիւնը ուշագրաւ էր: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ համատեղ խաղաղութեան մրցանակ ստանալէն օր մը ետք Ալիեւի հրամանով վճիռները կարձակւէին: Միջազգային հանրութեան առջեւ խաղաղութեան դափնեկիրը այսպիսով կը փորձէր շրջել այն բոլոր իրաւ ամբաստանութիւնները, որոնք իր պետութեան դէմ կային: Խաղաղութեան մրցանակակիր կը դառնար ահաբեկչութեան պետութեան ղեկավարը: Այն պետութեան, որուն իրերայաջորդ կառավարութիւններուն օրերուն Սումկայիթէն, Բաքւէն եւ Գանձակէն մինչեւ արցախեան տարածքի տարբեր շրջաններ կիրարկւեցան ցեղասպանական արարքներ, բնաջնջւեցան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւններ, շրջափակւեցաւ ամբողջ Արցախը, սովամահութեան ենթարկւեցաւ համայն բնակչութիւնը, կատարւեցան առեւանգումներ, անզէն բնակչութեան անդամահատումներ եւ բռնատեղահանումներ: Առընթեր` կացինահարումներով ամէնէն զազրելի ոճրագործութիւն կատարածներու հերոսացումներ:
Հիմա աւելի կը բացատրւին Բաքւի պնդումները ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը լուծարելու: Արցախի ղեկավարութիւնը, որ կը ներկայացւի իբրեւ անջատողական խմբակ, ոչ միայն Ադրբեջանի քաղաքացիութիւն չունէր, այլ նաեւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ կը բանակցէր Բաքւի իշխանութիւններուն հետ դարձեալ ԵԱՀԿ-ի կողմէ հռչակագիրով ամրագրւած ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ: Երեւանը աճապարեց եւ տեղի տւաւ Բաքւի ճնշումներուն, առանց այս հարցերը յստակացնելու:
Նման դատավճիռներով Բաքուն կուզէ մաքրել իր ահաբեկչական-ցեղասպանական վարքագիծը եւ պահւuտելով անոնց ետին, խաղալ խաղաղատենչութեան կեղծ խաղը: Պարզ է, որ միջազգային ընտանիքն ու խաղաղութեան մրցանակներ շնորհողները իրազեկ են ցեղասպանական քաղաքականութեան բոլոր փուլերուն եւ ծալքերուն: Անոնք ալ իրենց հերթին, կը ժխտեն ու կուրանան միջազգային իրաւունքի կարեւորագոյն սկզբունքներէն ինքնորոշման իրաւունքը, բռնատիրութենէն ազատագրւելու մարդու իրաւունքները: Չեն ուզեր արծարծել վերադարձի իրաւունքը, չեն ուզեր տեսնել ամբողջ քաղաքակրթութեան մը բնաջնջումի հետեւողական ճիգերը: Կամովին այդ անտեսումը, գերքաղաքականացւած գնահատականներն ու ընդհանրապէս իրողութիւններու ժխտողական այս ալիքը հասած են նաեւ կրօնական կենտրոններ, ուրկէ կը յայտարարւին նոյն իրականութիւնը շրջող բնութագրումներ` յոյսի սերմնացան որակելով Բաքւի առաջնորդը:
Իրականութեան ժխտումի եւ շրջումի այս քաղաքականութեան հիմնովին կը նպաստէ Դաւոսի թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ահաբեկչական պետութեան ներկայացուցիչին կողքին կանգնիլն ու այդ ամբողջ ոճրային թղթածրարին բաժիններուն առանց անդրադառնալու, խաղաղութեան կերտումի հաւասար բաժնեմաս վերցնելը:
Խաղաղութեան գնացքը չի կրնար մեկնարկել, եթէ `
Ա. Արցախի ղեկավարութիւնն ու ռազմագերիները անմիջապէս ազատ չարձակւին,
Բ. ադրբեջանական զօրքերը չհեռանան հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն,
Գ. չիրագործւի Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի իրաւունքը,
Դ. չդադրին Արցախի քաղաքակրթական ժառանգութեան ոչնչացման արշաւները:
Այլապէս, ահաբեկչական պետութիւնը պիտի շարունակէ միեւնոյն վարքագիծը, այս անգամ «խաղաղասիրական» օրակարգով։ Նաեւ՝ նման դատավճիռներով։
«Ազդակ»



