Ապ-Ազգ-Ային ժողով

Երբ պահ մը մուտք գործենք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կայքէջը, անմիջապէս պիտի նշմարենք ողջոյնի խօսք մը, գրւած՝ ժողովի նախագահ տիար Ալէն Սիմոնեանի կողմէ։
Քանի մը տող է գրութիւնը. Ալէն Սիմոնեան կը սկսի «Սիրելի բարեկամ» փաղաքշական մուտքով ու կը շարունակէ. «Դուք գտնւում էք ՀՀ Ազգային ժողովի` Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչական բարձրագոյն մարմնի պաշտօնական կայքում»:
Ապա բացատրողական մը խորհրդարանին մասին, թէ՝ Հայաստանի պետականութեան խորհրդանիշն է, ինչպէս նաեւ՝ Հայ ժողովուրդի բազմամեայ ձգտումներու մարմնաւորումը։ Ու ձեր մտքին մէջ անմիջապէս հարցումներ կը ծագին. ո՞ր եւ ի՞նչ սահմաններով հայրենիքին, ի՞նչ պէտք է հասկնալ Սիմոնեանի նշած «բազմամեայ ձգտումներով»-էն…
Շեշտելով, թէ խորհրդարանը լայն ներգրաււածութիւն ունի հանրային ու քաղաքական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ՝ կը նշէ, որ Ազգային ժողովի գործունէութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է պետութեան եւ հասարակութեան միջեւ երկկողմ հաղորդակցութիւնն ու հեզասահ գործակցութիւնը, որ ինքնաբերաբար գերակայ նշանակութիւն ունի հայրենի պետութեան շարունակական զարգացման տեսանկիւնէն։
Մեր ժողովուրդը վկան է, որ այս տողերու ետին գտնւող եւ հոն գրւածը կիրարկել փորձող անձը բազմիցս սայթաքած է եւ առօք-փառօք, ճակատաբաց ու… անտեղիօրէն՝ «խելքէն եկած» հաստատումներ կը կատարէ եւ կելեկտրականացնէ մթնոլորտը, ստեղծելով պայթուցիկ կացութիւն։ Անմիջապէս աւելցնենք, որ ասիկա Սիմոնեանի վերապահւած առանձնայատկութիւն չէ, բազմաթիւ ՔՊ-ականներ կը կատարեն նոյն դերը, դերերու բաժանում իսկ կատարած են իրենց միջեւ, անտեղի եւ շինծու փոթորիկներով հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու էական հարցերէ:
Թէ՛ Ազգային բեմահարթակէն, եւ թէ՛ ճեպազրոյցներու պահուն, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Սիմոնեան արտառոց յայտարարութիւններով կը փորձէ ծփալ, չանդրադառնալով, որ իր թիավարած մակոյկը արդէն… ընկղմած է։
Նորագոյն «փայլատակո՞ւմը». ան բիրտ կերպով, եւ անտեսելով դաժան իրականութիւնները, քննադատեց արցախահայութիւնն ու անոր ղեկավարութիւնը, թէ՝ չկրցան պայքար մղել, անձնատուր եղան եւ… փախուստ տւին իրենց հողէն։ Ան վստահաբար մոռցած է ո՛չ միայն երկարաշունչ պատմութիւնը, այլ նաեւ այն, որ ինք անձամբ յայտարարած էր, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի Երեւանի համար, թէ Հայաստան վերջնականապէս ընդունած է Ադրբեջանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Արցախը, որ ինք մի՛շտ Լեռնային Ղարաբաղ կը կոչէ, ինչպէս կընեն ազերիներն ու թուրքերը…:
Ան նմանապէս մոռցած է, թէ իր պոսն էր որ Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն շա՜տ առաջ, եղած էր Հայաստանի իշխանութեան առաջին ղեկավարը, որ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ էր, թէ Արցախը Ադրբեջանի կը պատկանի եւ այդպիսով՝ «կանաչ լոյս» բացած էր Արցախի մնացեալ բաժինին շրջափակման, յեղձամահութեան տարւելուն եւ անոր վրայ վերջին յարձակումներուն…: Սիմոնեան նաեւ անոնցմէ է, որոնք մինչեւ իսկ Արցախի իշխանութիւններու Հայաստան ներկայութեան մէջ վտանգ կը տեսնեն Հայաստանի ապահովութեան եւ ազգային անվտանգութեան: Այս բոլորը եթէ բաւարար չեն, ան յաճախ կը ցնդաբանէ, որ եթէ Արցախի իշխանութիւնները շարունակեն գործել՝ ապահովելու համար վերադարձը, Ադրբեջան կրնայ բարկանալ ու արգելք ըլլալ ՔՊ-ականներու երազած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման: Կարծէք թէ Ադրբեջան ո՛ւր որ է՝ պիտի ընդունի այդ ծրագիրը եւ միայն արցախցիք է որ արգելք կըլլան խաղաղութեան իրականացման…
Եւ ի՜նչ. Ազգային ժողովի նախագահը յայտնապէս մեծ հաճոյք կը զգայ նմանօրինակ «ազդեցիկ» ձաբռտուքներ նետելով։
Դարձեալ յիշեցնենք ու շեշտենք. Սիմոնեանի եւ իր յետին կանգնող վարչապետին ու գործակից իշխանաւորներուն համար, Արցախ պետութիւն գոյութիւն չունի։ Հետեւաբար, Արցախի նախագահ, Ազգային ժողով, կառավարութիւն, պետական պաշտօնէութիւն՝ պարզ ու մէկին՝ գոյութիւն չունին: Եղածներէն մաս մը բանտարկւած է ու անհիմն զրպարտութիւններով կը դատւի Բաքւի մէջ, ուրիշներ հալածանքի եւ հետապնդումներու ենթակայ են Երեւանի մէջ: Պաքու-Երեւան աղաղակող գործակցութիւն…
Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի մէկ պետութիւն, միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ իր կառավարութիւնը: Կարծէք թէ արցախցիք կամովին Հայաստան եկած են, նպատակ ունին իշխանութեան տիրանալ…: Սա, ինքնին, լուռ քարոզչութիւն է արցախցիներու դէմ, իրականութիւններու խեղաթիւրում եւ Արցախ հասկացութեան վարկաբեկո՛ւմ, ճի՛շտ այնպէս՝ ինչպէս կը վարկաբեկւին բանակն ու ազգային բոլոր արժէքները…:
Բնականաբար հայը իրաւունք ունի հարց տալու. Նիկոլ Փաշինեան ե՞րբ է որ կը ստէր: Ա՞յն օր, երբ Ստեփանակերտի մէջ կոկորդը կը ճաթեցնէր գոռալով՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ե՞տք, թէ՞ այն հանգրւանի՝ երբ ընդունեց, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ադրբեջանի, կամ՝ արցախեան հարցի արծարծումը սպառնալիք է Հայաստանի ինքնիշխանութեան։
Նիկոլ Փաշինեան, իր վերջին շրջապտոյտին, Ցիւրիխի, Վաշինգտոնի եւ Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ փոքրաթիւ հայերու հետ, որոնք մեծ մասամբ յանձն առած էին «սփիւռքեան ուսապարկ»-ի եւ ծափահարողի պաշտօնը, ու կատարեց անհեթեթ վերլուծումներ, ի շարս որոնց՝ ու ամենէն ընդվզեցնողը՝ թութակեց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ բերող թուրքական «վարկածները»։ Նոյն առաքելութեան լծւած է Ալէն Սիմոնեան՝ ապականելով Ազգային Ժողովը եւ անոր կայքէջը։ Փաստօրէն, կայքէջին վրայ անոր արձանագրածը ո՛չ մէկ ձեւով կը հիմնաւորւի:
Մեր ազգը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, չի կրնար հանդուրժել նման ԱՊ-ԱԶԳ-ԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ եւ ընթացք, չի կրնար իշխանութեան վրայ պահել թշնամիին խօսքին ու գործին համընթաց քալող խմբակը:
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական