ՀՅԴ Մամուլ

Խմբագրական. Սահմանազատման գործընթացի այլընտրանքը եւ 94-ի հրադադարը

Սահմանազատման գործընթացի կասեցման պահանջին անպայման պէտք է զուգակցել այլընտրանքային առաջարկ ծրագիր, որպէսզի իշխանութիւններու առաջ մղած այն վարկածը, որ սահմանազատման կասեցումը համազօր է պատերազմի յայտարարութեան, չէզոքացւի:

Պէտք է առաջին հերթին արձանագրել`

Սահմանազատումը կընթանայ միակողմանի զիջումներով: Փոխանակումը այստեղ գետնի վրայ ենթահող չունեցող տեսութիւն է: Հայկական կողմը կը յանձնէ իր վերահսկողութեան տակ գտնւող տարածքներ, դիմացը ոչինչ ստանալով:

Սահմանազատումը կը պարտադրւի հայկական կողմին: Ադրբեջան որեւէ ձեւով չի խօսիր իր կողմէ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներու ներխուժւած ըլլալու մասին:

Բաքուն կը յայտարարէ, որ առանց որեւէ կրակոցի հայկական կողմէն կը ստանայ չորս գիւղեր, եւ սահմանազատման գործընթացը կընթանայ իր ճշտած կանոններով: Որքան ալ ներքին լսարանին համար կատարուած ըլլայ այս յայտարարութիւնը, յամենայն դէպս կընդգծէ փաստացի իրողութիւնը:

Սահմանազատումը կիրականանայ հատւածական եւ ոչ ամբողջական: Չէ մշակւած եւ կնքւած որեւէ պայմանագիր, որուն հիմամբ պիտի ընթանան սահմանազատման գործողութիւնները:

Ալմա Աթային պաշտօնապէս յղում կը կատարէ միայն Երեւանը, մինչ Բաքուն որեւէ պաշտօնական յայտարարութեամբ կամ գրաւոր յանձնառութեամբ չի խօսիր Ալմա Աթայի մասին:

Նոյն տրամաբանութեամբ Երեւանը թւային միաւորներով կը սահմանէ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնները: Փոխադարձ կարգով Բաքուն նման միաւորներ չի նշեր որեւէ առիթով:

Չի յարգւիր Հայաստանի Սահմանադրութեան համապատասխան յօդւածը, որ վարչատարածքային փոփոխութիւններուն համար կը պահանջէ հանրաքւէի կազմակերպում:

Երէկ ամբողջացաւ 1994-ի հրադադարի համաձայնութեան 30-ամեակը: Այդ հրադադարը հետագայ վերահաստատումներով կը նւիրականացնէր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ գոյութիւն ունեցող շփման գիծը: Միջազգային ճանաչում ունեցող այդ շփման գիծի անտեսումը կը բխէր Բաքուի շահերէն: Բաքուի իշխանութիւնները մինչեւ վերջ, մինչեւ Վիեննա եւ Ս. Պեթերսբուրգ աշխատեցան չէզոքացնել այդ որոշումները: Բաքուի կողմէ հրադադարի անվերջանալի խախտումները, յարձակումները, պատերազմական գործողութիւններու շղթայազերծումները նպատակ ունէին չեղարկել 1994-ի հրադադարի փաստաթուղթը եւ ատով իսկ առ ոչինչ յայտարարել միջազգայնօրէն ընդունւած շփման գիծը: Բաքուի ռազմաքաղաքականութիւնը այս պատճառներով ալ Արցախի շփման գիծերէն պատերազմը կը փորձէր տեղափոխել Հայաստան-Ադրբեջան պետական շփման գիծ, շրջելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ հաստատւած սահմանային դրոյթը:

Ալմա Աթային յղում կատարելով Երեւանը եւս կը միանայ 1994-ի համաձայնութեամբ եւ միջազգային ճանաչում ունեցած շփման գիծը ջնջելու Ադրբեջանի ճիգերուն: Եթէ ճիշտ ընկալւէր միջազգային ընտանիքին կամ աւելի ուղղակի` Միացեալ Նահանգներու կամ հաւաքական Արեւմուտքի ակնկալութիւնը այս բոլորէն, ապա պիտի նկատւէր, որ սահմանազատման գործընթացը երկկողմ ձեւաչափով իրականացնելը սերտօրէն կապւած է ռուսական սահմանապահ ուժերու հեռացումին կամ ընդհանրապէս բանակցութիւններէն ռուսական գործօնի դուրս մղման աշխարհաքաղաքականութեան հետ:

1994-ի հրադադարով միջազգայնօրէն ճանչցւած շփման գիծը ուրեմն կարելի էր հիմք նկատել սահմանազատման բանակցութիւններուն համար:

Այլընտրանքային ծրագիրին ելակէտը անհրաժեշտ է նկատել 1994-ի շփման գիծը: Ալմա Աթան որեւէ տեղ չէ օգտագործած պետական սահման բառակապակցութիւնը. ո՛չ ալ վարչական սահման ըսելաձեւը: Ըստ էութեան, գոյութիւն չունին պետական սահմաններ:

1994-ի հրադադարը վերահաստատող որոշումներուն մէջ կայ կէտ, որ կը խօսի թափարգելային (պուֆերային) գօտիի ձեւաւորման մասին: Այս մէկը անհրաժեշտութիւն է, նկատի ունենալով, որ Ադրբեջան ոտնահարած է եւ կը շարունակէ ոտնահարել իր կողմէ ստորագրւած համաձայնութիւնները:

Սահմանազատման կասեցման եւ նոր սահմանազատման գործընթացի համար ուրեմն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալները.

Ա.- Գործընթացը սկսելու համար ադրբեջանական զօրքերը պէտք է հեռանան ներխուժւած տարածքներէն:

Բ.- Սահմանազատման համար նախ յանգիլ ընդհանուր համաձայնութեան եւ ոչ թէ սկսիլ հատւածական բաժինով:

Գ.- Ադրբեջանի վարքագիծը նկատի ունենալով եւ յղում կատարելով նախորդ որոշումներուն առաջադրել թափարգելային գօտի, զատւող սահմաններուն միջեւ, կանխարգիլելու համար նոր յարձակումները:

Դ.- Սահմանազատման համար հիմք ընդունիլ 1994-ի հրադադարին ընդունած եւ միջազգային հաստատում ունեցող շփման գիծը:

Ընթացքի մէջ եղող գործընթացը կասեցնելու եւ նոր ելակէտի վերադառնալու համար զանգւածային բողոքը հրամայական է: Նոր սահմաններ կը պարտադրւին մեր հանրապետութեան: Պարտադրանքի այս ընթացքը փոխելու համար անհրաժեշտ է սկսւած շարժումի համաժողովրդայնացումը:

Ազդակ

Related Articles

Back to top button