Դաշնակցական Բեմ

Ոգեկոչելով սըրը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Ճեմարանի մեր ուսուցիչներու հոյլին մէջ իր շատ յատուկ տեղը ունէր անգլերէն լեզւի եւ գրականութեան մեր ուսուցիչը՝ Անթւան Քեհեայեան, որ բոլորիս յիշողութեան մէջ քանդակւած է իր «Սըր» (Sir) «անւանակոչութեամբ»։ Իր հարազատ անունն ու ազգանունը հազի՜ւ թէ կը յիշւէին ճեմարանական մեր առօրեային մէջ։ Առաջին իսկ օրէն, անոնք կորսնցուցին իրենց ճանաչողական արժէքը։ Ան մեր Սըրն էր եւ վե՛րջ։ Իրեն պէս պարզ։ Իրեն պէս անսեթեւեթ եւ վեհ։

Հիմա, որ կը գրեմ իր մասին, մեղաւոր զգացումը համակած է միտքս։ Որքա՜ն ուշացած եմ աշակերտի այս վկայութիւնը յանձնելու թուղթին։ Ինք՝ որ ոչինչ կը յետաձգէր եւ ճշտապահութեան այդ կանոնը շարունակաբար կը յիշեցնէր մեզի մեր ամէն մէկ քայլափոխին։ Աստւած է վկայ, թէ աշակերտներս որքա՜ն քմայքոտ կրնայինք ըլլալ մեր առօրեայ առաջնահերթութիւնները ճշտելու գործին մէջ։

Անգլերէնի իր դասապահերը լեզւի դասաւանդութեան կողքին – եւ որպէս անոր անքակտելի մա՛ս – կենսակերպի եւ վարքուբարքի ձեւաւորման աշխատանոցներ էին։ Քրիստոսադէմ այս մարդը, որ բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը, գործեց առաքեալի մը պէս։ Իրմէ մեզի անցածը սոսկ գիտելիք չէր, այլ իսկական մկրտութի՛ւն մը՝ որ մեզ կը հարստացնէր մեր ճեմարանական կեանքի իւրաքանչիւր հանգրւանին վրայ։ Սըրը նեղ իմաստով դասատու մը չէր։ Ան արժեհամակարգ կերտողն էր։ Զայն փոխանցողն էր։ Զայն քայլ առ քայլ նւիրականացնողն էր։

Ֆրանսական թեքումով ձեւաւորւած Ճեմարանի ուսումնական ծրագրին մէջ, բնականօրէն,  իրեն տրւած էր համեմատաբար համեստ տեղ մը մեր դասացուցակին վրայ, զոր ինք իմացաւորեց (conceptualize) իւրայատուկ տեսլականով մը — եւ անխո՛նջ նւիրումով — մեզ բոլորս քայլ առ քայլ գիտակ դարձնելով անգլերէն լեզւի արտայայտչական գանձերուն։ Բայց նաեւ անցաւ անկէ շատ անդին։ Ան գտաւ ուղին հասնելու մեր սրտերուն։ Ան դարձաւ բոլորիս մեծ եղբայրը։ Դարձաւ բոլորիս անպաշտօն խորհրդատուն։ Մեր առօրեայ կեանքին կնճիռները բացողը, ձգտւած հոգեվիճակները քակողը, աշակերտական փոխյարաբերութիւններու քաոսը փարատողը եւ մեզ ճիշտ ուղիի վրայ դնո՛ղը։

Այժմ երբ կը փորձեմ տալ ուսուցչական իր կենդանագիրը աշակերտական յիշողութիւններու իմ հետզհետէ նօսրացող պարունակէս, մտքիս մէջ կը կենդանանայ իր բարձր հասակը, օքսֆորդեան անգլերէնի հարուստ իր բառապաշարը իր բծախնդիր շեշտադրումներով, իր ազնւական խօսքին ձայներանգներով մեզի հասնող մարդկային արժանավայելչութեան անխաթար վարքագի՛րը (code)։  Մենք բնազդով — եւ առաջին իսկ վայրկեանէն – հասկցանք, որ ազատօրէն ինքնապարտադիր կարգապահութիւնը (honor code) սրտբաց եւ հոգեբուխ ակերէ սնւող կենսապայման մըն էր Սըրին համար եւ համոզւած եմ, որ մեզմէ ոչ ոք խախտեց այդ պայմանը Սըրին հետ իր փոխյարաբերութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին։

Ես կը յիշեմ այն առաջին օրը, երբ մեր դասարանի դրան մէջ յայտնւեցաւ ինք համատարած լռութեան մը մէջ բարձրանալով ամպիոն։ Good morning! Հնչեց իր ջերմ եւ մտերիմ ձայնը։ Կարծեմ մեր միջնակարգ ուսման երրորդ տարին էր (եօթներորդ դասարան) եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին օ՛րը Ճեմարանի մէջ։ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի գեղանիստ շէնքի մեծ ու փարթամ դասասենեակներէն մէկն էր եւ մենք ականջ կտրած կը լսէինք զինք։ Տարի մը առաջ, մենք դուրս եկած էինք Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոցի մեր արդէն անբաւարար տարածքէն եւ այժմ մեր շուրջ կը տարածւէր նախկին Ֆրանսական Ծովակալութեան հրաշագեղ պալատը իր բարձր առաստաղներով, բազմադրւագ դռներով եւ պատուհաններով եւ մանաւանդ հեռւէն մեզի հասնող կապտակապոյտ Միջերկրականի լոյսերով։

Պրն. Քեհեայեան զաւակն էր Կիլիկիոյ յայտնի ընտանիքներէն՝ Ադանայի Քեհեայեան գերդաստանին։ Դաշտային Կիլիկիոյ լուսեղէն տարածութեան սրտին վրայ անոնք ունեցեր էին իրենց ընտանեկան լայնածաւալ տնտեսութիւնը։ Ցեղասպանութեան տարիներէն ետք, վերստին շնչող հայոց Կիլիկիան կրկին զոհ պիտի դառնար թուրքական (այս անգամ՝ Քեմալական) նախայարձակման՝ «հոգատար» Ֆրանսայի իսկ աչքերուն առջեւ։ Նախճի՛ր՝ որ արմատապէս եւ միանգամընդմիշտ պիտի ջնջէր Կիլիկեան Հայաստանը աշխարհի երեսէն։ Հաճընի, Մարաշի, Այնթապի եւ Չորք Մարզւանի (Դէօրթեոլ) հերոսամարտերը – Ֆրանսայի՛ իսկ դաժան մեղսակցութեամբ — անկարող պիտի ըլլային կասեցնելու քեմալական հայաջնջումի ծրագիրը։  Հայկական Կիլիկիոյ ձեռներէցութեան բոյները պիտի չքանային օրերու ընթացքին։ Քեհեայեաններու հարստութենէն մնացեր էր միայն ինք՝ Սփիւռքի մէջ հասակ առած համեստ բայց կորովի մտաւորակա՛նը՝ որուն համար գաղափարներն էին կեդրոնականը։ Այդ առանցքին շուրջն էր, որ կը ձեւաւորւէր ամէն ինչ, որ ինքն էր եւ կը վերածւէր հաւատքի։

Ի տարբերութիւն մեր միւս ուսուցիչներուն, Սըրը Ճեմարան մտաւ հայագիտական պաշարի համեմատաբար համեստ գիտութեամբ։ Առաջին օրն իսկ ան խօսեցաւ մեզի որպէս աւագ եղբայր եւ ըրաւ մեծ խոստովանութիւն մը։ «Ես եկած եմ հոս ոչ միայն որպէս ուսուցիչ անգլերէնի, այլեւ որպէս աշակերտ…»,- ըսաւ ան։ «Ես եկած եմ ձեր կողքին սորվելու…Ես եկած եմ աշակերտելու այն մեծ մարդուն, որ ձեր տնօրէնն է։ Որ մե՛ր տնօրէնն է։ Ես եւս բախտաւոր եմ այժմ, ինչպէս դուք, որպէս Մըստըր Շանթի սանը…»

Ցնցիչ էին իր խօսքերը մեզի համար։ Մենք ակնկալեր էինք ծանր շուքը մեր միւս ուսուցիչներուն եւ մեր առջեւ կը գտնէինք մէկ նորատիպ խառնւածք։ I am here to teach you and to learn at the same time…Մենք շուտով պիտի հասկնայինք, որ մեզի հետ մտերմանալու սոսկական լոզունգ մը չէր այս խօսքը։ Ան միշտ եղաւ հեղինակաւոր ուսուցիչ մը Ճեմարանի մէջ եւ անկեղծ ու խոնարհ սորվող մը միաժամանակ։ Ան տեւաբար փնտռեց ակերը մեր պատմութեան եւ մշակոյթին եւ երբեք չդադրեցաւ հրապուրւած ըլլալէ մեր ազգային ինքնութեան գաղտնի ուժականութիւններով։

Պրն. Քեհեայեան ամուսնացած չէր։ Ան իր կեանքը — մինչեւ յետին վայրկեանը իր օրերուն — կապեց Ճեմարանին։ Արդէն հաստատւած մէկ անգիր կանոն գոյութիւն ունէր մեր դպրոցին մէջ։ Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի, տկն. Գոհարի, Գիւզալեանի, Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի, Գառնիկ Բանեանի, Գառնիկ Թոփալեանի եւ մեր միւս ուսուցիչներու այս կրթարանը երբեք չունեցաւ վարչական մեծաթիւ անձնակազմ։ Չկա՛ր դիւանակալութիւն (bureaucracy)։ Ճեմարանը հաւատքի մէկ կուռ միաբանութիւն էր գործի իր մեղւաբոյնով։ Իսկ Սըրը այդ մեղւաբոյնի ամենէն ժրաջան մեղուներէն մէկն էր միշտ։ Ան պատրաստ էր իր ուսերուն վերցնելու այնքան պարտականութիւն, որքան գործը կը պահանջէր։ Կը յիշեմ, երբ պրն. Վրացեանի օրերուն վերաբացւեցաւ դպրոցի գիշերօթիկը, Սըրը զայն որդեգրեց որպէս իր հարազատ ընտանիքը։ Հեռաւոր երկիրներէն եկած աշակերտներուն համար ան եղաւ միաժամանակ ծնող, ուսուցիչ, մատակարար, բժիշկ, դաստիարակ, խորհրդատու, ամէն ինչ։ Ամերիկայէն հասնող առաջին սաները – սկսած Ռիչարդ Յովհաննիսեանէն եւ Արման Քէոսեանէն – Սըրին մէջ գտան իրենց հարազատը։ Հաղորդակցութեան բացսիրտ ճամբա՛ն։

Եւ հակառակ այս ծանրաբեռնւած օրակարգին, Սըրը երբեք չդադրեցաւ սորվող մը ըլլալէ։ Ան կը տիրապետէր ոչ միայն անգլերէն լեզւին, այլեւ ֆրանսերէնին։ Ասոնք այն տարիներն էին, երբ գոյութիւն ունէր մտաւորական ճոխ բովանդակութիւն աշխարհի առօրեային մէջ եւ յատկապէս Արեւմուտքի։ Սըրը մօտէն կը հետեւէր Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի քաղաքական եւ մտաւորական շարժումներուն։ Ան քաջատեղեակ էր աշխարհի անցուդարձին։ Ան հոգւով եւ մտքով կապրէ՛ր մեր դարը եւ իր ապրումներուն յաճախ բաժնեկից կընէր նաեւ մեզ։ Իսկ մենք բախտաւոր սերունդ մըն էինք առանց իսկապէս եւ լիովին գիտակցելու այդ բանին։ Մենք ժամանակակից էինք Սարթրին, Քամիւին, Մօրիաքին, Քլօտէլին, Հէմինկուէյին, Ֆօքնըրին, Սթայնպէքին, Ճորճ Պերնարտ Շոյին, Սարոյեանին եւ շատ ուրիշ մեծերու։ Մենք նաեւ ժամանակակից էինք Այնշտայինին, Օփընհայմըրին, Նեհրուին, բայց նաեւ՝ Պաղ պատերազմին, հիւլէական ռումբի՛ն։ Սըրին ձեռքերուն մէջ էր, որ ես առաջին անգամ տեսայ Սարթրի  «Լ՚Etre et le Neant»ը եւ  Անգլիոյ New Statesman-ի համարները։ Իրմէ էր, որ փոխ առի «New Left Review»-ի այդ տարւան վերջին համարը…

Լիբանանի ամառը մեծ բարիք մըն էր մեր ուսուցիչներուն համար, երբ ուսուցչական  ասպարէզի ամենօրեայ ճնշումը, մասամբ գէթ, կը պակսէր իրենց ուսերէն եւ իրենք կը յաջողէին ժամանակ տրամադրել հանգիստի եւ անձնական ծրագիրներու։ Լիբանանի գիւղերը իրենց չքնաղ առօրեայով կազդոյրի օրրան մըն էին մեծ թիւով հայ ընտանիքներու։ Նաեւ մեր ուսուցիչներո՛ւն։ Սըրը կը նախընտրէր քաղաքէն եւ դպրոցէն չհեռանալ։ Բայց այդ տարի – բացառապէս տաք ամա՛ռ մը – ան ի վերջոյ համոզւեցաւ դուրս գալ Բէյրութէն եւ բարեկամներու թելադրանքով որոշեց արձակուրդը անցնել Լեռնալիբանանի չքնաղատեսիլ մէկ անկիւնը՝ Մէյրուպա գիւղին մէջ։ Գիւղին ծայրամասը, խնձորենիներու մտերմութեան մէջ, գեղեցիկ հովիտի լոյսերով ողողւած խրճիթ մըն էր ընտրածը։ Վերադարձաւ ուրախ՝ պատմելով իր այս գիւտին մասին։ Կը պատրաստւէր երեք օրէն ճամբայ ելլել ամրան ամիսները հոն անցնելու հրաշալի հեռանկարով… Պատրաստեր էր մօտ տասը գիրք որպէս իր արձակուրդային ընթերցումներու փաթեթը։ Առաջինը դէզին վրայ Սարթրի «Le Diable et Le Bon Dieu» հատորն էր։ Գնաց։

Եւ սակայն վերադարձաւ նոյն օրն իսկ… Շշմեր էինք զինք ճամբու դնողներս եւ կը խուսափէինք հարցնելէ։ Իսկ իր դէմքը մռայլ էր։ Մռայլ բայց զո՛ւսպ։ Ի վերջոյ յստակացաւ եղելութիւնը։ Բա՛ն մը՝ որ միայն Սըրին կրնար պատահիլ… Պատմութիւնը հետեւեալն էր։ Սըրը կը հասնի Մէյրուպա իր համեստ ճամպրուկով։ Կը հասնի ծայրամասի «իր տունը» եւ յանկարծ կը մնայ ապշած։ Պուրճ Համուդի մեր արհեստաւոր տղոցմէ մէկը իր ընտանիքով եկած եւ տեղաւորւած էր Սըրին տան մէջ… Յետ ու առաջ հարցուփո՞րձ։ Կը պարզւի, որ տանտիրոջ եւ իր եղբօր միջեւ թիւրիմացութիւն մը պատճառ դարձած էր կրկնակի վարձակալութեան։ Ստացագրերը ցոյց կու տան, որ նախապատւութիւնը կը պատկանի Սըրին… եւ յամենայնդէպս երիտասարդ տղան (ինքն ալ ցնցւած այս անախորժ անակնկալէն) պատրաստ է ի յարգանս Սըրին դատարկելու տունը՝ միաժամանակ իր բարկութիւնը թափելով տանտիրոջ վրայ… Սըրը արաբերէն չէր գիտէր եւ դժւարաւ կը հետեւի խօսակցութեան, բայց Սըրը Սը՛րն է եւ գիտէ զգալ կեանքը իր էութեամբ։ Սըրը բացարձակապէս կը մերժէ առաջարկը։ «Երեք անուշիկ երեխաներ կը վազվզէին շուրջս։ Մարտիրոս, ըսի, տեղէդ չշարժիս։ Ես գացի։ Վայելեցէք ամառը…»

Յիսունական տարիներուն էր, որ Սըրը յանկարծ որոշեց անձամբ պայքարի ելլել Թուրք Պետութեան դէմ եւ այդ մէկը ընել նոր ժամանակներու իրաւագիտակցութեան հողին վրայ։ Աշխարհով մէկ շարունակաբար կը ծանուցւէր այդ տարիներուն, որ Թուրքիան այլեւս  երբեմնի Թուրքիան չէ՜ր։ Արեւմտեան քարոզչութիւնը կուզէր հաւատացնել, որ ան արդիականացա՜ծ էր։ Ան այժմ կը պատկանէր յետպատերազմեան նոր աշխարհակարգին եւ «ազատ աշխարհ»-ի իրաւախոհութեան մշակոյթին…

Սըրը որոշեց համաշխարհային նոր օրինականութեան այս բեմին վրայ անձամբ հաշւի նստիլ Թուրքիոյ հետ եւ պաշտօնապէս պահանջել Կիլիկիոյ իրենց ընտանեկան կալւածներու վերադարձը …Սըրին դատական գործի մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ նոյնիսկ այսօր, բայց իր գրեթէ պատանեկան ոգեւորութիւնը շատ լաւ կը յիշեմ։ Նոյնիսկ մեր այդ տարիքին, ես եւ քանի մը  ընկերներս կը զգայինք, որ չափազանցւած էին իր ակնկալութիւնները դատական այս գործընթացէն։ Բայց ինք անբուժելի լաւատես մըն էր եւ իր հաւատքով կրնար վարակել իր շրջապատը։ Վարակեց նաեւ մե՛զ։ Գիտէինք, թէ Սըրը ունեւոր մը չէր եւ այս դժւարին նախաձեռնութեան կը դիմէր իր դժւարաւ շահւած խնայողութիւններու հաշւոյն։ Որոշած էր գործը հետապնդել մինչեւ վերջ եւ Թուրք Պետութենէն ետ առնւելիք իր հարստութեամբ հաստատել պահանջատիրական հիմնադրամ մը…

Սըրը հետապնդեց իր այս դատը մինչեւ վերջ եւ ի վերջոյ ինքզինք գտաւ Թուրքիոյ նոր «օրինակարգ»-ի փակուղիներուն մէջ։ Փակուղինե՛ր՝ որոնք ձեւաւորւած էին թուրքական խորամանկութեան բոլոր գործիքներով։ Պարզւեցաւ, որ հնարաւոր չէր շահիլ այս դատը որեւէ փաստարկով եւ որեւէ պատճառաբանութեամբ։ Վճի՞ռը… Մօտաւորապէս այսպիսի բան մըն էր իր իսկ նկարագրութեամբ՝ «Մր. Քեհեայեան, Թուրքիոյ այսինչ թիւ օրէնքին համաձայն դուք իրաւունք ունիք վերատիրանալու ձեր ընտանիքի ունեցւածքին, բայց այնինչ թիւ օրէնքին տրամադրութիւններով…» անխուսափելի բա՛յցը… Բայցե՛րը։ Թուրք իշխանութիւնը – արդէն վաղո՜ւց — «օրինական» մեծ պատւար մը բարձրացուցած էր Սըրին առջեւ եւ ի սկզբանէ ապահոված ինքզինք։ Պատմութեան շարունակութեան ծանօթ չեմ։ Կարծեմ Սըրը մերժեց ընդունիլ վճիռը եւ դիմեց Վերաքննիչ Ատեան։ Գիտեմ, թէ ան յաճախ կը շեշտէր, թէ իր դատական գործը ազգին համար մեծ տեղեկութիւն կը պարունակէր եւ թէ ասիկա շատ կարեւոր սկիզբ մըն էր հայութեան ապագայ պահանջատիրական գործին համար։ Փաստը, սակայն, այն էր, որ Սըրին պահանջները մնացին չհատուցւած։ Բայց ան երբեք չընկրկեցաւ։

Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951), դպրոցը կը գործէր նոր ծրագրով։ Պրն. Վրացեան թէ՛ շարունակողն էր Շանթի եւ Աղբալեանի մանկավարժական եւ գաղափարական աւանդներուն եւ թէ՛ մեր կրթական կեանքը նոր մտածողութեամբ օժտո՛ղը։ Նոր թափ առած էր նաեւ մեր արտադասարանային գործունէութիւնը։ Լսարանական  միութիւնն ու «Ջահակիր» հանդէսը նոր եռուզեռի մէջ էին։ Վերջինս արդէն լոյս կը տեսնէր տպագիր…

Ի դէպ այսօրւան ընթերցողին համար երեւի անհասկնալի թւի այս փաստը։ Այսօր, մեր պատանի թոռները կը տիրապետեն այնքան խոր համակարգչային եւ առցանց կարողականութեան, որքան անհնարին էր երազել 1954-ի պետական համակարգերուն։ Հին օրերէն հաստատւած (եւ երեւի մեր յեղափոխական օրգանները յիշեցնող ոգեւորութեամբ) կանոն մը կար, որ կը պահանջէր, որ «Ջահակիր»-ը ըլլար խմորատիպ (եւ աւելի ետք՝ սթենսիլ) եւ լոյս աշխարհ գար ամբողջութեամբ եւ միայն լսարանականներու քրտինքով… (Թոյլ տւէք, որ չբացատրեմ Նոյեան ժամանակներէն մեզի հասած խմորատիպն ու սթենսիլը…)։

Յստակացման սիրոյն, ըսեմ, որ ճեմարանի վերջին երեք կարգերը կը կոչւէին լսարաններ (Ա, Բ եւ Գ)։ Սկզբունքով, լսարանական ուսումը տարբեր էր վարի կարգերէն։  Նիւթերու ուսուցումը շատ աւելի խորքային էր հոն եւ աւելի պահանջկոտ եւ աւելի բազմակողմանի։ Այդպէս եղած էր հին օրերուն, երբ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կրթական մտատեսիլով կառաջնորդւէր աշխատանքը։ Ան կարեւոր չափով մը փոխւեցաւ, երբ դպրոցը հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն ընդունեց Ֆրանսական Պաքալորէայի ծրագիրը։ Բայց նոյնիսկ այդ բանէն ետք, լսարանական կարգերու մթնոլորտը մնաց նոյնը։ 

Լեւոն Շանթի մահէն ետք, դպրոցի նոր տնօրէնին՝ պրն. Վրացեանի օրով կեանքի կոչւած «Ջահակիր»-ի խմբագրական կազմին մէջ էի նաեւ ես։ Կը յիշեմ, որ «Ջահակիր»-ի մեր խմբակը Գ. Լսարանի մեր ընկերոջ՝ Սարգիս Զէյթլեանի առաջարկով որոշեց հանդէսին յաջորդ համարը նւիրել Շանթի կեանքին ու գործին։ Տնօրէնութեան կողմէ մեր խորհրդատուն էր Սըրը։ Եւ համարին այս յատուկ բնոյթը նկատի առնելով, միաձայնութեամբ որոշեցինք համարը ի լոյս ընծայել – ի՜նչ գայթակղութիւն – տպագիր, որուն համար պէտք էր ունենայինք համապատասխան պիւտճէ… Դարձանք Սըրին։ Սըրին պատասխանն էր՝ «Սկզբունքով՝ համաձայն եմ։  Indeed!»  Եւ սակայն աւելցուց՝ «Բայց ատիկա կը հակասէ պրն. Շանթի հաստատած կանոնին… Թոյլ տւէք մտածեմ»: Սըրին համար «մտածել»-ը գործել կը նշանակէր։ Յաջորդ օրն իսկ, Սըրին առաջնորդութեամբ մեր խմբագրական ամբողջ կազմը ընդունւեցաւ պրն. Վրացեանին կողմէ։

Ներս մտնելէ ետք զգացինք, որ պրն. Վրացեանի գրասենեակին մէջ դեռ կար կենդանի շունչը Լեւոն Շանթին… Պրն. Վրացեանին ծանր շուքը աւելի եւս կը շեշտէր այդ փաստը։ Բարեբախտաբար Սըրին նախապատրաստական «դիւանագիտութիւն»-ը շատ բան դիւրացուցած էր։ Առաջին խօսողը պրն. Տնօրէնն էր։ «Պրն. Քեհեայեանն ասել է ինձ խմբագրական կազմիդ ցանկութեան մասին», ըսաւ ան եւ հրաւիրեց, որ պատճառաբանենք մեր «ցանկութիւն»-ը, իսկ մենք լռելեան դարձանք Սարգիսին… առանց նախապէս համաձայնած ըլլալու, որ ինք պիտի ըլլար մեր խօսնակը։ Եւ Սարգիսը խօսեցաւ այն վճռական շեշտերով, որ յատուկ էր Սարգիսին դեռ այդ օրերուն… Պրն. Վրացեանը լսեց ուշադիր եւ յետոյ հարցուց բոլորիս, թէ արդեօ՞ք ունէինք յաւելեալ «ասելիք»։ Խօսեցանք նաեւ միւսներս։ Յայտնեցինք մեր ամբողջական համամտութիւնը։ Կարգը Սըրինն էր։ Սըրը եւս յայտնեց իր համամտութիւնը, բայց յիշեցուց, որ մեր որոշումը ըստ էութեան կը հակասէր Լեւոն Շանթի հաստատած աւանդութեան… Պրն. Վրացեանի վերջին խօսքն էր իր սակաւախօս սրամտութեամբ՝ «Թողէք, որ ես խօսեմ իմ աւագ ընկերոջ հետ… իսկ դուք լծւէք գործի»։

Մենք լծւեցա՛նք։ Շաբաթներու քաոսային աշխատանքէն ետք, համարը յանձնեցինք «Համազգային»-ի տպարանը, որ կը գտնւէր դպրոցի տարածքէն ներս, մեծ դարպասի անմիջապէս աջին (ուր յետագային պիտի բարձրանար «Վասպուրական սրահ»-ի շէնքը)։ Եթէ յիշողութիւնս ճիշտ է, այդ օրերուն տպարանի պատասխանատուն էր հին ճեմարանական՝ Պարգեւ Շիրինեանը, որ շատ սերտօրէն աշխատած էր Լեւոն Շանթին հետ անոր կեանքի վերջին ամիսներուն։ Պարգեւը յատուկ խանդաղատանքով յանձն առաւ փաթեթը եւ անձամբ հսկեց համարի տպագրական գործին մինչեւ որ ան լո՜յս տեսաւ եւ հասաւ մեր ձեռքերուն փուռէն նոր դուրս եկած հացի պէս։ Պիտի ըսեմ, որ մենք նաեւ բախտաւոր էինք մեզի խմբագրական խորհրդատու ունենալով պրն. Մուշեղը (Մ. Իշխան), որ մեծ փափկանկատութեամբ եւ «ոտքի վրայ» կը յայտնւէր մեր խմբագրական նիստերուն առանց միջամտելու մեր քննարկումներուն եւ հեռւէ հեռու կը փոխանցէր իր թելադրութիւնները։

Սըրը ուզեց, որ «Ջահակիր»-ի այս բացառիկին առաջին օրինակը խմբովին յանձնէինք պրն. Վրացեանին։ Կը յիշեմ Սըրին ոգեւորութիւնը, երբ կը բարձրանայինք սանդուխներէն։ Պրն. Վրացեան ընդունեց մեզ մեծ ջերմութեամբ, որ արտայայտութիւն կը գտնէր իր լռակեաց եւ ծանրախոհ ժպիտով։ Շնորհաւորեց մեզ, նստաւ իր բազկաթոռին եւ լուռ թերթեց համարը։ Յետոյ բարձրացուց գլուխը եւ տւաւ իր խիտ եւ տոկուն գնահատականը՝ «Լա՛ւն է…»։ Բառերով ժուժկալ մեր մեծ ուսուցիչը աւելին ըսելու պէտք չունէր։ Իր ամբողջ անձնաւորութիւնը կը ճառագայթէր ուրախութեամբ։

Յաճախ մտածած եմ, թէ ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են տարիներու ընթացքին լոյս տեսած «Ջահակիր»-ի թիւերը։ Արդեօ՞ք վերապրած են անոնք տեղ մը, մէկու մը գրադարանին մէջ։ Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի անոր հաւաքածոն Ճեմարանի պահոցներուն մէջ։ Տարիներ առաջ, Վաշինգտոնի ՀՅԴ Սեպուհ կոմիտէութենէն իմ լուսահոգի ընկերը՝ Հայկ Կաքաւեան «Ջահակիր»-ի քանի մը համարներ փոխանցեց ինծի։ Անզուգական նւէր մըն էր, զոր յուզումի ալիքներով ընդունեցի այդ պահուն։ Մեր օրերու համարները չէին եւ սակայն անոնց համեստ էջերը կը խօսէին մեծ յիշատակներով։ Յիշեցի յատկապէս Սըրը եւ իր հրաշալի խանդավառութիւնը մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին։

Սըրին հետ կապւած մանրավէպերու ամբողջ հարստութիւն մը գոյութիւն ունի, որ կը մնայ անգիր մեր բոլորին յիշողութեան մէջ։ Մեր սերունդի ճեմարանականներու հանդիպումները աշխարհի անսպասելի ուղիներուն վրայ, տարիներու ընթացքին,  առիթներ հանդիսացած են այդ յիշողութիւնները կրկին ու կրկին ոգեկոչելու։ Միշտ ալ նկատած եմ, որ Սըրը կը շարունակէր ապրիլ մեր մէջ, ինչպէս՝ մենք իրեն։

Սըրը բարութեան խորհրդանիշն էր մեր կեանքին մէջ։ Ազնւութեան, պարկեշտութեան, վեհանձնութեան խաչակիրն էր ան իր համեստ կենսակերպի բոլոր դրսեւորումներով։ Անհամար են իր անձնական բարեգործութիւնները, որոնք երբեք անուն չեն ունեցած եւ չունին։ Տարիներու ընթացքին — եւ յետ մահու միայն – կրցեր եմ բացայայտել այդ պարագաներէն շատերը եւ շշմեր… Հազւագիւտ են Սըրին պէս մարդիկ։ Կեանքը պէտք է շատ ունենայ այս հարստութենէն եւ դժբախտաբար միշտ չէ, որ ունի։ Անոնք երեւի ստեղծւած են, որպէսզի զգանք մարդ արարածին իսկական մեծութիւնը եւ ամէն ճիգ ընենք հասնելու այդ մեծութեան։ Ստեղծւած են, որպէսզի մենք՝ ինքնե՛րս կարողանանք նւաճել այդ չափանիշները։ Նւաճել զմե՛զ։ «Մինչեւ հոս ես կրնայի բերել ձեզ. մինչեւ հոս կարելի է բերել մարդը, բայց հոսկէ անդին… հոսկէ անդին մարդ ի՛նքը պիտի երթայ…», կըսէ Լեւոն Շանթի Վանահայրը։ «Հին Աստւածներ»-ու այս տողերը միշտ կը յիշեմ, երբ կը յիշեմ Սըրին անմոռանալի կերպարը իր ամենօրեայ հեւքին մէջ։

Երբ ան ի վերջոյ յօժարեցաւ հանգստեան կոչւիլ, որոշեց ճամբորդութիւն մը ընել դէպի Ամերիկա եւ գտնել հետքերը իր ցանած հունտերուն։ Ըսեմ, որ ան համեմատաբար երկար կեանք ունեցաւ եւ իր աչքերով տեսաւ Արեւմտեան Բէյրութի մեր շքեղ ոստանին – եւ դպրոցի՛ն — անշքացումը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բովին մէջ։ Այդ հրաշալի համալիրին մէջն էր, որ ինք ծառայեց հայակրթութեան որպէս անխոնջ մշակ։ Նախ Լեւոն Շանթի (Աղբալեանը արդէն մահացած էր, երբ Սըրը եկաւ ճեմարան), ապա Սիմոն Վրացեանի եւ ի վերջոյ Հրաչ Տասնապետեանի առաջնորդութեամբ, ան մաս կազմեց մեր ուսուցիչներու մատեան գունդին եւ պատւով աւարտեց իր առաքելութիւնը։

Նիւ Եօրքի մէջ, Սըրը հիւրն էր (այլոց կարգին) նաեւ մեր ընկերներէն՝ Վարդան Գրիգորեանին, որ կարծեմ Նիւ Եօրքի Հանրային մատենադարան (New York Public Library) հեղինակաւոր հասատատութեան Նախագահն էր այդ օրերուն։ Վարդանը հրաւիրւած էր ԱՄՆ-ի Նախագահական պալատ (Սպիտակ տուն) յատուկ հանդիպման մը եւ իր այդ ժամադրութիւնը կը զուգադիպէր Սըրին այցելութեան օրերուն։ Վարդանին առաջարկն էր, որ Սըրը ընկերանար իրեն դէպի Վաշինգտոն Սպիտակ տան շրջագայութիւնը ընելու։ Կուզէր նաեւ իր հիւրընկալ՝ ԱՄՆ-ի Նախագահին ծանօթացնել իր ուսուցիչը… Եւ մեծ եղաւ Վարդանին յուսախաբութիւնը, երբ Սըրը բացարձակապէս մերժեց այս բացառիկ պատիւը։ Վարդանին թախանձագին պնդումները պարզապէս արդիւնք չտւին։ Սըրը մէկ պատասխան ունէր։ «Ես լիովին վարձատրւած եմ, որ իմ աշակերտս հրաւիրւած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ տեսակցելու…» (I am fully rewarded by the fact that my pupil is invited to meet with the President of the United States of America.) «Սպիտակ Տունը ձեր տեղն է, իմս չէ։ Տէր ընդ ձեզ։» (The White House is YOUR place. Not mine. Godspeed!)

Վարդանը խնդրեց, որ իր բացակայութեան ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքի ճեմարանականներս հանդիպում կազմակերպէինք Սըրին հետ։ Ունէինք քանի մը շատ թանկագին ժամեր մեր աննման ուսուցչին հետ։ Վրէժուհին եւ ես փութացինք Սպիտակ տան կողքին գտնւող Վիլըրդ հիւրանոցը։ Ուզեց, որ ելլէինք իր համարը։ Տասնամեակներու  կարօտը կար մեր ողջագուրման լուռ վայրկեանին մէջ։ Եւ թւեցաւ, որ մեր խօսակցութիւնը շարունակւեցաւ ճիշտ այն կէտէն, ուր ան ընդհատւած էր, տարիներ առաջ, ճեմարանի մեծ դարպասին առջեւ… Նկատեցի, որ սեղանին վրայ էր Դէյւիդ Լոյդ Ջորջի «Պատերազմի յուշեր»-ու հատորը… Յափշտակութեամբ խլեցի թերթատելու համար։ Վարդանին գրադարանէ՞ն էր։ Ոչ, ըսաւ, հետս բերի. ճամբան կարդալու համար… Գրքեր կան, որոնք պէտք է կարդացւին քանի մը անգամ, ըսաւ։ «Պատճառ մը կար, որ իրենց զրահանաւերը չէին կրնար մեր լեռները բարձրանալ…», ըսաւ։ Մենք դեռ շատ բան ունինք սորվելու… աւելցուց։

Ճեմարանականներու փոքրիկ մեր խումբը, այդ իրիկուն, բոլորւեցաւ մեր տան ճաշասեղանին շուրջ։ Սըրին բարձր հասակը նոյն պատկառելի տեսքը ունէր եւ ձայնը՝ նոյն ազնիւ ու ինքնավստահ շե՛շտը։ Հակառակ քաղաքացիական պատերազմի մեծ վերիվայրումներուն՝ ան պահպանած էր իր թարմ եւ անուշ սրամտութիւնը։ Ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ւր հասած էր մեզմէ ամէն մէկը։ Հետաքրքրւեցաւ մեր այլ ճեմարանական ընկերներով եւ ընկերուհիներով։ Նկատեցի, որ «գաղտնօրէն» կը հետեւէր մեր անգլերէն խօսակցականի որակին… Նոյնիսկ ըրաւ քանի մը քերականական յիշեցումներ… պոռթկուն քաշքշուքներու տեղի տալով։  Յանկարծ կրկին Ճեմարա՛նն էր այդ իրիկուն։ Անկեղծ, սրտբաց, հարազատ, խանդավառ, եռուն, ճառագայթող։ Ոչ ոք մտածեց, որ այս մէկը մեր վերջին հանդիպումն էր Սըրին հետ։

Յարգա՜նք իր յիշատակին։

Փետրւարի 3, 2025 թ.

Related Articles

Back to top button