Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի

Բէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 18 մայիս 2025-ին. այս ընտրութիւններուն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ ուրոյն ցանկերով ու թեկնածուներով, ինչպէս նաեւ ցանկակիցներով ու ընտրական համաձայնութիւններով:
Այնճարի պարագային արդէն յայտարարած ենք, որ մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ընտրւած հռչակւած են մեր առաջադրած քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան 18 եւ թաղապետութեան 7 թեկնածուները: Այնճարի մեր հայրենակիցներուն հետ համախորհուրդ կազմւած այդ ցանկերը ցոլացուցին շրջանի զանազան շերտերու հարազատ պատկերը, իսկ անոնց միաձայնութեամբ ընտրութիւնը գործնական թարգմանութիւնը հանդիսացաւ շրջանի բնակչութեան միակամութեան: Այժմ նորընտիր կազմերուն կը սպասէ շրջանին ու բնակչութեան ծառայելու վեցամեայ պարտաւորութիւն, որուն համար անոնց կը մաղթենք կորով ու յաջողութիւն:
Բէյրութի մէջ ընտրութիւնները տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն անդին կը պարզէին քաղաքական եւ նոյնիսկ համալիբանանեան խորք ու տարողութիւն. արդարեւ, լիբանանեան իւրայատկութիւն հանդիսացող կրօններու եւ համայնքներու համակեցութիւնն ու անոնց միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու իմաստով խորհրդանշականէն աւելի է մայրաքաղաքի քաղաքապետական եւ թաղապետական պատկերը. անիկա կոչւած է ոչ միայն օրէնքի, այլեւ՝ ժողովրդային ընտրանքի ուժով արտայայտելու եւ ամրապնդելու համակեցութեան, միասնութեան եւ հաւասարակշռութեան այդ պատկերը:
Այս գիտակցութենէն մղւած՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց երեք ուղղութեամբ աշխատանքի. Կենտրոնական կոմիտէի հրաւէրին ընդառաջեցին մայրաքաղաքի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերը, որոնց յաջորդական հանդիպումներն ու անոնց ընթացքին ի գործ դրւած Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետեւողական ջանքերը պսակւեցան անոնց միացեալ ցանկի կազմութեան եւ համախումբ ներկայանալու համաձայնութեան. ասոր հիման վրայ աշխատանք տարւեցաւ գոյացնելու քաղաքապետական խորհուրդի միացեալ ցանկ, որ կը համախմբէ վերոյիշեալներու կողքին նաեւ մայրաքաղաքի իսլամ զանգւածներու հարազատ ներկայացուցիչները հանդիսացող եւ միաժամանակ համակեցութեան պահպանումին նախանձախնդիր քաղաքական ուժերը. երրորդ եւ նոյնքան կարեւոր ուղղութիւնն էր լիբանանահայութիւնը ներկայացնող երեք կուսակցութիւններու հայկական ներկայացուցչութեան առնչութեամբ վաղուց համաձայնւած տարազի ամրապնդումը, լիբանանահայութեան հարազատ ներկայացուցչութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ:
Գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ վերոյիշեալ երեք ուղղութիւններով տարւած աշխատանքը պսակւած է յաջողութեամբ: Մեր առաջադրած հիմնահարցերուն շուրջ ընտրական համախմբումները մարմին առին «Բէյրութը մեզ կը համախմբէ» քաղաքապետական, ինչպէս նաեւ Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի եւ Մտաուարի համախմբող ցանկերուն պատկերով:
Կիրակի, 18 մայիս 2025-ի ընտրութիւններուն բէյրութցիներու վերոյիշեալ ցանկերուն պարգեւած քուէները, բայց մանաւանդ՝ լիբանանահայութեան այդ ցանկերուն հանդէպ արտայայտած վստահութիւնը վստահութիւն է մեր կատարած ընտրանքներուն եւ համակեցութիւնը պահպանող ուղեգիծին:
Վարձքը կատա՛ր այս ընտրութիւններուն համար տիւ եւ գիշեր աշխատած մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն:
Բի՛ւր շնորհակալութիւն մեր առաջադրած թեկնածուներուն, զանոնք ընդգրկած ցանկերուն եւ մեր առաջադրած նպատակներուն ի նպաստ քւէարկած հայորդիներուն:
Կը շնորհաւորենք քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ թաղապետ ընտրւած մեր հայրենակիցները, անոնց յուշելով, որ ժողովրդային այս վստահութիւնը պարտաւորեցնող է եւ հարկ է զայն արդարացնել մեր հայրենակիցներու իրաւունքներուն, կարիքներուն եւ պահանջներուն համար հետեւողական եւ անդուլ աշխատանքով:
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ