Դաշնակցական Բեմ

Այսօր իսկ քանդել ջլատող օղակները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Վերջին շրջանին, Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ պարուրւած է խառնաշփոթութիւն մատնող մշուշով:

Պատճառները բազմաթիւ են. մէկ կողմէ՝ կան Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի պահանջներուն առջեւ նոր նահանջներ արձանագրելու իշխանութեան նշանները, արտաքին այլատեսակ ճնշումներ, որոնք ընդհանրապէս կը միտին Հայաստանի շահերը զոհաբերել ճնշողներու ծրագիրներուն իրականացման, իսկ ներքին գետնի վրայ, կան տնտեսական, ընկերային եւ բազում այլ գործօններ:

Խառնաշփոթութեան ծանրացման իր «նպաստը» բերաւ այլ գործօն մը, որ նորութիւն չէ, սակայն կարծէք թէ կը հրամցւի իբրեւ նորութիւն. այսինքն՝ վարչապետի պաշտօնազրկման (կը նախընտրեն օտարաբանութիւնը՝ իմփիչմընթ) առաջարկը՝ խորհրդարանին մէջ անոր դէմ բաւարար թիւով քւէներ ապահովելու ճամբով, ինչպէս կը պահանջեն օրէնքները:

Նպատակ չունինք մտնելու այն բանավէճին մէջ, թէ արդեօք նման նախաձեռնութիւն կրնա՞յ յաջողութեան հասնիլ, իսկ եթէ չհասնի, ո՞վ պիտի ըլլայ օգտւողը, կամ թէ՝ արդեօք նման նախաձեռնութիւն ունի՞ յետին նպատակ, քան այն՝ ինչ որ յայտարարւած է, այսինքն՝ իշխանութենէ հեռացնել կործանարար վարչախումբը (եւ այլն, եւ այլն): Կուզենք անցնիլ ծաւալող բանավէճերէն անդին, մեր աչքերը ուղղել դէպի իսկական հորիզոններ, որոնք ձեւով մը կը մշուշապատւին նա՛եւ այս բանավէճերուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ:

***

Նախ ընենք քանի մը հաստատում: Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ ասոնք «անիւի գիւտ»-ին համազօր չեն, այլ բազմիցս կրկնւած եւ եզրակացութիւններու հասած-հասցուցած ճշմարտութիւններ:

Ա. Անխուսափելի հրամայական է որ այս իշխանութիւնը պէտք է օր առաջ հեռացւի երկրի ղեկէն: Այս է համոզումը ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադիրներուն, այլ խորհրդարանէն դուրս մնացած բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ խմբաւորումներու: Իսկ երբ կըսենք ընդդիմադիր՝ ի մտի չունինք անոնք, որոնք ընդդիմադիրի դիմակ հագած՝ իշխանութեան շեփորահարներն ու կամակատարներն են, որոշ դրսեցիներու շահերուն գործակատարները: Այսպէ՛ս կը դատէ նաեւ ժողովուրդի լայն զանգւածը, մինչեւ իսկ անոնք, որոնք պահ մը տարւած էին իշխանաւորներու խաբէութիւններով ու քւէ տւած էին անոր:

Բ. Բոլոր ընդդիմադիրներն ալ հաստատած են, ու բազմի՛ցս, որ ՔՊ-ականներուն իշխանութենէն հեռացումը մէկ խմբաւորումի հասողութենէն վեր է, ո՛չ միայն անոր համար, որ ընդդիմադիրները բաւարար թիւով աթոռ չունին խորհրդարանին մէջ, այլ մանաւանդ այն պատճառներով, որոնք (նմանապէս բազմիցս փաստւած) ցոյց կու տան, թէ վարչախումբը ցարդ իր կողքին ունի ուժայինները, կռնակին՝ թուրք-ազերիական ճակատը, եւ անոնցմէ անդին՝ բոլոր անոնք՝ որոնք այս կամ այն ձեւով շահ ունին Հայաստանի այժմու՝ անկարողութեան մատնւածի վիճակէն (իսկ իշխանաւորները, աւելորդ է ըսել, ո՛չ մէկ ճիգ կընեն այս վիճակը դարմանելու-շրջանցելու համար): Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ո՛չ միայն խորհրդարանական ընդդիմադրութեան միասնութեան վերականգնումն ու ամրապնդումը, այլ անոր կողքին բացայայտօրէն ապահովել իսկական ընդդիմադիրներու ձեռքերը, բոլոր հայրենասէր-հայրենապաշտպան «դասակարգերուն» անվերապահ զօրակցութիւնը: Այլ խօսքով՝ ԼՈՒՐՋ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺՆԵԿՑՈՒԹԻՒՆ: «Դասակարգեր» ըսելով, ի մտի ունինք Եկեղեցի եւ յարանւանութիւններ, մասնագիտական խմբաւորումներ (բժիշկ, ճարտարապետ, գիտնական, արհեստագէտ եւ այլ մարզի ծառայողներ), արւեստագէտներ ու մտաւորականներ (յիշենք Արցախեան Շարժումի սկզբնական փուլը), եւ անշո՛ւշտ որ ուժայինները (բանակ, ապահովութեան ուժեր, սպասարկութիւններ): Մէկ խօսքով՝ մեր ամբողջ ժողովուրդը, որ կընդգրկէ Սփիւռքը: Ճի՛շտ է, որ յիշեալներէն որոշներ գործնապէս մասնակից են ալիք-ալիք բարձրացող շարժումին, սակայն ընդդիմադիրներուն առաջադրածը՝ իշխանափոխութիւնը, չի կրնար իրականութիւն դառնալ, եթէ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԱՐԺԷՔԻՆ ԳԻՏԱԿ՝ անոր բաղկացուցիչ բոլոր խմբաւորումները լիարժէքօրէն մասնակից չըլլան համընդհանուր շարժումին: Հոս աւելորդ կը նկատենք երկար-բարակ արձանագրել նաեւ այն պատճառներն ու արտաքին ու ներքին գործօններուն ազդեցութիւնները, որոնց հետեւանքով, 2020-էն ասդին ծնած ու բարձրակէտերու հասած շարժումները սպասւած յաջողութիւնը չունեցան:

***

Որքան որ հետեւած ենք Հայաստանի զանգւածային մամուլի տարբեր պատուհաններէն սփռւող հարցազրոյցներու, նկատած ենք, որ թէ՛ բանիմաց եւ թէ՛ վարձկան զրուցավարները կը դնեն հասարակաց հարցումներ: Ի՞նչ կարելի է ընել, ինչպէ՞ս լուծել հանգոյցները, ինչպէ՞ս վերագտնել ճիշտ ուղին, փրկել երկիրն ու ազգը, հողն ու անոր տէրերը:

Հոս ալ, ըսենք, նպատակ չունինք արտայայտւած շինիչ եւ արդար տեսակէտներուն ծաղկաքաղը ընելու, այլ, ինչպէս նշեցինք սկիզբը՝ անցնիլ քիչ մը անդին եւ փորձել դիտել մշուշապատ հորոզոնին իրական ուրւագիծերը (բնականաբար չենք կրնար կատարեալ ու սպառիչ ըլլալ այս սիւնակին մէջ, այլ ընել ԸՆԹԱՑԻԿ-էն անդին տանող փորձ մը եւս): Ուրեմն, փորձենք արձանագրել քանի մը կէտ, մի՛շտ մնալով նորութիւն չբերողի, այլ հասարակաց ճշմարտութիւնները մէկտեղողի դերին մէջ:

Ա. Իշխանափոխութիւնը, ինքնին, վախճանական նպատակ չէ, այլ ՄԻՋՈՑ՝ այժմու վնասարար ընթացքէն դուրս գալու: ՄԵԾ ՈՒ ՏԱԺԱՆԱԿԻՐ ԳՈՐԾը պիտի սկսի անկէ ետք:

Բ. Ճիշտ է, որ գլխաւոր թիրախը վարչապետի պաշտօնը (նաեւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական համակարգերը, ուժայինները) մենաշնորհի վերածողն է, սակայն համապարփակ թիրախը ամբողջ վարչախումբն է. ընդունելի չէ որեւէ մէկուն աչքին՝ որ իշխանափոխութիւնը յանգի Փաշինեանի մէկ տարբերակին, անիկա ըլլայ այլ ՔՊ-ական, կամ ՔՊ-էն հեռացած խաղացող(ներ): Այլ խօսքով՝ անհատէն աւելի՝ ազգավնաս մտածողութեան եւ վարքագիծին վերջակէտ դնելն է: Շեշտենք. անհատը ստորադասել հիմնական ուղեգիծին: Չէ որ անհատը, որքան ալ յարգելի եւ կարողութիւններով, կապերով օժտւած ըլլայ, գնայուն է ի վերջոյ…

Գ. Վերի կէտերուն կը հետեւի այն, որ իշխանափոխութեան ՄԻՋՈՑէն անդին, կան նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր քայլեր: Եւ առաջին հերթին՝ առնւազն 44-օրեայ պատերազմէն ասդին արձանագրւած կորուստներն ու վնասները վերականգնելու կարողութիւնը ունեցող ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ-ի մը կերտումը: (Մեր մնացեալ պահանջները սոսկական երազ չեն): Բնականաբար մարդկային կորուստները եւ կարգ մը կոթողներու փոշիացումը անկարելի չէ վերականգնել, սակայն անկէ անդին՝ կարելի է շատ բան վերականգնել, դնել վերականգնումի ճամբուն մէջ: Սա կըլլայ ԽՕՍՔԷՆ ԱՆԴԻՆ՝ ԳՈՐԾԻ, ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՑՆԵԼՈՎ:

Դ. Ամբողջական ծրագիրին մշակումը կը կարօտի ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ծրագիներուն եւ մտածումներուն միացման, անոնց մէջ եղող հասարակաց գիծերուն մէկտեղումին ու ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ գործին յատակագիծի կազմութեան: Եթէ այսօր կան տեսակէտներու որոշ տարբերութիւններ, պէտք է իմաստութիւնը եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ցուցաբերել դասակարգելու առաջնահերթն ու նւազ առաջնահերթը, եւ կենտրոնանալ առաջնահերթին վրայ: Եւ գաղտնիք չէ, որ գլխաւոր առաջնահերթութիւններուն շուրջ ընդհանուր համախոհութիւն կը տիրէ: Նմանապէս գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի – եւ Սփիւռքի – մէջ կան հասուն ու կարող, բանիմաց հայորդիներ: Հայութեան քաղաքական միտքը չէ ցամքած, հրամայական է կենսաւորող կաթիլներուն մէկտեղումը, մեր դիմաց տարածւող (եւ ցամաքումի մատնւած) դաշտերուն ոռոգումը:

Ե. Դուրս գալ շա՜տ հինէն «աւանդ» մնացած մտածելակերպ-գործելակերպէ մը, ըսել կուզենք՝ «ո՞վ պիտի ըլլայ առաջնորդը» հարցումին պատասխան մը գտնելու՝ մաշեցնող ընթացքէն: Եթէ պահ մը պաղարեամբ մտածենք եւ ապագան դիտենք, դժւարութիւն պիտի չունենանք տեսնելու, որ երբ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒ փնտռտուք եմ ԱՆՀԱՆՏԵՐԷ կառչածութիւն կը ստեղծւի, երթը անպայման տեղ մը քաոսային վիճակի կը մատնւի (կամ զայն քաոսի մտնող կըլլայ): Հեռու չերթանք եւ խօսինք մեր աչքին առջեւ հի՛մա պարզւող պատկերին օրինակով:  ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԷՏ. պէտք չէ կասկած ունենալ, թէ անոնք՝ որ վարչապետին պաշտօնազրկումը խորհրդարանի ճամբով իրականացնելու նախաձեռնութիւնը վերստին հրապարակ բերին, հայրենասէր են եւ բարի նպատակ կը հետապնդեն, մեր նպատակը զանոնք, կամ վերապահութիւն, կասկած արտայայտողները քննադատել չէ. սակայն ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ասդին: Այս առաջարկին նկատմամբ արդար վերապահութիւն ունեցողներ յանկարծ թիրախաւորւեցան, իբրեւ թէ դէմ են պաշտօնազրկման առաջադրանքին (սա ճիշտ չէ անշուշտ), իսկ առաջարկին ի նպաստ դիրքաւորւած այլ ազդու ընդդիմադիրներ հասկացողութեամբ ընկալեցին այդ վերապահութիւնը եւ որոշ կէտերու մէջ համակարծիք եղան անոր՝ այժմու պայմաններուն մէջ ու տւեալներով՝ գրեթէ անիրագործելի ըլլալու բացատրութիւններուն: (Օրինակներ չենք ուզեր արձանագրել): Անդին, հրապարակ եկաւ «մրցակից» նախաձեռնութիւն մը, որուն ձեռնարկողներն ու վարչապետի անոնց թեկնածուն… խեղկատակութեան վերածեցին նախաձեռնութիւնը (չմանրամասնենք): Մամուլը եւ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ անզգալաբար ինկան ծուղակին մէջ. մամուլը դիմեց շուտիկութեան եւ ջուր լեցուց այլապէս չքողարկւած տարակարծութիւններուն ջաղացքին (իսկ ո՞վ կըսէ, որ ամէն մարդ-կուսակցութիւն-խմբակ պէտք է կէտը-կէտին համաձայն ըլլայ միւս ընդդիմադիրի տեսակէտներուն: Ժողովրդարավութիւնը լայն տեղ կու տայ տեսակէտներու տարբերութեան, բացի հոն, երբ կայ հիմնականը: Համայնավար ու նման «միակարծիք» մտածողութիւններն են որ չեն հանդուրժեր նւազագոյն «շեղումը»): Մի՛շտ մնալով պաղարիւն դիտարկումի մակարդակին վրայ, ըսենք՝ որ ստեղծւած ծուղակէն դուրս գալու համար, այս հանգրւանին՝ էականը այն չէ, թէ ո’վ պիտի գլխաւորէ նոր իշխանութիւնը, այլ այն՝ որ ինչպիսի՛ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ մը ատակ է բազմաթիւ տաք շագանակները կրակէն դուրս բերելու, անխուսափելիօրէն ձեռքերը այրելով: Այլ խօսքով, պէտք է ինքնադարմանումի դիմել, ձերբազատիլ ՄԷԿ ՂԵԿԱՎԱՐ-ի փնտռտուքին պարտադրած կաշկանդումներէն եւ որդեգրել ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ունենալով մտածողութիւնը (անհատները անկարեւոր չեն, սակայն…): Սա աննախընթաց բան չէ, տարբեր երկիրներու մէջ, անցեալին թէ ներկայիս, կան «կոճատներ» համախմբող՝ համախոհական կառավարական տարազներու (քոալիսիոն) տարբերակներ, բազմաթիւ օրինակներ: Պայման չէ անոնցմէ մէկն ու մէկը կրկնօրինակելը, այլ տեսնել, սկսելու համար, թէ մեզ կաշկանդող «շղթաներէն» անդին ի՞նչ կարելիութիւններ կան:

Զ. Իշխանափոխութեան յաջորդելիք փուլը, որ իսկական եւ դաժան մարտահրաւէրներու շրջանը պիտի ըլլայ, կը կարօտի ո՛չ միայն մեր ակնարկած       բոլոր հայրենասէր ու հաւատարիմ ընդդիմադիրներու ձեռքերուն միացման, այլ նաեւ իւրաքանչիւր խմբաւորումի եւ կուսակցութեան սերուցքին՝ մասնագէտներուն մէկտեղման: Ատիկա կըլլայ նոր կառավարութեա՞ն, թէ՞ նա՛եւ անոր հովանիին տակ գործի կոչւելիք վարչամեքենաներուն մակարդակներուն վրայ՝ պատասխանը յստակ է: Էականը այն է, որ իւրաքանչիւր կալւածի մէջ (պաշտպանութիւն, դիւանագիտութիւն-յարաբերական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ) ԲԱՆԻՄԱՑ մասնագէտներ, փորձառուներ բերւին գործի, որովհետեւ այժմու իշխանութեան մէջ նորաձեւութիւն է գործէ չհասկցողները պաշտօնի բերելը, անբաններ մէկը միւսով փոխարիները: Միակ տեւականը… պարգեւավճարներու պահպանումն է:

Է. Կարեւոր կէտ մը ալ այն է, որ մեր երկիրն ու քաղաքական դաշտը իրենք զիրենք ձերբազատեն շինծու «կլասնոսթ»-էն, այսինքն՝ ամէն քայլափոխի եւ տերեւի իւրաքանչիւր՝ իսկական կամ շինծու շարժումի մասին հրապարակումներէ, նմանապէս՝ իսկական թէ բռնազբօս քննարկումներու ընթացքէն: Մասնաւորաբար ընդդիմադիրները շատ բան կը շահին, եթէ իրենց աշխատանքներուն մեծ մասը փոխադրեն քուլիսներու սենեակները, հրապարակ չբերեն իրենց ամենայետին տարակարծութիւնները եւ մօտեցումներու տարբերութիւնները, այլ որդեգրեն աւելի՛ դռնփակ գործելու ոճ, եւ սա՝ չարաշահումներու, խեղաթիւրումներու առաջքը առնելու մտասեւեռումով: Այս ալ նորութիւն չէ. եթէ մէկը հետեւած է կարգ մը երկիրներու առնւազն վերջին ամիսներու ընտրապայքարներուն, ընտրութիւններէ առաջ եւ վերջ՝ մրցակիցներու եւ համախոհներու միջեւ լուսարձակներէ հեռու բանակցութիւններուն, մինչեւ իսկ «սակարկութիւններուն»՝ պիտի տեսնէ, որ հոն «բաց պատարագ»ի վարմունքը նախընտութիւն չէ շահած, եւ անոր համար ալ ընդհանրապէս ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՈՒԱԾ է: Նման ոճ որդեգրւած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններուն համար: Նոյնքան կարեւոր է որոշ հակակշիռ բանեցնել այս կամ այն լրատւամիջոցի տարած գործին վրայ, որպէսզի յօնք շինելու նպատակով գործող լրագրող մը կամ զրուցավար մը աչք չհանէ: Սա մամուլի ազատութեան կաշկանդում չէ, այլ հակակշռում՝ մամուլի եւ արտայայտութեան ազատութեան չարաշահման, անիկա կըլլայ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, դրդւած կամ յետին նպատակներով: Այն վիճակը, որ ստեղծւած է 2020-էն ասդին, շա՜տ մը պերճանքներէ զրկած է Հայաստանը, նման հակակշռում՝ ո՛չ գրաքննութիւն է, ո՛չ ալ… պերճանք մը խնայել*):

***

Կորուստէ կորուստ գացող ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ն ու ազգը կը հարկադրեն նման՝ անձնական ու հաւաքական «զրկանքներ», յաճախ ակամայ՝ թերի մտածողութենէ ձերբազատում եւ մանաւանդ մշուշապատ հորիզոնի պարզացում: Վերոյիշալ եւ բազում այլ ընտրանքներու համար, նմանապէս պայման չէ, որ ընդդիմադիրները՝ փրկարարները, լիովին կաշկանդւին օրէնքի այս կամ այն կէտով, ստորակէտով, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք ամէն օր եւ ահաւասիկ աւելի քան 7 տարիէ ի վեր, իշխանախումբը ոտնատակ ըրած է ամէն օրէնք, նոյնինքն Սահմանադրութիւնը, իշխանութեան տարբեր թեւերուն միջեւ փոխհսկողութեան տարրական սկզբունքները եւ շատ ու շատ բան (ի՜նչ խօսք հողերու կորուստին եւ թշմանիին ծրագիրներուն գործադրողի դերին մասին):

Քաղաքական բանավէճերու «սակարանէն» անյապաղ պէտք է դուրս քշել նաեւ այն տրամաբանութիւնը, թէ իշխանափոխութեան առաջադրանքներն ու բարեշրջման ձգտումը կրնան կապւիլ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւններուն (չէ՞ որ որոշ յայտարարութիւններ կը դիտւին ընտրապայքարի աչքով): Կարելի՞ է համաձայն չըլլալ ընդդիմադիր բանիմաց անձնաւորութեան մը, նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը այն մտահոգութեան (միակը չէ), թէ մինչեւ յառաջիկայ տարւան ընտրութիւնները՝ այս իշխանութիւնը կրնայ բազմաթիւ նոր պատուհասներ, նոր կորուստներ բերել Հայաստանի գլխուն, հետեւաբար, ՁԵՌՔԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ՀԻՄԱՄԲ ԳՈՐԾԻ ԱՆՑՆԻԼԸ անյետաձգելի են (անյետաձգելի էին աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր…), ուրեմն, պէտք է այսօ՛ր իսկ քանդել ջլատող ամէ՛ն օղակ:

20 Մայիս 2025

 

(*) Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»ի սկզբնական մէկ հանգրւանին, 1977-ի սկիզբը, կառավարութիւնը խիստ գրաքննութիւն պարտադրեց Լիբանանի թերթերուն, ճշտելով յստակ սահմաններ: Մինչ այդ, հակադիր հոսանքներու թերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններ իսկական արշակաւան մը ստեղծած էին: Բնականաբար մամուլի ազատութիւններով հպարտացող Լիբանանի մէջ, սա որոշ կաշկադում եւ մե՛ծ ընդվզում ստեղծեց, սակայն իշխանութիւնը մնաց անզիջող եւ… երկիրն ու լրատւութիւնը որոշ չափով եղան շահաւոր: Մնացեալը պատմութիւն է:

Related Articles

Back to top button