Շեղող խեղկատակութիւններ եւ դառն իրականութիւն
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Օր չանցնիր, որ աշխարհի այս կամ այն ծագէն խեղկատակ բեմադրութիւններու ականատես-ականջալուր չըլլանք, խաղեր՝ որոնց հիմնական նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հեռացնել իրական տագնապներէ՝ իրենց ապրուստի պայմանները աւելի՛ դաժան դարձնող իրադարձութիւններէ:
Թւենք քանի մը օրինակ (աւելին՝ մեզ պիտի հասցնէ հատորի մը):
Ա. Դոնալդ Թրամփի նախագահ վերընտրութեան փոթորիկը ցունամիի միայնակ ալիք չէր, անոր յաջորդեցին ու կը յաջորդեն ամենօրեայ ցունամիներ, որոնք մոռացութեան գիրկը կը նետեն նախորդները: Նորագոյն ալիքնե՞րը. նոր կառավարութեան կազմի անդամներուն շուրջ ստեղծւած փոթորիկներէն կը ծագին: Աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, պատկերասփիւռի խեղկատակ յայտագիրէ մը «ծնած» Թրամփ հիմա սկսած է իր շուրջը հաւաքել նման պատկերասփիւռային խեղկատակներ, վատահամբաւ, իրենց վստահւելիք գործերէն շատ բան չհասկցող կամ նոյնինքն տւեալ առաքելութեան չհաւատացողներու փաղանգ մը, որոնց շարքին են, իրեն պէս՝ գայթակղութիւններու մէջ դերակատար «հերոսներ»: Սա մամուլին եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ բարձրացուցած է բողոքի, ընդվզումի եւ քննադատութիւններու ալիքներ, որոնք տեղ մը իրենց ազդեցութիւնը կունենան: Օրինակի համար, արդարութեան նախարարութեան թեկնածու Մէթ Կէյթց, որ մեղադրւած է իբրեւ անբարոյական, քննադատութիւններուն դիմաց տեղի տւաւ եւ իր թեկնածութիւնը քաշեց հինգշաբթի օր (21 նոյեմբերին): Մարդուն մէջ բարոյականութեան հիւլէ մը կա՞յ եղեր…: Անոր քայլին պիտի հետեւի՞ն միւս համբակները, թէ՞ ամերիկեան քաղաքական բեմը պիտի ցուցահանէ կատարեալ սնանկութեան իր դիմագիծը, որուն մէկ այլ «միջնարարն» ալ կը հիւսւի Ջօ Բայդընի խռֆածութեան նորագոյն փատսերով…: Ողբերգութիւնը հոն է, որ ինչպէս որեւէ երկիր՝ Միացեալ Նահանգներն ալ զուրկ չեն կարող մարդոցմէ, սակայն պաշտօնի կը կոչւին կամակատար հտպիտներ, ինչպէս պատահեցաւ Ուկրաինոյ մէջ կամ այլուր:
Անդին, իրական կեանքի մէջ, նոյնքան ուշադրութիւն չեն գրաւեր իրական տագնապներ, սկսելով Ուկրաինոյ պատերազմը աւելի՛ եւս սաստկացնող ամերիկեան եւ այլ «նախաձեռնութիւնները», գերհզօրներու միջեւ անբարեխիղճ մրցակցութիւնները (չենք ուզեր մարզերը թւել հոս), երկրի տնտեսական անկումը եւ անկէ ծնած ընկերային հարցերը, կենսոլորտի մարդակերտ այլափոխման հետեւանքները եւ անոնց դիմաց աչք փակելները եւ այլն:
(Կատակ մը շրջան կընէ, թէ՝ զէնքի կարգ մը ընկերութիւններ գանգատած են, որ որոշ ընկերութիւններ բաւական զէնք ծախած ու հարստացած են, պէտք է առիթ տալ նաեւ ուրիշներու՝ հրթիռներ եւ ականներ արտադրողներու: Ուրիշներ ալ կարգի կանգնած են):
Բ. Ի՜նչ զու-գա-դի-պու-թի՜ւն: Հայաստանի վարչապետի աթոռին բազմած ՔՊ-ապետն ալ քանի մը օր առաջ փոթորիկ ստեղծեց նախ՝ մօրուքը ածիլելով, յետոյ, կառավարութեան նիստին, ջղագառ խեղկատակութեամբ մը՝ սպառնալիքներ տեղացուց «անբարեխիղճ» եւ «զինք ստախօս հանող» նախարարներու եւ պաշտօնատարներու գլխուն. յաջորդ արարը եղաւ առաջին կարգի (օտարը պիտի ըսէր՝ փրիմօ) նիկոլակա՛ն դրածոյ նախարարներու, մինչեւ իսկ արդարադատութեան մարզի, ազգային ժողովի նոյնքան դրածոներու պաշտօնազրկումը եւ նորերու նշանակման էջի բացումը: Եւ, ի՜նչ զարմանք, նշանակեալ «երիտասարդ եւ փորձառու» դրածոյ նախարար մը, կառավարութեան նիստի առաջին իսկ մասնակցութեան, «դնող»-ին կողմէ խայտառակւեցաւ իբրեւ գլխագիր թերացած (բայց, ըսէ՛ք, ո՞վ է չթերացողը): Մարդը կանդրադառնա՞յ արդեօք, որ գլխաւոր թերացողը ինք է, իր թերացումներուն եւ յանցանքներուն, մեղքերուն կոյտը՝ իր սիրած Արագածի չորս գագաթներուն բարձրութեան գումարը գլած-անցած են: Հիմա հարց է, թէ նոր դրածոները բարոյական ուժը պիտի ցուցաբերե՞ն ու խոստովանի՞ն, թէ ատակ չեն: Հարց ծագած է նաեւ, թէ արդեօք… հեծի՞կն ալ զոհ գացեր է մօրուքին հետ, իսկ «նախկիններ»-ուն հասցէին հնչած մեղադրանքները այնքան հինցած են, որ նորերը լիարժէքօրէն նոր մրցանիշներ կը հաստատեն…:
Անդին, իրական բերմին վրայ, տնտեսութեան անկումն ու ընկերային տագնապները, ներառեալ՝ արցախցի բռնագաղթւածներու հանդէպ հոգածութեան նահանջը, ու տակաւին՝ թուրքեւազերիական ծրագիրներու ընթացք տալը նետւած են լուսանցք, ժողովուրդին – եւ մամուլին ու քաղաքական շրջանակներու – ուշադրութիւնը շեղելու՝ յիշեալ շինծու (ո՛չ աննախընթաց) խաղերը ողողած են մարդոց կեանքը:
(Կատակ մը շրջան կընէ. կըսեն, թէ պաշտօնազրկումներուն իսկական պատճառը այն է, որ կարգ մը ՔՊ-ականներ գանգատած են, թէ պաշտօնավարողները բաւական հարստացած են իրենց դիրքը «տակից» շահագործելով եւ վրան-բաց պարգեւավճարներով, պէտք է առիթ տալ ուրիշներու):
Գ. Միջազգային ոճրային դատարանը վճիռ արձակեց Իսրայէլի վարչապետին, անոր նախկին նախարարին եւ ՀԱՄԱՍ-ի կարգ մը պաշտօնեաներուն դէմ, զանոնք ամբաստանեց իբրեւ ոճրագործ եւ ձերբակալման հրաման արձակեց անոնց դէմ: (Զոհն ու ոճրագործը հաւասարապէս մեղադրելով՝ կըսեն կատակասէրները, Ատեանը փորձեր է «հաւասարակշռութիւն» պահել եւ խուսափիլ իբրեւ կողմնակալ մեղադրանքէ): Եւ յանկարծ, փոթորիկ մըն ալ պայթեցաւ միջազգային բեմին վրայ, շատեր փութացին պաշտպանելու Իսրայէլի ոճրագործները, իբրեւ թէ անոնք իրաւունք ունին իրենց երկիրը պաշտպանելու: Հարց. եթէ պաղեստինցիները բազմատասնեակ հազարներով կը ջարդւին, ամբողջ քաղաքներ եւ գիւղեր հողին կը հաւասարեցւին, անոնք իրաւունք չունի՞ն ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Բարեբխատաբար եղան երկիրներ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործադրելու Նեթանիահուն ձերբակալելու վճիռը եւ… մեղադրւեցան ոճրագործին ու պաշտպաններուն կողմէ:
Եթէ այս վճիռը արդարութիւն կընէ եւ լուսարձակի տակ կը բերէ կազացիներու (ինչո՞ւ չէ նաեւ անուղղակիօրէն լիբանանցիներու) ողբերգութիւնը, հարցական կը մնայ, թէ այս ու նման վճիռներ գործնական ի՞նչ արտայայտութիւն պիտի ունենան: Իսրայէլի այս ու նախկին ոճրագործները՝ պետական պատասխանատուները առաջին անգամը չէ, որ կամբաստանւին իբրեւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃՐԱԳՈՐԾ, անցեալին, այլ ատեաններ ալ նման մեղադրանք փակցուցած են Իսրայէլի ճակատին: Իբրեւ պետական ոճրագործ՝ ամբաստանւած են Թուրքիան ու Ադրբեջանը՝ Արցախի, Սիրիոյ, Իրաքի եւ այլուր իրագործած ոճիրներուն, ցեղասպանական արարքներու համար, եւ համապատասխան պահանջներ դրւած են անոնց դիմաց: Այս առումով, Էրդողան, Ալիեւ եւ Նեթանիահու (եւ նմաններ) նոյն խրամատին մէջ են, կը մնան-կը պահւին անխոցելի, ունին ջե՜րմ պաշտպաններ, որոնք պատրաստ են իրենց դաւանած ամէնէն բարձր արժէքներն անգամ ցեխը ձգելու, ի խնրիր… շահերու պաշտպանութեան:
***
…Մարդկութիւնը այլապէս կը պահւի լուռ ու կրաւորական հանդիսատեսի աթոռներուն վրայ, անոնցմէ խլւած է իրականութիւնները, իրենց իսկ կրած անմիջական (ուղղակի եւ անուղղակի) վնասները տեսնելու-զգալու զգայարանքը: Իսկ թէ նման վիճակ որքա՞ն կրնայ տեւել՝ կախեալ է ԶԱՐԹՆՈՒՄ-ի կարողութենէն, զարթնումի պահը մօտեցնողներէ: