Սփիւռք

«Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութիւնը իր տարբեր ծրագիրներով կը միտի առկայծ պահել հայկականութիւնն ու կենդանի՝ Հայոց լեզուն

Հարցազրոյց «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանի հետ

Արդէն իսկ ընթացք առած են «Համազգային» Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կենտրոնական վարչութեան տարեկան առցանց նիստերը, որոնք նպատակ ունին քննել միութեան առկայ վիճակը, խնդիրներն ու նւաճումները եւ ծրագրել յառաջիկայի գործունէութիւնը: Այս առիթով «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեանին հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, ուր համապարփակ կերպով լուսարձակի տակ կառնւի միութեան այժմու մարտահրաւէրներն ու ձեռք բերւած յաջողութիւնները:

«ԱԶԴԱԿ».– Ի՞նչ են արդի պայմաններուն մէջ «Համազգային»-ի առաքելութեան առաջնահերթութիւնները:

ԶԱՔԱՐ ՔԵՇԻՇԵԱՆ.– Աւելի քան 95 տարիներէ ի վեր «Համազգային»-ի առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը. հայեցի կրթութեան ու մշակոյթի շունչով թրծել սփիւռքի մէջ նորահաս սերունդները, ամրապնդել կապը ազգային ինքնութեան ու հայկական արժէքներու հետ՝ արծարծ պահելով Հայ Դատը, եւ սփիւռքի մէջ հայութեան համար ստեղծել գեղեցիկ, առոյգ ու գողտրիկ հայկական միջավայր, ուր հայօրէն ապրիլը երանութիւն է հայ ըլլալու արժէքը իմացողներուն եւ կեանքը հայօրէն ապրիլ որոշողներուն համար:

Բնականաբար ժամանակի թաւալումին հետ այս բոլորը կը նորոգւին, եւ իւրաքանչիւր սերունդ ի՛ր ապրելաոճն ու նախասիրութիւնները կորդեգրէ, սակայն համազգայնականներու իրերայաջորդ սերունդներուն համար ամէն բանէ առաջ առաջնային եղած են անցեալին, ի գին մեծ զոհողութիւններու ո՛չ միայն ձեռք բերւած արժէքները պահելն ու պահպանելը, այլ նաեւ՝ նորարար շունչով զանոնք զարգացնելը: Պատահական չէ, որ տարիներու ընթացքին աշխարհագրական 19 շրջաններու մէջ ամէնուրեք «Համազգային»-ը ունի իր ճեմարանները, գեղարւեստի դպրոցներն ու գեղարւեստի խումբերը՝ երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, գրական խմբակներ եւ այլն, որոնք իր գործունէութեան հիմքը կը կազմեն: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու՝ «Համազգային»-ի հրատարակչատունն ու գրատարածի առաքելութիւնը, «Բագին» գրականութեան ու արւեստի եռամսեայ հանդէսը, մեր երիտասարդական ու մանկապատանեկան ծրագիրները: Այս բոլորը պահել-պահպանելուն կողքին, մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ կարեւորագոյններէն է սփիւռքի տարածքին հայոց լեզւի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի գործածութեան խթանումը:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գործէ «Համազգային»-ի կազմակերպական կառոյցը:

Զ. Ք.- «Համազգային»-ը ապակենտրոն կազմակերպութիւն է: Անոր 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը, ուր կան շրջանային թէ մեկուսի վարչութիւններ, որոնք իրենց հերթին ունին տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղեր, կը գործեն՝ ըստ իրենց շրջաններու կարիքներուն ու հնարաւորութիւններուն: Այս մէկը ինքնին հարստացնող է: Պատահական չէ, որ հայ մամուլին կամ ընկերային ցանցերու մէջ «Համազգային»-ի գործունէութեան մասին ամէն օր նոր տեղեկութիւն մը կը յայտնւի: Այս բոլորին հետ «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան վերահսկողութեան տակ կը գործեն՝ Լիբանանի ու Ֆրանսայի ճեմարանները, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը, «Բագին» գրականութեան ու արւեստի պարբերաթերթը, «Հ-Բեմ»-ը, «Համազգային»-ի քարոզչական գրասենեակը, Կենտրոնական վարչութեան նստավայրի՝ Լիբանանի գրասենեակն ու Հայաստանի, Արցախի (այժմ՝ Երեւանի մէջ) եւ Գիւմրիի գրասենեակները, երիտասարդական «Ֆորում»-ը, «Արթլինքս»-ը, «Իւթլինքս»-ն ու պատանեկան «Փեթակ» ծրագիրները, սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար հայերէնի ու Հայոց պատմութեան որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրը, մանկապարտէզի երեք դասարաններու համար արդի դասագիրքերու պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը, Հայոց պատմութեան մանկավարժական նոր մօտեցումով պատրաստւած ու հրատարակւած դասագիրքը, արցախեան պատերազմին պատճառով մեր մշակութային կորուստներուն մասին թէ այլաբնոյթ նոր գիրքերու հրատարակութիւնը: Այս բոլորը մեր գործունէութեան առաջնային ուշադրութեան ու հոգածութեան տակ կը շարունակեն մնալ:

«Ա.».- Սփիւռքի տարածքին հայոց լեզւի պահպանութեան ու գործածութեան խթանման համար «Համազգային»-ը ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը ծաւալէ:

Զ. Ք.- Հայախօսութիւնը խթանելու լաւագոյն միջավայրն է մեր ժողովական կեանքը, ստեղծագործական խումբերու մէջ ընդգրկւած մանուկներու, պատանիներու ու երիտասարդներու հաւաքական կեանքը, «Համազգային»-ի՝ տարբեր երկիրներու մէջ գործող մեր ճեմարաններու աշակերտութեան առաւելագոյնս հայախօս մթնոլորտը: Այս բոլորին կողքին, «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրատարակութիւններն ու «Համազգային»-ի հրատարակած «Բագին» պարբերաթերթը, իրենց հերթին, արեւմտահայ գիր, գրականութիւն ու հայոց լեզու տարածելու առաքելութեան լծւած են: Հայոց լեզուն անաղարտ պահել-պահպանելու ու տարածելու առաքելութիւնը ինքնին մեզ դէմ-յանդիման կը դնէ երիտասարդ ու որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականին առջեւ: Երէց սերունդի նւիրեալ ուսուցիչներ մեծ յաջողութեամբ կատարած են իրենց առաքելութիւնը: Վա՛րձքը կատար բոլորին: Սակայն սերնդափոխութեան համար անհրաժեշտ է պատրաստւիլ: Այս առումով, առանձինն մատնանշելի իրագործում է նախորդ Կենտրոնական վարչութիւններու կողմէ սկսած ու մեր կողմէ բծախնդրութեամբ շարունակւող հայոց լեզւի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչներ պատրաստելու մեր ճիգը: Հայկական դպրոցներէ շրջանաւարտ այն բոլոր աշակերտները, որոնք հայագիտութիւնը կընտրեն իբրեւ կեանքի ասպարէզ, Երեւանի պետական համալսարանին հետ մեր ունեցած պայմանագիրին շնորհիւ, իրենց ապրած երկիրին մէջ տիրանալէ ետք մանկավարժութեան կամ հոգեբանութեան պսակաւոր արւեստից վկայականին (BA), կը մեկնին Հայաստան, ուր երկամեայ ուսումնառութենէ ետք կը տիրանան նաեւ մագիստրոսական աստիճանի վկայականի (MA), որմէ ետք կը վերադառնան սփիւռք ու կը դասաւանդեն հայկական զանազան վարժարաններու մէջ: Ցարդ աւելի քան տասնեակ մը երիտասարդներ, շնորհիւ այս ծրագիրին, սիրւած ու փնտռւած ուսուցիչներ են՝ Լիբանանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի մէջ թէ այլուր: «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութիւնը, համագործակցութեամբ Լիբանանի «Հայկազեան» համալսարանին, կը հոգայ այդ ուսանողներուն ուսման կրթաթոշակը Լիբանանի մէջ: Այնուհետեւ կը հոգանք նաեւ անոնց երթեւեկի, կեցութեան ու Երեւանի պետական համալսարանի ուսման կրթաթոշակները եւս: Ասոր կողքին, հաստատած ենք նաեւ Դպրոցական վարչագիտութեան կրթանպաստ: Այս կրթաթոշակը կը տրամադրւի պսակաւոր արւեստից վկայականի տէր այն անձերուն, որոնք կը փափագին մասնագիտանալ դպրոցական վարչագիտութեան ճիւղին մէջ: Ցարդ ունեցած ենք երեք շրջանաւարտներ:

«Ա.».- Նշեցիք «Բագին» ամսագիրը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր գործունէութիւնը:

Զ. Ք.- «Բագին»-ը իր առաքելութեան վրայ կը գտնւի արդէն 62 տարիներէ ի վեր: Եթէ թերթատենք անոր հին թիւերը, պիտի նկատենք, որ սփիւռքահայ գրականութեան հսկաները կը տողանցեն անոր էջերուն մէջ: Հայրենի գրական առաջնակարգ դէմքերու տեղ տրւած է անոր էջերուն մէջ: Ցաւօք սրտի, չհաշւած օրաթերթային գրական զանազան էջեր, իբրեւ գրականութեան ու արւեստի օրկան՝ «Բագին» առանձինն մնաց սփիւռքի տարածքին: Այս նաեւ այն պատճառներէն է, որ առաւելագոյնս պէտք է գուրգուրանք անոր գոյերթին: Մեծանուն հեղինակութիւններ՝ Էդւարդ Պոյաճեան, Կարօ Սասունի, Բաբգէն Փափազեան, Պօղոս Սնապեան եւ ուրիշներ կան անոր հիմքերուն մէջ: Պօղոս Սնապեան, հաւաքագրելով տասնեակ մը երիտասարդներ (Յարութիւն Պէրպէրեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Վազգէն Էթիեմէզեան, Յարութիւն Նագուլեան, Մովսէս եւ Պետիկ Հերկելեաններ եւ ուրիշներ), իր ստեղծագործական կեանքի 40 երկար տարիները նւիրաբերեց «Բագին»-ին: Այնուհետեւ տասնամեակ մը խմբագրապետի առաքելութիւնը շարունակեց Յակոբ Պալեան: Այժմ Սոնիա Սանան-Քիլեճեանի գլխաւոր խմբագրութեամբ «Բագին» լոյս կը տեսնէ եռամսեայ հերթականութեամբ ու իր շուրջ համախմբած է սփիւռքահայ առաջատար մտաւորականներու, բանաստեղծներու, արձակագիրներու ու գրականագէտներու ստւար խումբ մը, որ նորովի կը շարունակէ հիմնադիր սերունդին առաքելութիւնը: Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամի դրամաշնորհին՝ այժմ «Բագին» թւայնացած է եւ իր կայքէջով հասանելի ամէնուրեք՝ բոլորին www.pakine.net հասցէով:

Վերջին շրջանին «Բագին»-ի խմբագրութեան իրագործումներ են նաեւ «Բագին մատենաշար» եւ «Բագին դասական մատենաշար»-ի լոյս ընծայումը: Իր հերթական թիւերու հրատարակութեան կողքին, «Բագին» յատուկ հատորներով լոյս սկսաւ ընծայել գրական, քննադատական ու դասական հատորներ, որոնք արժէքաւոր ու հարուստ աղբիւրներ կը հանդիսանան ուսումնասիրողներու: Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում»-ը եւ դասական շարքէն Յակոբ Օշականի վերասրբագրւած «Շահպազ»-ը, «Ծակ պտուկը» եւ «Հաճի Աբդուլլահ»-ը սկիզբն են արդէն պատրաստութեան տակ գտնւող ամբողջ շարքի մը, որ ա՛լ աւելի պիտի ծաղկեցնէ արեւմտահայ գրականութեան անդաստանը: Կը մնայ յատուկ ճիգով աւելցնել բաժանորդներու թիւը եւ նպաստել այս հրատարակութիւններու տարածումին:

«Ա.».- Ամրան ընթացքին վերանորոգումի մէջ էր «Համազգային»-ի Արսլանեան ճեմարանը, մինչ Մարսէյի մէջ բացումը կատարւեցաւ «Համազգային»-ի ճեմարանի նոր մասնաշէնքին: Առհասարակ ի՞նչ ունիք ըսելիք «Համազգային»-ի ճեմարաններուն մասին:

Զ. Ք.- «Համազգային»-ի ճեմարաններու ցանցը մեր հպարտութիւններուն մաս կը կազմէ ո՛չ միայն անոր համար, որ անոնց շրջանաւարտները փայլուն յաջողութիւններ կարձանագրեն պաքալորէայի քննութիւններուն ու այնուհետեւ՝ զանազան համալսարաններու մէջ, այլ նաեւ անոնք մեծապէս կընդգրկւին մեր ազգային կեանքէն ներս եւ լուրջ դերակատարութիւն կը ստանձնեն այնտեղ: Խորապէս կը հաւատանք, որ հայ դպրոցին իմաստն ու արժէքը պետական քննութիւններուն՝ աշակերտական յաջողութեան թիւին մէջ չէ, այլ՝ այն թիւին ու որակին մէջ, թէ անոնք որքանո՛վ ընդգրկւած են մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ ի՛նչ արդիւնաւէտութեամբ կը գործեն: «Համազգային»-ը ճեմարաններ ունի Լիբանանի, Ֆրանսայի ու Աւստրալիոյ մէջ: Աւստրալիոյ «Արշակ եւ Սոֆի Գոլսդըն» ճեմարանը կը գտնւի «Համազգային»-ի տեղւոյն Շրջանային վարչութեան վերահսկողութեան տակ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունի տեղւոյն հայ համայնքի կեանքին մէջ: Ուրախութեամբ կը հետեւինք հոն արձանագրւող յաջողութիւններուն: Անցնող տարին «Համազգային»-ի ճեմարաններուն համար կարելի է անւանել «Շինարարական տարի»: Մարսէյի ճեմարանին պատերը նեղ կու գային մեծաթիւ աշակերտութեան, մինչ իրենց զաւակները հոն արձանագրել փափագող մեծ թիւով ծնողներու դիմումները ցաւով կը մերժւէին: Անհրաժեշտ էր ընդլայնել ճեմարանի շէնքային կառոյցը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունիլ: Ուրախութեամբ կը հաստատենք, որ «Համազգային»-ի տեղւոյն կառոյցի ու ճեմարանի տնօրէնութեան ջանքերը մեծապէս արդիւնաւորւեցան, եւ կարճ ժամանակի ընթացքին իրականութիւն դարձաւ ճեմարանի նոր մասնաշէնքի կառուցումը, եւ ամիսներ առաջ պաշտօնապէս կատարւեցաւ անոր բացումը: Այսպիսով, Եւրոպայի մէջ կրթական կարեւոր կենտրոն մը կը նկատւի «Համազգային»-ի Մարսէյի ճեմարանը: «Համազգային»-ի Իսի լէ Մուլինոյի Թարգմանչաց ճեմարանը, որ մինչ այս սոսկ մանկապարտէզ ու նախակրթարան էր, սկիզբ կառնէ՝ վերածւելու միջնակարգի: Միւս կողմէ՝ ամրան ընթացքին Լիբանանի մէջ կատարւեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Նորսիկեան մանկապարտէզի ու Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրի տանիքներու վերանորոգման ու ջրաթափանցման առաջքը առնելու միտող շինարարական հսկայածաւալ աշխատանքը, արդիականացաւ ճեմարանի «Պօլեան» սրահը: Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շէնքային բարեկարգչական այլ ծրագիրներ ալ կան, որոնք պիտի կատարւին յառաջիկայ ամրան ընթացքին: Մեծածախս շինարարական այս բոլոր ծրագիրները կը կատարւին, որպէսզի նորահաս սերունդը առաւել մեծ թիւով ու բարւոք պայմաններու մէջ շարունակէ իր դպրոցական ուսումնառութիւնն ու թրծւի հայեցի շունչով:

«ԱԶԴԱԿ».- Ըսիք, որ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը նոյնպէս կը նպաստէ հայոց լեզւի պահպանման ու տարածման: Ինչպէ՞ս:

ԶԱՔԱՐ ՔԵՇԻՇԵԱՆ.- Պատմականօրէն «Համազգային»-ը նախ ստեղծւած է իբրեւ կրթական ու հրատարակչական կազմակերպութիւն: Հետագային, սակայն, ընդլայնելով իր գործունէութեան ծիրը, «Համազգային»-ը մշակութային միութիւն մը ըլլալու առաքելութիւնն ալ տւած է ինքնիրեն եւ արդ կը գործէ իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն: Հրատարակչական գործը հիմնարար եղած է «Համազգային»-ի համար: Նիկոլ Աղբալեանի օրերուն ձեռք բերւած առաջին տպագրիչ մեքենան՝ իբրեւ հնութիւն ու ներշնչարան, պահպանւած ըլլալով, ցուցադրութեան դրւած է հրատարակչատան մէջ: Անշուշտ տարիներու ընթացին հրատարակչատան տպագրիչ մեքենաները, ըստ ժամանակի պահանջներուն, քանիցս արդիականացած են, եւ այսօր «Համազգային»-ի հրատարակչատունը այն հազւագիւտ տպարաններէն է, որ սփիւռքի մէջ կը հրատարակէ սոսկ արժէքաւոր ու ոչ վաճառաշահ գիրքեր: «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են գեղարւեստական, պատմագիտական, գաղափարաբանական եւ մանկապատանեկան հազարաւոր գիրքեր, որոնք այսօր կը թւայնացւին եւ ի սպաս կը դրւին ընթերցասէր հանրութեան՝ յատուկ կերպով պատրաստւած էլեկտրոնային գրադարանին ճամբով, որոնք տրամադրելի են թէ՛ apple-ով եւ թէ՛ android-ով: Հոն կը շարունակւին հրատարակւիլ նաեւ դասագիրքեր: Գրատպութեան ու գրատարածի առաքելութեան կողքին, հրատարակչատան կից կը գործէ Համազգայինի գրախանութը, ուր կարելի է գտնել բազմաբնոյթ արժէքաւոր գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը, որ կը խթանէ հայ գեղարւեստի զարգացումը: Սփիւռքահայ թէ հայրենի մեծաթիւ կերպարւեստագէտներ անհատական թէ հաւաքական ցուցահանդէսներ տւած են եւ պիտի շարունակեն տալ այնտեղ:

«Ա.».- Նշեցիք նաեւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսնող դասագիրքերու մասին: Կը մանրամասնէ՞ք:

Զ. Ք.- Դասագիրք երեւոյթը ինքնին մշտանորոգ կացութիւն ու վիճակ կը պահանջէ: Ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացման հետ մանաւանդ, դասագիրքերու վերատեսութեան ենթարկման հարցը միշտ ալ այժմէական խնդիր է: Հայոց լեզւի իմ սիրելի դասագիրքս եղած է «Հայկարան»-ը, որուն շատ բան կը պարտիմ: Իրերայաջորդ սերունդներ այդ դասագիրքով իւրացուցած են հայոց լեզուն ու առնչւած՝ հայ գրականութեան: Ինծի համար սիրելի եւ յիշատակելի դասագիրք եղած է անիկա ու կը շարունակէ մնալ այդպիսին: Սակայն, արդէն գունազարդ գիրքերով հարուստ այս ժամանակներուն, չեմ կրնար մուգ թուղթով ու հայ գրողներու սեւ ու սպիտակ անորակ լուսանկարներով, իմ սերունդիս սիրելի նոյն «Հայկարան»-ով հայոց լեզու ու գրականութիւն սիրցնել պատանի որդւոյս: Հին «Հայկարան»-ին եկան փոխարինելու, օրինակ, Յարութիւն Քիւրքճեանի, Կարօ Առաքելեանի թէ այլոց պատրաստած նոր ու գունագեղ դասագիրքերը: Նոյնն է պարագան Հայոց պատմութեան դասագիրքերուն: «Համազգային»-ի նախորդ Կենտրոնական վարչութիւնները, գործակցաբար Երեւանի պետական համալսարանի օրւան ղեկավարութեան հետ, կարեւոր նախաձեռնութիւնն ունեցած են, Հայաստանի առաջատար պատմագէտներու կողմէ, արդի ժամանակներուն յարիր, Հայոց պատմութեան արդի դասագիրքերու պատրաստութեան: Եռահատոր այս դասագիրքը գունազարդ է, ենթարկւած է մասնագէտ մանկավարժի խմբագրման ու սփիւռքի հայկական դպրոցի մէջ Հայոց պատմութիւն սորված, իսկ այժմ մասնագէտ պատմաբանի վերանայման: Լեզւական, մանկավարժական ու մեթոտական վերախմբագրման ենթարկւած «Համազգային»-ի Հայոց պատմութեան եռահատոր նոր դասագիրքի առաջին հատորը արդէն իսկ լոյս տեսաւ ու տրամադրելի է սփիւռքի բոլոր դպրոցներուն, որոնք, ըստ տարբեր երկիրներու աշակերտութեան հայրենագիտութեան մակարդակին, կրնան որդեգրւիլ իրերայաջորդ երեք դաարաններու համար: Շուտով լոյս կը տեսնեն նաեւ երկրորդ եւ երրորդ հատորները: Քանի մը օր առաջ «Համազգային»-ի գրախանութին մէջ տեսայ Հայոց պատմութեան նոր դասագիրքը, կողքին՝ հին մը: Ուրախացայ նորին համար, տխրեցայ հինին հաշւոյն: Բնականաբար, տարիներ ետք, մեր ձգտումը պիտի ըլլայ առաւել կատարելագործւած ու որակեալ դասագիրքերու պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը:

Դասագիրքերու պատրաստութեան ու հրատարակութեան ծիրին մէջ ուրախութեամբ կուզեմ նշել նաեւ, որ այս տարի ամբողջացաւ մանկապարտէզի երեք տարիներու դասագիրքերու շարքի հրատարակութիւնը եւս: Եռահատոր շարքը արդէն իսկ հրապարակի վրայ է եւ որդեգրելի՝ սփիւռքի բոլոր դպրոցներու մանկապարտէզներուն համար: «Համազգային»-ի իրերայաջորդ Կենտրոնական վարչութիւններու նախաձեռնութեամբ, մասնագիտացած մանկավարժներու միջոցով պատրաստւած այս հաւաքածոները մեծ ոգեւորութիւն կը յառաջացնեն ոչ միայն աշակերտներուն, այլ նաեւ անոնց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն մօտ: Անոնք գունագեղ են, մանկավարժական արդիական չափանիշներով պատրաստւած եւ դիւրամատչելի՝ բոլորին համար: Այսպիսով, մեր մանկապարտէզի մատղաշ մանուկները երանելի են, որ հայոց այբուբենն ու հայերէնի առաջին թոթովանքները պիտի սորվին ու արտաբերեն շատ սիրելի, արժէքաւոր ու գունագեղ դասագիրքերով:

«Ա.».- Գիրքեր ու պատկերագիրքեր կը հրատարակեն նաեւ «Համազգային»-ի, Արցախի ու Գիւմրիի գրասենեակները: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հոն տարւող աշխատանքները:

Զ. Ք.- Նախ կուզեմ խօսիլ մեր հայրենական գրասենեակներուն մասին: Հայաստանի ու Արցախի մէջ «Համազգային»-ը ունի իր վարչութիւնները, որոնք «Համազգային»-ի խորհուրդ կը կոչւին: Երբ կըսեմ Արցախի մէջ ունի, ներկա՛յ ժամանակով, կուզեմ յայտնել, որ Կենտրոնական վարչութեան որոշումով «Համազգային»-ի Արցախի խորհուրդն ու գրասենեակը Արցախի ժամանակաւոր կորուստին պատճառով չեն լուծարւած, այլ իբրեւ վտարանդի կառոյց՝ կը գործեն Երեւանի մէջ: Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ արցախեան պետական թէ հանրային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները՝ իբրեւ վտարանդիներ, պէտք է շարունակեն իրենց կենսագործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի, Արցախի ու շուրջ երկու տարի առաջ իր գրասենեակն ու գործունէութեան դաշտը հաստատող «Համազգային»-ի Գիւմրիի կառոյցներն ու գրասենեակները նախ եւ առաջ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մեր շրջաններուն միջեւ փոխադարձ կապի պարտականութիւնն ունին: Սակայն անոնք կիրականցնեն նաեւ իրենց կողմէ առաջարկւած ու Կենտրոնական վարչութեան կողմէ հովանաւորւող շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս՝ գիտաժողովներ, յոբելենական հանդիսութիւններ, գիրքերու հրատարակութիւններ եւ այլն: Ճիշտ նկատեցիք՝ հրատարակչական մարզը առանցքային տեղ կը գրաւէ անոնց կողմէ ծաւալւող գործունէութեան մէջ: Բացի հերթական գիտաժողովներու գիտական զեկուցումերը ամփոփող հատորներէն, օրինակ, անցնող տարւան ընթացքին հրատարակւեցան տարեկից բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի ու Զահրատի 100-ամեակներուն առիթով հատընտիրներ, ու մեծ շուքով կատարւեցան անոնց շնորհահանդէսները:

Ուշագրաւ եռալեզու հրատարակութիւններ եղան արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի՝ 44-օրեայ պատերազմը պատկերող «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքը եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի՝ արցախեան պատմամշակութային կորուստներու «Արցախ. վտանգւած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը: Արցախի ամբողջական հայաթափումը մեզի կը ստիպէ շուտով լոյս ընծայել նաեւ երկրորդ հատոր մը:

«Ա.».- Հրապարակի վրայ սիրւած ներկայութիւն են «Համազգային»-ի մանկապատանեկան խաղերն ու հրատարակութիւնները: Ի՞նչ նորութիւններ բերւած են ցարդ այս մարզին մէջ:

Զ. Ք.- Հոս կուզեմ յայտնել, որ «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութիւնը ունի մանկապատանեկան արդիական ծրագիրներու բաժանմունք: Այս նախաձեռնութիւնը սկսած է 2015 թւականին, որուն նպատակն է որակեալ, արդիական եւ գրաւիչ ծրագիրներու ստեղծում՝ երեք տարեկանէն սկսեալ հայ մանուկներուն համար: Խաղեր կը պատրաստւին մասնագիտացած խմբակի մը միջոցով, եւ հայ մանուկներ խաղերու միջոցով, կը սորվին հայ լեզուն: Ցարդ չորս խաղեր պատրաստւած են՝ Գոյներու աշխարհ, Ձեւերու աշխարհ, Թիւերու աշխարհ եւ Գիրերու աշխարհ: Ներկայիս կը պատրաստւի 5-րդ ուսուցողական խաղը:

Այս բոլորին կողքին, խմբակը պատրաստած է զանազան խաղալիքներ (ինչպէս՝ Լալայի ու Արայի խօսող պուպրիկները) եւ ուսուցողական գիրքեր ու աշխատանքային տետրակներ, ինչպէս նաեւ՝ տարեդարձի գունազարդ հաւաքածոն: Բաժանմունքը ստեղծած է նաեւ մանկական արդի ձեռագիր տառատեսակ, որ կարելի է անվճար ներբեռնել՝ www.hamazkayin.com/arti

Հոս տեղին է յիշել նաեւ ՄՏԱՄԱՐԶ խաղը: 10 տարեկանէն վեր անհատներուն համար պատրաստւած այս խաղը, որ, ըստ էութեան, հայերէն լեզւով զարգացման մրցումի բնոյթ ունի, կարելի է ներբեռնել iOS եւ android գործիքներուն վրայ եւ փափագողներուն անվճար կը տրամադրւի «Համազգային»-ի կողմէ: Այս խաղը ունի 3 մակարդակ՝ դիւրին, միջակ եւ դժւար, եւ բաժնւած է 7 նիւթերու:

«Ա.».- Մամուլի եւ ընկերային ցանցերու մէջ մեծ տեղ յատկացւեցաւ «Համազգային»-ի երիտասարդական ծրագիրներու իրագործումին: Ի՞նչ է նպատակը անոնց, ու ինչպէ՞ս կը գնահատէք զանոնք:

Զ. Ք.- «Համազգային»-ի երիտասարդական ծրագիրները՝ «Ֆորումը», «Իւթլինքս»-ը եւ «Արթլինքսը» եւ պատանեկան մեր ծրագիրներէն «Փեթակ»-ը նպատակ ունին մշակութային հայախօս մթնոլորտի մը մէջ հաւաքել տարբեր երկիրներու մէջ հասակ առած եւ կազմաւորւած մեր երիտասարդները: Տարիներու ընթացքին իրենք զիրենք հաստատած ու յաջողութիւններ արձանագրած ծրագիրներ են ասոնք, որոնցմէ «Ֆորում»-ը արդէն երեսուն տարիներէ ի վեր կը կազմակերպւի եւ այս տարին յոբելենական է: «Ֆորում»-ը համագաղութային բնոյթ ունի եւ նախապէս տեղի կունենար Լիբանանի մէջ: Վերջին աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին ան տեղի ունեցած է Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Վերջին երկու տարիներուն, երբ կորսնցուցինք Արցախը, Գիւմրիի մէջ: «Իւթլինքս»-ն ու «Արթլինքս»-ը, որոնք նոյնանման ծրագիրներ են, տեղայնական բնոյթ ունին: Առաջինը տեղի կունենայ Եւրոպայի մէջ եւ կը հաւաքագրէ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը, իսկ երկրորդը Ամերիկաներու եւ Կանադայի երիտասարդութեան համար է: Նախանձելի բան է, երբ հայ երիտասարդներ տարբեր երկիրներէ եւ քաղաքներէ քով-քովի կը համախմբւին եւ կը հանդիպին հանրային մեծ ճանաչում ունեցող մշակոյթի դէմքերու հետ, կառնչւին իրենց արմատներուն, շատ յաճախ կը սիրահարին իրարու, կը ստեղծեն միջհամայնքային բարեկամութիւն եւ ապահովաբար մշակութապէս հարստացած կը վերադառնան իրենց ապրած երկիրները: Մենք վստահ ենք, որ երիտասարդ տարիքի մեր երիտասարդական այս ծրագիրներու բովէն անցած մեր տղաքն ու աղջիկները այնուհետեւ տարբեր գիտակցութեամբ պիտի ապրին հայեցի իրենց կեանքը, ո՛ւր որ ալ գտնւին: Իսկ «Փեթակ» ծրագիրը պատանիներու յատուկ արեւմտահայերէնի ամառնային երկշաբաթեայ ճամբար է, որ տեղի կունենայ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ: «Փեթակ»-ին մասնակցելու համար կարելի է դիմել բոլոր երկիրներէն:

«Ա.».- Իբրեւ «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ՝ միութեան 95-ամեայ յոբելենական հանդիսութեանց առիթով, առիթ ունեցաք այցելելու կարգ մը գաղութներ: Ի՞նչ տպաւորութիւններ կրնաք կիսել ընթերցողին հետ:

Զ. Ք.- «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետին այցելութիւնները դէպի զանազան շրջաններ՝ «Համազգային»-ի 95-ամեակի ձեռնակներուն առիթով թէեւ ունէին բանախօսական բնոյթ, սակայն միաժամանակ առիթ էին ծանօթանալու՝ շրջաններու գործունէութեան, ստեղծագործական խումբերուն եւ անոնց ղեկավարներուն, վարչական կազմերուն, անոնց դիմագրաւած դժւարութիւններուն ու խնդիրներուն: Քանի մը խօսքով կատարելու համար շարք մը ընդգծումներ՝ յայտնեմ, որ հայաշատ քաղաքներու մէջ «Համազգային»-ը յաջողած է ստեղծել եւ պահել որակեալ պարախումբեր, երգչախումբեր ու տեղ-տեղ ալ՝ թատերախումբեր, որոնք արհեստավարժ մակարդակի կը յաւակնին: Մինչ աւելի քիչ հայ բնակչութեամբ քաղաքներու մէջ մեր ստեղծագործական խումբերը ունին շատ կարեւոր առաքելութիւն մը՝ գեղարւեստի միջոցով սատարել հայապահպանութեան կարեւոր գործին: Թէ՛ արհեստավարժ, եւ թէ՛ սիրողական ստեղծագործական խումբերուն պարագային, հաւասարապէս կարելի է ըսել, որ մեծ ջանքերով, մեծ նւիրումով, կազմակերպական մեծ գործով ստեղծւած է հայեցի ու դրական ջերմ մթնոլորտ մը, որուն մէջ կաճի մեր դեռատի սերունդը: Անոնք բոլորն ալ առաւելագոյնս կը ծառայեն «Համազգային»-ի հիմնադիր սերունդին իսկ առաջադրած առաքելութեան ու նպատակակէտին: Բնականաբար, բոլոր շրջաններէն նոյն մակարդակի գործունէութիւն ու կենսունակութիւն կարելի չէ ակնկալել, սակայն այցիս ընթացքին ականատես եղայ տարաբնոյթ երեւոյթներու եւ կացութիւններու, մեծաւ մասամբ՝ դրական: Մեր խնդիրն է նւազ հայութեամբ բնակեցւած շրջաններու Համազգայինի գործունէութիւնը, այնուամենայնիւ, աշխուժացնել: Հոս մատնանշելի է, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մեր կառոյցը, շնորհիւ տարիներէ ի վեր թափւած մեծ ճիգին, արդէն իսկ իրողութիւն դարձուց մշակութային կենտրոնով մը օժտւելու իր երբեմնի երազը: Շուտով «Համազգային»-ի մեր ստեղծագործական խումբերը իրենց հերթական փորձերը կը կատարեն իրենց սեփական տան մէջ: Նոյնը կարելի է ըսել վարչական ժողովներու ու տարաբնոյթ միութենական աշխատանքներուն գծով: Կանադայի շրջանը, իր ստեղծագործական որակեալ խումբերու կողքին, յատուկ հոգածութեան տակ կառնէ հայրենագիտական դասընթացքը, որ եզակի ու ողջունելի նախաձեռնութիւն է, երիտասարդական գրական ու ասմունքի խմբակներ, որոնք շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն իրենց տեսակին մէջ եւ դժբախտաբար հազւագիւտ են: Ուշադրութեան արժանի են Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի պարախումբերը, որոնց հետ կարեւոր աշխատանք տարած է ազգագրական պարերու հայրենի եզակի գիտակ ու պարուսոյց, վաղամեռիկ Գագիկ Գինոսեանը: Քուվէյթի շրջանը, որ մեր երիտասարդ շրջաններէն մէկն է ու իր ստեղծման տասնամեակի սեմին կը գտնւի, օժտւած է բացառապէս երիտասարդ վարչական կազմով մը, որ նշանակալից աշխատանք կը տանի՝ կենսունակ պահելու շրջանի պատանեկան ու երիտասարդական զոյգ երգչախումբերն ու պարախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ թատերախումբը: Մոսկւայի մեր կառոյցը նոյնպէս երիտասարդ է: Բացի մանկապատանեկան երգչախումբ ու պարախումբ ունենալէ՝ շրջանի շաբաթօրեայ դպրոցներու թիւը հետզհետէ կաճեցնէ: Բազմահարիւր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ, հեռաւոր տարածութիւններ կը կտրեն հասնելու համար շաբաթօրեայ մեր դպրոցները, որոնց թիւը անցեալ տարւան չորսի փոխարէն՝ այս տարեշրջանին արդէն հասած է եօթնի: Մոսկւայի «Համազգային»-ի դպրոցներուն թիւը աճելու միտում ունի: Շուրջ երեք տասնեակ նւիրեալ ուսուցչուհիներ, որոնցմէ շատեր անցնող ամրան Հայաստանի մէջ որակաւորման ծրագրի մը մասնակցեցան, հայերէն լեզւով, Հայոց պատմութեամբ ու հայ մշակոյթով կը սնուցանեն իրենց բազմահարիւր աշակերտները: Իսկ Սիրիոյ եւ Լիբանանի շրջաններու գործունէութիւնը եթէ մէկ բառով բնութագրելու ըլլանք, անվարան ու առանց չափազանցութեան՝ հերոսական կրնանք յորջորջել:

«Ա.».- Քիչ մը աւելի մանրամասնելով՝ կրնա՞ք կենտրոնանալ Լիբանանի եւ Սիրիոյ շրջաններու կատարած գործունէութեան վրայ:

Զ. Ք.- Երբ կը խօսիմ զոյգ շրջաններուն գործունէութիւնը հերոսական նկատելու մասին, նկատի ունիմ անոնց կատարած գործունէութեան ծաւալները՝ քաղաքատնտեսական ծանօթ դժւարին կացութեան համեմատութեամբ: Հակառակ իր մարդուժի տեսակէտէն «արիւնաքամ» վիճակին՝ Սիրիոյ շրջանը կը պահէ իր մշակութային գործունէութեան կենսունակութիւնը: Կը շարունակեն գործել Սիրիոյ շրջանի բոլոր երգչախումբերը, պարախումբերը, թատերախումբերը: Գեղարւեստի դպրոցներու դասաւանդութիւնները կը շարունակւին կանոնաւոր կերպով, միութենական-ժողովական կեանքը եռուն է: Իր կարեւոր գործառոյթը կայուն կը պահէ նաեւ «Համազգային»-ի Սիրիոյ Հայագիտական հիմնարկը, որուն, յոյսով եմ, շուտով առցանց կերպով կրնան միանալ նաեւ այլ երկիրներէ ուսանողներ: Վերջին տարիներուն, հակառակ տիրող տարբեր տեսակի դժւարութիւններուն, Լիբանանի շրջանի գեղարւեստական դպրոցներն ու ստեղծագործական խումբերը նոյնպէս եղան առաւել բեղուն: Այժմ Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական դրութիւնը մեծապէս կը սրէ արդէն իսկ դժնի կացութիւնը, սակայն արդէն իսկ վերաբացւած են Գեղարւեստի դպրոցներն ու սկսած՝ զանազան խումբերու փորձերը: Աղէտալի կացութեան մէջ գտնւող զոյգ երկիրներու մեր զոյգ շրջանները ցարդ մեծ հաւատքով, նւիրումով ու ճիգով յաղթահարեցին առկայ տագնապները: Իւրաքանչիւր երկրի մեր աշակերտներուն ու ստեղծագործական խումբերու մասնակիցներուն թիւը անցաւ 800-ի սահմանները: Ասիկա արդէն լուրջ ցուցանիշ է: «Համազգային»-ը ո՛չ միայն իրերայաջորդ Կենտրոնական վարչութիւններու, այլեւ «Համազգային» գերագոյն՝ պատգամաւորական ժողովի մակարդակով ու որոշումով, յատուկ ուշադրութեան տակ կը պահէ այս բոլորը: Անցնող տարւան ընթացքին պատահեցաւ, որ քանի մը այլ շրջաններ եղբայրական ձեռք մեկնեն՝ աջակցելով նիւթաբարոյապէս, սակայն ակնկալելի է, որ գեղեցիկ այս արարքները ո՛չ միայն կրկնւին, այլեւ, մանաւանդ այս օրերուն, անոնց օրինակին հետեւին այլ շրջաններ եւս:

«Ա.».- Ինչպիսի՞ դժւարութիւններ կը դիմագրաւէք ձեր գործունէութեան ընթացքին:

Զ. Ք.- Խօսիլ դժւարութիւններու մասին՝ կը նշանակէ մատնանշել լիբանանեան քաղաքատնտեսական տագնապն ու դրամատնային ծանօթ տագնապը: Խօսիլ դժւարութիւններու մասին՝ կը նշանակէ մատնանշել արեւմտեան Բէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ հանգրւանած գաղթականներուն ստեղծած տագնապը: Խօսիլ դժւարութիւններու մասին՝ կը նշանակէ մատնանշել այսօրինակ բազում խնդիրներ: Դժւարութիւններու մասին խօսիլը յարիր չէ աւելի քան 95 տարիներու ահեղ դժւարութիւններ յաղթահարած միութեան մը: Երբ կը գտնւինք դժւարութիւններու դէմ յանդիման, անպայմանօրէն կը յիշենք մեր հիմնադիր սերունդի մեծութիւնները, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան կերտիչներն էին միաժամանակ, եւ որոնք՝ անկախութեան կորուստէն ետք վտարանդի էին ու տարագիր: Սակայն աննկարագրելի դժւարութիւններուն առջեւ անոնք չընկրկեցան, չկքեցան ու չնահանջեցին, այլ այն օրերուն, երբ դեռ տակաւին կազմաւորւած իսկ չէին սփիւռքի համայնքները, յաղթահարելով տարագիրի ու վտարանդիի իրենց հոգեբանութիւնն ու կազմակերպական անսահման դժւարութիւնները, մարգարէաբար մտայղացան ստեղծել «Համազգային»-ը, որուն դժւարութիւնները միշտ ալ հարթւած են՝ շնորհիւ աշխարհատարած հաւատաւոր ու աննկուն համազգայնականներու հաւաքական ճիգին ու տքնանքին, ու նաեւ՝ շնորհիւ «Համազգային»-ի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներու նիւթաբարոյական մշտանորոգ նեցուկին:

Related Articles

Back to top button