Դաշնակցական Բեմ

Բարոյականութիւն. ո՞ւր կը ծախւի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը երեքշաբթի, 18 նոյեմբերի կանուխ յետմիջօրէին, գրեթէ միաձայնութեամբ որոշում տւաւ, որ կառավարութեան պատկան բաժանմունքները հրապարակեն «Ջեֆրի Էփսթինի թղթածրար»ը: Քւէարկութեան արդիւնքն էր մէկի դէմ 427 ձայն, 5 ձեռպահ:

Որոշումը վերջակէտի մը կը հասցնէ ամիսներ, աւելի՛ն՝ տարիներ տեւած բանավէճ մը, որուն կիզակէտը եթէ այժմ անդի աշխարհ գացած Էփսթինն է, բազմագլուխ ճիւաղին բազմաճիւղ պոչերը կը հարւածեն բազմաթիւ պետական անձնաւորութիւններ, մասնաւորաբար նախագահ Դոնալդ Թրամփը (քանի մը շաբաթ առաջ, անգլիացի իշխան մըն ալ շնորհազրկւեցաւ):

Էփսթին մեղադրւած է գլխագիր անբարոյութեամբ. անչափահաս աղջիկներ «մատակարարած» է մեծահարուստներու, որոնց շարքին՝ նոյնինքն նախագահին՝ ինչպէս կըսեն մեղադրողներ ու զոհեր: Թրամփ երկար ատեն բուռն պայքար մղեց, որպէսզի այս թղթածրարը չբացւի, յետոյ սկսաւ հաւաստիքներ տալ, որ Էփսթինի հետ գործ չէ ունեցած, մինչեւ իսկ դրժեց զայն ճանչցած ըլլալը, յետոյ, փաստացի ապացոյցներ հրապարակ եկան, յետոյ, մինչեւ իսկ իր ամենէն ջերմ պաշտպանները իրեն դէմ դարձան եւ ի վերջոյ, ան տեղի տւաւ եւ յայտարարեց. «Թող հրապարակեն, թող բանան թղթածրարը: Մենք պահելիք բան չունինք»:

Քիչ առաջ ըսինք, որ քւէարկութիւնը վերջակէտի մը կը հասցնէ եղելոյթը, սակայն վերջին վերջակէտին ճակատագիրը կը մնայ առկախ: Աւելի քան 20 հազար էջ (ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ քանի մը հազար նւազ) ընդգրկող թղթածրարը, կըսեն իրազեկներ, իրականութեան մէջ «Փանտորայի տուփ» մըն է, որ վաղը նոր փոթորիկներ կրնայ ստեղծել: Երգիծական մօտեցում ունեցողներ կըսեն, որ Թրամփի «վախ չունենալը» կը բացատրւի անով, որ ան արդէն իր ուսերուն կը կրէ անբարոյական արարքներու, սուտերու եւ անօրինական գործերու հսկայական մեղադրանքներ (թիւը 34 է), երկու անգամ ալ ստացած է պաշտօնազրկման վճիռ, որոնք մնացած են թուղթի վրայ (դատարանները մեծ մասամբ գրպանն են) եւ այդ բոլորէն ետք, ո՛չ միայն վերընտրւեցաւ, այլ ներում շնորհեց բազմաթիւ յանցաւորներու եւ դատապարտեալներու…:

***

Ձգենք, որ ժամանակը ցոյց տայ, թէ յաջրդ փուլը ինչպիսի՜ փոթորիկներու շրջան մը պիտի ըլլայ, նաեւ առիթ տանք, որ բանիմացներ մեկնաբանեն, թէ այս որոշումը ինչպիսի՛ հետեւանքներ պիտի ունենայ մէկ կողմէ՝ հանրապետական-դեմոկրատ մրցակցութիւններու դաշտին մէջ, իսկ միւս կողմէ՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ուրեմն, եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք իրողութեան մը առջեւ, որ ընդհանրապէս կը վրիպի մեկնաբաններու ուշադրութենէն (դիտումնաւո՞ր, թէ՞ ակամայ՝ երկրորդական է):

Թէ՛ երեքշաբթիի նիստին խօսք առնողները, եւ թէ նախընթաց փուլի քննարկումները լուսարձակի տակ բերին (կրկին անգամ) ահաւոր իրականութիւն մը, որուն խորագիրն է ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՏԱԿՒԱԾ ՎԻՃԱԿ: «Էփսթինի թղթածրար» կոչւածը կու գայ նորովի բացայայտելու բազմածալք եւ բազմերես ողբերգութիւն մը, որ միայն ամերիկեան ընկերութեանը չէ, այլ կը տարածւի նոր աշխարհի լայնքին ու երկայնքին:

Հաւանաբար դրսեցիներու համար երկրորդական են այն վէճերը, թէ հանրապետականները ինչպիսի՜ մասնատումի ենթարկւած են, դեմոկրատները, իր՛ենք, կապրին այլօրինակ ներքին հակամարտութիւններ (այս բոլորը կարելի է որոշ հանդուրժողութեամբ դիտել՝ մտածելով, որ ժողովրդավարութեան խաղադաշտին մէջ նման բաներ կրնան պատահիլ), սակայն ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել, կուլ տալ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ահաւոր անկումը, չքացման եզրին հասնիլը: Փաստօրէն, նախագահ մը յայտնապէս մասնակից է ամենէն զազրելի անբարոյական արարքներու, կը փորձէ խոյս տալ, սակայն վաղը կրնայ դարեալ օձիքը ձեռք տալ (կը յիշէ՞ք Սթորմի Տէնիըլզի պարագան):

Երեքշաբթիի նիստին խօսք առնողները, Թրամփի կողքին, ամբաստանեալի աթոռին նստեցուցին միլառատէրերու ամբողջ դասակարգ մը, որ ո՛չ միայն օգտւած է Էփսթինի «ծառայութիւններէն», այլ նաեւ իր նիւթական կարողութիւնները ի սպաս դրած է – եւ կը դնէ – իր գայթակղալի վարմունքը ծածկելու, աւելին՝ այդ ընելու համար՝ իշխանութեան վրայ եղողներ կաշառելու, «գնելու», իր կամակատարները «տեղ հասցնելու» համար: Մենք ալ պահ մը հետեւեցանք քննարկումներուն, ու մեր մտքին մէջ ծագեցաւ մտածում մը. արդեօք բարոյականութիւն ըսւածը ո՞ւր կը ծախւի, որպէսզի հասցէն ուղարկենք այս հերոսներուն: Կընդունինք նաեւ, որ բոլորը պէտք չէ «նոյն ջուրով լւալ», որովհետեւ կան բարոյականութեան հրաժեշտ չտւողներ:

Ի դէպ, գլխագիր անբարոյութիւնը նորութիւն չէ, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու եւ ոչ ալ այլ երկիրներու մէջ: Անցեալին անիկա ընդհանրապէս կը գտնէր դատապարտողներու բանակներ…: Թրամփէն առաջ, ընտանեկան անհաւատարմութեան աղաղակող արարքի մը հերոսը դարձած էր նախագահ Բիլ Քլինթըն (Մոնիկա Լիւինսքիի պարագան), սակայն այդ գայթակղութիւնը որոշ հանդուրժողութեամբ եւ հասկացողութեամբ ընկալւած էր ո՛չ միայն ամերիկեան հասարակութեան, այլ նոյնինքն անոր կնոջ կողմէ, որ օր մը դարձաւ նախարար, յետոյ ալ թեկնածու ներկայացաւ նախագահութեան աթոռին: Նոյն տիպի անբարոյութեան մէջ «բռնւած» են քաղաքական բազմաթիւ դէմքեր (մինչեւ իսկ Ֆրանսայի Ֆրանսուա Միթերանը):

Յիշատակումը մեզ պիտի տանի ուրիշ տեղ: Եւ նման իրականութիւններու հանդէպ անհանդուրժողութիւն պէտք չէ դիտել իբրեւ պահպանողականութիւն, որովհետեւ անբարոյութիւնը՝ ազատամտութեան եւ «արդի մտածողութեան» հետ կապ չունի (որքան ալ որ տարածւած ըլլայ անիկա): Անմահ Պարոնեան տեղ մը գրած է. «Ինչու պէտք է շատ գէշ բան է»…

Եթէ այս թղթածրարն ու անոր ծալքերը առաւելաբար լուսարձակ կը բերեն ընտանեկան դրոյթներու (կը գործածւի նաեւ սրբութիւն հասկացութիւնը) եւ մարդկային յարաբերութիւններու ոլորտի վրայ, անդին կան բազմաթիւ այլ ոլորտներ, յոռի վարմունք, որ իր տիրապետութեան տակ առած է քաղաքական աշխարհի գործիչները: Յիշատակենք միայն մէկ քանին՝ պաշտօնի շահագործում, կաշառակերութիւն, ստախօսութիւն, խոստումին հակառակը ընել եւ փորձել արդարանալ եւ այլն: Իսկ Ռիչըրդ Նիքսընի անբարոյականութիւնը ուրիշ տեսակի էր…:

***

«Էփսթինի թղթածրար»ին մասին մեր այս քննարկումը չենք ուզեր շարունակել նոյն ընթացքով, որովհետեւ անկէ անդին, կան ի՛սկապէս մտահոգիչ այլ իրականութիւններ:

Այս հարցին շուրջ բանավէճերը, արդար եւ տեղին ըլլալով հանդերձ, շատերու կողմէ կը դիտւին իբրեւ դառն իրականութիւններէ ուշադրութիւն շեղելու միջոց: Փաստօրէն, ամերիկեան քաղաքական բեմը, Թրամփէն առաջ եւ ետք, ծանրաբեռնւած է այնպիսի՛ տագնապներով, որոնք իրակութեան մէջ կը կորսւին այսպիսի՝ ոմանց կողմէ շինծու նկատւող հարցերէ բարձրացող փոշիի ամպերուն ետին:

Եթէ Թրամփի նախորդները բոլորովին անպարտ չեն այդ տագնապներէն, պէտք է տեսնել, որ «նարնջագոյն մարդ»ուն Սպիտակ տուն վերադարձէն ասդին, որոշ բեռներ աւելի՛ ծանրացած են, ուրիշներ ելած են նախկիններու ուսը:

Կայ ապրուստի սղութեան տագնապը: Որքան ալ որ նախագահն ու իր համբակ նախարարները փորձեն ժողովուրդը համոզել, թէ կը գործեն ի շահ Ամերիկայի (Ամերիկան վերստին հզօր դարձնել նշանաբանով), գետնի վրայ իրականութիւնը կը փաստէ հակառակը: Ապրուստի սղութեան պատճառները բազմաթիւ են, ինչպէս՝ այլ երկիրներէ ներածումներուն վրայ տուրքերու հաստատման-մեղմացման խաղերը (մոռնա՜նք, թէ որո՞նք իրենց գրպանները կը լեցնեն այդ ճամբով), հետեւանքներն ալ բազմաճիւղ են. աղքատութիւն, տնազրկութիւն, գործազրկում կամ եկամուտի «սառեցում», նւազում: Այլ գիծի մը վրայ, «պատերազմներ դադրեցուցի» յոխորտացողը ո՛չ միայն նոր պատերազմներու դաշտեր կը պատրաստէ – եւ արդէն գործի անցած է, ինչպէս Հարաւային Ամերիկայի որոշ ծովափերուն, փոքր նաւերու վրայ յարձակումները -, այլ նաեւ… կորիզային զէնքի գործածութեան հաւանականութեան բարձրացումը (անկախ անկէ՝ թէ ո՞վ պիտի արտօնէ նման նախճիրի մը իրականացումը): Կան, անշուշտ, բարեկամներու եւ հակառակորդներու հետ խաղաքարտեր խառնելու բազմաթիւ դէպքեր, ոճրագործներու հետ գործակցութեան դաշտերու տարածում:  Ներքին ապահովութեան, խտրականութիւններու եւ նման տագնապներ լեռնաշղթաներ կը կազմեն, իսկ այս կամ այն «ընդդիմադրի» քաղաքին մէջ բանակայիններու գործի լծումը կը դիտւի… նաեւ ամերիկացիներու դէմ պատերազմի հրահրում: Նման տագնապներու շարքը երկար է:

***

Այս խորապատկերին առջեւ, պէտք է հարց տանք, թէ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ կորուստի ի՞նչ վիճակ կը տիրէ մեր հայրենիքին մէջ: Հոն սուտը, պաշտօնի-դիրքի շահագործումը, ընտանիքի եւ ազգային արժէքներու նահանջը մանրուքներ չեն, սակայն հազիւ թէ մրցակցին հողի, հայրենիքի ու ազգաբնակչութեան կորուստ պատճառղ վիճակներուն հետ: Ընթերցողս կրնայ բազմաթիւ զուգահեռներ տեսնել (եթէ ինքնակալ կուրութեան չէ մատնած ինքզինք) ամերիկեան ու այլ դաշտերու մէջ դրսեւորւող ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ հետ:

…Ու եթէ մէկը ծրագիր ունի բարոյականութեան վաճառատուն մը բանալու Հայաստանի մէջ, պէտք է զգուշացնել զայն, որովհետեւ ՔՊ-ականները կրնան խափանել նման վաճառատուն, նախաձեռնողն ալ կրնան տանիլ բանտախուց, ուր կը գտնւին իրենց ձախաւերութիւններն ու վնասարարութիւնը դատապարտող ընդդիմադիրները. Հայաստանի մէջ ալ ապահովութեան ուժեր դարձած են իշխանաւորին բռնաճնշումներու գործիքներէն մէկը: Իսկ Բաքւի մէջ շինծու դատավարութիւններուն համար, կրնանք գործածել ՔՊ-ապետին ու ուսապարկերուն սիրած մէկ եզրը՝ հայելանման…

Related Articles

Back to top button