Ինչպէ՛ս կը դաստիարակէին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մօտաւորապէս 10 օր առաջ, ամերիկեան մամուլը տարածեց լուր մը, թէ՝ աւելի քան տասնեակ մը հայեր ձերբակալւած են՝ երկրի տարածքին գործող աւազակախումբի մը անդամակցութեան եւ բազմատեսակ յանցանքներ գործած ըլլալու մեղադրանքով:
Լուրը Պէյրութէն իմացող բարեկամ մը օրին երկտողով մը մտահոգութիւն յայտնած էր դէպքին մասին. պատասխաներ էի, որ «ամէն տուն արտաքնոց մը կ’ունենայ» (արաբերէն ծանօթ խօսքի մը թարգմանութիւնն է սա), կան շա՜տ աւելի մտահոգիչ աւազակախումբեր, որոնց գլխաւորներէն մէկն ալ Սպիտակ Տան շուրջ կը բուծանի: Պատասխաներ էր դառն ժպիտով մը:
Անցաւ քանի մը օր, եւ ահա, Լոս Անճելըսի մէջ սրտցաւ բարեկամ մը նոյն մտահոգութեամբ հեռաձայնեց, աւելցնելով. «Մեզի կը վայլէ՞…»: Անոր ալ բացատրեցի, որ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ալ գող-աւազակներ կ’ըլլան, ոճրագործներ ալ, եւ որովհետեւ նախկին պէյրութցի մըն է՝ յիշեցուցի, որ 60-ականներու վերջերուն, Պէյրութի մէջ ահաւոր ոճիրի մը մասնակից եղած էին երկու հայեր, օրին, տեղւոյն մամուլը շռնդալի խորագիրներով եւ հայերը վարկաբեկելու դիտաւորութեամբ հաղորդած էր լուրը (իսկ լիբանանեան այդ օրերուն թերթեր յատուկ էջեր ունէին, վերապահոած՝ օր-աւուր գործււած ոճիրներու): Երկու ոճրագործները (ունէին լիբանանցի մեղսակիցներ) մահւան դատապարտւած էին, գաղութը խոր յուզումի մատնւած էր, դէպքը ստացած էր… ազգային աղէտի մը երանգը: Բարձրագոյն մակարդակի միջամտութիւններու շնորհիւ, մահապատիժը փոխւած էր ցկեանս բանտարկութեան (պատմութիւնը յետոյ ունեցած էր յաւելեալ գլուխներ…):
Աւազակախումբին ձերբակալման լուրը բաւական ուշացումով հասած էր նաեւ Երեւան: Պատկերասփիւռի կայանէ մը սփռւեցաւ լուրը. խօսնակը զգալիօրէն վրդոված էր:
***
Բարեկամներուս տւած բացատրութիւններս, բնականաբար, ոճրագործներն ու աւազակները չքմեղելու տրամաբանութեամբ չէի արձանագրած: Ոճիրն ու աւազակութիւնը, կողոպուտն ու պետական գանձանակներ կողոպտելը յանցանք է եւ վե՛րջ: Մեղաւորը, ի՛նչ ազգի ալ պատկանի – եւ անմիջանպէս արձանագրենք, որ ոճրագործը ԱԶԳԻ չի պատկանիր, անոր «ազգութիւնը» ՈՃՐԱԽՈՒՄԲն է, ոճրածին ըլլալը -, յանցանքը գործելու պահուն իսկ դատապարտւած է, պէտք է կրէ օրէնքով սահմանւած պատիժը: Բոլորվին այլ հարց է, որ պետական ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, նա՛եւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ, «պաշտօնականացուցած» են աւազակութիւնը, գտած են երկիր ու պետական գանձանակներ շահագործելու ձեւերը (աղաղակող է, օրինակ, պարգեւավճառը), օրէնքներուն մէջ կը գտնեն «պատուհաններ», ուրկէ դուրս կը ցատկեն ու հետապնդումի չեն ենթարկւիր, կը մնան պաշտօնի վրայ – եւ չարաշահութեան ճամբուն մէջ -, մարդոց քթին ալ կը խնդան ու կը հռչակւին… վարպետ քաղաքագէտներ՝ նախագահ, վարչապետ, նախարար եւ այլն:
***
Աւազակախումբեր, ոճրախումբեր եւ չարաշահներ գրեթէ ամէն օր ի յայտ կը բերւին, հետապնդւողներ ու ձերբակալւղներ ալ կ’ըլլան անշուշտ: Ու մտածեցի, թէ արդեօք ի՞նչ է պատճառը, որ այլ ժողովուրդներ յայտնապէս մեզի չափ չեն «ազգայնացներ» նման պատահարներ (կրկնեմ. յանցանքն ու յանցագործը ո՛չ մէկ ձեւով կրնան արդարանալ):
Մտածումս զիս տարաւ յիշողութեանս սենեակները, ուր փորձեցի բացատրութիւն մը գտնել նման պատահարներու հանդէպ մեր զգայնութեան: Ու… գտայ բացատրութիւն մը, որ լաւագոյն ձեւով կը լուսաբանւի մանկական գողտրիկ ոտանաւորով մը: Կար ժամանակ, երբ այս ոտանաւորը, նոյնքան գողտրիկ երաժշտութեամբ մը, իբրեւ երգ կ’աւանդւէր մանկապարտէզի մանուկներու: Կարդացէք տո՛ղ-ա՛ռ-տո՛ղ, եւ պիտի գտնէք զիս ու շատեր մտատանջող հարցումներու պատասխանը (եթէ այս ոտանաւորը յիշող կայ եւ տեղ մը բառի մը սխալը նկատէ, թող ներող ըլլայ. տեղ մը գրաւոր չեմ պահած զայն).
Ես հայ տղայ մ’եմ զարմէն հայկազուն,
Կը խօսիմ Հայկի, Արամի լեզուն,
Չունիմ թագ ոսկի, գահ են ադամանդ,
Բայց սիրտս հարուստ է, պարկեշտ մանաւանդ:
Վառւած եմ ազգիս սիրով կաթոգին,
Իմ մէջս կ’ապրի քաջերու հոգին,
Եւ նախնի(ք)ներուս հուրը սրբազան,
Զոր չեմ տար երբեք գանձերու փոխան:
Թէեւ տարագիր, թէպէտ հալածւած,
Չի մուրար երբեք հայը մէկէն հաց,
Իր զարդն է ճակտին քրտինքը մաքուր,
Եւ իր հովանին՝ հաւատք երկնատուր:
Բանաստեղծական գլուխ գործոց մը չէ սա, թէեւ վճիտ հայերէնով կերտւած ոտանաւոր մըն է: Անիկա յղացւած պէտք է ըլլայ այն օրերուն, երբ Ցեղասպանութենէն փրկւած հայու բկորները սովի ու բազում արհաւիրքներու դէմ ճակտի քրտինքով պայքար կը տանէին եւ կը յաղթանակէին: Վստահաբար այդ օրերուն ալ մանր-մունր գողութիւններ կ’ըլլային (անօթութիւնն ու չքաւորութիւնը մայրն են բազում խոտորումներու), սակայն յանցագործը հաշտ աչքով չէր դիտւեր ազգ-ընտանիքին կողմէ: Հայ մանուկը կեանքի ճամբուն մէջ կը դրւէր Հայկի-Արամի լեզւին տիրութիւն ընելու յորդորով (Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»ը հաւանաբար ասկէ ետք կամ նոյն տարիներւն ծնած է), ան կը տոգորւէր Հին Հայաստանը՝ Պատմական Հայաստանը կերտած քաջերու ոգիով, ու կը դաստիարակւէր մուրացկան չըլլալ, այլ հացը շահիլ արդար ու մաքուր քրտինքով:
Ո՛չ այն օրւան դաստիարակները՝ ծնողք, ուսուցիչ կամ հաւաքական կեանքի պատասխանատուներ զղջացած են նման յորդորներով սերունդ դաստիարակելնուն համար, ո՛չ ալ դաստիարակւողը զղջացած է նման ուղեցոյցի հետեւելուն համար:
Հիմա՞…: Կան արարածներ, որոնք կը մտածեն, որ «բանտը տղամարդոց համար է, եթէ բանտ չես մտած (չես նստած), իսկական տղամարդ չես»: Եթէ դրացիդ, գործակիցդ կամ երկիրդ չկողոպտես, ուրեմն արժանի չես տղամարդ կոչւելու, կառավարական մարդ ըլլալու (սա պետականութեան հետ աղերս չունի):
Բայց մասնակի դէպքերն ու անցողակի կառավարական դէմքերը չեն ԱԶԳի հարազատ արտայայտիչները: Խոտորումները մի՛շտ ալ մնացած են անհորիզոն, անվաղորդայն:
1 Յունիս 2025