Ալիեւ կը խօսի Փաշինեանի բերնով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ծանօթ հեքիաթ մը կայ, ուր չար աղջիկ մը կանիծւի, եւ ամէն անգամ որ բերանը բանայ, անկէ զեռուններ դուրս կը ցատկեն:
Այս հեքիաթը ունի նոր տարբերակ մը. ամէն անգամ, երբ Փաշինեան – եւ ՔՊ-ական ուսապարկեր – բերան բանան, Հայաստանի ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ու դատին վնասող արտայայտութիւններ դուրս կը թռչին (հապա սուտե՞րը):
Նորագոյն ապացոյցը տեսանք եւրոխորհրդարանին բեմէն Փաշինեանի երեքշաբթիի (30 սեպտեմբերի) ճառին մէջ, որմէ, եկէ՛ք, առանձնացնենք միայն մէկ կէտ. մարդուկը բաց ճակատով յայտարարել է, որ արցախցիներու տունդարձին մասին խօսիլը կը վտանգէ խաղաղութիւնը, անոնք պէտք է տեղաւորւին Հայաստանի մէջ (իսկ թէ այդ գետնի վրայ ի՞նչ կըլլայ՝ ծանօթ է): Այլ խօսքով, ան կը վաւերացնէ Արցախի հայութեան բռնագաղթը, որ ամբողջացաւ երկու տարի առաջ, այս օրերուն, յաղթանակի վկայական կու տայ Ալիեւի – ու անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ -, որոնք ուղիղ հինգ տարի առաջ ջարդ ու աւեր կը տարածէին Արցախի մէջ ու մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցին 44-օրեայ պատերազմ անունով արհաւիրք մը:
Վարչապետի պաշտօնին հասնելէն ետք, Արցախի դատին պաշտպանի դիմակով ներկայացողը շատո՜նց կը խօսի այն տրամաբանութեամբ ու բառամթերքով, որոնք Ալիեւինն էին Արցախի մասնակի, ապա՝ ամբողջական բռնագրաւումէն ետք: «Խաղաղութիւնը թող չվտանգւի» խաբէութիւնը ծածկոյթ մըն է Ադրբեջանի տեսակէտները որդեգրելու եւ զայն միջազգային բեմերէ տարածելու ՔՊ-ապետի ազգուրաց եւ հայրենադաւ վարքագիծին, որ մէկդի նետած է ամէն քող ու ծածկոյթ (գիտենք, որ ասիկա վնասարար միակ «քաղաքականութիւնը» չէ, ցանկը երկար է): Նման բառամթերք կը գործածւի, այսինքն՝ թուրք-ազերիական «դրամագլուխ» հրապարակ կը բերւի՝ երբ կը խօսին նաեւ Բաքւի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկւողներուն ու կորուսեալներու մասին, կ’ըսեն՝ «անոնց մասին մի՛ խօսիք, որպէսզի չվտանգւին», ու կը շարունակեն ազգը խաբել, իբրեւ թէ այդ հարցը կը հետապնդեն անաղմուկ: Ադրբեջանէն եկող բացայայտ նշաններն իսկ կը հաստատեն, որ այս մարդիկը կը ստեն, խաբէութեան «պարահանդէս»ով կը մոլորեցնեն ժողովուրդը:
***
Կայ ուշագրաւ կէտ մը, որ չենք կրնար անտես թողուլ: Երբ ընդդիմադիրներ եւ բանիմաց մարդիկ անոնց աչքը կը կոխեն ազերիական թշնամական յայտարարութիւնները (Ալիեւ Հայաստանի կրկին ու կրկին թշնամի կը նկատէ ամէն տեղ, աննահանջ կերպով կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ու անոր ազերիական վարկածներուն մասին եւ այլն), ՔՊ-ապետն ու իր «պոչիկները» կը քարոզեն. «Ականջ մի՛ տաք անոնց ըսածներուն, կարեւորը թուղթի վրայ արձանագրւածն է, եւ հոն արձանագրւածը խաղաղութիւն կը բերէ» (դարձեալ պէտք ունի՞նք արձանագրելու, որ դժբախտաբար ազերիներդուն ու թուրքերուն ըսածներն են որ կը բանան… խաղաղութեան ճամբան՝ միշտ ի շահ իրենց, թէ՝ թուղթի վրայ գրւածները մինչեւ իսկ թուղթի վրայ չեն մնար):
Լա՜ւ, մարդակերպ արարածներ: Պահ մը փորձենք չհաւատալ թուրքին ու ազերիին ըսածներուն, եւ հաւատանք ձեր ըսածներուն: Իսկ ձեր ըսածը ի՞նչ է: Դուք կըսէք, որ արցախցիներուն տունդարձի մասին խօսիլը խաղաղութիւնը կը վտանգէ, խորքին մէջ կըսէք, որ այդ քայլը Ադրբեջանի համար վնասակար է, անհաճոյ, կրնայ անոնց զայրոյթը գրգռել, իսկ դուք ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչի՛նչ կընէք հակակշռելու համար, կամովին դարձած էք Ալիեւներու բանբերները, Ալիեւ կը խօսի նաեւ ձեր բերնով:
Եթէ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ Փաշինեանի խնկարկողները (նա՛եւ Սփիւռքի մէջ) այս պարզ ճշմարտութիւնները չեն ուզեր տեսնել, կորսնցուցած են ասոնց վնասարար խօսքն ու գործը տեսնելու, ըմբռնելու կարողութիւնը, մեր ողբերգութեան խորութիւնը չափելու համար ամէն օր նոր գործիքներու պէտք ունինք: Նման գործիքի պէտք ունինք՝ չափելու համար նաեւ խաբեբան ծափահարողներուն ու… կաշառողներուն հասակը:
Մինչդեռ ամենէն հատու գործիքը՝ թշնամիին գործակատար-խօսնակներուն անյապաղ հեռացումն է երկրի ղեկէն: