Հայ Դատի ամառնային վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները Վաշինգտոնի մէջ Հայ Դատը կը ջատագովեն
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են Հայ Դատի ամառնային «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան-Աւետիսեան» վարժողական ծրագրերը, որոնք պիտի երկարին վեց շաբաթ:
Այս տարւան ծրագրերուն մասնակցողներն են` Ռընէ Վան Լիւվըն, Մանէ Դաւիթեան, Սապրինա Թոմարճի, Լորիկ Քորաճեան, Նարէ Ասէեան, Մարալ Գրիգորեան, Վանայ Յովսէփեան, Արմէն Պաղտասարեան, Անթրիանա Պիկիազեան, Աննա Լիկի եւ Ալիք Գալաճեան:
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած եւ Հայ Դատը ջատագովող այս երիտասարդները գործնական դերակատարութիւն պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական ու մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն, նոյն ատեն անոնք արժէքաւոր փորձառութիւններ ձեռք պիտի բերեն:
Ծրագրերուն մասնակցողները արդէն իսկ աշխատանքի լծւած են: Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով` անոնք կոնգրեսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին` Արցախէն տեղահանւած քաղաքացիներուն իրավիճակը եւ Հայաստանի ապահովութիւնը, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ` Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը:
Հայ Դատի վարժողական ծրագրերը համակարգող Կարէն Մկրտչեան յայտնեց, որ վերջին գրեթէ չորս տասնամեակներուն հարիւրաւոր երիտասարդներ անցած են Հայ Դատի զանազան վարժողական ծրագրերու բովէն` իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերելով հայութեան շահերը պաշտպանելու գործին, եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելով` այդ առաքելութիւնը շարունակած են իրենց կեանքին ընթացքին: