Հայ Դատ

Հայ Դատը լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ջանքերը

Նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, 3 դեկտեմբերին, Կոնգրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ընդարձակելու նպատակով մշակւած՝ Ներկայացուցիչներու տան թիւ 2528 բանաձեւին վաւերացումը քաջալերելու միտող հաւաք մը։

Բանաձեւը կը խոստանայ հինգ տարիներու ընթացքին, 10 միլիոն տոլար յատկացնել Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու ջանքերուն:

«Ցեղասպանութեան կանխարգիլում՝ կրթութեան միջոցով» խորագրւած հաւաքին ընթացքին, Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի (GenEd) ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տւին արդէն իսկ Միացեալ նահանգներու 34 նահանգներուն մէջ իրականացուց դասաւանդումներուն եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան աշխատանքներուն մասին եւ շեշտեցին դաշնակցային կառավարութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը, ծրագիրին ջանքերը ընդարձակելու աշխատանքին մէջ։

Ներկայացումը ուղղակի սփռւեցաւ Հայ Դատի եւ Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի ընկերային ցանցերէն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական հարցերու վարիչ Ալեքս Կալիցքի յայտնեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տւաւ, թէ ցեղասպանութեան դասաւանդումին ընդարձակումը որքան կարեւոր է ապագայ ցեղասպանութիւնները կասեցնելու նպատակին համար։

Ցեղասպանութեան դասաւանդումի ծրագիրի համահիմնադիր եւ գործադիր վարիչ Ռաքսէն Մաքասճեան ներկայացուց մանրամասնութիւններ ծրագիրին 25 տարիներու աշխատանքներուն մասին՝ յիշեցնելով, որ ուսուցիչներուն անվճար դասաւանդումի նիւթեր եւ այլ միջոցներ կը տրամադրւին Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ճշգրիտ կերպով իրականացնելու նպատակով, սակայն, ան ընդունեց, թէ ծրագիրը միայն փոքր համեմատութեան ուսուցիչներու հասնելու կարելիութիւնը ունի նիւթական սահմանափակումներու պատճառով:

Իրենց կարգին, Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրի կրթական հարցերու վարիչ Քերի Ֆլին եւ Վըրջինիայէն ուսուցչուհի Ալեքս Ռիտըլ տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց փորձառութիւններէն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն:

Նշենք, որ թիւ 2528 բանաձեւը ներկայացւած է կոնգրեսականներ Տինա Թայթըսի, Կաս Պիլիրաքիսի, Թետ Լիուի եւ Դէյւիդ Վալատաոյի ջանքերուն. անիկա ներկայիս ունի 63 համահովանաւորներ։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button