Իսրայէլ-Ադրբեջան-Հայաստան անօդաչու սարքերու խայտառակ գործարքները եւ անոնց աղէտալի հետեւանքները մայր հայրենիքին վրայ
2018-2020 չարաբաստիկ տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի համար, որ յանգեցաւ Ադրբեջանի անարգ յարձակման՝ ազատատենչ Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ՝ հսկայական մարդկային եւ նիւթական կորուստներ պատճառելով հայ ժողովուրդին։ Ադրբեջանի տարած յաղթանակին մէջ կարեւոր դեր խաղցան Թուրքիոյ հսկայական ռազմա-քաղաքական աջակցութիւնը, մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերով («Բայրաքթար»), իսրայէլեան նոյնացման զէնքերու եւ գեր-արդիական ռազմամթերքի եւ հրթիռներու մատակարարման պատճառով։ Մանաւանդ նաեւ՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան անփոյթ եւ աններելի վերաբերմունքը 400 տարւայ դաշնակից եւ «եղբայրական» Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ։
Այս օրերուն, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ դարձեալ արծարծւեցաւ Իսրայէլի մէկ միլիարդ դոլարի վերջերս կատարած զէնքերու վաճառքը Ադրբեջանի եւ անկարելիութիւն՝ վերահսկելու զանոնք…։ Երկու ամիս առաջ ալ, Երեւանի մէջ գտնւող հրէական Սինագոգի մուտքին հրդեհ մը բռնկեցաւ, առ ի բողոք Իսրայէլի զէնքերու վաճառքին։
Աւելին, Երեւանի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ տեղադրւած հրէական «Ողջակիզում»-ին վերաբերւող յուշարձանը պղծւեցաւ, մինչ Հրեաներու Միութեան գրասենեակը բազմաթիւ սպառնալիքներ ստացաւ «անծանօթ»-ներու կողմէ՝ 2020 եւ 2023 թւականներու Արցախեան պատերազմներու օրերուն։
Այս բոլորին յստակ բացատրութիւններ տալու համար՝ կապւեցանք ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի մէջ գործող հրէական միջազգային եւ դիւանագիտական հաստատութիւններուն մօտիկ ականաւոր հայ գործիչներու հետ՝ որոնցմէ ստացանք յոյժ կարեւոր հետեւեալ տեղեկութիւնները, որոնց մէջ իրենց կարեւոր մեղքը ունեցած են մանաւանդ Հայաստանի շահամոլ, կաշառակեր ղեկավարները, որոնք իրենց ագահ եւ չտես քաղաքականութեամբ պատճառ դարձան ահաւոր ողբերգութեանց Մայր Հայրենիքին հանդէպ։ Անշուշտ ձեռնպահ կը մնանք անոնց անունները յիշելէ այս յօդւածին մէջ՝ անվտանգութեան երաշխիքներէ մեկնելով։
– «2020 թւականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ կովիդի համաճարակի օրերուն՝ մեր բնակարանը Վաշինգտոնի մէջ հրաւիրեցինք ԱՄՆ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը։ Զրոյցի ընթացքին անոր հարց տւինք, թէ հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր յարաբերութիւններու լոյսին տակ ինչո՞ւ Իսրայէլ այդ մահասփիւռ զէնքերը, անօդաչու սարքերը, զինամթերք կը վաճառէ Ադրբեջանին։ Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ այդ արդիական զէնքերը պիտի օգտագործւէին Հայաստանի դէմ՝ որ անկարող եղաւ այսպիսի հարւածներու դիմադրել…։
Իսրայէլի դեսպանը նախ ճշտեց, թէ այդ զէնքերու վաճառքի հետագայ տնօրինումին մէջ իրենք չէին կրնար միջամտել եւ յիշեցուց, թէ Հայաստանի նախկին նախագահին օրով եւ 2020 թւականի Արցախեան պատերազմի նախօրեակին, իսրայէլեան զինւորական պատւիրակութիւն մը Հայաստան այցելած էր մի քանի անգամ, առաջարկելով անօդաչու թռչող սարքերու եւ գերարդիական զէնքերու վաճառքի նախապատւութիւնը հայերուն տալ։ Սակայն, ինչպէս նախկին նախագահը եւ ապա պաշտպանութեան նախարարը (այժմ բանտարկւած կաշառակերութեան համար), բացէիբաց կաշառք եւ շահաբաժին պահանջած են, «3-րդ ընկերութեան» մը քօղին տակ…։ Իսրայէլեան պատւիրակութիւնը մերժած է եւ յայտնած, թէ անոնք մէ՛կ, պաշտօնական կողմի կը վաճառեն զէնքերը։ Հայկական կողմը զայրացած, պատասխանած է, թէ իրենք Ռուսիայէն ձրի զէնքեր կը ստանան արդէն եւ պէտք չունին իսրայէլեան արդիական, մանաւանդ անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնց անօգուտ կը նկատեն։
Նոյնը կը հաստատեն Հայաստանի հրէական համայնքի ղեկավարները, որոնք հանդիպած են Իսրայէլի ռազմական պատւիրակութեան հետ եւ զարմացած Հայաստանի ղեկավարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան թեթեւսոլիկ մօտեցումներէն՝ համաշխարհային ռազմական բախումներուն մէջ հիմնական դեր խաղացող անօդաչու թռչող սարքերու կարեւորութեան վերաբերեալ։ Հայկական Զինւած ուժերու գլխաւոր կորուստները շուրջ 6000 սպանել եւ 4000 հաշմանդամ՝ եղան այդ անկասելի «դրոն»-ներու պատճառով, որոնք լայնօրէն օգտագործւեցան Ադրբեջանի կողմէ։
Անշուշտ, այս բոլորը չեն արդարացներ Իսրայէլի 40 միլիարդ դոլարի գործարքը Ադրբեջանի հետ, զէնք՝ նաւթի ու գազի դիմաց։ Սակայն մենք կարող էինք եւ կարող ենք սրբագրել այս բոլոր անցեալի եւ ներկայի սխալները եւ փոխանակ զբաղելու բիւզանդական անվերջ վէճերով, պառակտելով, ալան-թալանով եւ այլ ամօթալի գործարքներով հայրենիքը անպաշտպան ձգելու աղէտալի ընթացքին մէջ, փորձենք փրկել մնացածը՝ քանի ուշ չէ։
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Երեւան-Վաշինգտոն-Բէյրութ
(հեռախօսով)