Չյուսահատւէ՛ք, չընկրկէ՛ք, սատանայի կամքին չյանձնւէ՛ք
Արամ Ա-ն Արցախի զօրակցական աղօթք է կատարել
Անթիլիասի Մայրավանքում հոկտեմբերի 1-ին կատարւեց Արցախի զօրակցական աղօթք։ Այդ մասին յայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանից։
«Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովրդի համար՝ ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ։ 20-րդ դարի Առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովրդին դէմ կրկնւեց 21-րդ դարում։
Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր…։ Դարեր շարունակ հայի արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախւած Արցախը կը գտնւի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերի մէջ։ Մեր ժողովուրդը յուսահատած չէ, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կըսէ. «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։ Հայ ժողովուրդը, Աստծոյ օրհնութեամբ, կառչած է իր ամուր հաւատքին ու վճռականութեան։ Քրիստոս խաչո՛վ կերտեց յարութիւնը։ Այսօր, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, մեր ժողովուրդը կոչւած է իր հաւատքն ու յոյսը ամուր պահելու՝ նայելով Խաչեալին ու խաչին ճառագայթող հզօր պատգամին։
Արդարեւ, կիրակի, հոկտեմբերի 1-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին եւ Արցախի ու արցախահայութեան զօրակցութեան օրւայ առիթով, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցւեց ս. եւ անմահ պատարագ։ Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ, առաջին հերթին, նշեց Վարագայ Ս. Խաչին տօնին կարեւութիւնը՝ յայտնելով, որ Ս. Խաչի չորս տօներէն վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչը, յատուկ է հայ եկեղեցւոյ։ Ան անդրադարձաւ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդին «խաչելութիւններուն» եւ ընդգծեց պատմութեան ընթացքին տառապանքներուն դիմաց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած հաւատքին զօրութիւնը։
Սրբազանը ասաց, որ Ս. Խաչի տօները առիթ են մեր կեանքին մէջ վերահաստատելու Խաչին շարժիչ ուժը եւ Խաչեալին փրկագործական զօրութիւնը։ Մանրամասնելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, այն ասաց, որ 7-րդ դարուն Ներսէս Գ. Շինող կաթողիկոսին օրով հաստատւած է այս տօնը, երբ Վարագ լեռան վրայ Թոդիկ ու Եովէլ ուխտաւոր եկեղեցականների անդուլ աղօթքներով ու ճգնութեամբ, երկնային հրաշքով կը յայտնաբերւի Ս. Հռիփսիմէ կոյսին պատկանող Ս. Խաչին մասունքը։
Անդրադառնալով ներկայ կացութեան, քարոզիչ Սրբազանը նշեց, որ 4-րդ դարից ի վեր հայ ժողովրդին ինքնութեան անքակտելի արժէքներ դարձած ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կարտացոլեն պատմութեան մէջ։ Կը տեսնենք, որ հայութիւնը, Քրիստոսի նման խաչի Ճամբէն քայլելով, տակաւին կը բարձրացնի «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէ՜ր Յիսուս» աղօթքը, յատկապէս այս օրերին, որովհետեւ այսօր նոյն եաթաղանը կը բարձրանայ մեր ազգի հերոսական Արցախի ու արցախահայութեան վիզին՝ ընդմիշտ սպառնալով ոչնչացնել Հայաստանն ու հայութիւնը։ Քարոզի ընթացքին Թորգոմ Սրբազանը իր աղօթքը բարձրացրեց առ Աստւած. «Աստւա՜ծ Անմեկնելի, բազում են ճամբաներդ, անիմանալի՝ փրկագործական հրաշքներդ, մինչ Քու ամենաբուժիչ ու յաղթական ներգործութեանդ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք մենք՝ հայ ազգը ու հայրենիքը, տարագիր ու սգաւոր արցախահայութիւնը, վիրաւոր ու սովատանջ հայ մանուկները, նահատակւած առիւծ զաւակներու հերոսածին մայրերը, քոյրերը ու եղբայրները, դաւադրաբար բռնագրաււած արծւեբոյն մեր Արցախը, եւ տակաւին՝ ամենահսկիչ Քու նայւածքիդ իսկ առջեւ՝ անորոշութեան ու նոր պատերազմներու վտանգին մէջ տւայտող Հայաստան աշխարհը ու անլուր տառապաքներու աքցանին մէջ բռնւած սփիւռքահայութիւնը, որոնք միահամուռ պաղատանքով մը, Տէ՜ր Ամենազօր, Սուրբ Խաչի՛դ իսկ զօրութիւնը կաղերսեն աշխարհի բոլոր անկիւններէն անխտիր»։
Ապա, Սրբազան Հայրը քաջալերեց հաւատացեալները չյուսահատելու, չընկրկելու ու սատանային կամքին չյանձնւելու՝ այնքան ատեն, որ Ս. Խաչը ունինք որպէս ապաւէն ու պաշտպան։ Փաստօրէն, Եղեռնի օրերին, Խաչը եղաւ Գողգոթայի ճամբաներում յարութիւն տւողը մեր նախահայրերի եւ մեզ պարգեւեց կեանք ու Աստւածային օրհնութիւններ։
«Ինչպէս Ցեղասպանութեան, նաե՛ւ ներկայի ծանր օրերու մէջ, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելաշունչ Ս. Աթոռին ժողովրդանւէր ծառայութեան, Աստծոյ օգնութեամբ կարելի եղաւ մարդասիրական, կառուցողական, հասարակական, ազգային ու բարեսիրական տեսակ-տեսակ բնոյթի օժանդակութիւն իրականացնել ե՛ւ Հայաստան-Արցախին, ե՛ւ հայկական վիրաւոր գաղութների կեանքի մէջ», ընդգծեց Սրբազան Հայրը եւ աւելացրեց, որ մեր Ս. Աթոռը մինչեւ օրս կը շարունակի իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, որ արցախահայութեան նւիրւած զանազան ձեռնարկների եւ ազգակերտ աշխատանքների կողքին, վերջերս նաեւ Հայրապետական Ս. Աթոռին կողմից առաջացած է յատուկ մարմին, որ շուտով կը սկսի մարդասիրական նոր ծրագիրներ ճամբով անհրաժեշտ օժանդակութիւն մատակարարել գաղթական ու տարագիր արցախահայութեան։
Հաւարտ ս. պատարագին, հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի ունեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան նւիրւած յատուկ աղօթք եւ կատարւեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախ հայրենիքին պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար նահատակւած մեր հերոս հայորդիների հոգիների համար»։