Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Արամ Ա. «Համախմբւե՛նք արցախահայութեան հարցի՝ համահայկական այս օրակարգի շուրջ»

«ԱԼԻՔ» – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը, հոգեւոր այլ առաջնորդների հետ, կոչով է հանդէս եկել Բաքւում կայանալիք COP29 համաժողովից առաջ․

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ

Բաքւի (Ադրբեջան) մէջ 11-22 նոյեմբերի 2024-ին տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք՝ հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումը ու խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Աադրբեջանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծւած պատերազմին (2020-2023) ու անոր իբրեւ հետեւանք շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու ծրագրւած քանդումին եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ապօրինի գերեվարութեան գծով:

Արդարեւ, որպէս Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան նւիրւած հոգեւոր պետեր եւ արդարութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառու առաջնորդներ, չենք կրնար լուռ մնալ Աադրբեջանի կողմէ Արցախի հայութեան իրաւունքներու բռնաբարման եւ միջազգային համայնքին անտարբերութեան դիմաց: Արդ, կոչ կուղղենք մեր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային ղեկավարութեանց.

Ա. COP29 միջազգային համագումարի նախօրեակին ու անոր աշխատանքներու ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ արծարծելու Արցախի հայութեան նկատմամբ շարունակւող անարդարութիւնը, յատկապէս շեշտելով՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ իր պատմական հողերը վերադառնալու եւ ինքնիշխանութիւնը վերահաստատելու Արցախի ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

Բ. Մեր բոլոր կարելիութիւնները առաւելագոյն չափով ի սպաս դնելու Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ քաղաքական, պետական, դիւանագիտական, միջկրօնական ու միջեկեղեցական շրջանակներէն ներս՝ յարաբերական ու տեղեկատւական միջոցներու լայն օգտագործումով:

Գ. Եկեղեցիներէն ներս արարողութիւններու ու հաւաքական պաշտամունքներու ընթացքին աղօթելու Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն եւ զինւորական գերիներուն շուտափոյթ ազատ արձակման համար:

Կը գտնւինք մեր ազգի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրւանին: Շրջապատւած ենք բազմաթիւ ու բազմազան տագնապներով: Արդ, համահայկական օրակարգի մը շուրջ մեր ազգի ուժերուն համախմբումը աւելի քան հրամայական է: Ըլլա՛նք խոհեմ ու հեռատես՝ ազգին ու Հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն արժէքները ու շահերը վեր նկատելով կողմնակի ու ժամանակաւոր նկատումներէ:

Կաղօթենք, որ Աստուած ամուր ու ապահով պահէ մեր ազգը ու Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ չարիքներէ ու վտանգներէ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Ն.Ա.Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ՎԵՐԱՊԱՏՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 2 նոյեմբերի 2024

Անթիլիաս, Լիբանան

Related Articles

Back to top button