ՆՇՄԱՐ «Killing Fields»-ը եւ «Hotel Rwanda»-ն փոխադրւած են Գազա եւ Լիբանան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ընկեր մը է-նամակով ինծի յղած էր Լիբանանի վրայ իսրայէլեան ոճրային յարձակումները պատկերող վաւերագրական ժապաւէն մը, պատրաստւած՝ ֆրանս եւ գերմանական խումբի մը կողմէ:
Պէտք չունիմ այստեղ նկարագելու աւեր ու մահ սփռող այն յարձակումներուն հետւեւանքները, որոնք իսրայէլեան ոճրագործ իշխանութիւններուն կողմէ աշխարհին կը ներկայացւին ամէն օր՝ իբրեւ թէ զինեալներ կը հետապնդեն, զէնքի պահեստներ կոչնչացնեն, մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ հազարաւոր քաղաքայիններ՝ կին, մանուկ, տարեցներ օր-ցերեկով կամ գիշերով կը ջարդւին աշխարհի աչքերուն առջեւ, հզօրներու լուռ կամ աղաղակող մեղսակցութեամբ: Նոյնը կը պատահի Գազայի մէջ: Զոհերուն համագումարը անցած է 50000-ը, մեծ մասը՝ Գազայի մէջ: Իսկ բռնագաղթւածներու թի՞ւը…
Օրէնք մը կայ, որ կըսէ, թէ ոճրագործին ձեռքը զէնք դնողը նո՛յնքան յանցաւոր է…:
***
Աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակւող սպանդներուն Լիբանանի պարագային՝ ծանրագոյն փուլը արդէն աւելի քան մէկ ու կէս ամսւան պատմութիւն ունի) համապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, միտքիս յուշամատեանին մէջ վերականգնեցան հաւաքական սպանդի նմանօրինակ պարագաներ, սկսելով Հիրոշիմա-Նակազաքիէն մինչեւ Վիեթնամի պատերազմ, Քամպոտիա, Ռուանդա եւ այլուր: Պետական իշխանութիւններու կողմէ գործադրւած հաւաքական սպանդի, պատերազմական գործողութիւններու հետ կապ չունեցող անմեղներու ողջակիզման դէպքերէն շատեր տեղ գտած են վաւերագրական յիշատակելի եւ խարանող ժապաւէններու շարքին: Այստեղ կուզեմ առանձնացնել գոնէ երկուքը, առանց արհամարհելու բազում ուրիշներ:
Առաջինը «Սպանդի դաշտեր»-ն է, «Killing Fields», որ կը վաւերագրէր Քամպոտիոյ մէջ «Կարմիր Խմէրներ»ու եւ անոնց առաջնորդին՝ Փոլ Փոթի ահաւոր ոճիրները, 1976-էն 1979 տարիներուն: Վարչամեքենայ մը՝ որ իր իսկ ժողովուրդը սպանդի ենթարկեց (զոհերուն թիւին մասին տրւած են տարբեր տեղեկութիւններ՝ 1.5-էն 2 միլիոն, թեւես ալ աւելի): 1984-ին պատրաստւած այս ժապաւէնին խորագիրը շուտով միջազգային մամուլի եւ քաղաքական դաշտի բեմ մտաւ իբրեւ խորհրդանիշ՝ անգթութեան, անիմաստ ջարդերու եւ պետական ոճիրի, գրգռեց դառն յիշողութիւնները այն տարբերակներուն, որոնք իրականացած էին Ճապոնի, Վիեթնամի մէջ եւ այլուր: Ժապաւէնին մէջ դեր վերցուցած էր ջարդերէն վերապրող մը:
Երկրորդը՝ «Ռուանտա պանդոկ»-ն է, «Hotel Rwanda»- պատրաստւած 2004-ին -, որ կը ներկայացնէ Ռուանդայի մէջ 1994-ին տեղի ունեցած ցեղասպանական այլ ոճիր մը, երբ Հութու եւ Թութսի ցեղախումբերուն միջեւ շուրջ 3 ամիս տեւած բախումները իրենց ետին ձգեցին շուրջ 800000 զոհ, մեծ մասը՝ թութսիներէն:
Հաւանաբար Ուկրանիան ալ կը սպասէ ի՛ր ողբերոգութիւնը արդարօրէն ներկայացնողներու: Կան ուրիշներ ալ…
***
Բնականաբար չենք կրնար անտեսել Հայկական Ցեղասպանութիւնները (միայն 1915-ի փուլը չէ, այլ նաեւ մինչեւ օրս շարունակւողները, վերջինը՝ Արցախի հայաթափումը, անկէ առաջ՝ 44-օրեայ պատերազմին արձանագրւած սպանդը…): Անրի Վեռնէօյի «Մայրիկ»-էն մինչեւ Ատոմ Էգոյեանի «Արարատ»-ն ու այլ ժապաւէններ լայն արձագանգ գտած են շարժապատկերը աշխարհին ու միջազգային բեմին վրայ (կայ նաեւ Մարտիկանեանի վերայայտնւած հի՜ն ժապաւէնը), սակայն պէտք է ընդունինք, որ «Killing Fields»-ը զգեցած է այլ հասկացութիւն, ինչպէս ըսինք՝ դարձած է պետական ոճիրներու մէկ (նորագոյն) խորհրդանիշը, երկու բառով կը բացատրեն աշխարհի այս կամ այն երկրին մէջ տեղի ունեցած-ունեցող հաւաքական սպանդները:
Այսօր, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ պիտի յանդգնի Իսրայէլի «Killing Fields»-երուն մասին ժապաւէն պատրաստել եւ աշխարհին ներկայացնել, ցոյց տալու՝ թէ Փոլ Փոթերու արիւնահետք ժառանգութիւնը կը վերապրի Նեթանիահուներու եւ գործակիցներուն մէջ, Գազան ու Լիբանանը դարձած են մեր օրերու «Killing Fields»-երը: Նմանապէս՝ Արցախն ու Թուրքիոյ դրացի այլ երկիրներ:
Վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութիւնը (որոշ փորձեր եղած են ու կըլլան) բաւարար չէ: Պէտք է կասեցնե՛լ սպանդն ու աւերը, այլ գործնական քայլեր առնել՝ զսպելու եւ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնելու ոճրագործ պետական մարդիկը: Հոս տեղը չէ երկար-բարակ պատմելու, թէ միջազգային ինչպիսի՛ վատ խաղեր ու միջամտութիւններ տեղի ունեցան «Կարմիր խմերներ»-ուն իշխանութեան հասնելուն մէջ, բայց գոնէ պէտք է նշենք, որ ոճրագործ վարչախումբը տապալեցաւ Վիեթնամի զինւորական միջամտութեան ճամբով (հոն ալ չմտնենք պատմական ծալքերու մէջ), անոր պարագլուխները դատական հետապնդումի ենթարկւեցան: Նոյն ճակատագիրին մատնւեցան Հիտլէրն ու գործակիցները, նոյնը՝ հաւաքական սպանդ սարքող այլ վարչախումբերու անդամներ…
Կասեցումի եւ պատժամիջոցներու բացակայութեան, «Killing Fiels»-երը պիտի կրկնւին, իսկ զանոնք քաջալերողները պիտի դասւին նոյնինքն ոճրագործներուն շարքին: Մենք՝ հայերս, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագեր՝ չենք կրնար դիտող մնալ կասեցումի պայքարին դիմաց, որովհետեւ Արցախն ալ «Killing Fields» է, նոյն սպառնալիքը կախւած է ամբողջ Հայաստանի գլխուն: