Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Լոյս տեսաւ «Արցախի դէմ իրականացւած ցեղասպանութիւն» գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն

Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ 21-22 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած «Արցախի դէմ իրականացւած ցեղասպանութիւն»-ը թեմայով գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն՝ իբրեւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի 18-րդ հրատարակութիւն։

Հատորը կը բացւի «Մտածումներ ու առաջադրութիւններ հայկական աշխարհի դիմագրաւած տագնապներուն ու զարգացումներուն գծով» խորագիրը կրող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին գրութեամբ, ուր ներառւած են տարածաշրջանային, համաշխարհային ընդհանուր գործընթացները բնորոշող կէտեր եւ անոնց լոյսին տակ հայկական գործօնին ունենալիք դերակատարութեան մասին խորհրդածութիւններ, տեղ-տեղ հարցադրումներու տեսքով, որոնք էովին ծառայած են գիտաժողովի քննարկումներուն եւ անոնցմէ բխած աշխատանքային ուղենիշներու բանաձեւումներուն։

Հատորը կը բովանդակէ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն եւ սփիւռքեան զանազան երկիրներէն գիտաժողովին ներկայացւած 21 մասնագիտական զեկուցումներ։ Պատմական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ իրաւական ոլորտներու վերաբերող զեկուցումներու բովանդակային առանցքները կը վերաբերին Ադրբեջանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ իրականացւած ցեղասպանական քաղաքականութեան՝ շրջափակումէն մինչեւ բռնի տեղահանում, անցնելով բնակչութեան դէմ կիրարկւած զանազան բռնամիջոցներէն հասնելով ռազմական յանցագործութիւններ։ Գիտաժողովի զեկուցումներու իրաւական բաժինին մէջ կայ յատուկ մաս՝ յիշեալ արարքներու փաստահաւաքի աշխատանքներուն եւ անոնց միջազգային դատական ատեաններ ներկայացնելու հնարաւորութիւններուն մասին։

Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի թէ ընդհանուր իրաւունքներու վերականգնման առաջադրանքին ընդառաջ կազմակերպւող զանազան բնոյթի աշխատանքներուն համար այս հատորը ունի խիստ կենսական նշանակութիւն։

Հատորի խմբագրակազմի անդամներն են.-

– Շահան Գանտահարեան

– Արմէն Մարուքեան

– Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան

– Վահրամ Բալայեան 

– Ահարոն Շխրտըմեան

Arfd.am

Related Articles

Back to top button