Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Արտաքսել պարտութեան վարչակարգը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հարց կը տրւի ինծի, թէ իսկապէս ի՞նչ պիտի առաջարկէի Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթեթ»ին որպէս այլընտրանք՝ կարենալ «արդարացնելու» համար այն բուռն հակառակութիւնը, զոր ցոյց կու տամ Փաշինեանի յիշեալ նախաձեռնութեան։ Հարցադրութեան ենթատեքստը յստակ է։

Չքննադատե՛լ ՀՀ իշխանութիւնը եւ չհակադրւիլ անոր գործին, եթէ չունիս փոխընտրութեան յստակ առաջարկ։ Յստակ հակափաթե՛թ։ Անշուշտ, հարցադրութիւնը կու գայ փաշինեանական համակարգի ջատագովական դաշտէն։

Իմ պատսախա՛նս։

(ա) Փաշինեանի «խաղաղութեան փաթեթ»-ը բացարձակապէս կապ չունի խաղաղութեան հետ։ Ան ժխտումն իսկ է խաղաղութեան, որուն բուռն կարիքը ունի մեր երկիրը եւ որուն յամառօրէն կը ձգտինք մենք եւ մեր ժողովուրդը։ Փաշինեանական փաթեթը բացէ ի բաց պարտադրւած է թշնամիին կողմէ եւ կը ցոլացնէ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ թշնամի կողմի շահերն ու առաջնահերթութիւնները։ Հայաստանը ներկայացւած չէ։ Հայաստանը կողմ չի ներկայացներ այս գործողութեան մէջ։ Հայաստանը չունի իրական բանակցային կարգավիճակ փաթեթի խօսակցութեանց մէջ։ Հայաստանը պարզապէս կը խօսի պարտւածի վասալական դիրքերէ։

(բ) Իրական խաղաղութիւնը կրնայ բխիլ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ լծակային (leverage-based) կարողականութիւններէ, որոնք կը հաւասարակշռեն ուժային համեմատութիւնը բանակցութեան կողմերուն միջեւ։ Այդպիսի բանակցութիւն գոյութիւն չունի Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ։ Հայաստանը դրւած է լծակազուրկ դիրքերէ գործելու դրութեան մէջ։ Իրականութի՛ւն մը՝ որուն համար լայնօրէն պատասխանատու է փաշինեանական իշխանութիւնը։ Աւելի վա՛տը. փաստերը ցոյց տւին, որ փաշինեանական իշխանութիւնը ի վիճակի չէ շրջելու այս իրականութիւնը։ Ան իր տեսլականով եւ քաղաքականութեամբ անատակ է լծակային նոր կարողականութիւններով զինելու Հայաստանը։ Ան կը գործէ այն եպերելի մտայնութեամբ, որ ինք ստեղծւած է Հայաստանի դժւարաւ շահւած լծակային ուժականութիւնները ազատօրէն մսխելու, զանոնք թշնամիին զիջելու եւ հայ անկախ պետականութիւնը զրկելու լինելիութեան իր բանալի զէնքերէն։ Պարզ խօսքով, տալ ամէն ինչ, որ թշնամին կը պահանջէ, «խաղաղ» ապրելու նպատակին համար։

(գ) Այն ինչ, որ կը բաժնէ Հայաստանի ազատ քաղաքացին — եւ, ըստ էութեան, ողջ հայ ժողովուրդը – փաշինեանական իշխանութենէն, լծակային ուժի այս ոսկեայ սկզբունքն է։ Առանց այդ սկզբունքին, Հայաստանը կը վերադառնայ – թէկուզ երեւանեան ճոխակեցութեան սուտ ջնարակներով — իր հին օսմանեան ստրկային կարգավիճակին։ փաշինեանական «խաղաղութիւն»-ը ապակողմնորոշիչ եւ շնական (cynical) անւանումն է ստրկութեան յիշեալ կարգավիճակին։ Այսօր կրկին գործ ունինք Խրիմեան Հայրիկի կողմէ յստակօրէն բանաձեււած Երկաթէ Շերեփի մեր ազգային վարդապետութեան հետ (doctrine), որ պարզապէս գոյութիւն չունի փաշինեանական գաղափարախօսութեան մէջ։ Երկաթէ Շերեփի այս խորհրդանիշը անցեալին մեկնաբանւած է բացառաբար որպէս զինեալ պայքարի կարողականութիւն, մինչդեռ ան շատ աւելին է նոյնիսկ Խրիմեան Հայրիկի արծարծած հարցերու համատեքստով։ Ան կընդգրկէ մեր ազգային ռազմավարութեան համար պարտադիր՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, դիւանագիտական, աշխարհաքաղաքական եւ այլ ստորոգելիներէ բաղկացած զինանոցին ամբողջութիւնը։

Այլ խօսքով, ան կընդգրկէ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՂՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱ՛ՐԳԸ։ Ուժականութիւններու այս թանկագին զինանոցն է, որ Փաշինեան քայլ առ քայլ կը յանձնէ թշնամիին անօգնական եւ անզէն վիճակի մատնելով մեր երկիրը Հարաւային Կովկասի եւ առհասարակ տարածաշրջանի կնճռոտ ռազմաբեմին վրայ։ Իրավիճա՛կ՝ որ բացէ ի բաց կը դաւէ Հայաստանի Սահմանադրութեան հիմնարար սկզբոունքներուն։ Որմէ եւ կը հետեւի, որ Փաշինեան եւ իր չարաշուք համակարգը պէտք է ընդփոյթ դուրս բերւին իշխանութեան դիրքերէն եւ յանձնւին օրէնքի խստագոյն տնօրինումներուն։ Փաշինեանական փաթեթը չի կրնար ներկայացնել մեր պետականութեան հարազատ եւ գերագոյն շահերը։ Եւ որքան ատեն, որ գոյութիւն ունի ան ՀՀ իշխանութեան դիրքերուն վրայ, Հայաստանը ի վիճակի չէ բանակցելու։ Այս առումով, փաշինեանական համակարգը խոչընդոտն իսկ է հայկական կողմի բանակցելու իրական կարողականութեան։

(դ) Բոլոր անոնք, որոնք փաշինեանական «փաթեթ»-ին դիմաց հակափաթեթ կուզեն տեսնել, պիտի գիտնան, որ փաշինեանական յանցագործ քաղաքականութիւնը փոխընտրութիւն չունի։ Բաղդատութեան եզրեր չեն կրնար գոյութիւն ունենալ ազգային ուժերուն եւ փաշինեանական համակարգին միջեւ։ Բազմաթիւ սերունդներու արեամբ, հանճարով եւ նւիրումով կերտւած լծակային զինանոցը թշնամիին յանձնող կողմը հաւասարութեան չի կրնար յաւակնիլ։ Ան պիտի դուրս դրւի իշխանութենէն եւ իշխանութիւնը պիտի վերստին անցնի ՀՀ սահմանադրական կարգերու իրական վեհապետութեան։

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ԱՄԷՆ ԳՆՈՎ — ԵՒ ԱՆՅԱՊԱ՛Ղ — ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶԻՆԱՆՈՑԸ ԵՒ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԱՄՈՒՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՌԱԶՄԱՔԱՐՏԷԶԻՆ ՎՐԱՅ։ ԱՀԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱԿ ՓԱԹԵԹԸ։ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ ԿԱՊՐԻ ԻՐ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ՕՐԵՐԸ։

ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼ ԱՄԷՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ – ՆՈՅՆԻՍԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ՛ – ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿՐԻ ԻՐԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ։ ԵՒ ԱՅՍ ՆՊԱՏԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՒԱՆՆ Է ԱՐՏԱՔՍԵԼ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԻՐ ՈՂՋ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՄԲ։ ԵՒ ՎԵՐՍՏԻՆ ԼԾՒԻԼ ՄԵՐ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԵԼՈՒ ԴԺՒԱՐԻՆ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ։

Related Articles

Back to top button