Բագրատունի. «Քաղաքական ընտրանքները հաստատ են, իսկ ընտրական դաշինքները փոփոխական շահեր են»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական պատգամաւորական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Աքս Սէյ» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քաղաքականութիւնը բան մըն է, ընտրութիւնները` այլ բան: Քաղաքական ընտրանքները հաստատ սկզբունքներ են, իսկ ընտրական դաշինքները` փոփոխական շահեր»:
«Փոխան սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան «մեր Լիբանանը, ձեր Լիբանանը» արտայայտութիւնները եւ Լիբանանի նկատմամբ տարբեր խումբերու հակասական պատկերացումները լսելը ցաւալի է: Մենք կը նախընտրենք ամբողջ հայրենիքի համար բնական սկզբունքներու նկատմամբ յանձնառութիւնը, առանց առօրեայ անհեթեթ բանավէճերու մէջ մտնելու»,- նշեց ան:
«Մեր սկզբունքներէն է այն, որ Լիբանան իսրայէլեան տիրապետութեան դիմաց աշխարհագրական ու քաղաքական խոչընդոտ էր եւ է, ճիշտ ինչպէս Հայաստանը էր եւ տակաւին է իր բնական իրաւունքները նկատածին ուղղութեամբ թուրքական ծաւալումին դիմաց», ըսաւ պատգամաւորը:
Բագրատունի նաեւ նշեց. «Իսրայէլացիին խնդիրը այն է, որ անոր յաղթանակները առժամեայ են, որովհետեւ յիշողութեան վրայ կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել»:



