Հայաստան - ԱրցախՍփիւռքՔաղաքական

Տարօն Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը առաջնորդւի ազգային շահերով»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի փակման խօսքը՝ Սփիւռքի զօրաշարժի նւիրւած խորհրդաժողովին (Ապրիլ 11-12, 2026, Փարիզ)

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Երկու օրերու վրայ երկարած լուրջ եւ խորքային քննարկումներու վերջաւորութեան է որ մօտեցած ենք հիմա: Անշուշտ որ այս խորհրդաժողովի աւարտին, մենք չենք կրնար սահմանափակւիլ միայն գնահատանքներով ու բարեմաղթանքներով։ Մենք կը գտնւինք պատմական շրջադարձի մը առջեւ այսօր։ Հայաստանը կը դիմագրաւէ լուրջ անվտանգային, քաղաքական եւ ազգային հարցեր, իսկ Արցախի հայաթափումը բաց վէրք է ո՛ղջ հայութեան սրտին մէջ։ Այս իրականութիւնը մեզմէ կը պահանջէ ո՛չ թէ լռութիւն, այլ վճռականութիւն։

Սփիւռքը երբեք միայն զգացական աջակցութիւն տւող կառոյց չէ եղած։ Ան եղած է ազգային կամքի արտայայտութիւն, գոյատեւման երաշխիք եւ պետականութեան յենասիւն։ Այսօր եւս մենք պարտաւոր ենք բարձրաձայնել մեր մտահոգութիւնները Հայաստանի իշխանութիւններուն ուղղութեամբ՝ յստակ, պատասխանատու եւ հայրենանւէր դիրքերէ մեկնած։ Հայաստանը չի՛ կրնար առանձին հայ ազգի վերաբերող որոշումներ առնել, Հայաստանը չի՛ կառուցւիր առանց ամբողջ հայութեան վստահութեան, մասնակցութեան եւ համազգային ռազմավարութեան։

Մենք չենք կրնար մոռնալ, որ Սփիւռքը ինք իր նոր դրւածքով ծնունդ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութենէն։ Մեր համայնքները կազմաւորւեցան բռնի տեղահանութենէ, կորուստէ եւ վերապրումի պայքարէ ետք։ Այդ ժառանգութիւնը մեզի կը պարտաւորեցնէ ոչ միայն յիշել անցեալը, այլ նաեւ պաշտպանել ներկան եւ կերտել ապագան։ Ցեղասպանութեան հետեւանքով սփռւած ժողովուրդը այսօր կը շարունակէ իր կենացը ոչ միայն յիշողութեամբ, այլ պատասխանատւութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, Արցախի իրաւունքներուն եւ հայութեան միասնական ապագային նկատմամբ։

Միեւնոյն ժամանակ մենք կը շեշտենք, թէ Արցախի հարցը փակւած չէ։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, վերադարձի իրաւունքը, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը կը մնան համազգային առաջնահերթութիւններ։ Անոնք չեն կրնար ստորադասւիլ կարճաժամկէտ քաղաքական հաշիւներու կամ արտաքին ճնշումներու։ Սփիւռքը կը պահանջէ, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը առաջնորդւի ազգային շահերով, ոչ թէ պարտադրւած զիջումներով։

Մենք նաեւ կուզենք եղբայրական ու յարգալից խօսք ուղղել Հայաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն, որոնք մօտիկ ապագային պիտի կատարեն կարեւոր ընտրութիւն երկրի կառավարման հարցով։ Այդ ընտրութիւնը ձեր իրաւունքն է եւ ձեր պատասխանատւութիւնը։ Սփիւռքը չի թելադրեր, չի խրատեր վերեւէն, այլ կը կիսէ իր մտահոգութիւնը եւ յոյսը ձեր հետ։ Մեր միակ մաղթանքն է, որ ձեր որոշումները առաջնորդւին Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, ազգային արժանապատւութեան եւ համազգային միասնութեան գիտակցութեամբ եւ ըստ այնմ, կը շրջադարձւի ու կը փոխւի ներկայի գահավէժ ընթացքը։ Ուժեղ Հայաստանը անհրաժեշտ է ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, այլ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան։

Այս պահուն նաեւ պարտք կը զգանք երախտագիտութիւն յայտնել բոլոր անոնց, այսինքն ձեզի բոլորիդ, այստեղ, որոնք անձնական զոհողութիւններով մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին։ Դուք եկաք հայ ազգի խճանկարը կազմող աւելի քան 25 տարբեր երկիրներէ, ձեր սեփական միջոցներով, ժամանակ եւ ջանք տրամադրեցիք, յաղթահարեցիք ճանապարհորդութեան դժւարութիւնները՝ հաւատալով, որ համազգային քննարկումը արժէ այս նւիրումին։ Ձեր ներկայութիւնը ապացոյց է ու փա՛ստ, որ Սփիւռքը վառ է ու կենդանի, կազմակերպւած է եւ պատրաստ՝ իրեն բաժին ինկած պատասխանատւութիւնը ստանձնելու, ե՛ւ աւելիին։ Այս համախմբումը ինքնին ուժի արտայայտութիւն է եւ յոյսի պատգամ, ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի։

Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը գիտակցինք, որ մեր խօսքը պիտի ուղեկցւի գործով։ Սփիւռքի կազմակերպւած ներուժը՝ քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ դիւանագիտական, պիտի ուղղւի Հայաստանի պետականութեան հզօրացման։ Մենք պիտի թօթափենք վերջին 6-8 տարիներու յուսախաբութիւններո՛վ մեզի պարտադրւած յուսահատութիւնը, ու աւելիով պիտի ամրապնդենք մեր կառոյցները, երիտասարդութիւնը ներգրաւելով ազգային աշխատանքին մէջ, եւ ստեղծելով համահայկական համակարգւած գործակցութիւն։

Այսօրւան մեր պատգամը պարզ է սիրելի ներկաներ եւ բացականեր.

Հայաստանի Հանրապետութիւնը միայն աշխարհագրական տարածք չէ՝ ան ամբողջ հայութեան հայրենիքն է, անոր պետականութիւնը։ Արցախի պայքարը միայն անցեալի յիշողութիւն չէ՝ ան ապագայի պարտաւորութիւն է։ Հայաստանն ու Սփիւռքը – ա՛յդ իսկ կարգով – միա՛սնաբար Ցեղասպանութեան վերապրումի ժառանգորդն են եւ ապագայի պատասխանատու կերտիչը։ Սփիւռքը միայն դիտորդ չէ՝ ան պատասխանատու դերակատար է ամենուրէք։ Իսկ ազգի գոյատեւման լաւագո՛յն երաշխիքը հայ պետականութեան ամրակայումն է:

Եկէ՛ք վերանորոգենք մեր համազգային կամքը, աւելիով ամրացնենք Հայաստան-Սփիւռք կապը եւ յստակ ըսենք՝ հայ ժողովուրդը չի հրաժարիր իր իրաւունքներէն, իր պետականութենէն, իր արժանապատւութենէն եւ իր պատմական առաքելութենէն։

Ինչպէս տեսաք, այս երկու օրերու քննարկումները եղան խորապէս մտածւած, պատասխանատու եւ փորձառութեամբ ձեւաւորւած ներդրումներ։

Այստեղ հնչած գաղափարներն ու առաջարկները տեսական արտայայտութիւններ չեղան, այլ գործնական ուղենիշներ, որոնք կը պահանջեն յաջորդ քայլեր։ Այժմ ժամանակն է, որ խօսքը վերածւի գործի. կարելի է ըսել՝ այժմ է պահը, երբ որոշումները պիտի փորձւին իրականութեան մէջ, եւ մեր յանձնառութիւնը պիտի չափւի կատարւած աշխատանքով։

Քիչ առաջ ճշտեցինք այս խորհրդաժողովի յաջորդող քայլերը: Մեր կոչ-յայտարարութիւնը անյապաղ կը տեսնէք մամուլի եւ ընկերային ցանցերու էջերուն մէջ: Ինչպէս նաեւ՝ ձեր վստահած ու այս խորհրդաժողովէն բխած համադրող կազմը կը վարէ աշխատանքները մինչեւ մեր յաջորդ առցանց հանդիպումը, յունիս ամսու աւարտին:

Շնորհակալութիւն բոլորիդ, եւ բարի ու ապահով վերադարձ ձեր ընտանիքներուն ու հարազատներուն:

Այժմ «Մեր Հայրենիքով» կը փակենք այս խորհրդաժողովը:

Related Articles

Back to top button