Եղիսաբէթ Ջուլճեան. «Սփիւռքը՝ Հայկական ինքնիշխանութեան «Ուժի բազմապատկիչը». Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին օրինակը»
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Վաշինգտոնի գրասենեակի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Ջուլճեանի խօսքը՝ Սփիւռքի զօրաշարժին նւիրւած խորհրդաժողովին (Ապրիլ 11-12, 2026, Փարիզ)

Նախքան Սփիւռքի քաղաքական դերին, ռազմավարութեան կամ քաղաքականութեան մասին խօսիլը, պէտք է պատասխանենք հիմնական հարցումի մը. ի՞նչ է մեր պատկերացումը Հայաստանի եւ հայ ազգին մասին. մենք մեր սեփական ճակատագիրին տէ՞րն ենք, թէ՝ օտար տէրերու ծառան:
Արդեօք պիտի ըլլանք մեր արդար իրաւունքներուն ինքնիշխա՞նը, թէ՞ պարզապէս վարձակալներ՝ մեր իսկ հողին վրայ։ Պիտի կանգնի՞նք որպէս ինքնիշխան ազգ, թէ՞ պիտի ընդունինք «արգելոց»ի մը մէջ ապրող ծառային դերը. անւանապէս անկախ ու ինքնիշխան, սակայն մեր զարգացումն ու քաղաքական ուղղութիւնը՝ կախեալ Թուրքիոյ, Ադրբեջանի կամ այլ օտար ուժերու շահերէն։
Ընտրութիւնը ակնյայտ է։
Կրնանք ընդունիլ «Իրական Հայաստանի» տեսլականը՝ աշխարհաքաղաքական վանդակի մը մէջ պարփակւած, շրջափակւած վերապրող պետութիւն մը, որ գոյութիւն ունի միայն իր դրացիներու թոյլտւութեամբ ու թշնամական քմահաճոյքով, մինչ մեր պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը կամաց-կամաց կը յափշտակւին մեզմէ, կամ աւելի գէշ՝ կը յանձնւին կամաւոր կերպով։ Կայ նաեւ ուրիշ տարբերակ՝ ըլլալ մեր ապագայի ինքնիշխան տէրը, համաշխարհային ազգ մը, որ կը մերժէ վարձւոր ըլլալ իր սեփական հողին վրայ եւ տէր կը կանգնի իր արդար իրաւունքներուն:
Եթէ կը ձգտինք կերտել մեր ճակատագիրը, ապա հաւաքական «մենք»ը՝ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ ազգը, պէտք է ճանչնան Հայ Սփիւռքը այնպէս՝ ինչպէս որ է. ինքնիշխան ուժ մը միջազգային բեմի վրայ։
Հայ Սփիւռքը այսօր աշխարհաքաղաքական ինքնուրոյն ուժ է. որոշ առումներով՝ աւելի ազդեցիկ, քան շատ մը երկիրներու կառավարութիւններ։ Մենք հայանպաստ իրականութիւններ կը կերտենք վեց ցամաքամասերու վրայ՝ միջազգային այնպիսի մրցապայքարի մը մէջ, որ կը բնորոշւի պետութիւններու եւ անդրազգային ցանցերու միջեւ սուր բախումներով։ Մենք ուրոյն գոյացութիւն ենք՝ սերունդէ սերունդ ժառանգւած եւ աշխարհի չորս ափերուն վրայ տարածւած, բայց նաեւ հայ ազգի անբաժանելի մէկ մասնիկը, մեր էութեամբ նւիրւած հայկական պետութեան անվտանգութեան ու գոյատեւման։
Հայ Սփիւռքը հայկական պետութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան, ռազմավարական գործընկերն է. իսկ հայկական պետութիւնը, իր կարգին, Սփիւռքի գոյութենական դաշնակիցը։ Ասիկա մեր անխզելի կապն է. երկու սիւներ՝ պետութիւնն ու աշխարհասփիւռ ազգը, որոնք կը գործեն ներդաշնակութեամբ։ Մենք չենք ձգտիր կառավարել եւ կը մերժենք կառավարւիլ։ Մենք կը գործենք որպէս Հայ Դատի համաշխարհային պահապաններ՝ գիտակցելով, որ հզօր Հայաստանը մեր ազգային իղձերու բանալին է։
Մենք մեր ամէնէն զօրեղ վիճակին մէջ կըլլանք, երբ մեր պետական եւ ազգային օրակարգերը զիրար կը լրացնեն՝ ընթանալով զուգահեռ ուղիներով, առաջնորդւած՝ նոյն նպատակով, վստահօրէն ապահովելով մեր անվտանգութիւնը, մեր երկարատեւ գոյատեւումը եւ ազգերու ընտանիքին մէջ մեր սրբազան տեղը։ Անոնք, որոնք կը փորձեն սեպ խրել Սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ, մեր թշնամիներուն գործը կը կատարեն. անոնք, փաստօրէն, մեր թշնամիներն են։ Չկայ աւելի ստոյգ փորձաքար, չկայ աւելի լաւ միջոց՝ բարեկամը թշնամիէն զատորոշելու համար։ Որովհետեւ բաժնւած՝ չենք կրնար կանգուն մնալ։ Սակայն միացեալ ուժով՝ կրնանք դիմադրել նոյնիսկ մեր ամենակատաղի թշնամիներուն։
Գիշատիչներով լեցուն աշխարհի մը մէջ, շրջափակւած պետութիւնը չի կրնար գոյատեւել միայն յոյսով ու բարի ցանկութիւններով։ Գոյատեւումը կը պահանջէ ռազմավարական խորութիւն։ Ան կը պահանջէ հասկնալ Հայ Սփիւռքի դերը՝ որպէս «ուժի բազմապատկիչ», որ կրնայ օգնել փոքր ու պաշարւած տարածքը վերածելու համաշխարհային ազդեցութեան կեդրոնի։
Ասիկա կը սկսի օտարածին, քայքայիչ քարոզներու չեղարկումով, որոնք կեղծ ընտրութիւններ կը ստեղծեն Սփիւռքի ձգտումներուն եւ հայրենիքի շահերուն միջեւ, մեր անցեալին հանդէպ նւիրւածութեան եւ ապագայի յոյսերուն միջեւ, համաշխարհային յարձակողական պաշտպանութեան եւ աւելի նրբազգաց պետական դիւանագիտութեան միջեւ։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ այս արժէքները իրարու դէմ օգտագործւին՝ ի շահ այլոց եւ ի վնաս մեզի։ Ընդհակառակը, անոնք պէտք է համադրւին՝ յառաջ մղելու համար մեր ընդհանուր ազգային օրակարգը։
Քաղաքական ճակատին վրայ, Հայ Դատի համաշխարհային ցանցը այս ինքնիշխան ուժի գործառնական ենթակառոյցն է։ Անիկա համաշխարհային մասնագէտներու եւ տեղական քաղաքական ղեկավարներու համադրւած դաշինք մըն է, որ կը տարածւի տասնեակ երկիրներու մէջ, ուր իւրաքանչիւր յանձնախումբ յարմարած է իր տեղական քաղաքական միջավայրին՝ միաժամանակ ստեղծելով լայն համագործակցութիւններ թէ՛ հայ, եւ թէ՛ օտար դաշնակիցներու հետ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) այս մեքենայի վաւերական օրինակն է։ Մենք պարզապէս ազդեցութիւն չենք պահանջեր, այլ քաղաքական իրականութիւն կը ստեղծենք երկկողմանի ենթակառոյցի միջոցով։ Նախ՝ ժողովրդային ուժի միջոցով. աւելի քան 50 տեղական մարմիններով, մենք կապահովենք, որ Հայ Դատը մնայ մնայուն առաջնահերթութիւն տեղւոյն կառավարութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։ Երկրորդ՝ մարդկային ներուժի միջոցով. այս մեքենային «վառելանիւթը» մեր մասնագիտական ցանցն է։ Լէօ Սարգսեանի եւ Յովիկ Աբօ Սաղտըճեանի անւան ծրագիրներուն միջոցով, մենք կը պատրաստենք մեր ապագայ ղեկավարները. մասնագէտներ, որոնք լաւագոյնը կը բերեն իրենց ասպարէզներուն եւ անոնց հետ միասին կապահովեն հայ ազգին վերելքը։
Սա այն կառոյցն է, որով մենք կը դրսեւորենք մեր ինքնիշխանութիւնը հոն՝ ուր պետութեան ձեռքը չի հասնիր։ Մեր օրակարգը չի չափւիր միայն 29,743 քառակուսի կիլոմետրով։ Երբ մենք կը համախմբւինք պաշտպանելու Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզը», մենք կը պաշտպանենք 1600 տարւան հայկական հողը։ Երբ մենք կը կանգնինք Ջաւախքի հայութեան կողքին՝ իրենց արժանապատւութեան եւ բնիկ ժառանգութեան պահպանման պայքարին մէջ, կամ կապահովենք Պարսկաստանի մեր պատմական համայնքին անվտանգութիւնը, մենք կը գործենք որպէս համաշխարհային ազգի ինքնիշխան վահանը։ Երբ մենք կը պաշտպանենք մեր համայնքները Սիրիոյ ու Լիբանանի մէջ, մենք կը պաշտպանենք ազգին հողը, ոգին եւ գոյատեւումը՝ բոլոր ցամաքամասերու վրայ։
Ահա Սփիւռքը՝ «երկրորդ բանակը»։
Սփիւռքն ու պետութիւնը պէտք է գործեն որպէս անկախ դերակատարներ՝ ուղղւած նոյն նպատակակէտին։ Երբ պետութիւնը ճնշման տակ «ծռի», ազգը պէտք է մնայ անդրդւելի։ Մենք կը գործենք անկախաբար՝ շրջանցելու համար այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը հարւածեն մեր երկարատեւ անվտանգութեան։ Մեր կեդրոնացումը կը մնայ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ քաղաքական պատասխանատւութեան վրայ:
Գործնականօրէն մենք կը հետապնդենք հետեւեալ նպատակները.
-Դէմ դնել TRIPP նախագիծի վտանգաւոր տարրերուն, որոնք կը սպառնան մեր հայրենիքը վերածել օտարի կողմէ վերահսկւող տարանցիկ գօտիի։
-Ապահովել հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ վերջ տալ Ադրբեջանի «պատանդներու դիւանագիտութեան»։
-Գործադրել 907-րդ յօդւածը՝ արգիլելու համար ամէն տեսակ զինւորական օժանդակութիւն դէպի Անկարա եւ Բաքու։
-Պատասխանատւութեան ենթարկել ադրբեջանցի պաշտօնատարները Մակնիցքիի անւան պատժամիջոցներու միջոցով։
-Հետապնդել ՄԱԿի բանաձեւ մը՝ Արցախի ժողովուրդի ապահով վերադարձի եւ մեր սրբազան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համար։
-Ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ՝ վերջ տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդկութեան դէմ գործւած այս ոճիրի արդարութեան խափանման։
Մենք պէտք է ապահովենք, որ մեր ազգին բուն գոյատեւումը երբեք չսակարկւի կեղծ ու փխրուն խաղաղութեան մը դիմաց։
«Իրական Հայաստանի» անձնատւութեան ռազմավարութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ։ Անիկա կառավարւող անկումի, անվերջ նւազող ակնկալիքներու եւ, ի վերջոյ, ազգային ինքնասպանութեան ռազմավարութիւն է, որ չի կրնար երաշխաւորել այսօրւան անվտանգութիւնը, եւ աւելի ողբերգականօրէն՝ կը փակէ ապագայի արդարութեան վրայ հիմնւած իրական խաղաղութեան որեւէ դուռ։ Մեզի կըսեն «ծռեցէք»՝ նեղութենէ խուսափելու համար։ Սակայն մենք գիտենք, որ այն ազգը, որ իր գոյութիւնը կը սահմանէ ուրիշներուն գծած սահմաններով, արդէն իսկ կորսնցուցած է իր ինքնիշխանութիւնը։
Մենք վճռականօրէն կը մերժենք հպատակութեան մտայնութիւնը՝ անկախ թշնամիներու ճնշումներէն, բարեկամներու զգուշացումներէն, կամ նոյնիսկ Հայաստանի պետական պաշտօնեաներու խորհուրդներէն։
Մենք կօգտագործենք Սփիւռքին ուժը՝ մեր օրւան աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։
Կորդեգրենք ամերիկեան յեղափոխական մտածող Թամըս Փէյնի իմաստուն խորհուրդը՝ «Եթէ պիտի ըլլայ տագնապ, թող իմ օրովս ըլլայ, որպէսզի զաւակս ունենայ խաղաղութիւն»։
Խաղաղութիւն մը, որ հիմնւած է ազատութեան եւ արդարութեան վրայ։



