ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ ԾԱՒԱԼԵԼՈՒ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը, միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։
Նիստին կը մասնակցէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ․Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ.), տոքթ. Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.) եւ տոքթ․ Վազգէն Համալեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետներ՝ տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսէրէճեան, եւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող տիար Շահան Գանտահարեան։
Ժողովը կայացաւ մեր հայրենիքին համար ծանրագոյն պայմաններուն մէջ։ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ ռազմաքաղաքական վերջին օրերու դրսեւորումները կ՚ընդգծեն ամբողջական միասնականութեամբ դիմակայելու մեր հաւաքական գոյութեան սպառնացող վտանգները։
Հոգեւոր պետերն ու քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները նախ զեկուցեցին այս հրատապ օրակարգին ուղղութեամբ իրենց տարած աշխատանքներուն մասին։
Զեկուցումներէն ետք, կայացած խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու ընթացքին ժողովը հաստատեց.-
Ա) Հարկ է, որ մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները շարունակեն անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնիլ Արցախին եւ Արցախի հայութեան պատմական իրաւունքներու արդար պայքարին։
Բ) Կոչ կ՚ուղղենք Արցախի քաղաքական բոլոր ոյժերուն համախմբուելու էական նպատակներու շուրջ եւ միասնական ոգիով անգամ մը եւս ապացուցելու արցախահայութեան բռնցքուելու վճռականութիւնը՝ դիմադրելու թշնամիին եւ իր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:
Գ) Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի բանակցութիւններուն կառչած մնալու ինքնորոշման իրաւունքին։
Դ) Իրազեկել հանրային կարծիքը, որ Ազրպէյճան Արցախը պաշարելով դիմած է ցեղասպանական քաղաքականութեան, որուն նպատակն է Արցախի հայաթափումը։
Ե) Դիմել միջազգային բոլոր ատեաններուն եւ միջազգային ընտանիքին, որպէսզի աներկբայօրէն դատապարտեն Ազրպէյճանի նկրտումները եւ ամէն միջոց ի գործ դնեն անյետաձգելիօրէն ապահովելու համար Արցախի ապաշրջափակումը։ Հայաստանի հետ Արցախի ազատ տեղաշարժի ապահովումը երաշխաւորող կողմը ունի յատուկ պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն, զորս ստանձնած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ։
Զ) Աշխատանք տանիլ արցախեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին առնչուող բոլոր պետութիւններուն մօտ, որպէսզի պարտադրեն Ազրպէյճանին յարգելու մինչ այդ կայացած համաձայնութիւնները եւ անմիջապէս բանալու Բերձորի (Լաչին) միջանցքը։
Է) Անյապաղ օգնութեան փութալ՝ մարդասիրական աղէտի առջեւ գտնուող Արցախի ժողովուրդին, լծուելով համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու։
Համայն հայութիւնը այսօր ունի գլխաւոր առաջնահերթութիւն.- համախմբուի՛լ եւ համակարգուած աշխատանքներ իրականացնել Արցախի շրջափակումը վերացնելու համար։
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնական համակարգի վերականգնումով, մեր հոգեւոր, ազգային եւ քաղաքական բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները պարտին հրատապօրէն աշխատիլ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մեկնակէտով՝ Արցախի ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան ապահովման նպատակին ընդառաջ։
Հոգեւոր պետերը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՚ուղղեն, եռամիասնական համակարգի սկզբունքէն մեկնած, բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր կազմակերպուած համայնքներ գոյութիւն ունին, աշխատանք տանիլ հարկ եղած բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախի հայութեան զօրակցելու եւ Արցախի ապաշրջափակումը իրականացնելու նպատակով։